Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Հպարտ Ենք Քեզմով…

$
0
0

Հինգշաբթի, 4 մայիս 2017-ի երեկոյեան բոլորս հրաւիրուած էինք Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատուն , ներկայ գտնուելու արուեստագէտ Գրիգոր Կարապետի ցուցահանդէսի բացման հանդիսութեան:

Պաշտօնական բաժինը վերջ գտնելէ ետք հետաքրքրական էր տեսնել, թէ արուեստասէր հիւրերն ու ներկաները, որքա՜ն զմայլած կը դիտէին իւրաքանչիւր պատկեր, որոնք կը ցոլացնէին արուեստագէտին ինքնուրոյն ոճը եւ իւրայատուկ տաղանդը:

Հետաքրքրական էր նաեւ լսել անոնց կարծիքները, որովհետեւ արուեստի մէջ չկայ ճիշդ ու սխալ, իւրաքանչիւր անհատ իր երեւակայութեամբ, իր դիտանկիւնէն կը դիտէր, կարծես անոնք կը փորձէին կապ մը գտնել իրենց եւ ցուցադրուած նկարներուն միջեւ, եւ բնականաբար, նկարներու մեկնաբանութիւնը կը տարբերէր անձէ անձ:

Սակայն, երբ նիւթը կը վերաբերէր արուեստագէտին` Գօգոյին, կարծիքները կը մէկտեղուէին, հիւրեր ու ներկաներ` ժպիտով կը խօսէին անոր մասին:

Ոմանք` յիշելով անոր մանկութիւնը, կը զարմանային, թէ ինչպէ՛ս իր դասերու նկատմամբ անհոգ այս տղան, ահաւասիկ արդէն 25 տարիներ շարունակ հանրութեան կը ներկայանայ իբրեւ նշանաւոր արուեստագէտ:

Ուրիշներ կը պատմէին Գօգոյին ու իրենց հետ պատահած դէպքերը ու հպարտութեամբ կը գովէին զայն:

Իր մօտիկ բարեկամներն ու ընկերները, որոնք գիտեն, թէ ինչքան պարզ ու համեստ է Գօգոն, ինչքան սրտի մօտիկ ու անկեղծ… կը զմայլէին իրենց ընկերոջ տաղանդին, երբեմն քննադատելով զինք այսքան պարզ ըլլալուն , որովհետեւ այսքան տաղանդաւոր ըլլալուն ան քիչ մը պէտք է ըլլար հպարտ, հպարտանար իր ստեղծագործութիւններով, որոնք կը ցոլացնեն իր մարդկային վեհ հոգին:

Մարդ է ան` բառին բուն իմաստով.

Երբ ուզէ իր աշխատանոցէն ելլել դադար մը առնելու համար, կ՛այցելէ տարեց դրացիները ,իր շուրջ կը հաւաքէ թաղին փոքրիկները ու ապա բարեւ մը տալով իր տարեկիցներուն` կը վերադառնայ աշխատանքի:

Ա՛յս է Գրիգոր Կարապետը…
Բոլորին ընկերը` սիրուած փոքրէն ու մեծէն.
Իր աշակերտներէն եւ ուսուցիչներէն.
Իր բարեկամ արուեստագէտներէն.
Ծանօթ ու անծանօթէն…

Հպա՛րտ է Այնճար Հայաւանը քեզմով:
Հպա՛րտ են Լիբանանն ու Իտալիան..

Շարունակէ՛ ըլլալ արդիւնաւէտ, քու նկարներուդ ընդմէջէն թող արուեստը շարունակուի սփռուիլ ու մարդկութեան համեստութեան հոգին տարածուի համայն աշխարհին:

Քու Կողքիդ ենք:

Նորանոր յաջողութիւններու մաղթանքներով`

ԱՅՆՃԱՐՑԻ ՄԸ            


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles