Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17136

«Մեր Նպատակը Հայկական Գիւղերու Չդատարկուիլն Է». Պրազիլահայ Ընտանիք

$
0
0

Զրուցեց` ԳԷՈՐԳ ՉԻՉԵԱՆ

«Հայերն այսօր»-ի զրուցակիցը Պրազիլի հայկական մշակութային ակումբի անդամ Լուիս Ալպերթօ Գետիկեանն է, որ ամէն տարի կնոջ` Մարսիա Գոտճոկլամեան-Գետիկեանին հետ Հայաստան կու գայ ոչ միայն շրջելու հայրենիքին մէջ, ծանօթանալու տեսարժան վայրերուն, այլեւ` բարեգործական ծրագիրներ իրականացնելու:

Այս ընտանիքը համախոհ մարդոց հետ միասին  բազմակողմանի աջակցութիւն կը ցուցաբերէ  Շիրակի մարզի Արեգնադէմ գիւղին:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Պարո՛ն Գետիկեան, ե՞րբ  ստեղծուած է Պրազիլի հայկական մշակութային ակումբը:

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Պրազիլի հայկական մշակութային ակումբը արդէն 75 տարուան պատմութիւն ունի: Ակումբին մէջ մարզական եւ մշակութային խմբակներ կը գործեն: Ֆութպոլի, թենիսի, վոլէյպոլի եւ այլ մարզաձեւերու  խմբակներ յաճախող մարզիկները աշխուժօրէն կը մասնակցին չորս տարին մէկ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող համահայկական խաղերուն:

Ազգային, եկեղեցական եւ պետական տօներուն նուիրուած ձեռնարկներ կը  կազմակերպենք, որոնք  հայ երիտասարդներուն ազգային աւանդոյթներուն ծանօթացնելու հիանալի առիթ են:

Հ.- Պարբերաբար Հայաստան  կ՛այցելէք. կարօ՞տը  ձեզ հայրենիք կը բերէ, թէ՞ նաեւ այլ առաքելութիւն կը կատարէք:

Պ.- Արդէն երեք անգամ կնոջս հետ եկած եմ Հայաստան: Առաջին այցելութիւնս 2013 թուականին էր, որուն հիմնական նպատակը բարեգործական ծրագիրներուն զարկ տալն էր: Այնուհետեւ եկանք 2016 թուականին, իսկ  2017 թուականի կատարած այցելութիւնը մեզի համար յիշարժան էր, քանի որ Հայաստանի քաղաքացիներ դարձանք:

Բարեգործութիւն կատարելու համար նախապէս ընտրած էինք Շիրակի մարզի Արեգնադէմ գիւղը եւ Հայաստան գալով` սկսանք աշխատանքներու կազմակերպումը: Սկիզբը փողոցները լուսաւորեցինք, ապա` գիւղի ճանապարհը վերանորոգեցինք, որ դժուարանցանելի էր հետիոտնի եւ մեքենաներու համար: Վերանորոգեցինք նաեւ երկրորդական ճանապարհները: Այժմ բոլոր ջանքերը կեդրոնացուցած ենք գիւղին մէջ աշխատատեղեր ստեղծելու ուղղութեամբ. ջերմոցներ կը կառուցենք բնակիչներուն շահագործման յանձնելու նպատակով:

Հ.- Ինչո՞վ  պայմանաւորուած էր Արեգնադէմ   գիւղի  ընտրութիւնը:

Պ.- www.diarioarmenia.org.ar թերթին մէջ  յօդուած կարդացած էի Արեգնադէմ գիւղին եւ այն ժամանակուան գիւղապետ Աղունիկ Հազրեանին մասին, որ շատ հետաքրքրած  եւ միաժամանակ մտահոգած էր զիս: Յօդուածէն հասկցայ, որ Արեգնադէմը մարզի գիւղերէն կ՛առանձնանայ  ոչ միայն անով, որ սահմանային է, աշխատատեղերը քիչ են, այլեւ անով, որ մարզին մէջ միակ գիւղն է, որ դպրոց, եկեղեցի չունի, երեխաները ուսում կը ստանան սեփական տուներու կամ տնակներու մէջ. ուստի կնոջս հետ որոշեցինք ճիշդ այս գիւղին օգնութիւն ցուցաբերել:

2013 թուականին գալով Հայաստան` կապ հաստատեցինք Աղունիկ Հազրեանին հետ` սկիզբ դնելով ջերմ համագործակցութեան: Ի դէպ, Աղունիկ Հազարեան այժմ Արեգնադէմ գիւղին մէջ իրականացուող  բարեգործական ծրագիրները կը համակարգէ: Գիւղացիներուն հետ արդէն բարեկամացած ենք.անոնք մեզ միշտ ժպիտով կը դիմաւորեն` հակառակ այնտեղ առկայ դժուարութիւններուն եւ հոգսաշատ առօրեային:

Առայժմ միայն Արեգնադէմի մէջ այս նախաձեռնութեամբ հանդէս կու գանք: Ի հարկէ գիտենք, որ Հայաստանի բազում այլ գիւղեր նոյնպէս օժանդակութեան կարիք ունին: Առհասարակ, մեր նպատակն է, որ հայկական գիւղերը չդատարկուին, բնակիչները մնան եւ շէնցնեն իրենց բնակավայրերը: Յուսանք` հետագային մեր հնարաւորութիւնները թոյլ կու տան, որ միւս գիւղերուն ալ համապատասխան օգնութիւն ցուցաբերենք:

Գիւմրիի մէջ հանդիպեցանք Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայէլ եպս. Աջապահեանին` անոր հետ խորհրդակցելու գիւղին մէջ եկեղեցի կամ մատուռ կառուցելու մասին: Սրբազան հայրը մեզի ուղղորդեց, թէ ի՛նչ կարելի է ընել այս ուղղութեամբ:  Սան Փաւլօ հասնելուն պէս` առաջին հերթին պէտք է գիւղին մէջ եկեղեցի եւ դպրոց կառուցելու միջոցներ փնտռենք:

Հ.- Բարեգործական ծրագիրները Պրազիլի հայկական համայնքի՞ն կողմէ կը կազմակերպէք, թէ՞ ընտանեկան ներդրում է:

Պ.- Այս ամէնը սրտաբուխ, հոգիի թելադրանքով կ՛իրականացնենք: Հայաստանէն հեռու ապրելով`կը ցանկանք ձեւով մը կերպ օգտակար ըլլալ մեր երկրին եւ ժողովուրդին: Մեզի միացած են մեր ընկերներն ու բարեկամները, որոնց թիւը արդէն 80-ի  հասած է: Անոնք տեսնելով իրականացուող աշխատանքները` իրենց հնարաւորութիւններու սահմաններուն մէջ գումար կը տրամադրեն: Տարուան ընթացքին կը կազմակերպենք դրամահաւաք, որմէ յետոյ միայն կու գանք Հայաստան:

Ցանկալի է, որ Պրազիլի հայկական համայնքը նոյնպէս խանդավառուի այս նախաձեռնութեամբ եւ միանայ մեզի, որպէսզի կարենանք աւելի լայնածաւալ ծրագիրներ իրականացնել: Այդ նպատակով Դիմատետր ընկերային ցանցով «Արեգնադէմի բարեկամներ» անուանումով էջ  ստեղծած ենք:

Տեղեակ եմ, որ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութիւնը «Դուն ի՞նչ կ՛ընես Արցախի համար» համահայկական շարժում մը կ՛իրականացնէ, որ Արցախի հիմնախնդիրներու լուծման աջակցելու համար գովելի գաղափար է: Մենք Արցախին օգնութիւն  ուղարկած ենք ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին ժամանակ, երբ ճիշդ այդ օրը, անցեալ տարի, Հայաստան եկած էինք: Տեսնելով ստեղծուած իրավիճակը` անմիջապէս հագուստ, սնունդ գնեցինք եւ ուղարկեցինք Արցախ: Որոշած էինք նաեւ Արցախ մեկնիլ, սակայն անվտանգութեան հարցը հաշուի առնելով` չգացինք: Արցախը տեսնելը մեր առաջնահերթ ծրագիրներէն է:

Հ.- Պարո՛ն Գետիկեան, ե՞րբ  ստեղծուած է Պրազիլի հայկական համայնքը եւ զարգացման ի՞նչ ընթացք  ունեցած է:

Պ.- Նախ եւ առաջ ըսեմ, որ հայերը Պրազիլի մէջ հաստատուած են 19-րդ դարու  2-րդ կէսէն: 2016թ. տուեալներով, Պրազիլի մէջ կը բնակի շուրջ 50. 000 հայ, որուն 20.000-ը կեդրոնացած է Սան Փաւլոյի մէջ: Հայապահպանական աշխատանքներ կ՛իրականացնեն Հայ դատի յանձնախումբը, ՀՅԴ եւ ՌԱԿ տեղական կազմակերպութիւնները, ՀՅԴ «Դրօ» կոմիտէն, որուն նախաձեռնութեամբ ստեղծուած են «Հայաստան» մշակութային ընկերութիւնը եւ ներկայիս գործող «Վահագն Մինասեան» երգչախումբը, «Կիլիկիա» պարախումբը, 1932թ. ստեղծուած ՀԲԸՄ Պրազիլի մասնաճիւղերը, ՀՕՄ-ի, ՀՄՄ-ի Սան Փաւլոյի մասնաճիւղերը, Հայ կարմիր խաչի մասնաճիւղը: ՀՕՄ-ի հովանաւորութեամբ այստեղ կը գործեն հայկական ծերանոցը, ՀՕՄ-ի «Մասիս» (Օզասկօ) եւ «Արփի» (Սան Փաւլօ) մասնաճիւղերը, Հայ եկեղեցւոյ երիտասարդաց միութիւնը: Ներկայիս պրազիլահայ համայնքի ազգային կեանքը կազմակերպող գլխաւոր մարմինը Կեդրոնական վարչական խորհուրդն է:

Ունինք հայկական չորս եկեղեցիներ` Հայ Առաքելական Սուրբ Գէորգ մայր եկեղեցին` Սան Փաւլոյի մէջ եւ Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցին` Օզասկոյի մէջ: Սան Փաւլոյի մէջ կը գործեն նաեւ Հայ աւետարանական եղբայրաց եւ Հայ կաթոլիկ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիները: Համայնքին մէջ կը գործեն Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ կից միակ հայ ազգային «Դուրեան» ամէնօրեայ վարժարանը եւ «Մաւեան» մանկապարտէզը: Դպրոց կը յաճախէ շուրջ 80 աշակերտ :

Ցաւօք, համայնքը ուծացման վտանգի տակ կը գտնուի. խառն ամուսնութիւնները կ՛աւելնան, հայերէն խօսողներուն թիւը հետզհետէ կը նուազի: Դժուար է այս պայմաններուն մէջ պահպանել հայկականութիւնը եւ համայնքային կեանք ստեղծել, չենք նահանջեր եւ օտար միջավայրի մէջ, չորրորդ կամ հինգերորդ սերունդի հայեր ըլլալով, այնուամենայնիւ, կը կարենանք մեր շուրջը հայկական միջավայր ստեղծել: Իր նոր վարչութեամբ աշխուժ աշխատանք կը տանք ՀԲԸՄ-ի Պրազիլի մասնաճիւղը, յատկապէս` մշակութային ձեռնարկներու կազմակերպմամբ: Համայնքին Հայ եկեղեցւոյ շուրջ համախմբելու գործին մէջ ժրաջան աշխատանքներ կը կատարէ Պրազիլի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ եպս. Պերպերեանը:

Հ.- Պրազիլի մէջ հայերը հիմնականին մէջ ինչո՞վ կը զբաղին, ո՞ր ոլորտներուն մէջ յատկապէս ներգրաւուած  են:

Պ.- Նշեմ, որ հայ առաջին գաղթականները հիմնականին մէջ ներգրաւուած էին կօշիկի արտադրութեան մէջ: Ժամանակի ընթացքին պրազիլահայերու նոր սերունդը սկսած է աչքի իյնալ արդիւնաբերութեան, շինարարութեան, առեւտուրի, ֆինանսադրամատնային համակարգի, գիտութեան, կրթութեան, բժշկութեան, արուեստի, քաղաքականութեան բնագաւառներուն մէջ:

Այժմ ալ ճանչցուած պրազիլահայեր կան, որոնք իրենց ծաւալած գործունէութեամբ մեծ նպաստ կը բերեն Պրազիլի զարգացման գործին մէջ, ինչպէս, օրինակ` ոսկերիչ, ձեւաւորող Արա Վարդանեան, յայտնի դերասաններ Ստեփան Ներսէսեանն ու Արասի Պալապանեան, Սան Փաւլօ նահանգի խորհրդարանի երեսփոխան Քարլոս Խրլակեան, պատմաբան Յակոբ Քէշիշեան, տնտեսագէտ Ռոպերթօ Քուչկուրեան, ֆութպոլիստներ Ֆապիօ Մաշերեճեան,  Մարսելօ Գիրեմիթճեան եւ շատ ուրիշներ:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17136

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>