ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ
«Բարի՛ Եկաք Այնճար»:
Այնճարի մուտքին հայերէն ու տարբեր լեզուներով կը կարդանք` «Բարի եկաք Այնճար», եւ մաքուր, կուպրապատ ճամբաներէ անցնելով` մուտք կը գործենք փոքրիկ Հայաստան մը: Փողոցները, բոլորը անխտիր, հայկական անուններով կը բնորոշուին: «Կոմիտաս փողոց», «Սարգիս Զէյթլեան փողոց», «Մովսէս Տէր Գալուստեան փողոց»: Քաղաքապետարանի պաշտօնէութիւնն ու ոստիկանները` բոլորը հայ:
Մեր Լիբանան գտնուած միջոցին սկսած էր աղբերու տագնապը: Աղբակոյտերը ողողած էին ամէնուրեք, սակայն Այնճարի մէջ նոյնիսկ ամենափոքր աղբի չհանդիպեցանք: Փողոցներն ու ճամբաները` մաքուր:
Աւելի քան 50 տարիներ անցած են այն թուականէն, երբ Խանասորի արշաւանքին օրը պատանեկան միութիւններով բանակումի կ’ելլէինք Այնճար: Ո՞ւր են այդ «լուցկիի տուփ»-ի չափ մէկ սենեակնոց խրճիթները, որոնց բաղնիքները կը գտնուէին տուներէն դուրս: Այժմ Այնճարը ոչինչ կը յիշեցնէ նախկինէն:
«Մուսա Լերան գիւղերէն Այնճար եկած ենք,
Անտանելի նեղութիւններ կրած ենք»
Անտանելի նեղութիւններով կառուցուած Այնճարը այսօր նախանձելի դիրքի հասցուցած են այնճարցիք:
Այնճար, Մուսա Լերան գաղթականներու կողմէ կառուցուած գիւղը, առաջին օրէն դարձած է զուտ հայկական աւան մը: Սկիզբի շրջանին մուսալեռցի այնճարցին, ընդհանրապէս կը զբաղէր հողագործութեամբ: Գրեթէ ամէն ընտանիքի փոքր տնակին մօտ կցուած էր հողաշերտ մը, որոնք խնձորենիներով լեցուն էին: Այդ ժամանակ Այնճարը իսկական գիւղ մըն էր: Զուտ հայկական գիւղ մը: Մուսա լեռէն հազարաւոր մղոններ հեռու` փոքրիկ Մուսա Լեռ մը, ուր տեղացիք կը գործածէին իրենց բարբառը: Այնճարի մէջ բնակող ոչ մուսալեռցիներուն կու տային «եապանճօ» մակդիրը (օտար): Այսօր պատկերը բոլորովին տարբեր է: Տնակները փոխարինուած են գեղեցիկ ու հանգստաւէտ բնակարաններով եւ «վիլլա»-ներով: Ներկայիս մուսալեռցի երիտասարդութեան միայն մէկ չնչին տոկոսը կը զբաղի հողագործութեամբ: Այնճարցի երիտասարդ սերունդը, կը ստանայ համալսարանական բարձրագոյն ուսում, սակայն չի մոռնար իր մուսալերան բարբառը: Հպարտ է իր բարբառով:
Մեր հայկական բարբառները, այսօր, մեծամասնութեամբ մոռցուած են: Քանի՞ հոգի կը գործածէ, կամ գէթ կը հասկնայ Ուրֆայի, Էրզրումի, Սասունի կամ այլ շրջաններու բարբառները: Այնճարցիներուն մեծամասնութիւնը, նոյնիսկ` երիտասարդ սերունդը երբ իրարու քով ըլլան, տակաւին կը գործածեն Մուսա Լերան բարբառը: Նոյնն է պարագան քեսապցիին, ինչ որ խիստ գնահատելի երեւոյթ է: Յուսանք եւ մաղթենք, որ այդ հիանալի սովորութիւնը փոխանցուի սերունդէ սերունդ:
Մուսալեռցի Մովսէս Տէր Գալուստեանին շատ բան կը պարտի այնճարցին:
Տէր Գալուստեան եղաւ լեռ բարձրացող եւ ինքնապաշտպանութեան դիմող առաջին անձերէն մէկը: Ան մեծ աշխատանք տարաւ մուսալեռցիներուն նոր ապաստան մը ապահովելու եւ փաստօրէն յաջողեցաւ: Եղաւ Այնճարի հիմնադիրը: Երկար տարիներ եղաւ Լիբանանի խորհրդարանի անդամ: Այդ տարիներուն մենք զինք կը ճանչնայինք որպէս հայ համայնքը ներկայացնող երեսփոխան: Շատ աւելի ուշ իմացանք իր հերոսի արժանիքները:
Այնճարի հրապարակի վրայ իր կիսանդրիին դիմաց կանգնած` երկար կը դիտեմ. երեւակայութիւնս թռիչք կ’առնէ ու կը տեսնեմ զինք Մուսա Լերան բարձունքներուն, զէն ի ձեռին ինքնապաշտպանութեան կռիւ մղած ժամանակ` ընդդէմ թուրքին:
Յարգա՛նք մուսալեռցի մեծ հերոսին:
Այնճարի մէջ բազմաթիւ են գեղատեսիլ ճաշարանները, որոնցմէ կարելի է յիշել` «Արեւ», «Նապաա Այնճար», «Ժեզիրէ», «Ռազմիկ», «Քազինօ Այն Այնճար» եւ տակաւին երկար է շարքը:
Կ’այցելենք հիանալի «Արեւ» ճաշարանը, որուն նմանը քիչ կը գտնուի նոյնիսկ արեւմտեան երկիրներու մէջ: Սեփականատէրը եւ տնօրէնութիւնը հայեր են, Զէյթլեան գերդաստանէն: Սպասեակներն ու յաճախորդները` մեծամասնութեամբ` օտար: «Արեւ»: Հայկական անուն կրող, հայկական ճաշարանը, օտարներուն (նաեւ մեր) հիացմունքին արժանացող` նաեւ զբօսավայր մըն է, երեխաներու յատուկ խաղավայրով, մինչեւ իսկ` շարժապատկերի սրահով:
Այնճար լեցուն է տեսարժան վայրերով, որոնցմէ ամենանշանաւորներէն կարելի է համարել Այնճարի բերդը, «Յուշարձան համալիր»-ը, եւ անհաւատալիօրէն գեղեցիկ լիճերն ու գեղատեսիլ դաշտերը:
Այնճարի մէջ` ՀՅ Դաշնակցութեան հովանիին տակ կը գործեն` ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէն, ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շաւարշ Միսաքեան» մասնաճիւղը, ՀՅԴ «Յառաջ» Պատանեկան Միութիւնը, նաեւ` բարեսիրական, մշակութային եւ մարզական միութիւններ, որոնց շարքին` ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղը, Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղը եւ ՀՄԸՄ-ի Այնճարի մասնաճիւղը:
Հայ առաքելական, Հայ կաթողիկէ եւ Հայ աւետարանական երեք համայնքները ունին իրենց եկեղեցին ու դպրոցը:
Ամէն տարի մեծ շուքով կը տօնուին աւանդութիւն դարձած ազգային եւ կրօնական սովորութիւններն ու տօները:
Հարբըցնուղուց ուր (Վարդանանք եւ Բարեկենդան), Մեծ Զատիկ, Վարդիվառ (Վարդավառ), Սըրբակի՜բ (Սուրբ Յակոբ) եւ Աստուածածնի տօն: Յատկապէս այս վերջինը կը տօնուի մեծ շուքով, Այնճարի նշանաւոր տաւուլ զուռնայով եւ 40 կաթսայ հարիսաներու օրհնութեամբ:
Մուսալեռցին վիզը ծռելով չհեռացաւ Մուսա Լեռէն: Պայքարեցաւ իր հարիւրապատիկը հաշուող թշնամիներուն դէմ:
Այնճարցին նաեւ մշակութասէր է: Կը սիրէ արուեստ ու գրականութիւն: Այսօր մշակութասէր երիտասարդ այնճարցին ի հարկին զէն ի ձեռին կը պաշտպանէ իր սիրելի Այնճարը, որ շարունակութիւնն է Մուսա Լերան:
Այնճար հայութեան տուած է Սարգիս Զէյթլեանի նման կուսակցական գործիչներ, Պօղոս Սնապեանի նման անզուգական գրագէտներ, Եդուարդ Պոյաճեաններ, Անդրանիկ Ուրֆալեանի նման ազգային գործիչ-տնօրէններ եւ Սարգիս Ֆուճուրեանի նման նահատակ հերոսներ:
Յարգա՛նք իրենց անթառամ յիշատակին:
Ներկայ սերունդի պատկանող նուիրեալ այնճարցիներուն մէջ պէտք չէ մոռնալ Համազգայինի հրատարակչութեան եւ գրախանութի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեանը, «Ասպարէզ» օրաթերթի խմբագիր Աբօ Պօղիկեանը, եւ Զաքար Քէշիշեան` արուեստագէտ խմբավարը:
Այնճար պատիւ կը բերէ ոչ միայն հայութեան, այլ ամբողջ Պեքա հովիտի շրջանին` իր մաքրութեամբ, օրէնքի գործադրութեամբ եւ բարգաւաճումով:
* * *
Այնճարէն կ’ուղղուինք Պեքայի շրջանի հազուագիւտ քրիստոնեայ քաղաքներէն մէկը` Զահլէ, որ նշանաւոր է իր «Ուատի»-ով: Հոն կարելի է համտեսել Լիբանանի ամենահամեղ պաղպաղակը: «Ուատի», որ արաբերէնով կը նշանակէ հովիտ, երկու լեռներու մէջ, գետակի մը երկու եզերքներուն սրճարաններով լեցուն վայր մըն է: Մանկութեանս, Շթորա օդափոխութեան ելած շրջանիս, յաճախ ծնողքիս ընկերակցութեամբ կ’այցելէի Զահլէի «Ուատի»-ն: Մանկութեանս օրերէն ի վեր չէի այցելած այդ քաղաքը: Այն տպաւորութիւնը ունեցայ, թէ միայն քանի մը տարի է, որ չեմ այցելած: Միակ տարբերութիւնը փողոցներու խճողումն էր:
Լիբանանցի նշանաւոր բանաստեղծ Սայիտ Աքլ զահլէցի է: Զահլէցի ծնողքէ սերած է նաեւ աշխարհահռչակ երգահան, երգիչ` Փոլ Անքա, որ քանի մը տարի առաջ այցելեց իր ծնողքին ծննդավայրը` Զահլէ:
Քանի մը ժամ մնալէ եւ համտեսելէ ետք Զահլէի նշանաւոր պաղպաղակը, կը վերադառնանք Այնճար` մէկ գիշեր վայելելով Այնճարի հանդարտութիւնն ու հիանալի օդը, յաջորդ առաւօտ վերադառնալու համար Պէյրութի խճողուած փողոցներուն ու տաք եւ խոնաւ օդին:
Լոս Անճելըս 2015
(Շար. 7)