ՎԱՐԴԳԷՍ ՔԵՐՈԲԵԱՆ
Ճեմարանի 1948-ի շրջանաւարտ
![Ձախէն աջ առաջին շարք` Կարապետ Քերոբեան, դուստրերը` Արշակուհի եւ Արուսեակ երկրորդ շարք` զաւակները` Գրիգոր Զօհրապ եւ Վարդգէս եւ կինը` Հայկանուշ](http://www.aztagdaily.com/wp-content/uploads/2015/12/Keropian_122815.jpg)
Ձախէն աջ առաջին շարք` Կարապետ Քերոբեան, դուստրերը` Արշակուհի եւ Արուսեակ
երկրորդ շարք` զաւակները` Գրիգոր Զօհրապ եւ Վարդգէս եւ կինը` Հայկանուշ
Ինչե՜ր ըսես չէր տեսած հայրս. Տարսոն` Կիլիկիա, ապա` Ցեղասպանութիւն, տարագրութիւն դէպի Աթէնք, Յունաստան եւ ապա` Պէյրութ, Լիբանան: Եղած էր անխոնջ եւ աշխատասէր, ամուսնացած` ատանացի Հայկանուշ Եղիայեանի հետ` անուանի գրող եւ մշակ Բիւզանդ Եղիայեանի զարմուհին, կազմած իր հայկական բոյնը` ունենալով հինգ զաւակներ, յանձնած զիս Հայ ճեմարանին` աշակերտելու Լեւոն Շանթին, Նիկոլ Աղբալեանին, Կարօ Սասունիին, Գառնիկ Գիւզալեանին:
Սակաւախօս էր հայրս, յատկապէս երբ խօսքը կը վերաբերէր Ցեղասպանութեան արհաւիրքի մութ էջերուն: Համաշխարհային Բ. պատերազմի օրերուն, երբ ճրագի լոյսի տակ հաւաքուած` ատանացի եւ տարսոնցի ընտանիքներ կը յիշէին երազային Կիլիկիան, եւ իւրաքանչիւրը կը պատմէր անցեալի յուշերը եւ հայրենիք վերադառնալու երազը, հայրս կը մնար լուռ, մտքով` Տարսոն, հայրենի քաղաքը, փնտռելով անոնք, որոնք կարծես ձգած ըլլար հոն:
Եւ ահա, այդ գիշերներէն մէկուն ընթացքին, երբ խօսակցութեան նիւթը կը շօշափէր մեր մտաւորականութեան տարագրութիւնը, հօրս երեսը յանկարծ լուսաւորուեցաւ եւ ներկաներուն մէջէն դառնալով եղբօրս եւ ինծի` ըսաւ. ձեր հայրը պատիւը ունեցած է անձամբ ծանօթանալու հայ մեծանուն ռահվիրաներուն` Գրիգոր Զօհրապին եւ Վարդգէս Սէրէնկիւլեանին` օսմանեան խորհրդարանի նշանաւոր հայ երկու պետական երեսփոխաններուն: Շշմած ենք բոլորս. քար լռութիւն:
Տարագրութեան ճանապարհին Գրիգոր Զօհրապ եւ Վարդգէս Սէրէնկիւլեան կը հասնին Տարսոն եւ նախապէս տեղեակ ըլլալով քաղաքի անուանի խորովածի մասնագէտին մասին` կը հարցնեն Կարապետ Քերոբեանի մասին: Մեծ կ՛ըլլայ հօրս զարմանքն ու միաժամանակ ուրախութիւնը` տեսնելով հայոց նուիրեալները իր ճաշարանի մուտքին: Ան անմիջապէս կ՛ապսպրէ իր խոհարարներուն` պատրաստելու տեսակաւոր խորոված՝ բազմատեսակ խորտիկներով: Իսկ ինք անձամբ կը սպասարկէ հիւրերուն` ներքին մեծ հպարտանքով: Ընթրիքը երկար չի տեւեր սակայն: Կը մեկնին այնուհետեւ Զօհրապ եւ Վարդգէս` հօրս ականջին հազիւ կարենալ փսփսալով, թէ ջանան ամէն գնով ողջ մնալ:
Հասկնալի էր ամէն ինչ … ու երկար ժամանակ չանցած` իրենց եղերական մահուան բօթը կը տարածուի ամէրուրեք: Նահատակուած էին երկու մեծերը… անհուն էր ցաւը: Այդ օրէն սկսեալ յատուկ պատասխանատուութիւն մը դրուած էր մեր ուսերուն` վառ պահել հայ հսկաներուն անունները, որոնց յիշատակին անուանած էր հայրս մեզ:
Համաշխարհային Բ. պատերազմի աւարտին դարձած էի արդէն Հայ Ճեմարանի լսարանի ուսանող, եւ ահա օր մը Լեւոն Շանթ մտնելով դասարան` յայտնեց, թէ օրուան նիւթը պիտի ըլլար Ցեղասպանութիւնը: Երբ կարգը հասաւ ինծի, մօտենալով ամպիոնին` փոխանցեցի հօրս պատմածը: Յուզուած էր դասարանը եւ Լեւոն Շանթի աչքերուն ես նկատեցի արցունքի կաթիլներ. կարծէք Շանթ վերագտած ըլլար իր վաղեմի երկու բարեկամները:
Փառք ու պարծանք` Ցեղասպանութեան ականատես սերունդին, որ անկոտրում կամքով վառ պահեց հայ ազգը` հիմնելով սփիւռքեան գաղթօճախները եւ ճամբայ հարթելով «Դէպի Երկիր» տեսլականին:
Դեկտեմբեր 2015,
Մոնրէալ, Քանատա