Թալէաթ Փաշա Ի՞նչ Պայմաններու Տակ Արտօնեց, Որ Կոմիտաս Վարդապետ Արտասահման Մեկնի
Ուսումնասիրեց Ու Հրապարակեց` Գէորգ Պ. Յակոբեան
Թուրքիոյ վարչապետարանի օսմանեան արխիւներուն մէջ, մեր երկարատեւ ուսումնասիրութեան ընթացքին, հայ ժողովուրդը հետաքրքրող այլ եւ այլ նիւթերու կարգին հանդիպեցանք նաեւ անտիպ թղթածրարի մը: Այս թղթածրարը կը բովանդակէր թղթակցութիւններ, որոնք լոյս կը սփռէին Կոմիտաս վարդապետի արտասահման ելքի արտօնութեան ներքին ծալքերուն:
Նկատի առնելով, որ թղթածրարին այս մանրամասնութիւնները մինչեւ այսօր լոյս աշխարհ չեն եկած երբեք, ուզեցինք հրապարակել զանոնք ու ձեւով մը սատար հանդիսանալ ո՛չ միայն կոմիտասագէտներուն, այլ նաեւ` Կոմիտասի կենսագրութիւնը ուսումնասիրողներուն: Մենք պիտի չուզենք այս աշխատասիրութեան ընթացքին Կոմիտաս վարդապետի կենսագրութեան մասին կրկնութիւններ ընել, որովհետեւ իր կենսագրութեան մանրամասնութիւններուն մասին բաւականաչափ աշխատանք տարուած է մեր մասնագէտներուն կողմէ: Մենք միայն պիտի հրապարակենք Թուրքիոյ վարչապետարանի օսմանեան Արխիւէն ձեռք բերուած այս թղթածրարի անտիպ մանրամասնութիւնները` լոյս ընծայելով զանոնք «Ազդակ»-ի այս սիւնակներուն մէջ` որպէս առաջին եւ աննախընթաց հրատարակութիւն:
Բժշկապետ Տոքթ. Մազհար Օսմանի Տեղեկագիրը
Պոլսոյ «Լա Փէ» ֆրանսական հիւանդանոցի բժշկապետ տոքթ. Մազհար Օսման (զինուորական) 27 օգոստոս 1917 թուականին տեղեկագիր մը պատրաստած է Կոմիտաս վարդապետի հիւանդութեան մասին, որուն թարգմանութիւնը հետեւեալն է.
Կոմիտաս վարդապետ Էֆենտի 25 մայիս [1]333 [1917] թուականին ընտանիքին կողմէ մեր հիւանդանոցը բերուած էր հոգեխառն մոլեգնութեան անբնածին հետքերէ մաշած, դարմանումի կարօտ վիճակի մէջ:
Հիւանդանոցի մէջ գտնուած շրջանին զգալիօրէն դրական զարգացում մը տեսնուած ըլլալով հանդերձ, 24 օգոստոս [1]333 [1917] թուականին եղբօրը յանձնուած էր:
Յիշեալ անձի դարմանումը շարունակելու անհրաժեշտութիւնը նկատի առնելով ու ընդառաջելով մեզի կատարուած դիմումին` այս տեղեկագիրը պատրաստուած ու իրեն յանձնուած է (1):
27 Օգոստոս [1]333 [1917]
Մազհար Օսման
[Բժշկապետ «Լա Փէ» հիւանդանոցի]
Սոյն գրութենէն կը տեղեկանանք, որ Կոմիտաս վարդապետ 25 մայիս 1917 թուականին «Լա Փէ» Ֆրանսական հիւանդանոցը բերուած է: Այս թուականը մինչեւ այսօր անյայտ էր ու յստակապէս չէր արձանագրուած (2):
Կոմիտաս Վարդապետին Խնդրագիրը
Կոմիտաս վարդապետ 30 օգոստոս 1917 թուականին ստորագրած է դիմումնագիր մը եւ օսմանեան պետութենէն խնդրած է, որ դարմանումի համար արտասահման (Վիեննա) ելքի արտօնութիւն տրուի իրեն:
Ստորեւ կը հրատարակենք այդ դիմումնագիրը:
Պետական Բարձր Վսեմութեան
Այս խնդրագիրով ու նաեւ կցեալ տեղեկագրի բովանդակութեան հիման վրայ յայտնի կը դառնայ իմ անհանգստութիւնս:
Առողջութիւնս վերագտնելու համար ինծի հսկող ու դարմանող բժիշկներուս յանձնարարութեամբ, յարմար տեսնուած է Վիեննայի մօտակայ բուժարաններէն մէկուն մէջ ապաքինումս ու այս պատճառով կը ներկայացնեմ սոյն խնդրագիրը:
Պիտի խնդրեմ ձեր բարձրութենէն, որ բարեհաճիք ու շնորհէք ճամբայ ելլելու համար պատշաճ արտօնութիւնը: Այս ուղղութեամբ հրաման ու հրահանգը ձեր վսեմութեան կը պատկանի (3):
30 Օգոստոս 1333 [1917]
Կոմիտաս Վարդապետ
[ստորագրութիւն]
Ներքին Գործոց Նախարար Թալէաթ Փաշայի Հրահանգը
Օսմանեան պետութեան ներքին գործոց նախարար Թալէաթ փաշա, առանց սպասելու Ապահովութեան տնօրէնութեան հետաքննութեան տեղեկագրի յանձնումը նախարարութեան, առանց նկատի առնելու նոյնիսկ դիմումնակարգը, Կոմիտաս վարդապետին արտասահման ելքի արտօնութիւն տուած է:
Բարձրագոյն Դուռ
Ներքին Գործոց
Նախարարութիւն
Ապահովութեան Ընդհանուր Տնօրէնութիւն
Պոլսոյ Ապահովութեան Ընդհանուր Տնօրէնութեան
Կոմիտաս վարդապետ Էֆենտի, որ հիւանդ ու դարմանումի կարօտ է, կը յայտարարենք, թէ իրեն արտօնութիւն տրուած է Վիեննա երթալու համար:
Ուստի գործադրութիւնը Սահմանային ապահովութեան քննչական տնօրէնութեան յանձնարարուած է, էֆենտիմ:
Զիլգատէ 335 եւ Սեպտեմբեր 333 [1917]
Ներքին Գործոց Նախարար
[Թալէաթ]
Ներքին գործոց նախարար Թալէաթ փաշայի այս որոշումին յաջորդած է ներքին գործոց նախարարութեան սեպտեմբեր 1917 թուակիր սոյն գրաւոր հրահանգը` ուղղեալ Ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան: Յաջորդական գրութիւններով հրահանգուած է Պոլսոյ Ապահովութեան տնօրէնութեան, Անցագրի տնօրէնութեան, Արտասահմանի երթեւեկութեան տնօրէնութեան եւ Քննչական տնօրէնութեան: Այսպէս, ապահովութիւնը եւ ոստիկանական ամբողջ համակարգը տեղեակ պահուած է Կոմիտաս վարդապետի արտասահման ելքի այս որոշումէն: Կը պահանջուի նաեւ ապահովել այս հրահանգի անթերի գործադրութիւնը:
Բարձրագոյն Դուռ
Ներքին Գործոց
Նախարարութիւն
Ապահովութեան Ընդհանուր Տնօրէնութիւն
12 Սեպտեմբեր 333 [1917]
Ներքին Գործոց Նախարար Վսեմ Թալէաթ Փաշայի կողմէ
Ոստիկանական Ընդհանուր Տնօրէնութեան
Կոմիտաս վարդապետ Էֆենտի հիւանդ ու դարմանումի կարօտ ըլլալուն պատճառով Վիեննա երթալու անհրաժեշտութիւնը յայտնի եղած է: Այս հիման վրայ սահմանային ապահովութեան քննչական տնօրէնութեան հրահանգ տրուած է:
Սոյն հրահանգը Բ. գրասենեակէն ղրկուած է նաեւ արտասահմանի Երթեւեկութեան տնօրէնութեան:
Կոմիտաս վարդապետ Էֆենտի հիւանդ ու դարմանումի կարօտ ըլլալուն պատճառով Վիեննա երթալու համար արտօնուած ըլլալու մասին տեղեկութիւն տրուած է միաժամանակ Ոստիկանական ընդհանուր տնօրէնութեան:
Արդ, յիշեալ անձի համար անձնագրի պատրաստութիւնը ու սահմանէն անցնելու համար անհրաժեշտ արտօնութիւնը տրուած ըլլալու մասին Ապահովութեան Քննչական տնօրէնութեան սոյն հրահանգը կը ներկայացնենք Արտասահմանի երթեւեկութեան տնօրէնութեան:
Այս հրահանգի անթերի գործադրութիւնը կը պահանջուի (12):
*
Բարձրագոյն Դուռ
Ներքին Գործոց
Նախարարութիւն
Ապահովութեան Ընդհանուր Տնօրէնութիւն
Կոմիտաս վարդապետ Էֆենտի, որ հիւանդ ու դարմանումի կարօտ է, իրեն Վիեննա երթալու արտօնութիւնը Ոստիկանական ընդհանուր տնօրէնութեան տեղեկացուած է:
Յիշեալ անձին տրուած արտօնութեան մասին Ապահովութեան քննչական տնօրէնութեան տեղեկութիւն տրուելու համար սոյն գրութիւնը Արտասահմանի երթեւեկութեան տնօրէնութեան կը ներկայացուի:
Սեպտեմբեր 333 [1917]
Տնօրէն
Երկրորդ Գրասենեակ
*
Ներքին Գործոց Նախարարութիւն
Ապահովութեան Ընդհանուր
Տնօրէնութիւն
2/28507 889
17 Սեպտեմբեր 333 [1917]
Ներքին Գործոց Նախարարի անունով, Գործակատար` Ապտիւլհալիք Պէյէն
Ոստիկանական Ընդհանուր Տնօրէնութեան
Ամփոփում: Կոմիտաս վարդապետի հարցաքննութեան մասին:
Կոմիտաս վարդապետ ստորագրութեամբ կատարուած դիմումին համաձայն, կը յայտնուի թէ ան մտային հիւանդութենէ կը տառապի, ուստի կը խնդրուի, որ դարմանումի համար Վիեննա երթալու արտօնութիւն տրուի իրեն:
Յիշեալ անձը անցեալի մէջ յանցանք մը գործա՞ծ է, թէ՞ ոչ, ոստիկանական տեսակէտէ ինչպիսի՞ ընթացք ունեցած է, նաեւ Վիեննա երթալու աստիճան դարմանումի կարօ՞տ է, թէ՞ ոչ, այս մասին տեղեկութիւն ստանալու համար հարցաքննութիւն կատարելը անհրաժեշտ է, էֆենտիմ (4):
Գրողը
Պոլսոյ Ոստիկանական Ընդհանուր Տնօրէնութեան Տեղեկագիրը
Ոստիկանական Ընդհանուր
Տնօրէնութիւն
Պոլիս
Քաղաքական Բաժին
Անհատական: 2040
Ներքին Գործոց Վսեմ Նախարարութեան
Անզօր ծառադ կը ներկայացնէ,
Ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան Երկրորդ գրասենեակի 18 սեպտեմբեր 333[1917] թուակիր եւ 1587 թուահամար պատուէրով եկած գրութեան պատասխանն է:
Կոմիտաս վարդապետ բնիկ կուտինեցի է: Նախապէս տրուած արտօնութեամբ Կովկասի Էջմիածին վանքը գացած ու հոն երաժշտութեան ուսում ստացած, ապա Գերմանիա երթալով` այս ուսումը կատարելագործած, ապա Փարիզ գացած եւ հոն որոշ շրջան մը մնալէ վերջ, օսմանեան սահմանադրութեան հռչակումին յաջորդող օրերուն Պոլիս եկած, հոս ազգային երգեր վերակենդանացուցած, ճանչուած է որպէս ազգայնական անձ մը: Կոմիտաս վարդապետ միաժամանակ աշխատանք տարած է իբրեւ Կոմիտէական ու Ռամկավար կուսակցութեան անդամ դառնալով, երեք հարիւր երեսուն [1914] տարւոյ ընթացքին Եգիպտոս գացած է: Հոն, յայտնի անձ` Սապահ Կուլեան եւ իր կողմնակիցներու հետ կառավարութեան դէմ մահափորձ կազմակերպելու համար մայրաքաղաք ղրկուած է Մեսրոպ Կովկասցի` (Փարամազ) անուանեալի հետ ռոտոստոցի` Համբարձում Գրիգոր անուանեալ (Մատթէոս Սարգիսօֆ)-ի հետ միասին: Ստուգուած է, որ այս անձերը Բանկալթիի Ս. Յակոբ գերեզմանատան դիմացը գտնուող Կոմիտաս վարդապետի տան մէջ քանիցս ընդունուած ու իրարու հետ տեսակցած են:
Նաեւ, երեք հարիւր երեսունմէկ տարւոյ ապրիլ տասնմէկին [24 Ապրիլ 1915] ընդհանուր կոմիտէականներու հետ միասին Պոլսոյ վարչական սահմաններէն դուրս հանուած« բայց որոշ ատեն մը վերջ յատուկ արտօնութեամբ Պոլիս վերադարձած է:
Ներկայացուած պատճառաբանութեան յենելով` Վիեննա երթալը բացարձակապէս անյարմար կը նկատենք:
Հրաման ու հրահանգը ձեր վսեմութեան կը պատկանի (5):
20 սեպտեմբեր 333 [1917]
Ոստիկանական Ընդհանուր Տնօրէն
(ստորագրութիւն)
Թուրքիոյ վարչապետարանի օսմանեան արխիւներէն ձեռք բերուած Կոմիտաս վարդապետի այս թղթածրարը ոստիկանական սոյն տեղեկագիրով վերջ կը գտնէ: Անշուշտ այս պաշտօնական փաստաթուղթերու հրապարակումով յստակօրէն լուսաբանուած կ՛ըլլան կարգ մը թուականներու կամ նորայայտ տուեալներու պատմական եղելութիւնները: Ընթերցողները այս տուեալները կարդալէ ետք պէտք է վստահ ըլլան, որ այս թղթածրարը իսկապէս գոյութիւն ունի պետական արխիւներուն մէջ, որ ակնայայտ ձեւով կը պարզէ իրականութիւնը: Ես անձնապէս մօտաւորապէս տասը տարիէ ի վեր օսմանեան արխիւներէ հայ ժողովուրդը հետաքրքրող տարբեր նիւթերու մասին հազարէ աւելի փաստաթուղթեր հաւաքած եմ: Որոշ շրջանէ մը ի վեր կը դասաւորեմ այս փաստաթուղթերը, որոնք վերջերս սկսայ յանձնել հայ մամուլին: Այս փաստաթուղթերուն բոլորն ալ ունին իրենց արխիւային թուարկութիւնները, համարներն ու թղթածրարներու պատկանելիութիւնները, ու նաեւ արխիւի տնօրէնութեան կողմէ մեզի յանձնուած սկաւարակներն ու վճարումի ստացագիրները: Եթէ ոեւէ մէկը վարանում ունի այս մասին« կրնայ նոյն փաստաթուղթերը ինքն ալ ստանալ Թուրքիոյ վարչապետարանի օսմանեան արխիւի տնօրէնութենէն:
Վերաքննութեան Կարօտ Հարցեր` Կոմիտաս Վարդապետի Մասին
Մատթէոս եպս. Ինճէեան Կոմիտաս վարդապետին այցելելու համար Զմիւռնիայէն Պոլիս կու գայ` ընկերակցութեամբ պապի ներկայացուցիչ մոնս. Տոլչիի: Անոնք 4 փետրուար 1919-ին կ՛այցելեն Կոմիտաս վարդապետին` Ֆրանսական հիւանդանոցին մէջ: Տոքթ. Վահրամ Թորգոմեանի «Անցուկը-մոռցուկ» խորագրեալ անտիպ աշխատասիրութեան մէջ գործածած այս նախադասութենէն յայտնի կը դառնայ, որ Կոմիտաս վարդապետ առնուազն մինչեւ վերոյիշեալ թուականը կը մնար հիւանդանոցին մէջ (6):
*
14 մարտ 1919 թուակիր ու 105-1926 թուահամար «Ճակատամարտ» օրաթերթին մէջ կը հաղորդուի, որ Կոմիտաս վարդապետ Պոլիսէն «Փրինջիփէզա Մառիա» շոգենաւով ճամբայ պիտի ելլէ 17 մարտ 1919-ին, դէպի Եւրոպա:
Իսկ Սիրունի (Յակոբ Ճոլոլեան), Թորգոմեանի կողմէ Արշակ Չոպանեանի գրուած նամակէն կը հետեւցնէ, որ Կոմիտաս 19 մարտ 1919-ին Պոլիսէն ճամբայ ելած է:
Ռիթա Սուլահեան-Գոյումճեան վերջերս Կոմիտաս վարդապետի կեանքն ու հոգեբանական ծալքերը վերլուծելով` բաւական կարեւոր աշխատասիրութիւն մը հրատարակեց: Բայց Ռ. Գույումճեանի գիրքին մէջ վարդապետի Պոլսէն մեկնելու թուականը ստոյգ տուեալներու չգոյութեան պատճառով չէ նշուած, նաեւ ճամբորդանաւուն անունն ալ արձանագրուած է որպէս «Տաչիա»:
– Կոմիտաս վարդապետ 1917 սեպտեմբերին արտասահման ելլելու արտօնուած ըլլալով հանդերձ, ինչո՞ւ մինչեւ 1919 մարտ յետաձգուեցաւ անոր արտասահման ելքը: Այս մասին Կոմիտասի մասնագէտներու կողմէ այն կարծիքը առաջ կը քշուի, որ նիւթական պայմաններ հայթայթելու դժուարութիւններու բերմամբ է, որ չէ իրականացած այս ճամբորդութիւնը: Արդեօք եթէ նիւթական կարելիութիւններ ստեղծուած ըլլային ու 1917 թուականին Կոմիտաս Վարդապետ Վիեննա հասած ըլլար, կը փոխուէ՞ր իր ճակատագիրը, թէ՞ ոչ: Այս հարցումն է, որ կը չարչարէ մեր միտքը: Միւս կողմէ, սակայն, մեր նպատակը չէ նիւթական այդ գումարը ապահովել ջանացողներու աշխատանքը, մասնաւորաբար տոքթ. Վահրամ Թորգոմեանի զոհողութիւնները ստուերի տակ թողուլ: Այս մասին կրնանք մտածել որ թրքահայութիւնը այդ թուականներուն ահաւոր աղէտի մը ենթարկուած էր, նիւթական գետնի վրայ եւս մեծ զրկանքներու մատնուած էր, ուստի դժուար էր ապահովել ճամբորդելու եւ դարմանումի համար պահանջուած գումարը:
– Հետաքրքրական է հարց տալ, թէ Կոմիտաս վարդապետ, քանի որ 1919 մարտին արտասահման մեկնեցաւ, ի՞նչ անցագիր գործածեց, որովհետեւ այդ թուականներուն Պոլիսը գրաւուած էր Համաձայնական պետութիւններուն կողմէ: Միւս կողմէ, բացի օսմանեան պետութեան կողմէ տրուած անցագրէ, այդ թուականին կարելի էր անցագիր ապահովել ո՛չ միայն Հայաստանի նորաստեղծ հանրապետութեան Պոլսոյ ներկայացուցչութենէն, այլ նաեւ` եւրոպական երկիրներու Պոլսոյ դեսպանատուներէն:
Վստահ գիտենք, որ Հայաստանի Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին մէջ պահպանուած է Կոմիտասի մասունքներէն մաս մը: Ուզեցինք հարց տալ, թէ արդեօք այս մասունքներուն մէջ կարելի՞ է հանդիպիլ Կոմիտաս Վարդապետի անցագրին: Տեղեկացանք, որ այդպիսի մասունք մը գոյութիւն չունի թանգարանին մէջ:
Փափաքելի է, որ Կոմիտասի վարդապետի կենսագրութիւնը ուսումնասիրող մասնագէտներ նկատի առնեն այս նորայայտ փաստերը, որոնց լոյսին տակ ա՛լ աւելի կարելիութիւնը պիտի ունենան զարգացնելու անմահ Կոմիտասի կենսագրութեան պակաս կամ անտիպ մնացած մասերը:
8 ապրիլ 2017
Ծանօթութիւններ
(1) «Լա փէ» ֆրանսական հիւանդանոցի բժշկապետ տոքթ. Մազհար Օսմանի գրի առած տեղեկագրին մէջ «ընտանիք» եւ «եղբօրը» բառերը գործածուած են: Անշուշտ մենք գիտենք, որ այս բացատրութիւնները գործածուած են Կոմիտասի բախտակից ու սրտակից բարեկամ տոքթ. Վահրամ Թորգոմեանին համար: Ըսենք նաեւ, որ Ա. Աշխարհամարտի տարիներուն պետութեան կողմէ գրաւուած էր «Լա փէ» ֆրանսական հիւանդանոցը ու իբրեւ «զինուորական հիւանդանոց» կը գործածուէր: Պարզ է, թէ Թուրքիոյ վարչապետարանի օսմանեան արխիւի այս եւ յաջորդ բոլոր բնագրերը արաբատառ օսմաներէն են եւ թարգմանուած են մեր կողմէ:
(2) Ռիթա Սուլահեան-Գույումճեանի գիրքին ու այլ հրատարակութիւններու մէջ չէ նշուած Կոմիտաս վարդապետի հիւանդանոց մուտքի թուականը, քանի որ մինչեւ այսօր անյայտ էր: Բժշկապետ տոքթ. Մազհար Օսմանի գրի առած տեղեկագրին մէջ արձանագրուած է Կոմիտաս վարդապետի հիւանդանոց մուտքի թուականը` իբրեւ 25 մայիս 1917, ինչ որ պաշտօնական բնոյթ ունի: Գիտենք անշուշտ, որ այդ շրջանին վարդապետին դարմանումը ստանձնած էր Պալըքլըի Յունաց հիւանդանոցի բժշկապետ, հոգեբան` տոքթ. Վասիլ Գոնոս (1880-19??):
(3) Կը կարծենք, թէ Կոմիտաս վարդապետին սոյն խնդրագիրը ինք չէ խմբագրած: Ինք միայն երեք դրոշմնաթուղթերու վրայ հայերէն տառերով ստորագրած է: Խնդրագրի բուն օրինակին մէջ բացայայտօրէն տեսանելի է իր ստորագրութիւնը ու նաեւ` խնդրագրի տարբեր գրիչի արտադրութիւնը: Աւելցնենք, որ մեր կարծիքով, Կոմիտաս վարդապետի` Վիեննայի բուժարաններէն մէկուն մէջ դարմանելու դրդապատճառը հետեւեալն է: Տոքթ. Վահրամ Թորգոմեան եւ ընկերները յարմար դատած էին Կոմիտաս վարդապետը Վիեննա ղրկել, եւ հոն հոգեբան Սիկմունտ Ֆրոյտի (1856-1939) բուժարանին մէջ դարմանումը շարունակել որովհետեւ այդ թուականներուն Վիեննայի մէջ Սիկմունտ Ֆրոյտի մականին տակ բաւական զարգացած էր նեարդային վիրաբուժութիւնը եւ ջղաբանութիւնը:
(4) Մուսթաֆա Ապտիւլհալիք պէյ, ապա` Մուսթաֆա Ապտիւլհալիք Ռենտա (1881-1957): Թալէաթ Փաշայի աներորդին: Եղած է Բաղէշի կուսակալ (մարտ 1914-սեպտեմբեր 1915), միաժամանակ` արտաքին եւ ներքին գործոց նախարարութեանց հրամանները գործադրողը, ապա` Հալէպի կուսակալ (հոկտեմբեր 1915 – ապրիլ 1917): Ինք մեղսակիցը եղած է Վանի երեսփոխան Արշակ Վռամեանի )բուն անունով Օննիկ Դերձակեան) 4 ապրիլ 1915-ի դաւադրաբար սպանութեան: Իսկ ապրիլ 1917-էն ետք ալ ներքին գործոց նախարար Թալէաթ փաշայի գործակատարը: Ապտիւլհալիք պէյ Զաւէն պատրիարքի ամբաստանեալներու ցանկին մէջ արձանագրուած է: 9 մարտ 1919-ին թուրք կառավարութեան կողմէ ոճրագործութեան ամբաստանութեամբ ձերբակալուած ու 2800 թուահամար արձանագրութեամբ Մալթա աքսորուած է: Մալթայէ վերադարձին (6 դեկտեմբեր 1921) շարունակած է ստանձնել պետական պաշտօններ: Իսկ հանրապետութեան շրջանին եղած է Գոնիայի կուսակալ, Չանքըրըի երեսփոխան, ելմտական նախարարի պաշտօններ վարած ու մինչեւ իսկ Թուրքիոյ Ազգային խորհրդարանի նախագահութեան բարձրացած է: Աթաթիւրքի մահէն ետք, կարճ միջոց մըն ալ հանրապետութեան նախագահի պաշտօնը ստանձնած է:
(5) Եթէ Կոմիտաս վարդապետի Պոլսոյ Ոստիկանական տնօրէնութեան քով գտնուած թղթածրարը ուսումնասիրենք, հոն կը տեսնենք բազմաթիւ լրատուութիւններ, որոնց գոնէ մէկ մասը ճշմարտութիւնը չի ցոլացներ: Նախ ըսենք, որ Փարամազը (Մատթէոս Սարգիսեանն կամ Սարգիսօֆ)-ն է որ մաս կը կազմէր «Հնչակեան 20 կախաղաններ»-ու շարքին, որոնք 15 յունիս 1915-ին Պայազիտի հրապարակը կախաղան հանուեցան: Փարամազ Հնչակեան կուսակցութեան մաս կը կազմէր, ո՛չ թէ Ռամկավար կուսակցութեան: Գալով թղթածրարի ընդհանուր բովանդակութեան ոգիին` կրնանք ըսել, որ թղթածրարը լեցուն է Կոմիտաս վարդապետի մասին աննպաստ արձանագրութիւններով, ժխտական արժեւորումներով, ու նաեւ զրպարտութիւններով: Ուստի« Պոլսոյ Ոստիկանական տնօրէնութիւնը այս թղթածրարը քննելէ ետք, կարելի չէր, որ Կոմիտաս վարդապետին ի նպաստ տեղեկագիր մը պատրաստած ըլլար: Այնպէս ալ եղաւ: Բայց Թալէաթ փաշա այս թղթածրարին մասին տեղեկութիւն ունեցած պէտք է ըլլայ, քանի որ առանց սպասելու ոստիկանական պատասխան տեղեկագրին իրեն յանձնումը` յարմար տեսած էր արտասահման ելքի արտօնութիւն տալ Կոմիտաս վարդապետին:
Մեր կարծիքը այն է, որ մեծ հաւանականութեամբ Կոմիտաս վարդապետ այս զրպարտութիւններով լեցուն իր թղթածրարին արձանագրութիւններուն պատճառով, է որ տեղահանութեան ենթարկուած էր 24 ապրիլ 1915-ին:
(6) Վերի տուեալներուն լոյսին տակ Կոմիտաս վարդապետ մօտաւորապէս 22 ամիս մնաց «Լա փէ» ֆրանսական հիւանդանոցին մէջ: Հիւանդանոց տարուած թուականէն այսինքն 25 մայիս 1917-էն ետք Բանկալթիի իր բնակած տան տէրը` Երուանդ Գարակէօզեան ուզեց, որ տունը պարպուի: Տոքթ. Վահրամ Թորգոմեան եւ ընկերները նախ ծախեցին Կոմիտասի կարասիները, Ազգային պատրիարքարան տարին ստեղծագործութիւններու նոթագրեալ թուղթերը, ինչ որ կար, ու շէնքը յանձնեցին տանտիրոջ: Կոմիտաս վարդապետ այլեւս ո՛չ տուն ունէր, ո՛չ դաշնակ, իր տունը հիւանդանոցի սենեակն էր, շրջապատուած` բժիշկներով, որոնք կը կրէին զինուորական համազգեստ: Մինչդեռ Կոմիտաս վարդապետին համար զինուորական համազգեստը հոգեբանութեան անկումի խորհրդանշանն էր« որ իրեն յաճախ կը յիշեցնէր աքսորի օրերը:
Յ. Գ. Թուրքիոյ վարչապետարանի օսմանեան արխիւէն ձեռք բերուած Կոմիտաս վարդապետի սոյն թղթածրարի բնագրի պաշտօնական ամբողջական կրկնօրինակը« առաջին առթիւ մեր կողմէ պիտի յանձնուի Հայաստանի Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի տնօրէնութեան:
Գ. Պ. Յ.