ԴՈԿՏ. ՆՈՐԱ ՍԱԼՄԱՆԵԱՆ
Ամբողջական երաժի՞շտը` տոգորուած երաժշտական աւիշով, թէ՞ ամբողջական մարդը` դարբնուած հոգեկան հսկայ ալեկոծումներով: Որոշել վերլուծել անոր երաժշտութի՞ւնը, թէ՞ հոգեբանութիւնը, երաժշտական մի՞տքը, թ՞է հոգեկան խիթը:
Հրաշքի համազօր Վարդան Մելքոնեան, որուն ծնողները` օսմանեան անողորմ ջարդերէ ճողոպրած, եւ ինք անձամբ` որբութենէ ու թափառական կեանքէ յարութիւն առած, կը ներկայանայ համայն մարդկութեան իբրեւ հանրածանօթ երաժիշտ-ղեկավար: Խորունկ էին անոր հոգեկան ապրումները ու անժամանցելի էին անոնց յիշատակը: Կը պատմէր ան իր մութ օրերու էջերը, կ՛ընդգծէր այդ էջերէն քաղուած սրտաճմլիկ քանի մը տողեր, ու այս բոլորը` ժպիտը դէմքին:
Խոր երեւակայութեան տէր Վարդան Մելքոնեան բառացիօրէն կը նկարագրէր նուագուելիք եղանակները` նախապատրաստական ունկնդրութեան մը համար: Զգալի եւ զգացական էր անոր նկարագրական ոճը, որուն խօսուն բառերու ընդմէջէն կարծէք ուրուագրուած կ՛ըլլար մեր ներքին լսողութեան մէջ գալիք եղանակին բնոյթը: Պերճախօս էր արուեստագէտը եւ հաղորդական, հազուագիւտ յատկութիւն մը` այս բարձր մակարդակը թեւակոխած երաժիշտի մը համար:
Վարդան Մելքոնեանի նուագախումբ ղեկավարելու ձեւը հեռու էր անտեղի թեւահարութենէ կամ թեւածութենէ ու արտառոց ձեւակերպութենէ: Ան կը փորձէր պարզութեամբ հասցնել իր միտքը եւ յօրինուած գործին իմաստը, նրբութիւնները, ուժգնութեան վերիվայրումները, գործիքային արարումներն ու գունաւորումները. կը միտէր երաժշտականօրէն պատկերազարդել ա՛յն, որուն համար յօրինուած էր այդ գործը, ինչպիսին էր Արամ Խաչատուրեանի Մասքարատ սուիթի առաջին եղանակի վալսը: Մասքարատը հին օրերէն մնացած դիմակաւոր անձերու խեղկատակութիւն մըն էր, որ հետագային, Ֆրանսայի Հանրի 2-րդ թագաւորին օրով տարածուեցաւ ու դարձաւ բարձր դասակարգի անձերու նախասիրութիւնը` փառաւոր խրախճանքներու ընթացքին: Այս եռաչափ պարային հատուածին հետեւելով` դիմակաւորներ կը փնտռէին իրենց զոյգերը` կարենալ պարելու ու զուարճանալու համար:
Յայտագրի երկրորդ գործը Լ. Վ. Պեթհովենի սեմֆոնի թիւ 6, Փասթորալն էր: Այս մէկը` տրամաթիք հովուերգական, գեղջկական գործ մըն է, որ կը գծագրէ հովիւները, զմայլիչ բնութիւնը իր խօսուն մասնիկներով կամ կը շարահիւսէ արտասովոր մթնոլորտ մը: Հոս նոյնպէս Մելքոնեան կը ջանար աւելի ճկուն, նրբաճաշակ դարձնել իրեն տրամադրուած նուագախումբը – Պէյրութ սիմֆոնի օրքէսդրան կարենալ արտահանելու բնութեան շնորհները:
Հոգեկան անկումները, փոթորկալից ցաւագին զգացումները մղիչ ուժը կը կազմէին Վարդանի ստեղծագործական մարզէն ներս: Իւրաքանչիւր հատուածի մէջ բան մը ունէր ըսելիք կամ պատմելիք կամ աւելի ճիշդը դրսեւորելիք. դրսեւորել իր խորը ճնշող մանկութեան մռայլ յիշատակները ինչպէս` մայրօճախէն հեռանալը, ինքնութենէն խզուիլը, նոր ու անորոշ միջավայրի ընտելանալը, անկայուն կեանքը, յարափոփոխ գաղափարները: Այս բոլորը բացայայտ էին իր անձնական գործերուն մէջ, գէթ` այս ելոյթին ուր Մելքոնեան ընտրած էր պարզունակ եղանակ մը, մի քիչ յուզական, զայն բազմաձայնած ու գործիքաւորած դարձնելով շատ աւելի յուզական տարբերակի մը. ան ուրիշ բան չէր եթէ ոչ մեզի բոլորիս ծանօթ «Նահնա ուալ ամար ժիրան» գրուած` Ռահպանիներու ու երգուած` Ֆէյրուզի կողմէ: Տեղին է յիշել, թէ ի միջի այլոց այս գործը նուագուած է յատկապէս Անգլիոյ թագուհիին համար Արքայական ֆիլհարմոնիք նուագախումբին կողմէ` ղեկավարութեամբ Վարդան Մելքոնեանի, 19 յունիս 2012-ին, «Քատոկան» սրահին մէջ:
Տարօրինակ չէր սոյն երեկոյթի խորհրդաւոր մթնոլորտը: Անիկա ի մասնաւորի նուիրուած էր Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին` վերակենդանացնելու մէկուկէս միլիոն անմեղ զոհերու հոգիները: Աւուր պատշաճի, Մելքոնեան նպատակադրած էր ունկնդրելի դարձնել իր անձնական յօրինումը` «Տրէյք փասէյճը»` ձօնուած` «Թռչնոց բոյն»-ի իրեն հոգատար «Մամա»-ին` Մարիա Ճէյքպսըին, որ եղաւ մայր հարիւրաւոր որբերու:
«Տրէյք փասէյճը» սեմֆոնիք պոէմ մըն էր` յօրինուած 20-րդ դարու ոճով: Անոր կառոյցը յար եւ նման չէր 18-րդ կամ 19-րդ դարերու սեմֆոնիներուն, որոնք կը գրուէին խիստ օրէնքներու համաձայն:
Սեմֆոնիք պոէմ մը ներշնչուած կ՛ըլլայ արտաերաժշտական, նկարագրական կամ բանաստեղծական գաղափարներէ: Անոր յղացումը կը պարտադրէ նրբաշունչ գնացք` նպատակ ունենալով որոշ նիւթի մը, գաղափարի մը կամ մտքի մը պատկերազարդումը: Ահա՛ թէ ինչու Մելքոնեան մէկտեղած էր հոս իր երեւակայութիւններն ու յուզմունքները, որոնք խորունկ էին ովկիանոսներու խորութեամբ, իսկ ասոնց ալեկոծումները, ինչպէս` «Տրէյք փասէյճ»-ին, հսկայ էին եւ փոքր նման իր կեանքի ելեւէջներուն, որոնք քրեշենտօ եւ տեքրեշենտօ կ՛ընթանային:
Նկարագրական էին այս պոէմին 4 բաժինները` 1-ին Restless Ocean, 2-րդ Farewell to Maria, 3-րդ Crashing Waves, 4-րդ The Emperor Penguin, որոնց առաջին ունկնդրութիւնը` Ուորլտ Փրեմիերը կատարուեցաւ հոս, Լիբանան, այս յատուկ առիթին համար, իսկ առաջին ունկնդրութիւն մը նոյնպէս պիտի կատարուի յունուար 2016-ին, Լոնտոնի Արքայական ֆիլհարմոնիք նուագախումբին կողմէ, ղեկավարութեամբ Վարդան Մելքոնեանի: Տեղին է մատնանշել, թէ Անգլիոյ թագուհիին համար Վարդան կը ղեկավարէ Արքայական ֆիլհարմոնիք եւ Լոնտոնի ֆիլհարմոնիք նուագախումբերը, ինչպէս նաեւ ան ելոյթ կ՛ունենայ այլ երկիրներու նուագախումբերու հետ:
Հինգշաբթի, 19 նոյեմբեր 2015, «Քազինօ տիւ Լիպան»-ի սրահին մէջ, Պաալպեքի միջազգային փառատօնի ծիրէն ներս, Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի Կեդրոնական մարմինի կազմակերպութեամբ ու Պէյրութի սիմֆոնիք նուագախումբին կատարողութեամբ տեղի ունեցած այս ելոյթը ընդհանուր առմամբ իր մեղմութեան, իր անդորրութեան մէջ կը կայանար` իմաստաւորելով անմոռաց յիշատակումի մթնոլորտը: Վարդանի ֆիզիքական, հոգեկան, գործնական, երաժշտական ամբողջ էութիւնը բեմին վրայ դարձաւ խորհրդանիշը Հայոց ցեղասպանութեան: Ան յիշեց իր անցեալը, հետեւաբար ան յիշեցուց այդ պատահարը: Երաժշտութեան ընդմէջէն ան պահանջեց կեանք` մշտաբար գործելու ու մշակելու իր միտքն ու հոգին վասն հայութեան ու մարդկութեան:
Ակնածանքով մօտենալ նմանօրինակ հայորդիներուն, որոնք հոսանքն ի վեր թիավարելով կը գործեն հայապահպանման սուրբ նպատակին համար` առանց սակայն մոռնալու կամ ուրանալու իրենց անցեալը: Ահա թէ ինչո՛ւ սոյն ելոյթի աւարտին Վարդան Մելքոնեան արժանացաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի գնահատական խօսքերուն ու պարգեւատրման «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով: