Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Մարդկային Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանը Պիտի Քննէ Քառօրեայ Պատերազմի 23 Գործ

$
0
0

Արցախի Հանրապետութեան խումբ մը քաղաքացիներու եւ զինուորներու իրաւունքներու խախտումներու առնչութեամբ ներկայացուած բազմաթիւ գանգատներէն 23-ը ընդունուած են Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին կողմէ` առ ի քննութիւն:

Իրաւաբան-իրաւապաշտպաններու խումբը Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան ներկայացուցած էր 2016-ի ապրիլ 2-5 ղարաբաղա-ազրպէյճանական սահմանին Ազրպէյճանի կողմէ հրադադարի խախտման պատճառով սկսած մարտական գործողութիւններու ընթացքին, ազրպէյճանական զինուած ուժերուն կողմէ Արցախի Հանրապետութեան քաղաքացիական բնակչութեան եւ զինուորներու իրաւունքներու խախտումներու առնչութեամբ գանգատներու ծրար մը:

Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Ռ. Մելիքեան նշած է, որ ծրարը մեծածաւալ աշխատանքի արդիւնք է, որ կատարուած է արցախցի եւ հայաստանցի փաստաբաններու կողմէ:

«Եւրոպական դատարանի փորձի ուսումնասիրութիւնը ցոյց է տալիս, որ եթէ գործը քննւում է սովորական կարգով, ապա այն կարող է տեւել մինչեւ 10-ը եւ աւելի տարիներ: Իսկ արագացուած կարգով ընդունելու դէպքում` ժամանակի առումով այն աւելի կարճ կը լինի, բայց ոչ, ասենք, մի քանի ամիս: Ընթացակարգը հետեւեալն է. նախ գործը ուղարկւում է պատասխանող կողմի կառավարութեանը, տուեալ դէպքում` Ազրպէյճանին, եւ տրւում է բաւական երկար ժամանակ, որպէսզի պատասխանատու կողմը ներկայացնի իր պատասխանը: Յետոյ ուղարկւում է դիմողներին` մեկնաբանելու պատասխանող կողմի պատասխանը եւ ներկայացնելու արդարացի փոխհատուցման վերաբերեալ իր պահանջները», նշած է Մարդկային իրաւունքներու պաշտպան Մելիքեան:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>