Արդարութեան եւ մարդկային իրաւանց հայկական իրաւական կեդրոնը կը տեղեկացնէ, որ Միացեալ Նահանգներ այցելած Արցախի մարդկային իրաւունքներու պաշտպան Ռուբէն Մելիքեանը, քաղաքական հանդիպումներուն կողքին, առիթը ունեցած է ելոյթ մը ունենալու «Ճոնզ Հոփքինզ» համալսարանի յառաջացեալ միջազգային ուսմանց բաժանմունքին մէջ` լուսարձակի տակ առնելով անցեալ տարուան ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին ընթացքին Արցախի ժողովուրդին եւ զինուորներուն դէմ Ազրպէյճանի զինուած ուժերուն կատարած վայրագութիւնները:
Ներկայացումը կը վայելէր նոյն համալսարանի Անդրատլանտեան յարաբերութեանց կեդրոնին հովանաւորութիւնը: Մարտ 15-ին կայացած ներկայացումը համակարգած է Անդրատլանտեան յարաբերութեանց կեդրոնէն փրոֆ. Պենետիքթ Հարզլ` խօսելով միջազգային ճանաչում չապահոված պետութեանց տագնապները լուծելու դժուարութիւններուն մասին:
Ապա բեմ բարձրացած է Ռուբէն Մելիքեան, որ նախ բացատրութիւններ տուած է 2008-ին հաստատուած` Արցախի մարդկային իրաւունքներու պաշտպանի պաշտօնի պատասխանատուութեանց եւ լիազօրութիւններուն մասին, յիշեցնելով, որ ինք «հայոց իրաւունքներու պաշտպան» չէ՛, այլ` «մարդկային իրաւանց պաշտպան»:
Ապա ան մանրամասնութիւն տուած է ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին ընթացքին Ազրպէյճանի մարդկային իրաւանց ոտնակոխումներուն եւ անկէ ետք շարունակուող զինադադարի խախտումներուն ու շարունակական սպառնալիքներուն ունեցած հետեւանքներուն մասին: Մելիքեան խօսած է ազրպէյճանցի պատերազմական գերիի մը հետ իր հանդիպումին մասին եւ` յիշեցուցած, թէ ազրպէյճանական ուժերուն կողմէ գերի բռնուած 28 զինուորներուն եւ երեք քաղաքայիններուն 90 տոկոսին մարդկային իրաւունքները տարբեր մակարդակի ոտնակոխումներու ենթարկուած են, իսկ անոնց մէկ մասը սպաննուած է գերութեան մէջ:
Արցախի մարդկային իրաւունքներու պաշտպանը նաեւ ցաւ յայտնած է, որ Ազրպէյճանի մարդկային իրաւանց ոտնակոխումները բաւարար կերպով չեն դատապարտուած միջազգային համայնքին կողմէ, ազդարարելով, որ` «նման ոտնակոխումներ պիտի քաջալերուին, եթէ անոնք անպատիժ մնան»:
Այս գծով, Արդարութեան եւ մարդկային իրաւանց հայկական իրաւական կեդրոնի գործադիր վարիչ Քէյթ Նահապետեան կը յայտնէ, որ կեդրոնը նամակներ յղած է իրաւապաշտպան Միջազգային ներում (Amnesty International) եւ Մարդկային իրաւանց դէտ (Human Rights Watch) կազմակերպութիւններուն, որ իրենց տարեկան տեղեկագիրներուն մէջ մանրամասն տեղեկութիւններ արձանագրեն ազրպէյճանական պատերազմական ոճիրներուն մասին: Արցախի մարդկային իրաւունքներու պաշտպան Ռուբէն Մելիքեանի սոյն ելոյթը կարելի է դիտել` այցելելով www.youtube.com/watch?v=FBO1vbtp720&t=134s կայքէջը: