«Չէ՞ որ Քրիստոս պէտք էր այս չարչարանքները
կրէր եւ իր փառքը մտնէր»:
Ղուկ. 24. 26
Յարուցեալ Տէր Յիսուս Քրիստոսն է. կը խօսի Իր երկու աշակերտներուն, որոնք Իր խաչելութենէն ետք ընտրած են Էմմաուս երթալ, եւ` այնքա՛ն կլանուած են զիրենք մտահոգող դէպքերով, որ չեն իսկ ճանչնար զԻնք:
Միշտ շրջապատուած ենք ընտրութիւններով: Մեր ընտրութիւնները մեզ կը զբաղեցնեն, եւ նոյն ատեն` ուրիշներու ընտրութիւնները կ՛ազդեն մեր կեանքի ձեւին եւ որակին վրայ: Քաղաքական ընտրութիւններ, ներկայացուցչական ընտրութիւններ, ղեկավարութեան ընտրութիւններ, կեանքի տեղի եւ որակի ընտրութիւններ` բոլորն ալ իրենց ուղղակի ազդեցութեան տակ կը պահեն մեր ապրելակերպն ու վիճակները: Գիտակցաբար անոնց մասնակից ըլլանք թէ անգիտակցաբար, ամէն օր կը տեսնենք, թէ այդ ընտրութիւնները մահ եւ խաւար կը տարածեն մեր շուրջ` մեր «աշխարհ»-ին մէջ: Անոնց հետեւանքները կը կապեն եւ կը կաշկանդեն մեզ, այնպէս, որ կը յուսահատինք մեր վիճակներուն, մեր վաղուան եւ մեր ապրելակերպին վրայով:
Այս յուսահատութեան մէջ շատեր կ՛որոշեն փոխել իրենց ապրած միջավայրը եւ կ՛ընտրեն գաղթել. ուրիշներ կը մնան իրենց տեղերը, անշարժ եւ կրաւորական կեանքով, որ ոչ մէկ բան իրականացնել կը ցանկայ կամ կը փորձէ: Առաջինները չեն անդրադառնար, թէ իրենց ընտրած այլ երկիրներուն մէջ եւս կան ընտրութիւններ, որոնք անխուսափելիօրէն պիտի ազդեն իրենց վրայ. միւսները` մահուան եւ խաւարի վիճակներուն հետ հաշտուած ապրիլը բնական եւ ընդունելի կը նկատեն եւ չեն իսկ տեսներ, թէ տեւապէս «կը մեռնին» այդ ձեւով:
Բնական չէ եւ չի կրնար նկատուիլ մահասփիւռ ազդեցութիւններու եւ խաւարամէտ վիճակներու հետ հաշտուիլը: Ո՛ւր ալ ըլլանք, ինչքա՛ն ալ ուժեղ թուին մեզ կաշկանդող վիճակները, մենք ստեղծուած ենք կեանքի եւ լոյսի համար: Ուստի եւ պէտք է ընտրենք յարութիւնը…
Տէր Յիսուս Քրիստոս «ընտրեց» խաչին վրայ մնալ եւ չմերժեց զայն, քանի որ Ինք ընտրած էր յարութեան յաղթանակը: Մեր հաւատքին Առաջնորդն ու Կատարողը` «Իր առջեւ կեցած ուրախութեան համար խաչը յանձն առաւ, ամօթը արհամարհեց ու Աստուծոյ աթոռին աջ կողմը նստաւ» (Եբր. 12. 2): Ինք կեանք ու լոյս է. յաւիտենական կեանքը Իրմով է, եւ Ինք է աշխարհի լոյսը: Այս իրականութիւնը յայտնուեցաւ Իր հրաշափառ յարութեան մէջ: Ուրեմն մեզի կը մնայ ընտրել յարութիւնը. այսինքն, մեզի տեսանելի մահուան եւ խաւարի բոլոր վիճակներուն մէջ` գիտակից հաւատքով ընտրել կեանքն ու լոյսը եւ ապրիլ ու գործել այնպէս, որ մահը պարտուի եւ խաւարը փարատի: Երբ մենք մեր կարողութեան եւ կարելիութիւններուն չափով կեանք եւ լոյս կը տարածենք մեր շուրջ, այն ատեն պիտի պայծառանան մեր շուրջ գտնուողներուն ալ աչքերը` տեսնելու համար Աստուծոյ մեզի համար պատրաստած հրաշքները: Իսկ այսպիսի ընտրութեան համար անհրաժեշտ է, որ մենք հանդիպինք Յարուցեալին, միշտ յիշելով, որ Ինք է «ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը», որ Իր մարմինը մեզի համար կտրուելու տուաւ եւ Իր արիւնը մեզի համար թափեց խաչին վրայ:
Մեր նախնիքները ընտրեցին յարութիւնը, եւ ահա հարիւրերկրորդ անգամ, ազգովին դարձեալ կը տօնենք վերապրումի, կեանքի եւ լոյսի հրաշքը այս ապրիլ ամսուան մէջ: Մենք եւս հրաւիրուած ենք այսօր ընտրելու յարութիւնը:
Քրիստոս Յարեաւ ի Մեռելոց
Օրհնեալ է Յարութիւն Քրիստոսի
ՎԵՐ. ՄԿՐՏԻՉ ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ
ՆԱԽԱԳԱՀ
ՄԵՐՁԱՒՈՐ ԱՐԵՒԵԼՔԻ
ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ
ՄԻՈՒԹԵԱՆ
Ապրիլ 2017