Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17368

Յուշանկար

$
0
0

ԳԷՈՐԳ ՅԱԿՈԲՃԵԱՆ

Ողջ մնայ «Կուկըլ մեփ»-ը: Անոր շնորհիւ տասը վայրկեան քալելէ ետք հասանք Ինսպրուկի* այն պարտիզակը, որուն կեդրոնը Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակին հայկական գեղեցիկ խաչքար մը տեղադրուեցաւ  2016-ին: Քանի մը երկվայրկեան լուռ ու խորունկ հայեացք մը նետեցինք յուշարձանին, տակը գրուած գերմաներէնով յուշագրութիւնը կարդացինք, ետեւը երեւցող հրաշալի Ալփեան լեռնաշղթաներուն գեղեցկութիւնը գովերգեցինք ու նկատեցինք, որ անոր շրջակայքը նստարաններ կան:

Նստարաններէն մէկուն վրայ թուրքի նմանող լաչակաւոր կիներ նստած էին: Ինսպրուկի մէջ մեծ թիւով թուրքեր կ՛ապրին: Անոնք յուշարձանի բացման օրերուն բաւական աղմուկ բարձրացուցին եւ ճնշում բանեցուցին տեղական իշխանութիւններուն վրայ, որպէսզի յուշարձանը չտեղադրուի, սակայն Ինսպրուկի քաղաքապետարանը, որ նախաձեռնողն էր այս գործին, հաստատ մնաց իր որոշումին մէջ ու յուշարձանը զետեղեց: Նստող կիները Ինսպրուկի մէջ ապրող թուրքերէն կարծեցի:

– «Մարդ որքա՛ն անտարբեր պիտի ըլլայ, որ իր նախնիներուն ոճրագործութեան պատճառով տեղադրուած յուշարձանին շրջակայքը օդափոխութեան գայ», մտքովս ըսի: Յետոյ նկատեցի, որ թրքերէն չէին խօսեր անոնք: Թուրքեր չէին, Արեւելեան Ասիոյ երկիրներէն ըլլալու էին: Սխալ ենթադրութիւններու եւ նախապաշարումներու ծուղակը ինկած էի նորէն: Երբեմն որքան նախապաշարուած ենք թուրքերուն հանդէպ: Կիներուն միայն արտաքինը տեսնելով, պահ մը վճռեցի, որ անոնք թուրքեր են, Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանին մօտ օդափոխութեան եկած են ու` անտարբեր են…: Նմանատիպ կեցուածքներ շատերուս կը պատահին: Խորքին մէջ, նախապաշարումով ու կանխադատումով (prejudgment) առաջնորդուելու այս երեւոյթը`ծանր ու ցաւալի փորձի, դաստիարակութեան, միջավայրի ու երկխօսութեան չգոյութեան հետեւանք է, որ կ՛արժէ լրջօրէն, սակայն զգուշութեամբ ու գերպատրաստուածութեամբ վերատեսութեան ենթարկել, մեր հաւաքականութիւնը նպատակասլաց, առարկայական, շատ աւելի առողջ ու արդիւնաւէտ աշխարհահայեացքի առաջնորդելու համար:

Ուրիշ նստարանի մը վրան նստած էր պատանի աղջնակ մը , որմէ խնդրեցինք մեր բջիջայինով (սմարթ ֆոն) նկարէ մեզի: Աղջիկը զարմացած էր, ըսաւ թէ իր ամէնօրեայ այցելութեան վայրն է այստեղ, սակայն առաջին անգամն է, որ կը հանդիպի, մարդոց որոնք կը կենան, երկա՜ր կը զննեն յուշարձանը ու նկարուիլ կ՛ուզեն անոր կողքին:

«Մենք հայերս նկարուիլ շա՜տ կը սիրենք», ըսի:

Աղջկան «նկարուիլ» ըսի, բայց մտքովս «նկարուի՜լ, երեւի՛լ, ցուցադրուի՜լ, ապրիլ 24-է ապրիլ 24 ցոյցերու ելլե՜լ (այս տարի կլոր ամեակ չէ, չ՛արժեր ցոյցի ելլել ըսողներ ալ եղա՛ն, այս ի՛նչ տրամաբանութիւն), քիչ մը նեղուիլ, քիչ մը պոռալ-կանչել, ձեռնարկներ կազմակերպել, ճառեր կարդալ, գիրք հրատարակել, ցուցահանդէս ընել եւ այս բոլորը` «դիմատետր» դնել, շա՜տ կը սիրենք…» փսփսացի: Օ՜հ որքան ահաւոր ու վտանգաւոր է Ցեղասպանութեան ոճրագործութեան հաշուետւութեան եւ անոր հետ կապուած իրաւական պահանջատիրութեան մեր համազգային մօտեցումը տարուէ տարի մակերեսային մակարդակի իջեցնելու երեւոյթը…

Այս բոլոր ինքնաքննադատութիւնը մէկ կողմ նետեցի, երբ աղջիկը պատրաստուեցաւ մեզ նկարել: Այդ պահուն անբացատրելի զգացում մը արթնցաւ մէջս: 102 տարի առաջ թուրքը մեզ փորձեց բնաջինջ ընել, հայրենազրկեց ու արմատախիլ ըրաւ մեր օրրանէն, բայց 102 տարի ետք, մենք` Ցեղասպանութենէն փրկուածներուն երրորդ սերունդի ժառանգորդներս` Պէյրութ ծնած Տոքթ. Սերժը, Գամիշլի ծնած սիրելի Անին եւ Հալէպ ծնած ստորագրեալս Արեւմուտքի մէջ եկած էինք մեր նահատակներուն նուազագոյն յարգանքի տուրքը մատուցելու: Վերապրողի, չմեռնողի, գոյատեւողի զգացումը տեսակ մը յոյս ու ինքնավստահութիւն կը ներշնչէր մեզի ու կը հաւատայինք, որ մենք, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, պիտի կարենանք արդարութիւնը վերականգնել: Այն արդարութիւնը, որ միա՛յն մեր անդուլ պայքարով, հաստատակամութեամբ, խոհեմութեամբ, միասնութեամբ ու մե՛ր բազուկներով կարելի է ապահովել:

Նկարող աղջկան շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք,երեքս անմիջապէս եռանկիւն մը կազմեցինք, բջիջայինը բացինք ու սկսանք նկարուած պատկերները ստուգել: Կ՛ըլլա՞յ չստուգել, թերեւ՞ս մէկուն աչքը գոց ելած է, կամ պատկերը մութ է, կամ ընդհանրապէս լաւ չէ նկարուած: Առնուած նկարները պահ մը զիս Տէր Զօր տարին: Տէր Զօրի Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիրին ճի՛շդ ճակատը, նմանատիպ խաչքարին ու անմար կրակին առջեւ շատերս բազմաթիւ յիշատակներ ունինք: Հակասական ապրումներու` ցաւի եւ յոյսի, մահուան ու կեանքի ապրումներ: Ինսպրուկի եւ Տէր Զօրի միջեւ զուգահեռներ գծած պահուս, նկատեցի որ նկարին մէջ անզգալաբար Անին գրկած եմ…: Պահ մը անհանգստացայ` մտածելով, թէ կրնայի պաշտօնական ու քաղաքավարական օրէնքները աւելի յարգել, ուղիղ կանգնիլ, ձեռքս Անիին ուսին չդնել եւ այլն, եւ այլն…: Արդեօք աւելի լուրջ եւ պաշտօնակա՞ն պէտք է ըլլայի…:

Որքան կը սիրենք կաղապարներ ու սահմաններ գծել մենք մեզի: Նոյնիսկ ոչ պաշտօնական հանգամանքներու մէջ երբեմն մենք զմեզ կը կաշկանդենք: Բայց ո՛չ, երբեմն պէտք է փշրել պաշտօնականութեան շղթաները` պահելով յարգանքն ու պատշաճութիւնը: Պէտք է ճզմել քարացած մտայնութիւնները ու թռիչք տալ մեր ապրումներուն: Ես այդ պահուն Անիով ուժ ու կորով կը ստանայի, եւ իմ կեցուածքս բնական դրսեւորումն ու արտացոլումն էր այդ պահուն ունեցած ներքին հարազատ ապրումներուս: Ներքուստ կը բացագանչէի` որ ուս-ուսի, կողք-կողքի, միասի՛ն, շատ աւելի դիւրին է հայօրէն ապրիլ, կառչած մնալ մեր ազգային արժէքներուն եւ նահատակներուն կտակին:

Մեկնումի պահն էր արդէն: Յուշարձանէն կը հեռանայինք` մտաբերելով, թէ Ալփեան լեռներու հովիտներուն մէջ ու անոնցմէ քիչ մը հեռու Լոզանի, Ժընեւի, Փարիզի, Վենետիկի,Վիեննայի ու այլ եւրոպական յառաջատար քաղաքներու մէջ Հայոց ցեղասպանութեան նախօրէին Ռուբէն Սեւակը, Վարուժանը, Սիամանթոն եւ շատ շատեր այս ցամաքամասի քաղաքակիրթ բարքերը կը վայելէին, սակայն անոնք ոտնակոխեցին արեւմուտքի բարւոք կեանքը, վերադարձան իրենց հայրենակիցներուն մօտ  ու գիտակցաբար մարտիրոսուեցան: Պատրա՞ստ ենք մեր օրերու Սիամանթոները դառնալու, քաջ գիտնալով, թէ`

«Հողը կայ դեռ, յղի պերճանքներով բեռնաւոր, Թաքուն յոյսի եւ հուրերի շտեմարան*»:

Վիեննա, 22 Ապրիլ 2017

* «Առաքեալը», Սիամանթօ

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17368

Trending Articles