Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիպ Էրտողան քանի մը տարիէ ի վեր հայ ժողովուրդին ցաւակցութիւն յայտնելու անյաջող փորձեր կը կատարէ:
Անոր ցաւակցութիւնը, որքան որ ձեւական, նոյնքան ալ ընդվզեցուցիչ է:
Ան առաջին հերթին կե՛ղծ է, որովհետեւ քաղաքական դէմքերու ցաւակցական խօսքերը, եթէ նոյնիսկ զուտ քաղաքական նպատակներով ըլլան, առնուազն ենթահող մը պէտք է ունենան: Այդ ենթահողը բարի կամքի գործնական դրսեւորումն է: Եթէ այլ երկիրներու նախագահներ ցաւակցութիւն կը յայտնեն, անոնք նուազագոյնը իրողութիւնները նկարագրելու համարձակութիւնը կ՛ունենան, եթէ նոյնիսկ քաղաքական հաշուարկներով չօգտագործեն ցեղասպանութիւն բառը:
Բարի կամքի դրսեւորումը կ՛ըլլայ հարցերուն հետ հաշուի նստելով, արդարութիւնը վերականգնելու գէթ փոքր քայլերու դիմելով, ոչ թէ պատմութիւնը նենգափոխելով, հայ ժողովուրդին խլուած իրաւունքները ուրանալով եւ աշխարհի տարածքին Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման համար տարուող աշխատանքները, նոյնիսկ ցոյցերը, ժապաւէններու ցուցադրութիւնները խափանելով:
Այս իմաստով Էրտողանի ցաւակցական բեմագրութիւնը դրական ոչ մէկ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ հայ հանրութեան կամ նոյնիսկ արեւմտեան շրջանակներուն վրայ, որոնց` վերջին ամիսներու Թուրքիոյ նախագահին հետ լարուածութիւնը իր գագաթնակէտին հասած է արդէն:
Երկրորդ. Թուրքիոյ մէջ հայերուն ներդրումին մասին խօսելով` Էրտողան չ՛ակնարկեր իսկ, թէ ո՛ւր է այսօր այդ ներդրում ունեցող հայերուն մեծամասնութիւնը, ինչպէ՞ս գնահատուած է անոր ներդրումը իր նախնիներուն կողմէ եւ ինչպէ՞ս կը գնահատուի այսօր իր վարչակարգին կողմէ: Ինչո՞ւ ճշմարտախօս թուրք մտաւորականներ կը հալածուին, ինչո՞ւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եկեղեցական կալուածներու վերատիրացման դատը կը մերժուի եւ այլն:
Երրորդ. ցաւակցական խօսքին մէջ ոչ թէ միայն անհիմն, այլ սխալ տեղեկութիւններ կը ներկայացուին, երբ կ՛ըսուի, թէ` «Ինչպէս երէկ, այնպէս ալ այսօր, հայերը ըլլալով մեր երկրի հաւասար եւ ազատ քաղաքացիներ, կարեւոր դերեր կը ստանձնեն մեր ընկերային, քաղաքական եւ առեւտրական կեանքի զանազան մարզերուն մէջ»:
Օսմանեան կայսրութեան օրերուն հայերը ո՛չ ազատ, ո՛չ ալ հաւասար քաղաքացիներ նկատուած են: Անոնք «ռայա» կոչուած ու հալածուած են: Ի զուր չէ, որ հայ պատուիրակութիւններ դիմած են արեւմտեան երկիրներու ներկայացուցիչներուն, պահանջած բարենորոգչական նուազագոյն ծրագիրներու իրագործում, քաղաքացիական իրաւունքներու յարգում, փոխարէնը, սակայն, ջարդուած ու տեղահանուած են Օսմանեան կայսրութեան ու Աթաթուրքի իշխանութեան օրերուն: Օսմանցիներ եւրոպական պետութիւններու հետ կնքուած համաձայնութիւններով հայերու համար բարեկարգումներ խոստանալով հանդերձ, զանոնք չգործադրելու համար միջոց որոնած են եւ Հայոց ցեղասպանութիւնը համարած են այդ միջոցը:
Տակաւին չենք խօսիր ներկայ Թուրքիոյ մէջ ապրող հայ քաղաքացիներու իրաւունքներուն մասին:
«Համաշխարհային Ա. պատերազմի անբարենպաստ պայմաններուն մէջ իրենց կեանքը կորսնցուցած օսմանեան միլիոնաւոր քաղաքացիները» ըսելով` Թուրքիոյ նախագահը հաւասար նժարներու մէջ կը փորձէ դնել օսմանցիներուն կողմէ Օսմանեան կայսրութեան սահմաններուն մէջ սպաննուած մեր ժողովուրդի զաւակները եւ պատերազմի զոհերը` ծրագրուած ցեղասպանութիւնը քողարկելու ձախող փորձ մը կատարելով:
Հայոց ցեղասպանութիւնը թէեւ այսօր Օսմանեան կայսրութեան ժառանգորդ Թուրքիոյ Հանրապետութեան եւ իր սերտ գործակիցներուն կողմէ կ՛ուրացուի, սակայն աշխարհի զանազան երկիրներուն մէջ բնակութիւն հաստատած հայերու տեւական եւ հետեւողական աշխատութիւններուն եւ թափած ջանքերուն շնորհիւ 20-րդ դարու այս առաջին ցեղասպանութիւնը երբեք մարդկային յիշողութեան փոշիներուն տակ պիտի չմնայ, եւ խղճմտանքի տէր ժողովուրդներու երեսփոխանական ժողովները պիտի շարունակեն ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը ու յայտարարել, թէ 1915 թուականին հայեր ցեղասպանութեան ենթարկուած են:
Եւ այնքան ատեն որ Թուրքիոյ Հանրապետութեան իրերայաջորդ կառավարութիւնները կ՛ուրանան, թուրքեր իրենց արիւնոտ անցեալին հետ չեն հաշտուիր, մեր ցաւը իր սաստկութեամբ պիտի շարունակուի:
Երբ հաւաքականութիւն մը, կառավարութիւն մը չ՛ընդունիր կամ չ՛ուզեր ըմբռնել, որ ինք անցեալին ոճիր մը գործած է, ան հակամէտ է նոր ոճիրներ գործելու:
Օսմանեան կայսրութեան ժառանգորդ Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը, քանիցս փաստեց այս իրողութիւնը, վերջինը` Սուրիոյ մէջ:
Հայկական թաղամասերու, Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիրի ռմբակոծումը քաղաքացիական պատերազմի հետեւանք չէր ու չէր կրնար ըլլալ:
Հայահալած այս քաղաքականութեան որդեգրումը ինչպիսի՞ ցաւակցութեան ենթահող կրնայ հանդիսանալ:
Ցաւակցութիւնը քաղաքական խիզախ կեցուածքով ու ոճիրներու սանձումով կ՛արտայայտուի միայն:
«Գ.»