ՍՕՍԻ ԱՒԱԳԵԱՆ
Համարեա 30 տարի անցած է մեծ մօրս մահուան թուականէն: Մեծ մայրս ծնած էր Եոզղաթ, մանկութիւնն ու երիտասարդութիւնը ապրած Լիբանան, հասուն տարիքին ընտանիքին հետ տեղափոխուած Իրաք եւ ապրած 15 տարի, յետոյ դարձեալ Լիբանան եւ մեծ հօրս մահէն ետք տեղափոխուած Միացեալ Նահանգներ` Ֆիլատելֆիա, մեծ քեռիիս մօտ, եւ այնտեղ մահացած:
Տարբեր երկիրներու մէջ ապրած մեծ մայրս գործնականօրէն կը նկատուէր աշխարհ տեսած մարդ, բայց ինծի կը թուէր, թէ մեծ մայրս մէկ պատուհանի առանցքէն դիտուած ճամբան տեսած էր միայն:
Կալիպսի Խաչերեան 4 տարեկան եղած է 1915-ին. ծնողքը, քոյր-եղբայրները, բոլորը զոհ դարձած են թուրք եաթաղանին, ինք եւ իր մեծ քոյրը` 16 տարեկան Փրլանթը, փրկուած են, շնորհիւ, եթէ կարելի է ըսել` շնորհիւ, Փրլանթը առեւանգած թուրքին: Փրլանթը հետը տարած է մեծ մայրս` 4 տարեկան Կալիպսին, կարճ ժամանակ անց, ինչպէս մեծ մայրս կը պատմէր, իր մեծ եղբայրը` Յարութը, որ իր կարծիքով 14-15 տարեկան պէտք էր ըլլար, ի յայտ կու գայ Փրլանթին բնակած տունէն քիչ մը հեռու. թէ ինչպէ՛ս ան փրկուած եղած է, յայտնի չէ, բայց քոյրերը փնտռելով կը գտնէ զանոնք եւ կը խնդրէ, որ իրեն հետ երթան դէպի մօտակայ ֆրանսական որբանոցը: Փրլանթը սկիզբը կը վախնայ, յետոյ կ’որոշէ, որ նախ պէտք է Կալիպսին ազատել` մտածելով, որ քանի մը տարի ետք իր ճակատագիրին պիտի արժանանայ եւ թուրքի մը կնութեան պիտի երթայ: Ուստի, եղբօրը կը խնդրէ նախ փրկել փոքր քոյրը, յետոյ զինք` մտածելով, որ իր թուրք ամուսինը հաստատ պիտի հետապնդէ զիրենք, եւ նկատի ունենալով, որ Յարութը մէկ ձի ունի միայն, հետեւաբար դժուար պիտի ըլլայ արագ փախչիլ: Քրոջը խորհուրդին հետեւելով, Յարութ յաջորդ առտուն կանուխ նոյն վայրը կու գայ եւ Կալիպսին վերցնելով կը հեռանան, երկար ճամբայ երթալէ ետք կը հասնին ֆրանսական որբանոց մը, այնտեղ կը յանձնէ քոյրը` խոստանալով երկու օրէն վերադառնալ Փրլանթին հետ: Մեծ մայրս լալով կը վազէ ետեւէն, կ՛աղաչէ, որ հետը մնայ, չերթայ, որովհետեւ կը վախնայ առանձին, բայց եղբայրը կը հանգստացնէ 4-ամեայ Կալիպսին` գրկելով եւ անգամ մըն ալ խոստանալով, որ անպայման կը վերադառնայ Փրլանթին հետ միասին:
Եւ այսպէս մեծ մայրս կը սպասէ երկար… իր պատմածին համաձայն, փոքրիկ պատուհան մը կար, ուր երկար օրեր կ’անցընէր աղօթելով, կը սպասէր եղբօր վերադարձին, ժամանակ մը վերջ զիրենք կը տեղափոխեն Լիբանանի մէջ ֆրանսական որբանոց մը: Մեծ մայրս կու լայ, չ՛ուզեր հեռանալ այնտեղէն` ըսելով, որ եղբայրը պիտի չկրնայ գտնել զինք: Սակայն որբանոցի երէց աղջիկները կ’ըսեն, որ իրենց անունները հոն արձանագրուած են, եւ կառավարիչները Յարութին կ’ըսեն, թէ ո՛ւր է նոր որբանոցին տեղը: Այսպէս կը համոզեն զինք, մեծ մայրս նոր որբանոց փոխադրուելէ ետք կը գտնէ նոր պատուհան մը, ուրկէ երկար տարիներ կը սպասէ եղբօր վերադարձին:
20 տարի անց Կալիպսին արդէն ամուսնացած եւ մայր դարձած էր, երբ կը լսէ, որ Թուրքիայէն` Եոզղաթէն Արուս անունով կին մը Պէյրութ եկած է: Կը շտապէ տեսնել Արուսը, եւ ի ուրախութիւն իրեն, Արուսը լաւ կը ճանչնար Փրլանթը, մեծ մայրս կը հետաքրքրուի եղբօր մասին, Արուս կը զարմանայ, որ մեծ մայրս չէ լսած, որ Յարութը 20 տարի առաջ սպաննուած գտնուած է, նոյնիսկ չէ վերադարձած Փրլանթին մօտ:
Արուս կը շարունակէ պատմել եաթաղանէն փրկուած աղջիկներուն մասին` ըսելով, որ բոլորը խենթ են, թուրքի երեխաներ կը մեծցնեն, Արուսը նկատի ունէր հայ կանանց զաւակները թուրք ամուսիններէն: Խօսքը կ’ուղղէ մեծ մօրս` ըսելով, որ հազար անգամ Փրլանթին ըսի, որ ինծի պէս ըրէ. «Ամէն անգամ որ երեխայ կ’ունենայի, դեռ նորածին, բաղնիքը լոգանքի ժամանակ կը խեղդէի», բայց Փրլանթը կը հրաժարի Արուսին խորհուրդը լսելէ. «խիղճս չի տանիր, չեմ կրնար»` մեղադրելով կը պատմէ Արուսը Փրլանթին խօսքերը կրկնելով:
Վերջապէս Արուսին թուրք ամուսինը ժամանակ մը ետք կը հասկնայ անոր արարքը եւ կը վտարէ զինք: Արուս փրկուած ազգականներուն մօտ կ’երթայ` Պոլիս, բայց արդէն` քիչ մը տարօրինակ, քիչ մը խելագար:
Մեծ մայրս ամբողջ կեանքին ընթացքին եկեղեցի չէ այցելած լոկ աղօթքի համար, պարզապէս զաւակներուն, թոռնիկներուն վերաբերող առիթներով միայն: Երբ հարց կու տայի այդ մասին, կ’ըսէր, որ Աստուած անմեղ երեխային մտիկ չըրաւ, տարիներ աղօթեցի, աղաչեցի, պաղատեցայ, որ եղբայրս վերադառնար, սակայն ստացայ սպանութեան լուրը, ալ ինչո՛ւ աղօթեմ, որո՛ւ աղօթեմ:
Այդպէս խեղճ մեծ մայրս, ապրեցաւ արցունքոտ աչքերը սեւեռած եղբօր ճամբին, սպասեց, ապրեցաւ մինչեւ 78 տարեկան, առանց կեանքին իմաստը հասկնալու, առանց զաւակներ ու թոռնիկներ ունենալու բերկրանքը վայելելու, պարզապէս իր կեանքը ընթացաւ առանց ապրելու: