Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Article 4

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Շարլ Ազնաւուրի Թանգարանի Տարածքը Նուիրուեցաւ «Ազնաւուր» Հիմնադրամին

Կառավարութեան որոշումով, Երեւանի մէջ Շարլ Ազնաւուրի տուն-թանգարանին համար նախատեսուած տարածքը` 1224.4 քառ. մեթր մակերեսով եւ օգտագործման ու սպասարկման համար անհրաժեշտ 0.1 հեկտար հողամասով, նուիրուած են «Ազնաւուր» հիմնադրամին:

Ուրբաթ, 28 ապրիլին, Պետական գոյքի կառավարման վարչութեան գրասենեակին մէջ,  Ազնաւուր ընտանիքի անդամներու մասնակցութեամբ, կնքուեցաւ նուիրատուութեան պայմանագիրը, զոր «Ազնաւուր» հիմնադրամին կողմէ ստորագրած է տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Քրիստինա Սարգիսեան, որ Շարլ Ազնաւուրի որդիին` Նիքոլա Ազնաւուրի կինն է:

«Փիւնիկ» Մարդկային Պաշարներու Հիմնադրամը Եղեւնի Տնկեց Ցեղասպանութեան 102-ամեակին Առիթով

Հայոց ցեղասպանութեան 102-րդ տարելիցին նուիրուած, 23 ապրիլին, Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի այգիի յարակից տարածքին, մարդկային պաշարներու զարգացման «Փիւնիկ» պաշարներու հիմնադրամը եղեւնի տնկեց: Հիմնադրամին անունով ծառատունկը կատարեցին համանախագահներ Լեւոն Սարգսեան եւ Գաբրիէլ Չենպերճեան:

«Ապրիլ 24-ին առիթով այս կարելիութիւնը տրուեցաւ մեզի, որ ծառ մը տնկենք մեր հիմնադրամին անունով: Ասիկա մեզի համար մեծ պատիւ է», նշեց հիմնադրամի նախագահ Գաբրիէլ Չենպերճեան:

Նշենք, որ յուշահամալիրի տարածքին գործող թանգարանի նոր մասնաշէնքին կառուցումն ու վերանորոգումը` Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի նախաշեմին` ստանձնած էր «Փիւնիկ» հիմնադրամը:

Արարողութեան, հիմնադրամի անդամներէն բացի, ներկայ էին նաեւ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը, կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեանը, մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեանը, Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեանը եւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանը:

Կայացած Է Մամլոյ Ասուլիս Մը Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան-Հիմնարկին Մէջ

Վերջերս Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի գիտաժողովներու սրահին մէջ տեղի ունեցաւ տարեկան հաշուետու մամլոյ ասուլիսը:

Մամլոյ ասուլիսին Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան ներկայացուց իր պաշտօնավարման տասը տարիներուն թանգարան-հիմնարկի ձեռքբերումները, ապագայի նախագիծերը եւ ծրագիրները:

Այս տարի կ՛ամբողջանայ Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիրի կառուցման 50-ամեակը: Այս առիթով Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանը պիտի կազմակերպէ շարք մը միջոցառումներ, մասնաւորապէս ժամանակաւոր ցուցադրութեան բացում եւ յիշատակի նախաձեռնութիւններ:

«Այս տարի ժամանակաւոր ցուցադրութեան տեսքով պիտի ներկայացնենք Մեծ եղեռնի յուշահամալիրի կառուցման ժամանակագրութիւնը` պատմական լուսանկարներ շինարարութեան ընթացքին, թէ ինչպէ՛ս անհատներ մասնակցած են շինարարական աշխատանքներուն, թէ ինչպէ՛ս յուշարձանի լուսանկարը արտատպուած է տարբեր կրիչներու վրայ եւ այլն: Յետադարձ ակնարկ նետելով համայն հայութեան համար գլխաւոր յուշահամալիրին կառուցման վերջին յիսուն տարիներուն` պիտի տեսնենք, թէ ինչպիսի առաքելութիւն ունեցաւ անիկա, որուն բաղկացուցիչ մասն է թանգարան-հիմնարկը», նշեց Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան:

Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Հայոց պատմութիւն ակադեմական բազմահատորեակին նոր եւ նորագոյն պատմութիւններուն նուիրուած գիրքերուն մէջ տեղ գտած հակագիտական ու անընդունելի թեզերուն եւ թերացումներուն: Մամլոյ ասուլիսէն ետք շրջագայութիւն մը կայացաւ թանգարանի ժամանակաւոր ցուցադրութիւններու սրահին մէջ, ուր Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանի տնօրէնը լրագրողներուն ներկայացուց Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակին եւ Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիրի կառուցման 50-ամեակին նուիրուած ցուցանմուշներ:

Մէկ Գիւղ Եւս Ամբողջութեամբ Լուսաւորուած Է

Վայոց Ձորի մարզի Նոր Ազնաբերդ սահմանապահ գիւղը ունի մօտաւորապէս 70 տարուան պատմութիւն, սակայն հիմնադրման օրէն հոն արտաքին լուսաւորութեան համակարգ չէ եղած:

Վայրի բնութեան եւ մշակութային արժէքներու պահպանման հիմնադրամի եւ «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի համագործակցութեամբ իրականացուող «Այլընտրանքային ուժանիւթ» նախագիծի ծիրին մէջ` գիւղին մէջ իրականացուած է արտաքին լուսաւորութեան ամբողջութեամբ նոր ենթակառուցուածքներու կառուցում: Նոր Ազնաբերդին մէջ տեղակայուած է 60 լէտ լուսարձակ` լուսաւորելով ամբողջ գիւղը` աւելի քան  2 քիլոմեթր տարածութիւն:

Նորակառոյց ուժանիւթ խնայող համակարգի գործարկման ներկայ եղած են «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Երիկեանը, Վայրի բնութեան եւ մշակութային արժէքներու պահպանման հիմնադրամի հիմնադիր Ռուբէն Խաչատրեանը, Զառիթափ համայնքի ղեկավար Սիմոն Բաբայեանը եւ բնակիչները:

«Արդէն 4 տարի է, որ գործընկեր կառոյցին հետ ե՛ւ սահմանապահ, ե՛ւ հեռաւոր մարզերու գիւղերը կ՛ապահովենք լուսաւորութեամբ: Ընդ որում, ուժանիւթ խնայող համակարգով: Միայն այս տարի պիտի լուսաւորուի 12 բնակավայր: Տարիներ առաջ մեր ընտրած ուղին արդարացուած եւ կարեւոր լուծում է ո՛չ միայն տուեալ գիւղին, համայնքին, այլ նաեւ ընդհանուր առմամբ` երկրի համար: Մօտաւոր հաշիւներով, նոր արհեստագիտութիւններու կիրարկումը էապէս պիտի նպաստէ տնտեսութեան զարգացման, պիտի կրճատուին անտեղի ծախսերը, տնտեսուած գումարներով պիտի լուծուին բնապահպանական կարեւոր եւ այլ հարցեր: Եւ որքան մեծ է լուսաւորուող բնակավայրը, այնքան շատ պիտի ըլլայ  ուժանիւթի խնայողութիւնն  ու  տնտեսումը», նշած է «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Երիկեան:

Բնակավայրերու մէջ արտաքին լուսաւորութեան ուժանիւթ խնայող համակարգի ներդրումը կը միտի  խնայելու համայնքային  միջոցները եւ աշխուժացնելու գիւղի կեանքը: Հիմնականօրէն անասնապահութեամբ եւ այգեգործութեամբ զբաղող բնակիչներու համար գիւղի ենթակառուցուածքներու զարգացումը կարեւոր է ո՛չ միայն յարմարաւէտութեան, քաղաքակիրթ պայմաններէն օգտուելու, այլ նաեւ` նիւթական բեռի կրճատման տեսանկիւնէն:

Բնապահպանական եւ ուժանիւթ խնայող լէտ լուսարձակներու շահագործումը տնտեսապէս արդիւնաւէտ է պիւտճէական համեստ միջոցներ ունեցող գիւղերու համար: Այսպիսի համակարգի օգտագործումը 80 տոկոսով պիտի նուազեցնէ ուժանիւթի ծախսը` թեթեւցնելով գիւղի ֆինանսական բեռը:

Յայտնենք, որ լուսարձակները ամրան գիւղի փողոցները պիտի լուսաւորեն 21:00-էն մինչեւ 00:00, իսկ ձմրան` 18:00-էն մինչեւ 23:00: Տօնական օրերուն պիտի լուսաւորուի ամբողջ գիշերը:

ՀՕՄ-ը Ծառատունկ Իրականացուց` Եռաբլուրի Բարձունքին

ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային վարչութիւնը ապրիլ 8-ին, Եռաբլուրի բարձունքին կատարած է ծառատնկում` նուիրուած մէկ տարի առաջ տեղի ունեցած արցախեան քառօրեայ պատերազմին իրենց կեանքի գնով հայրենիքի սահմանները պաշտպանած մեր քաջարի զինուորներու յիշատակին:

Նախաձեռնութեան հրաւիրուած էին աշակերտներ, ուսանողներ, ազատամարտիկներ, զինուորներ, նուիրատուներ, որոնք ՀՕՄ-ի հետ համագործակցելով` օգնութեան հասած էին սահմանին կանգնած զինուորներուն, վիրաւորներուն եւ զոհուածներու ընտանիքներուն:

ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Տիանա Յովսէփեան նշեց, որ ապրիլ ամիսը թէեւ հայութեան համար վիշտի ու կորուստի ամիս է, սակայն անիկա պէտք է դառնայ կեանքի, յարատեւութեան ամիս: Նախաձեռնութիւնը կը կրէր «Բարեբեր ապրիլ» կարգախօսը: «Մենք այս ձեռնարկը կազմակերպեցինք ո՛չ միայն մեր զոհուած ազատամարտիկներու եւ զինուորներու յիշատակին, այլ նաեւ մեր վիրաւոր եւ այսօր մեր սահմանը պահող զինուորներուն համար: Թող որ ապրիլ ամիսը սկսի մեզի համար «բարեբեր» նշանաբանով եւ մեր երկրի կամարին այլեւս չյայտնուին սեւ ամպեր, ու երբեք չունենանք սգացող մայրեր», աւելցուցած է ան:

ՀՅԴ Գերագոյն մարմնի ազատամարտիկներու յանձնախումբի ատենապետ Իկոր Սարգսեան իր խօսքին մէջ նշեց, թէ «Կեանքը միշտ պայքար է, եւ այդ պայքարի ընթացքին կան նաեւ զոհաբերութիւններ: Ահա այստեղ կը հանգչին այն հայորդիները, որոնք իրենք զիրենք զոհաբերեցին յանուն մեր ազգի գոյատեւման, յանուն մեր երկրի ապագային: Եւ կարեւոր է, որ այսօրուան ծառատունկին ներկայ են տարբեր սերունդներու ներկայացուցիչներ: Ներկայ են աշակերտներ, ուսանողներ, որոնք եկած են ըսելու, որ ձեր գործը շարունակողներն ենք: Շարունակական է մեր պայքարը, եւ մենք պէտք է ապրեցնենք յիշատակը բոլոր զոհուածներուն, որոնք կը հանգչին այստեղ կամ այլ պանթէոններու մէջ… Վառ պահենք անունները բոլոր այն հերոսներուն, որոնք զոհուեցան ազգի զոհասեղանին: Ճանչնանք, այցելենք եւ յիշելով` միշտ դալար պահենք մեր պանթէոնը», ներկաներուն պատգամեց ան:

«Փոքրիկ Իշխան» դպրոցի աշակերտ Արմանը վկայած է, թէ Եռաբլուրը իրեն համար ոչ թէ գերեզմանատուն է, այլ` զօրանոց, ուր կը հանգչին մեր անմահ հերոսները: «Այստեղ, ուր մեր հերոսներու հոգիներով լեցուած է, պէտք է ըլլայ կանաչ ու գեղեցիկ», շեշտած է ան:

Տեղեկացնենք, թէ ծառատունկը աւարտեցաւ խորհրդանշական արարողութեամբ: Իրենց կեանքը հայրենիքին զոհաբերած զինուորներու անմահ յիշատակին ու սահմանին կանգնած զինուորներու խաղաղ ծառայութեան համար դէպի երկինք արձակուեցան բազմաթիւ վառող լապտերներ:

«Սուրիահայ Մշակոյթի Շունչը Երեւանի Մէջ» Խորագիրով Բարեգործական Ցուցահանդէս-Տօնավաճառ

Վերջերս Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան այցելեց Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան եւ «Սուրիահայերու հիմնական հարցերը համակարգող կեդրոն» հասարակական կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ, «Երեւան Մոլ» առեւտուրի եւ զուարճանքի համալիրին մէջ բացուած «Սուրիահայ մշակոյթի շունչը Երեւանի մէջ» աւանդական դարձած բարեսիրական ցուցահանդէս-տօնավաճառ:

Նախարարը շրջեցաւ տաղաւարները, ծանօթացաւ սուրիահայերու աշխատանքներուն, բարձր գնահատեց անոնց սպասարկման մշակոյթն ու մատուցման ոճը եւ հիացաւ յատկապէս ձեռագործ աշխատանքներու բաժինով:

Այնուհետեւ սփիւռքի նախարարը պատասխանեց լրագրողներու հարցումներուն: Ան մասնաւորապէս նշեց. «Անցնող հինգ տարիներուն երկրի ղեկավարութեան, կառավարութեան ծրագիրները կը տարուին այն ուղղութեամբ, որ սուրիահայերը հաստատուին, մնան եւ ստեղծագործեն իրենց հայրենիքին` Հայաստանի մէջ: Այս ցուցահանդէս-տօնավաճառները անոր ապացոյցն են: Յիսունէ աւելի անհատ ձեռներէցներ կամ փոքր աշխատանքի ներկայացուցիչներ իրենց արտադրանքը ցուցադրած, վաճառած եւ նոր գործընկերներ գտած են` ընդլայնելով իրենց ասպարէզը: Մենք, համագործակցելով ՄԱԿ-ի հայաստանեան գրասենեակին, ՄԱԿ-ի արդիւնաբերական զարգացման կազմակերպութեան եւ Գերմանիոյ միջազգային համագործակցութեան ընկերութեան հետ, փորձած ենք արագացնել սուրիահայերու տնտեսական համարկումը: Յիշեցնեմ, որ անոնց կրթական եւ ընկերային հարցերը ամբողջութեամբ լուծուած են արդէն: Չկայ ոլորտ մը, որ սուրիահայերու համար դռները բաց չեն եւ կամ  չկան միջոցներ անոնց օգնելու համար», շեշտած է նախարարը:

Հայոց Բանակի Սպաներ Կրթութիւն Կը Ստանան Աշխարհի 7 Երկիրներու Մէջ

Հայոց բանակի սպաները իրենց կրթութիւնը կը ստանան նաեւ Ռուսիոյ, Անգլիոյ, Չինաստանի, Յունաստանի, Գերմանիոյ, Իտալիոյ, Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան ռազմական կրթութեան վարչութեան ներկայացուցիչ, փոխգնդապետ Վահագն Թումասեան յայտնած է, որ արտերկիր ուսանող սպաներու բոլոր ծախսերը ապահովուած են:

Հաղորդենք, որ Ռուսիոյ մէջ, այս տարի, իրենց ռազմագիտական ուսումը ստացողներու թիւը կ՛անցնի 200-ը:

Շուշիի Կերպարուեստի Պետական Թանգարանը 2016 Թուականին 342 Օտար Այցելած Է

Շուշիի Կերպարուեստի պետական թանգարանի նպատակն է հասարակութիւնը հաղորդակից դարձնել արուեստի բարձրարժէք ստեղծագործութիւններուն: Այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսած  է թանգարանի տնօրէն Լուսինէ Գասպարեան:

«Անցեալ տարի Շուշիի կերպարուեստի պետական թանգարան  այցելած է  2934 անձ, որմէ 342-ը` արտերկրէն է», տեղեկացուցած է Լուսինէ Գասպարեան եւ նշած, որ, ըստ վիճակագրական տուեալներու, թանգարան օտար այցելուները հիմնականօրէն եղած են Ռուսիայէն, Միացեալ Նահանգներէն, Ֆրանսայէն եւ Իրանէն:

«Թանգարանի առանձնայատկութիւններէն են նուիրատուներու հարուստ ցուցակը եւ ներկայացուող աշխատանքներու լայն աշխարհագրութիւնը. Արցախ, Հայաստան, Վրաստան, Ռուսիա, Միացեալ Նահանգներ, Ֆրանսա, Եթովպիա, Ինտոնեզիա, Մատակասքար եւ այլն», նշած է Լ. Գասպարեան:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>