ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր
Ազրպէյճանի կառավարութիւնը իր նաւթային եւ կազային բազմամիլիառ եկամուտները կը բաշխէ հետեւեալ չորս ուղղութիւններով` կաշառատւութիւն, Ալիեւի ընտանիքի եւ անոր բարեկամներու կողմէ թալան, ռազմական գնումներ եւ նախահաշիւային այլ հարցեր: Զարմանալի չէ, որ Ազրպէյճանի ժողովուրդին ճնշող մեծամասնութիւնը կ՛ապրի ծայրայեղ աղքատութեան մէջ` հակառակ Ալիեւի միապետութեան վաստակած նաւթային միլիառաւոր տոլարներուն:
Անցեալ շաբաթ լուսաբանեցինք Ազրպէյճանի կաշառատւութիւնը Եւրոպական խորհուրդին եւ ամբողջ աշխարհի մէջ, իսկ այս շաբաթ կը ներկայացնենք օրինակներ, թէ ինչպէ՛ս թալանուած է Ազրպէյճանի հարստութեան մեծ մասը` Ալիեւի ընտանիքին եւ իշխող յանցագործ խումբի անդամներուն կողմէ: Մարդու իրաւունքներու վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու պետական բաժանմունքի զեկոյցը անդրադարձած է Ազրպէյճանի ինքնակալ վարչակարգի «համատարած փտածութեան»: «Թրանսփերընսի ինթըրնեշընըլ» կազմակերպութիւնը իր 2016-ի` կաշառակերութեան մասին համաշխարհային զեկոյցին մէջ Ազրպէյճանը դասած է ամէնէն փտած երկիրներու շարքին. 176 երկիրներու ցանկին մէջ անիկա կը գրաւէ 123-րդ տեղը:
Անցեալ ամիս լրագրող Տաֆնէ Քարուանա Կալիցիա իր կայքին մէջ բացայայտած է, որ Մալթայի Փիլաթիւս դրամատան երեք ամէնէն մեծ յաճախորդները Ազրպէյճանէն են, առաջինը արտակարգ իրավիճակներու նախարար Քամալէտտին Հէյտարովն է, որուն կը յաջորդեն նախագահ Ալիեւի երիտասարդ որդին` Հէյտար Ալիեւը եւ դուստրը` Լէյլա Ալիեւան:
Կալիցիա կը յայտնէ, որ «Հէյտար Ալիեւ [նախագահի որդին] նախ փորձած է դրամատնային հաշիւ բանալ Վալեթայի դրամատան մէջ [Մալթա], սակայն մերժում ստացած է այն հիմունքով, որ ան ամէնէն փտախտաւոր երկիրներէն մէկուն քաղաքականապէս խոցելի մարդոցմէ մէկն է, եւ առկայ են դրամի լուացման լուրջ վտանգներ»: Կալիցիա նաեւ բացայայտած է, որ «Փիլաթիւս դրամատան աւանդներու 60 տոկոսը կը պատկանի Ազրպէյճանի քաղաքականապէս խոցելի մարդոց»: Հետեւաբար կրնանք վստահօրէն ենթադրել, որ այդ երեք ազրպէյճանցիներու կողմէ պահ դրուած գումարները կը կազմեն միլիոնաւոր տոլարներ…
Հետաքրքրական է, որ Փիլաթիւս դրամատան սեփականատէրը իրանցի է` Սէյիտ Ալի Սատր Հաշեմինիճատ անունով, որուն «անցեալ հինգշաբթի [20 ապրիլ 2017] տեսախցիկները որսացած էին իր դրամատան տարածքին մէջ, դրամատան ռիսքերու կառավարիչ Անթոնելա Կաուչիի ուղեկցութեամբ փաստաթուղթերու պայուսակներ դուրս բերելու պահուն»:
Ցաւօք, մալթական դրամատունը միակը չէ, ուր Ալիեւները եւ անոնց յանցագործ խումբը թաքցուցած են ահռելի գումարներ: Կան Ալիեւիներու եւ անոնց միջնորդներուն կողմէ ստեղծուած ստուերային բազմաթիւ ընկերութիւններ` մեծածաւալ կանխիկ գումարներու լուացման նպատակով, որոնց կապը Ազրպէյճանի ղեկավարութեան հետ դժուար է գտնել:
Ալիեւներու մասնակցութեամբ այնքան շատ ֆինանսական գայթակղութիւններ կան, որ դժուար է առանձնացնել անոնցմէ մէկը, սակայն ամէնէն մեծ գայթակղութիւններէն մէկը կ՛առնչուի նախագահ Ալիեւի երեք զաւակներուն կողմէ Տուպայի մէջ անշարժ շքեղ գոյքի գնումներուն հետ` ըստ «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ի: Հէյտար Ալիեւ` Իլհամ Ալիեւի այդ օրերու 11-ամեայ որդին, 2009-ին գնած էր ինը ծովափնեայ առանձնատուներ` 44 միլիոն տոլար գումարով… Անոր երկու քոյրերը` Լէյլա եւ Արզու Ալիեւները, գնած էին քանի մը առանձնատուներ եւս` լրացուցիչ 31 միլիոն տոլարով: Այս կալուածներուն համար վճարուած էր «կանխիկ»: Երիտասարդ տարիքի այդ զաւակները ուրկէ՞ ձեռք բերած են 75 միլիոն տոլար, հաշուի առնելով, որ անոնք եկամուտ չունին, իսկ անոնց հօր` նախագահ Ալիեւի տարեկան եկամուտը ընդամէնը կը կազմէ 228.000 տոլար…
«Ուաշինկթըն Փոսթ»-ի յօդուածը բացայայտելով այս գայթակղեցուցիչ մանրամասնութիւնները` պարզաբանած է, որ` «գումարները երկրէն դուրս տեղափոխելու աճապարանքը, անտեսելով շահի չափերը, բնորոշ է քարիւղ արդիւնաբերող բազմաթիւ երկիրներու, ուր անպարկեշտ ընտրանին կը ձգտի ապահովել իր հարստութեան ապահովութիւնը` քաղաքական քամիներու փոփոխութիւններու պարագային»:
Կազմակերպուած յանցանքի եւ կաշառակերութեան լուսաբանման նախագիծի (OCCRP) կայքը կը ներառէ քանի մը տասնեակ յօդուածներ` Ազրպէյճանի մէջ արձանագրուած կաշառակերութեան հսկայական օրինակներու մասին: 2012-ին OCCRP իր «Տարուան մարդ»-ը ընտրեց նախագահ Ալիեւը` «յանցագործութիւններու եւ կաշառքի հետ անոր ունեցած կապերուն» համար: OCCRP կը հաղորդէ, որ Մեհրիպան Ալիեւան` նախագահ Իլհամ Ալիեւի կինը, «ստուերային ընկերութիւններու ցանցի սեփականատէր, տնօրէն եւ բաժնետէր է, որոնք, ինչպէս կը հաղորդուի, ընտանիքին կողմէ կ՛օգտագործուին միլիոնաւոր տոլարներու շահաւէտ գործարքներ կնքելու համար»:
Իրօք, նախագահ Ալիեւ եւ անոր ընտանիքը բազմաթիւ թանկարժէք սեփականութիւններ ունին ամբողջ աշխարհի տարածքին: OCCRP կը տեղեկացնէ, որ Ռումանիոյ մայրաքաղաք Պուքրէշի մէջ 7,3 միլիոն տոլարով ձեռք բերուած շէնքը վերածուած է նախագահ Իլհամ Ալիեւի հօր` Հէյտար Ալիեւի անուան հիմնադրամի գրասենեակի. ան Ազրպէյճանը ղեկավարած է 1993-2003 թուականներուն: Հիմնադրամը կը ղեկավարէ Ալիեւի ընտանիքը: Ըստ OCCRP-ի, այս շէնքին գնումը կը ներառէ` «ստուերային գործարքներ, կաշառուած պաշտօնեաներու եւ կազմակերպուած յանցանքի հետ կապեր, ապօրինի գործարքներ եւ մեռած առաջնորդի անձի իւրօրինակ պաշտամունք»: Ալիեւները ունին նաեւ սեփական թանկարժէք շէնքեր եւ տուներ Լոնտոնի (առնուազն` 25 միլիոն տոլար արժողութեամբ), Մոսկուայի (տասնեակ միլիոնաւոր տոլար արժողութեամբ), Տուպայի եւ Չեխիոյ Հանրապետութեան մէջ:
Վերջապէս, ըստ OCCRP-ի, նախագահ Ալիեւի դուստրերուն` Լէյլայի եւ Արզուի կը պատկանին Պաքուի ամէնէն շքեղ պանդոկները, որոնց շարքին` Ֆոր Սիզընզ, Շերաթոն, Մարիոթ եւ ուրիշներ: Ազրպէյճանի անշարժ գոյքի փորձագէտ մը ըսած է OCCRP-ի, որ` «այդ ընտանիքին պատկանող կամ անոնց հետ սերտօրէն կապուած Պաքուի բարձրակարգ պանդոկները կը գնահատուին 10 միլի առ տոլար»:
OCCRP կ՛եզրակացնէ, որ Ալիեւի թագաւորական տունը վերջին տարիներուն ներգրաւուած է «բազմաթիւ գաղտնի գործարքներու մէջ, քանի մը մայր ցամաքներու տարածքին… Առաջին ընտանիքը` օգտագործելով ստուերային ընկերութիւնները եւ միջնորդները, իր ձեռքին բռնած է Ազրպէյճանի տնտեսութեան առիւծի բաժինը, ինչպէս` ոսկիի հանքերը, զբօսաշրջութիւնը, հեռահաղորդակցութեան ընկերութիւններ եւ դրամատուներ, միեւնոյն ժամանակ գնելով շքեղ կառոյցներ` Եւրոպայի եւ Ծոցի զանազան երկիրներու մէջ»:
Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ