Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Աւելի քան շաբաթ մը առաջ Հայաստանի լրատու աղբիւրները լուր մը «պայթեցուցին». Երեւանի շուկաներուն մէջ գտնուած է ազրպէյճանական վաճառանիշով խնձոր, գրաւուած է ու` քննութիւն բացուած:
Քանի մը օր լուռ մնալէ ետք, նոյն աղբիւրները իմացուցին, որ խնձորները տարրալուծարանի քննութեան ենթարկուած են եւ ի յայտ եկած է, որ… թունաւոր չեն:
Դարձեալ լռութիւն, եւ ահա` շռնդալից բացայայտում մը. քննութիւնները ի յայտ բերած են, որ ազրպէյճանական խնձորները Բագրատաշէնի սահմանէն մաքսանենգութեա՜մբ մտած են Հայաստան. 4 յանցագործներ ձերբակալուած են, որովհետեւ անոնք սահմանապահները կաշառեր են ու առանց տուրք տալու` խնձորները հասցուցեր են Երեւան:
Ամբողջ սրտով սպասեցի՜ ու սպասեցի, որ մէկը բան մը ըսէ, թէ` «հէ՜յ, ժողովո՛ւրդ, երբ մենք անդին, սահմանին վրայ պատերազմ կը մղենք ազերիներուն դէմ, շաբաթ չ՛անցնիր որ զոհ-վիրաւոր չունենանք, երբ մեր պետական, քաղաքական ու դիւանագիտական ներկայացուցիչները կը փորձեն ձախողութեան մատնել Ազրպէյճանի ստապատիր քարոզչութիւնը եւ ամրացնել Արցախի տիրութեան մեր ենթահողը, կարելի չէ ազերիական խնձորներու Հայաստան մուտքը դիտել լոկ մաքսանենգութեան ու առեւտուրի օրէնքներ խախտելու անկիւնէն. հոն կայ ազգային արժանապատուութեան հարց, այս պայմաններուն մէջ նման ներածումներ կատարողները միայն դաւաճան կրնանք կոչել»…
Սպասումս մինչեւ օրս չէ արդարացած. յուսամ` վաղը-միւս օր մէկը բան մը կ՛ըսէ այս իմաստով:
Այս գայթակղութեան բացայայտման առաջին օրէն ուրիշ մտածում մը կը տանջէ զիս. Ազրպէյճանէն ապօրինի ներածումը դատապարտելի է, ո՛չ մէկ խօսք: Իսկ ի՞նչ անուն տանք Հայաստանի եւ մեր կարգ մը գաղութներու շուկաները ողողող թրքական արտադրութեանց մասին, զորս ներածողներուն շարքին կան ճակատաբաց հայեր… Եթէ թրքական արտադրութեանց ներածումը կը յարգէ առեւտուրի պաշտօնական օրէնքները, տեղի չ՛ունենար մաքսանենգութեամբ, ուրեմն պէտք է հանդուրժե՞նք ու բնակա՞ն նկատենք զայն, թէ զայն պէտք է կոչել… պաշտօնական մաքսանենգութիւն:
… Կար ժամանակ, երբ թրքական արտադրութիւններ շուկաներէն կը հաւաքուէին ու հրապարակաւ կը փճացուէին. նման արարքներ կը կոչէինք ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԱՐԱՐՔ, հակաթուրք մեր պայքարին մէկ երեսը: Հիմա, թրքական արտադրութիւններ ներածողներ կ՛արդարացուին հազար ու մէկ պատճառաբանութեամբ, պատրուակով:
10 մայիս 2017