Մեծ կարեւորութեամբ կը նշուին «ամեակներ»-ը: Հայկէն ու Բելէն կամ պատմութիւն կերտած Արշակունեաց կամ Բագրատունեաց հարստութիւններէն մնացած սովորութի՞ւն, թէ՞ պարզապէս տօն մը նշելու համար տօնակատարութիւն:
«Ամեակներ»-ու ծննդոցին մասին մանրամասն ուսումնասիրութիւն մը պատրաստելը չէ մեր նպատակը:
Պարզապէս կը տեղեկացնենք, թէ յիշատակելի է այս տարուան «Հայրենիք»-ի ապրիլեան բացառիկ թիւը:
Այս բարձրորակ տպագրութեան տասնամեակն է, որ կը տօնենք, միշտ ալ գործակցաբար մեր անգլերէնի բաժնի «Արմինիըն ուիքլի»-ին հետ:
Առաջարկ մը…գաղափար մը, որ ո՛չ ոք կ՛երեւակայէր, թէ պիտի կարենար շարունակել իր երթը, հակառակ իրեն դէմ ցցուած եւ շարունակ ցցուող դժուարութիւններուն:
Բանասէրներ կը հաստատեն, որ «ամեակներ»-ը պարզապէս կլոր թուականներ չեն, այլ միշտ ալ աւելի հնչեղ են եւ այն տպաւորութիւնը կը ձգեն, թէ, հակառակ դաժան ու չար հովերուն, ցուրտին թէ շոգին կա՛նք ու կը մնանք:
«Ամեակ»-ներու նշումը ո՛չ միայն յիշատակներու ոսկի էջեր կը թերթատէ, այլ նաեւ կը փաստէ, որ «կա՛նք ու պիտի մնանք»:
Դեռ աւելի՛ն. կառչելով այս «ամեակ» հասկացողութեան, առանց բարդոյթի պէտք է հաստատել, որ ապրիլեան բացառիկը չի սահմանափակուիր միայն Հայոց ցեղասպանութեան կամ Հայ դատի նիւթեր արծարծելով:
Գործունէութեան դաշտն ու բնագաւառը լայնատարած են:
Այս բացառիկին մէջ առիթ տրուած է տարբեր տարիքի յօդուածագիրներու, որպէսզի ներկայացնեն իրենց կարծիքներն ու մտածումները:
Հայութիւնն ու սփիւռքահայութիւնը շահագրգռող զանազան նիւթեր, որոնք կրնան հետաքրքրութիւն ստեղծել հետզհետէ խստապահանջ կարդացողին մօտ:
Խոր ապրումներով տեսիլք, պատմական հարցադրումներ եւ պրպտումներ, երիտասարդական մտորումներ, հայ կնոջ դերը հայ ազատագրական շարժումին մէջ, Հայոց ցեղասպանութէնէն ճողոպրած աղիողորմ որբերու պատսպարան, թէ ընդհանրապէս արմատախիլ դարձած հայերու նորաստեղծ սփիւռքին մէջ ոստան մը հաստատելու գաղափարով` բոյներու կառուցում®:
Ներկայ է հայ բանաստեղծը, նաեւ վերադարձած է բանաստեղծ-երգիչը, որ կը շեշտէ, որ թռչունը հանգչած է այդ բոյնին մէջ եւ կը պատմէ վերադարձը` նոյն ծառին ու ճիւղին:
Այո՛…հպարտութիւն, իրաւունք եւ արժեւորում կը ժայթքին այս տասը տարիներու գումարէն: Հակառակ ելեկտրոնային բնագաւառին ստեղծած սաստիկ փոթորիկին, դեռ մնացած են էջը, թուղթն ու թերթը:
Ի վերջոյ ներկայ համաշխարհայնացում բուրող օրերուն, եւ ճեպընթացային հեւքով ընթացող կեանքի պայմաններուն մէջ, յոյսի, հաւատքի, եւ գիտակցութեան աշխատանքի յիշեցում է «Հայրենիք»-ի այս բացառիկին տասնամեակը տօնելը: