Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Աւելի Քան 1500 Թորոնթոհայեր Մասնակցեցան Կարօ Փայլանի Հետ Հանդիպումին

$
0
0

Թորոնթոհայութիւնը պատմական օր մը ապրեցաւ ապրիլ 30-ին, երբ Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ երեսփոխան Կարօ Փայլան այցելեց Թորոնթօ եւ հանդիպում ունեցաւ հայ համայնքին հետ:

Հանդիպման ներկայ էին աւելի քան 1500 թորոնթոհայեր: Ձեռնարկի հովանաւորն էր Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբը` կազմակերպութեամբ Թորոնթոյի Ս. Երրորդութիւն, Հայ Աւետարանական, Ս. Աստուածածին եւ Սուրբ Գրիգոր կաթողիկէ եկեղեցիներուն, ինչպէս նաեւ Պոլսահայ մշակութային միութեան, «Նոր սերունդ» մշակութային միութեան եւ Թորոնթոյի Հայ դատի յանձնախումբին:

Վերը նշուած կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն կողքին, ներկայ էին նաեւ ներկայացուցիչներ` «Զօրեան» հիմնարկէն, Հայ բարեգործական ընդհանուր միութենէն, Հայ օգնութեան միութենէն, Քանատայի հայ երիտասարդական միութենէն, Թորոնթոյի հայ տարեցներու միութենէն, ՀՄԸՄ-ի եւ Համազգային հայ մշակութային միութենէն, ինչպէս նաեւ Տիգրանակերտի Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ վերակառուցման ծրագրի պատասխանատու Րաֆֆի Պետրոսեան: Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ ներկայացուցիչներ` Թորոնթոյի քրտական եւ ասորական համայնքէն:

Երեկոն սկսաւ կարճ տեսանիւթ-զեկոյցով մը, որ կը ներկայացնէր Կարօ Փայլանի վերջին տարիներու քաղաքական գործունէութիւնը:

Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր-տնօրէն Սեւակ Պելեան կարդաց կազմակերպիչ յանձնախումբին խօսքը եւ ներկայացուց Փայլանը: Պելեան հիւրը բնորոշեց` իբրեւ հաւասարութեան, արդարութեան եւ ժողովրդավարութեան արժէքներ հետապնդող գործիչ: «Պր. Փայլան, ձեր գործունէութիւնը  համեստացնող եւ ոգեշնչող է: Ոգեշնչում, որ կը ցուցաբերուի ուժի հաստատակամութեամբ, որ մեզ կը մղէ գնահատելու արդարութեան եւ ժողովրդավարութեան համար մեր պայքարի իսկական իմաստը», ըսաւ ան:

Ծափահարութիւններու տարափի տակ ամպիոն բարձրացաւ Կարօ Փայլան: Ան ներկայացուց Թուրքիոյ մէջ ներկայ քաղաքական իրավիճակը, սահմանադրական հանրաքուէէն ետք շարունակական անորոշութիւնն ու մտահոգութիւնը Թուրքիոյ մէջ բնակող փոքրամասնութիւններուն համար: Ան շեշտեց ոճիրները, յատկապէս` Հայոց ցեղասպանութիւնը, ճանչնալու կարեւորութիւնը, յայտարարելով, որ` «Անպատիժ յանցագործութիւնները կ՛առաջնորդեն նոր յանցագործութիւններու»:

Փայլան կարեւոր համարեց պահպանել ու արժեւորել ժողովրդավարութիւնը, հանդուրժողականութիւնը, յարգանքն ու մարդու իրաւունքները Թուրքիոյ Հանրապետութեան եւ ամբողջ աշխարհի մէջ:

Ներկաները հնարաւորութիւն ունեցան հարցումներ ուղղելու հիւրին, որմէ ետք Պելեան բեմ հրաւիրեց Թորոնթոյի Հայ կեդրոնի տնօրէն Յակոբ Ճանպազեանը, որպէսզի հիւրին յանձնէ կազմակերպիչ յանձնախումբին կողմէ նուէր մը:

Փայլանի ներկայութիւնը, անոր բացառիկ դատողութիւնները ոգեշնչեցին թորոնթոհայութիւնը, յատկապէս` նոր սերունդները, որոնք ուխտած են մեր հաւաքական պայքարի ջահը վառ պահելու ամբողջ աշխարհի մէջ:

Կարօ Փայլան հիմնադիր անդամ է Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական կուսակցութեան, եւ երեսփոխան` Պոլսոյ երրորդ շրջանէն: Ան Պոլսոյ հայ համայնքի անդամ է եւ երկար ժամանակէ ի վեր ջատագով` մարդու իրաւունքներու, խօսքի ազատութեան եւ ազգային փոքրամասնութիւններու, յատկապէս` քրտական եւ հայկական հարցերու մէջ, որոնց մէջ նաեւ` Հրանդ Տինքի սպանութեան դատին:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>