Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

ԺԺՀ-ի Կողմէ Կոչ Թուրքիոյ, 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալու Մասին

$
0
0

«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ»

HDK_122915

Մեր պատուակալ աշխատակից Հրանդ Գասպարեան «Տեմոքրաթ Հապեր» կայքէջի վրայ կը գրէ.-

Ժողովուրդներու ժողովրդավար համագումարը (ԺԺՀ), ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին մէջ ընդունուած 9 դեկտեմբեր Միջազգային ցեղասպանութեան զոհերը յիշատակելու եւ ցեղասպանութեան յանցագործութիւնները կանխարգիլելու օրուան առթիւ կոչ մը հրատարակեց: ԺԺՀ-ի համաբանբեր Սեպահաթ Թունճել եւ Էրթուղրուլ Քիւրքճիւի ստորագրութեամբ հրատարակուած կոչին մէջ ըսուեցաւ, որ` «Թուրքիա, որպէսզի աշխարհի եւ ներկայ ժողովուրդներուն հետ խաղաղութեան եւ հաւասարութեան մէջ միասնաբար ապրի, պէտք է երես առ երես գայ իրականութեան հետ եւ զոհեալներու ժառանգորդներէն ներողութիւն պէտք է խնդրէ»:

ԺԺՀ իր յայտարարութեան մէջ յայտնեց, որ Թուրքիոյ մէջ տակաւին կը շարունակուի 1915-ին հայերու եւ ասորիներու դէմ գործադրուած ցեղասպանութեան մտայնութիւնը: Յիշեցուց, որ 9 դեկտեմբեր 1948-ին ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին մէջ ընդունուած Ցեղասպանութեան յանցանքը կանխարգիլելու համաձայնագիրը ստորագրած երկիրներուն մէջ Թուրքիան ալ կայ, ուստի կոչ ուղղեց, որ Անգարա երես առ երես գայ իրականութեան հետ եւ ներողութիւն խնդրէ:

ԺԺՀ շեշտեց, որ ցեղասպանութեան մտածողութիւնը ներկայիս ալ իրեն թիրախ կ՛ընտրէ ժողովուրդները, եւ ասոր որպէս ամենամօտիկ օրինակ` ցոյց տուաւ եզիտիներու դէմ կիրարկուած ցեղային մաքրագործումը: ԺԺՀ եզիտիներու ցեղասպանութիւնը նկատեց «21-րդ դարու ամօթը» եւ այդ ցեղասպանութիւնը ճանչնալու համար ալ կոչ ուղղեց Թուրքիոյ եւ միջազգային հանրային կարծիքին:

Կոչին մէջ հետեւեալը ըսուեցաւ. «Ցեղասպանութեան հետ երես առ երես չգալու պատճառով վիրաւորանքը կը շարունակուի: Հայեր, ալեւիներ, չերքեզներ, ասորիներ, յոյներ, պուլկարներ, քիւրտեր, նաեւ թուրքեր ալ օսմանեան պետութեան, Ռուսական կայսրութեան, Պուլկարիոյ եւ Յունաստանի թագաւորութիւններու եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան շրջանին ծայր տուած ապստամբութիւններու, ներքին պատերազմներու եւ համաշխարհային պատերազմներու ընթացքին անխղճօրէն ցեղասպանութիւններու, սպանութիւններու, ցեղային մաքրագործումներու, աքսորներու, տեղահանութիւններու զոհ գացին: Տակաւին այս իրականութիւնները չեն պարզուած, եւ այդ պատճառով ալ վիրաւորանքը կը շարունակուի:

«1915-ին, Ա. Համաշխարհային պատերազմի ընթացքին, իրենց ինքնութեան եւ կրօնի տարբերութեան պատճառով հայերու եւ ասորիներու դէմ ծրագրեալ եւ կանոնաւոր կերպով գործադրուած սպանութիւնները մարդկային յանցագործութիւններ էին:

«24 ապրիլ 1915-ին Պոլսոյ մէջ հայ մտաւորականներու ձերբակալութեամբ սկսած ցեղասպանութեան գործընթացը երկու տարուան ընթացքին օսմանեան հողերուն վրայէն մինչեւ Հալէպ, Տէր Զօր սրբեց տարաւ Անատոլուի բոլոր հայերն ու ասորիները, որոնք հազարաւոր տարիներ կ՛ապրէին իրենց հարազատ հայրենիքին մէջ: Ցեղասպանութիւն գործադրուեցաւ, որպէսզի դրամագլուխը թրքացուի եւ թուրք ներկայութիւնը գերիշխան դառնայ: Հակառակ որ 100 տարիներ անցած են դէպքին վրայէն, սակայն Թուրքիա կը շարունակէ ուրանալ ցեղասպանութիւնը»:

ԺԺՀ-ի կոչին մէջ կ՛ըսուի, որ ցեղասպանութիւնը 21-րդ դարուն ալ կը շարունակուի տակաւին: Ասոր որպէս օրինակ ցոյց կը տրուին ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ գործուած սպանութիւնները: Ուստի, վերջ տրուելու համար մարդկային ցեղերու ոչնչացման կոչուած արարքներու, Ժողովուրդներու ժողովրդավար համագումարի կողմէ կոչ կ՛ուղղուի Թուրքիոյ, որ ճանչնայ անցեալի մէջ իր գործած ցեղասպանութիւնները:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>