Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Քառօրեայ Պատերազմը (Վերլուծական Զեկոյց)

$
0
0

Երկուշաբթի, 2 ապրիլի երեկոյեան, Աթէնքի «Արամ Մանուկեան» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ հրապարակային զեկուցական հանդիպում` նուիրուած «քառօրեայ պատերազմ»-ի տարելիցին: Զեկուցաբերը Միհրան Քիւրտօղլեան ներկայացուց վերլուծական համակողմանի զեկոյց մը, զոր կու տանք ստորեւ:

(Ա. մաս)

Պատերազմները կը գնահատուին իրենց արդիւնքով: Յաղթեցի՞ր, արդարօրէն կը հպարտանաս, կը պարծենաս, կամքդ կը պարտադրես պարտուողին, յաղթանակիդ «կենացը» կը խմես: Պարտուեցա՞ր, կը նուաստանաս,  հպարտութիւնդ կը կորսնցնես…:    Քառօրեայ պատերազմը  դուրս կ՛իյնայ այս սթանտար-էն, այս օրինաչափութենէն: Ազերին իրապէս կը հպարտանա՞յ, որ յաղթեց: Ո`չ: Ի՛նքն էր արդէն, որ միակողմանի կեցուց յարձակումը : Մենք կը հպարտանա՞նք, որ յաղթեցինք կամ մեր հպարտութիւնը կորսնցուցա՞ծ ենք` համարելով, որ պարտուած ենք: Դարձեալ պատասխանը նոյնն է` ո՛չ:

Ուրեմն, «պատերազմ» բառը սխալ բնորոշում կու տայ քառօրեային: Խորքին մէջ անիկա գոյութիւն ունեցող ու շարունակուող ղարաբաղեան ազատագրական պատերազմին մէջ անսպասելի ճակատամարտ մըն էր , որ դաւադրաբար ստեղծուեցաւ ազերիին կողմէ: Դաւադրաբար կ՛ըսեմ, որովհետեւ ի՛նքն էր, ազերին, 1994  թուականին միջազգային ընտանիքէն օգնութիւն հայցողը եւ անկէ խնդրողը, որ միջամտէ , որպէսզի հայերու յաղթական յառաջխաղացքը կենայ, կասեցուի, զինադուլ կնքուի եւ բանակցութիւններու ձեռնարկուի: Այդպէս ալ եղաւ: Ազերիին խնդրանքին վրայ միջազգային ընտանիքի կնքահայրութեամբ համաձայնութիւն գոյացաւ, որ այնուհետեւ պատերազմելու փոխարէն` խօսակցութիւններ  սկսին արդար ու խաղաղ լուծումի մը համար: Ահա թէ ինչու` «դաւադրաբար»-ը: Ազրպէյճան թքած եղաւ իր տուած խոստումին ու միջազգային ընտանիքին վրայ:

Ըստ ինծի, հետագայ տարիները ցոյց տուին, որ զինադադարի համար Հայաստանի ղեկավարութեան համաձայնութիւնը մեզի համար այնքան ալ բարենպաստ չեղաւ: Այդ ժամանակ, 1994-ին, պատերազմը դադրեցնելու համար նպատակայարմար էր նախապայման դնել  ու ստիպել ազերիին, որ ընդունի, թէ Ղարաբաղը Հայաստանին անբաժանելի մասը կը կազմէ, թէ` կայսերական հաշիւներով ու բռնութեամբ սովետին կողմէ` Ստալինի հռչակագրով Ազրպէյճանին կցուեցաւ անիկա 1923-ին :  Եթէ այդ ստիպումը ըլլար, միանգամընդմիշտ միացումը պիտի յայտարարուէր, ու` վերջ: Եթէ չընդունէր ազերին, յոռեգոյնը, պիտի ունենայինք այն կացութիւնը, որ ունինք 23 տարիներէ ի վեր` կէս պատերազմ-կէս  խաղաղութիւն: Բայց կը կարծեմ, որ այդ պարագային թերեւս աւելի դիւրին  ըլլար անցնող տարիներու ընթացքին պատմական, քաղաքակրթական, ազգագրական-ժողովրդագրական տուեալներով ու արխիւային փաստերով լուսաբանելու-համոզելու միջազգային հանրութիւնը, որ այդ հողատարածքը իսկապէս մեզի կը պատկանի :

Ստալինին հրամանագիրը ինքնի՛ն փաստ է արդէն, որ Ղարաբաղը Ազրպէյճանին չէ: Այլապէս` ինչո՞ւ հրամանագիր: Միացումի փոխարէն ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի միջազգային օրէնքը յենարան ունենալով` Ղարաբաղի անկախութիւնը հռչակեցինք, յուսալով, որ ճանաչում կը տրուի անոր… Հետեւա՞նքը: Հարցը դրուեցաւ քաղաքական ու դիւանագիտական միջազգային սեղաններու վրայ, ուր երեւութապէս ղարաբաղեան հակամարտութիւնը կը քննուի, բայց իրականին մէջ ու հակամարտութեան ետին, հոն կը գերակշռեն մեծապետական հաշիւները:

1994-ին կար անշուշտ քաղաքական զգուշաւորութիւնը, որ նորանկախ, միջազգային ընտանիքին նոր անդամագրուող Հայաստանը, յարձակապաշտ, հող բռնագրաւող  չնկատուի եւ իբրեւ այդպիսին` դիմումներ չընէ միջազգային համաձայնութիւններուն-դաշինքներուն մաս կազմելու համար, ապա սակայն, հետագայ տարիներուն Ազրպէյճան բազմաթիւ առիթներ տուաւ, որ համբերութեան բաժակը յորդի ու միացումը յայտարարուի: Նորագոյն առիթը անցեալ ապրիլի քառօրեան էր: Չեղա՛ւ, չըրի՛նք:

Համեստ կարծիքս այն է, որ անկախութեան մեր պահանջը երկու անպատեհութիւններ ունէր, որ ի զօրու են նաեւ հիմա: Առաջինը` անիկա վախ կը պատճառէ միջազգային հանրութեան, որ ճանաչումի պարագային «Փանտորային կափարիչը» բացած պիտի ըլլայ: Աշխարհի մէջ բազմատասնեակ, թերեւս աւելի քան բազմահարիւր տարբեր երկիրներու մէջ համախումբ ապրող ազգային միաւորներ կան, որոնք նախընթացի մը վրայ, անկախութեան ձգտելով, գլխացաւանք կրնան պատճառել, եւ երկրորդ, որ մեր այդ պահանջով կու տանք այն տպաւորութիւնը, որ Ղարաբաղը ազգային իւրայատուկ միաւոր մըն է եւ որուն հայաստանապատկանութիւնը խնդրական է…

Ամենայնդէպս, չտարածուինք եւ վերադառնանք քառօրեային:

Կասկած չկա՛յ, Ազրպէյճանի մտադրութիւնն էր ընդհանուր պատերազմ շղթայազերծել` նպատակ ունենալով վերագրաւել գոնէ մեր ազատագրած տարածքները, ապա իր պատկերացուցած  կարգավիճակը Ղարաբաղին պարտադրելէն ետք, անպայման ունէր նաեւ գրաւումի ուրիշ հեռանկարներ: Տուեալներ չունիմ, բայց կ՛ենթադրեմ, որ յարձակումի համար ան առած պիտի ըլլայ արտօնութիւնը Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու: Ռուսն ալ, իր կարգին, կարծելով, որ միլիառներու արժէքով իր վաճառած ծանր զինատեսակներով Ազրպէյճան 3-4 օրուան մէջ անպայման կը հասնի իր նպատակին, տուած պիտի ըլլայ այդ արտօնութիւնը: Ի վերջոյ զէնքի իր հարուստ յաճախորդն է եւ նոր ու մեծ ապսպրանքներու թեկնածուն…

Ալիեւի վարչախումբը յաղթելու իր գրաւը դրած պիտի ըլլայ գլխաւորաբար երկու տուեալներու վրայ:

Նախ, ըսինք արդէն, զինանոցի անհամեմատ առաւելութիւնը ունէր, եւ երկրորդ, որ անցնող քսանէ աւելի տարիներու ընթացքին Հայաստանի  ժողովուրդը կտրուած էր իր պետութենէն, ատելութեամբ լեցուած էր իր սեփական իշխանաւորներուն դէմ, անոնց չարաշահութեանց պատճառով թշուառութեան մատնուած էր, ստորնացած ու բարոյալքուած էր, որով եւ այդ պայմաններու մէջ գտնուող ժողովուրդին զաւակները արժանաւորապէս պիտի չդիմադրէին, պիտի չտոկային վայրագ ու լայնածաւալ յարձակումի մը:

Ազերին այս յոյսը ունէր եւ վստահ էր իր յաղթանակին վրայ:

Սակայն, որքան որ անակնկալ էր պատերազմը, նոյնքան եւ անսպասելի եղաւ դիմադրութիւնը: Թնդանօթի առաջին արձակումին` ողջ հայութիւնը մէկ բռունցք դարձաւ, քաղաքացի հայ մարդը մոռցաւ իր ու ընտանիքին թշուառութիւնը, անօրինակ կորով մը համակեց զինք, կամաւոր կռուող  դարձաւ, փութաց պատերազմի ճակատ` հայ զինուորին կողքին ըլլալու, հայրենի հողը պաշտպանելու: Զինակոչ իսկ չյայտարարուեցաւ:

Ազերիին վայրագ յարձակումին հայ զինուորը հակադարձեց հերոսական հակայարձակումով եւ թշնամիին պարտադրեց նահանջել: Ինչե՜ր պիտի չտայինք տեսնելու համար այդ պահերու շուարուն իրարանցումը, յուսահատ ու  թախծոտ դէմքը յոխորտ Ալիեւին, որ այդպէս, կը խայտառակուէր  իր ժողովուրդին ու բանակին, նաեւ իրեն նորագոյն զէնքեր հայթաթողներուն առջեւ:

Ուրեմն, ապրիլ 2-ին սկսածը վայրագ պատերազմ էր, չորս օր վերջ սակայն, շնորհիւ հայ զինուորին ու կռուելու-զոհուելու պատրաստ միասնացած հայութեան, անիկա աւարտեցաւ իբրեւ ճակատամարտ մը, որուն արդիւնքը այնքան ալ էական չէ ընդհանուր պատերազմի ելքին համար, ինչպէս բոլոր ճակատամարտներու պարագային է:

Ունեցանք 106  երիտասարդ զոհեր: Անշուշտ նաեւ` վիրաւորներ: Չեմ գիտեր` անոնք անանո՞ւն պիտի մնան, թէ՞ փառապսակով պիտի յիշուին: Չափազանցա՞ծ կ՛ըլլանք արդեօք, եթէ ըսենք, որ անոնք նոր Վարդանանք յիշեցուցին: Ահարկու զինական ուժի դէմ ելան, որպէսզի թշնամիին կամքը չպարտադրուի: Կ՛ենթադրեմ, որ Չըրչիլը, եթէ ողջ ըլլար, պիտի կրկնէր յոյներուն համար արտասանածը, թէ` «այդ տղաքը հերոսներու պէս  կռուեցան» ըսելու փոխարէն ու շրջափոխելով`պիտի ըսէր` «հերոսները այդ տղոց պէս կը կռուին…»:

 (Բ. մաս)

Քառօրեան նկատելով իբրեւ ճակատամարտ` փորձենք գնահատել անոր տարբեր երեսները, եւ թէ` ի՞նչ անդրադարձ ունեցաւ անիկա ներազգային կեանքի մէջ ու միջազգային բեմի վրայ:

Միջազգային ընտանիքը, ինչպէս սպասելի էր, մնաց անտարբեր: Կրկնեց այն, ինչ որ կը կրկնէ տարիներէ ի վեր` «զսպուածութիւն` հակամարտող կողմերուն»: Դատապարտանքի ոչ մէկ խօսք` նախայարձակին ու անոր վայրագութեանց պատճառով: Զարմանալու բան չկայ : Միջազգային ընտանիքը պատճառ մը չունի նեղացնելու Հայաստանը կամ Ազրպէյճանը :

Անոր հո՞գն է , թէ Քելբաջարը, Լաչինը կամ Շահումեանը, նոյնիսկ Ղարաբաղը Ազրպէյճանի կազմին մէ՞ջն են, թէ՞ Հայաստանի: Ատիկա մե՛ր հոգն է, մե՛ր խնդիրն է: Ռուսիան իր գօտին կը համարէ Կովկասը, Արեւմուտքը ռազմաքաղաքական իր շահերը հետամտելով` կ՛ուզէ Կովկաս թափանցել: Անոնք իրենց հետապնդումներուն համար պէ՛տքը ունին ե՛ւ Հայաստանին, ե՛ւ Ազրպէյճանին: Ինչո՞ւ կողմ բռնեն ու նեղացնեն մէկը կամ միւսը:

Քառօրեան դժբախտաբար երեւան հանեց նաեւ մեզի համար ստորնացուցիչ, ամօթի բաժին մը: մէջտեղ հանեց, որ Հայաստանի ղեկավարութեան, պետական մարմիններու խաթարուածութիւնը, փտածութիւնը, կոռուպցիան թափանցած են ու փառաւորապէս կը գործեն նաե՛ւ բանակին վերերը: Նախագահն էր, որ յայտարարեց, թէ մեր զինուորները կռուեցան 1980-ի զէնքերով: Վերջերս, այժմու վարչապետն ալ յայտարարեց, որ խաթարուած (նոթեւմենօ) նաւթին պատճառով մեր հրասայլերը կանոնաւոր չաշխատեցան: Յետոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը փորձեց այս մէկը հերքել : Թէեւ կարգ մը բարձրաստիճան զինուորականներ եւ այլ պաշտօնեաներ հեռացուեցան, բայց մինչեւ հիմա պատժուող չեղաւ, մինչ քիչ մը աշխուժ ցուցարարներ ծանր պատիժներ կը կրեն… Կրնաք երեւակայել, չէ՞, արար աշխարհ գիտէ, որ Ազրպէյճանը միլիառներով ահարկու զէնք կը գնէ ռուսէն ու Իսրայէլէն, Հայաստանի դէմ պատերազմի կը պատրաստուի, իսկ մենք սահմանի մեր զինուորները կը թողունք 1980-ի զէնքերով ու խաթարուած նաւթ կը ծախենք ազգային մեր բանակին: Ի՞նչ ըսել…

Քառօրեան մեզի տուաւ նաեւ հպարտութեան անվիճելի իրաւունքը եւ ապագայ յաղթանակին երաշխիքը, եթէ անշուշտ Հայաստանի քաղաքական ղեկավարութիւնը խելքը գլուխը հաւաքէ, մտիկ ընէ ՀՅԴ-ին, հայրենիքը կեղեքող տականքը չէզոքացնէ եւ հետամուտ ըլլայ իրաւական պետութիւն հաստատելու եւ ամրապնդելու աշխատանքին:

Այո՛, ունեցանք անկախ պետութիւն, բայց թերացանք յստակացնելու մէջ, թէ ի՛նչ է անոր գոյութեան իմաստը: Պետութիւնը ազգի կազմակերպուածութեան գերագոյն մակարդակն է, որուն միակ առաքելութիւնը, չեմ ըսեր` գլխաւոր, այլ միա’կ առաքելութիւնը բազում ու ծաւալուն իմաստով` անվտանգութեան ապահովումն է : Անվտանգութիւն` քաղաքացիներու իրաւունքին, արդարադատութեան,

անոնց կենցաղային թէ շուկայական յարաբերութիւններուն, առողջապահական մարզին , անվտանգութիւն` բնապահպանութեան ու երկրի բնական , ընդերքի-հանքային հարստութիւններուն, ինչպէս նաեւ բնականաբար` ապահովումը հայրենիքի սահմաններու անվտանգութեան: Երբ այս առաքելութեան տէրը չէ պետութիւնը, ազգին համար անիկա կը դառնայ ճոխութիւն մը միայն, որ կը ծառայէ իշխանական դասակարգի ու քաղաքական ղեկավարութեան հարստութիւն հայթայթող, անոնց հանգիստ ու շռայլ եւ սանձարձակ կեանք ապահովող հաստատութեան…

Քառօրեայէն  ետք անընդունելի էր պատասխանատու բերաններէ լսուող յայտարարութիւնը, թէ` «աննշան տարածքներ կորսնցուցինք»: Հայրենիքը աննշան տարածքներ չ՛ունենար: Հողը մեթր առ մեթր կ՛ազատագրուի, ինչպէս եւ մեթր առ մեթր կը գրաւուի թշնամիէն: Պէտք չէ կասկածիլ այդ պատասխանատուներու հայրենասիրութեան վրայ: Անո՛նք  ալ կռուած են, իրենց կեանքը վտանգած, ուրիշներ զոհաբերուած են այդ «աննշան տարածքներուն» համար: Եղածը ձախաւէր յայտարարութիւն մըն էր պարզապէս, որ դատապարտանքի հսկայ ալիքէ մը ետք սրբագրուեցաւ, թէ սխալ հասկցուած են, իրենց ըսածը այն իմաստը ունէր, որ այդ տարածքներուն համար չ՛արժեր  նոր զոհեր տալ:

Անցնինք:

Պատերազմի աւարտին միջազգային հանրութիւնը փորձեց աշխուժացնել բանակցութիւնները` խաղաղ լուծումի մը համար:

Չենք գիտեր, թէ խորհրդապահական բանակցութիւններու ընթացքին ինչե՛ր քննուեցան, ի՛նչ տեսակի ճնշումներ ի գործ դրուեցան կամ չդրուեցան: Գիտենք սակայն, որ նախագահ Սերժ Սարգսեան երկու նախաձեռնութիւններ առաւ:

Մէկը` գլուխ-գլխի առանձնակի հանդիպումն էր  Լեւոն Տէր Պետրոսեանին հետ , որուն ղարաբաղեան խնդրի լուծման պատկերացումը ծանօթ է բոլորին 1998-էն` անոր պատերազմ թէ խաղաղութիւն տխրահռչակ յօդուածէն: Այսինքն խաղաղութեան դիմաց եւ Ղարաբաղին համար անորոշ կարգավիճակի մը փոխան ազատագրուած հողերը տրուին Ազրպէյճանին… Կարծես թէ Ազրպէյճանը խաղաղութեան պէտք չունի:

Միւս նախաձեռնութիւնը նախագահին Ղարաբաղ մեկնումն էր` տեղի պատասխանատուներուն կարծիքն առնելու համար միջնորդներուն առաջարկին մասին: Առաջարկ, որ մօտաւորապէս կը նոյնանար Լեւոն Տէր Պետրոսեանի պատկերացումին հետ:

Այս նախաձեռնութիւնները առիթ տուին, որ հողեր յանձնելու խօսակցութիւնները լրջանան հայաստանեան բեմի վրայ եւ մամուլի քննարկումներուն մէջ :

Պատերազմի մեր չպատրաստուածութիւնը, համատարած աղքատութիւնը, քաղաքացիները շնչահեղձ ընող կոռուպցիան, ասոնց վրայ բարդելով հողեր յանձնելու չարաշուք հեռանկարի մը շուրջ ծաւալող խօսակցութիւնները, կարելի է պատկերացնել կացութիւնը, որուն մէջ կը գտնուէր երկիրը, եւ որմէ ոմանք փորձեցին օգտուիլ երկու հակադիր ուղղութիւններով, հոսանքներով : Մէկ ուղղութիւնը ծայրայեղ մոլուցքով կ՛ամբաստանէր իշխանախումբն ու անոր ղեկավարը` տիրող կացութեան եւ հողեր յանձնելու խօսակցութեանց համար եւ անոնց հրաժարականը կը պահանջէր, իսկ միւս ուղղութիւնը, Լ. Տէր Պետրոսեանի գլխաւորութեամբ եւ նոյնքան ծայրայեղ կրքոտութեամբ, ամէն չարիքի պատճառ կը համարէր ղարաբաղեան հակամարտութիւնը, մարդոց ոգեկանութիւն ջամբելու փոխարէն` նոր պատերազմի մը հաւանականութիւնը առաջ կը քշէր,  կը փորձէր քաղաքացիները անձկութեան մատնել , այդ անձկութիւնը շահագործելով `անոնց խաղաղութիւն կը խոստանար` յուսալով միաժամանակ, որ մեծ ընդունելիութեան պիտի արժանանայ քաղաքական իր հոսանքը, իր ընտրանք-կողմնորոշումը: Անամօթաբար նոյնիսկ ընտրական կարգախօսի կը վերածէր խաղաղութիւնը` Ղարաբաղի համար անորոշ կարգավիճակի մը դիմաց` ազատագրուած հողերը ազերիին վերադարձնելու պատրաստակամութեամբ: Այսինքն` Ալիեւի պահանջին ընդառաջելով:

Ի վերջոյ այս անհամ կացութիւնը իր յստակութիւնը կը գտնէր անցեալ կիրակի, ապրիլ 2-ին, խորհրդարանական ընտրութիւններով : Անոնց արդիւնքով `քաղաքական դաշտէն դուրս կը շպրտուէին ծայրայեղ ուղղութիւնները: Իսկ Լեւոն Տէր Պետրոսեան իր վերջին փամփուշտը պարապին կրակած` կը խայտառակուէր, միանգամընդմիշտ լռութեան կը դատապարտուէր եւ շահագրգիռ պետութիւնները կը հասկնային, որ հայուն ստամոքսը պիտի չմարսէ այդպէս, անորոշ խոստումներով հողեր յանձնելու  առաջարկուած պատառը: Մինչ այդ արդէն նախագահ Սերժ Սարգսեան ներկայացուած ամէն առիթի կտրանակապէս յստակացուցած էր, թէ «բացառուած է , որ Արցախը գտնուի Ազրպէյճանի կազմին մէջ»:

Եզրակացութիւն.

  1. Ապրիլեան քառօրեային, ամենածանր ու արդիական զինատեսակներով անակնկալօրէն պատերազմ շղթայազերծելու ազերիին վայրագութիւնը, անզէն ու անկար ծերունի գիւղացիներ իսկ չխնայելու եւ զանոնք իրենց տան մէջ վանտալական կրքով ու ձեւերով մորթոտելը, աւելի առաջ, Հունգարիոյ իր սենեակին մէջ  քնացած պահուն հայ սպան առանց  որեւէ պատճառի, պարզապէս հայ ըլլալուն  համար    կացինով սպաննող ոճրագործը պետական պաշտօնականութեամբ դիմաւորելու  եւ զայն հերոսացնելու վարքը, ազերի հանրութիւնը  հայատեացութեամբ արմատաւորելու Ալիեւի  ու անոր վարչախումբին հռետորաբանութիւնը յստակ կը դարձնեն, որ Ազրպէյճանի թիրախը Ղարաբաղը չէ միայն, այլ ամբողջ Հայաստանն է ու հայութիւնը:
  1. Ապրիլեան քառօրեան անգամ մը եւս ապացուցեց հայուն վճռականութիւնը եւ խորհրդանիշ դարձաւ աշխարհին յղուած պատգամի մը, թէ ` նոր ցեղասպանութեան  որեւէ փորձի  դէմ  ամբողջ ազգը արի արանց  բանակ կը դառնայ ու կը կռուի: 
  1. Ապրիլեան քառօրեան միակ նախադասութեամբ բնորոշելու համար պիտի ըսենք.

Անիկա վճռակամութեան, անօրինակ  քաջութեան եւ հերոսական հայ ազգի միասնութեան յաղթանակն էր:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>