Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Սերժ Թանքեան, Արսինէ Խանճեան, Ատոմ Էկոյեան Եւ Էրիկ Նազարեան Արցախ Կ՛այցելեն

$
0
0

Հանդիպում` Նախագահ Բակօ Սահակեանի Հետ

Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան 3 ապրիլին ընդունած է «Թիւֆենկեան» հիմնադրամին նախաձեռնութեամբ Արցախ այցելած սփիւռքահայ մշակութային գործիչներու մեծ խումբ մը, որուն մաս կը կազմէին հանրայայտ երաժիշտ, յօրինող, «Սիսթըմ աֆ ը տաուն» ռոք-խումբի մենակատար Սերժ Թանքեան, նշանաւոր բեմադրիչ, բեմագիր Ատոմ Էկոյեան, ճանչցուած դերասան Արսինէ Խանճեան, «Թիւֆենկեան» հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Րաֆֆի Տուտագլեան, բեմագիր ու բեմադրիչ Էրիկ Նազարեան, ինչպէս նաեւ բարերարներ եւ «Արցախ ֆոնտ» կազմակերպութեան Միացեալ  Նահանգներու մասնաճիւղի ներկայացուցիչներ:

Եռօրեայ այցելութեան ծիրին մէջ կայացած հանդիպման ընթացքին արծարծուած են Արցախի կեանքին, պետականաշինութեան, շրջանին մէջ տիրող իրավիճակին, հայրենիք-սփիւռք կապերուն առնչուող զանազան հարցեր:

Նախագահ Սահակեան կարեւոր նկատած է Արցախ տրուող նման այցելութիւններ, որոնք դրական ազդեցութիւն կը ձգեն հանրապետութեան մէջ մշակոյթի զարգացման, Արցախը արտաքին աշխարհին ծանօթացնելու եւ ներհայկական կապերու ամրապնդման վրայ:

Մամլոյ Ասուլիս

Ստեփանակերտ գտնուող միջազգային հեղինակութիւն ունեցող արուեստագէտներու խումբը այս այցելութեամբ կը միտի Արցախի կեանքին ծանօթանալ, ժողովուրդը ճանչնալ եւ «Թիւֆենկեան» բարեսիրական հիմնադրամին կողմէ սահմանային գօտիներուն մէջ կատարուող աշխատանքներուն հետեւիլ: Արցախի նախագահին եւ արտաքին գործոց նախարարին հետ կայացած հանդիպման յաջորդած է մամլոյ ասուլիս «Վալեքս Կարտըն» պանդոկին մէջ:

Ասուլիսը վարած է Րաֆֆի Տուտագլեան:

Լրագրողի մը կողմէ ուղղուած առաջին հարցումը այն էր, թէ արդեօք Արցախ ժամանած արուեստագէտները Արցախին առնչուող մշակութային ծրագիրներ ունի՞ն: Արսինէ Խանճեան պատասխանած է, որ Արցախի մէջ գործող արուեստագէտներու միջոցով կը փափաքի Արցախը բացայայտել աշխարհին: Ան դիտել տուած է, որ Արցախը այսօր աշխարհին առաւելաբար ծանօթ է իբրեւ պատերազմի քաղաք, բայց իբրեւ խաղաղ-ստեղծագործ` շատ քիչերու յայտնի է. այս  է խնդիրը, սակայն, ամենայն հաւանականութեամբ, այստեղ կան տաղանդաւոր արուեստագէտներ, բեմագիրներ: Իսկ Սերժ Թանքեան նշած է, որ Արցախի վերաբերող առաջին փորձառութիւնը ունեցած է Ջիւան Աւետիսեանին «Վերջին բնակիչը» ժապաւէնին երաժշտութիւնը գրելով, բայց յոյս ունի, որ այս այցելութենէն ետք Արցախի արուեստագէտներուն հետ յարաբերութիւնը նոր երանգներ պիտի ստանայ:

Պատասխանելով «Ապառաժ»-ի հարցումին, թէ արդեօք Ատոմ Էկոյեան կը պատրաստուի՞ նոր ժապաւէն մը նկարահանել Արցախին եւ արցախեան պատերազմին մասին, ան նշած է, որ կը փափաքի ժապաւէն մը նկարահանել Շուշիի ազատագրման մասին:

Խօսուած է նաեւ «Արարատ» ժապաւէնին մասին, որուն գլխաւոր հերոսը իր անձնական կեանքին մէջ միշտ մտահոգ ըլլալով ցեղասպանութեան ենթարկուած իր ազգին ճակատագիրով, չի կրնար լիովին վայելել կեանքի սովորական հաճոյքները, որոնք հասանելի են այլ ազգի զաւակներուն:

Իր կարգին Սերժ Թանքեան նշած է, թէ չի բացառեր, որ հետագայ ծրագիրներուն մէջ ներառուի համերգային ծրագիրով Արցախ գտնուիլը:

Արուեստագէտներուն Կոչը`
Աշխարհի Իրենց Գործընկերներուն

Արցախ այցելութեան ընթացքին սփիւռքահայ արուեստագէտները հետեւեալ կոչը ուղղած են աշխարհի արուեստագէտներուն:

«Մէկ տարի առաջ` ճիշդ այս օրերուն, արցախեան պատերազմի սահմանային գօտին դարձեալ բռնկեցաւ, երբ ազրպէյճանական զինեալ ուժերը անակնկալ յարձակումով կրակ թափեցին ո՛չ միայն սահմանային դիրքերուն, այլ նաեւ խաղաղ բնակավայրերուն, դպրոցներուն եւ բնակչութեան վրայ: Սակայն Արցախի ինքնապաշտպանական ուժերը քանի՛երորդ անգամն ըլլալով, ինքնապաշտպանական գործողութիւններով կասեցուցին ազրպէյճանական այս յարձակումը, որուն հետեւանքը մարդկային եւ նիւթական վնասներ եղան` երկու կողմերուն համար:

«1988-էն ի վեր, երբ Արցախի կամ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը, Խորհրդային Միութեան եւ միջազգային օրէնսգիրքի տառն ու ոգին յարգելով որոշեց կերտել իր սեփական ճակատագիրը եւ գործադրել ազատ ինքնորոշման իր իրաւունքը, Ազրպէյճանը հակադարձեց ջարդով, տեղահանութիւններով, յարձակումներով եւ ռազմական լայնածաւալ գործողութիւններով: Հակառակ այս բոլորին, Արցախի ժողովուրդը կրցաւ պաշտպանել իր պապենական հողերը, անկախութեան հանրաքուէ կատարել եւ պետութիւն ստեղծել:

«Հակառակ անոր որ միջազգային հանրութիւնը զանազան պատճառներով տակաւին չէ ընդունած Արցախի պետութիւնը, հազարաւոր տարիներէ ի վեր այս հողին վրայ ապրող ժողովուրդին զաւակները կը շարունակեն ստեղծագործել ու ապրիլ, կառուցել եւ ծաղկեցնել, նոյնիսկ երբ սահմաններուն երկայնքով չեն դադրիր ազրպէյճանական յարձակումները, ռումբի պայթիւնները եւ զէնքերու կրակոցները: Այստեղ` այս պատմական հողին վրայ, ուր զինադադարի խախտումներուն պատճառով վիրաւորներուն եւ զոհերուն մասին լուրերը աւելի շատ են, քան որեւէ այլ տեղեկատուութիւն, հազարաւոր մանուկներ, պատանիներ ու երիտասարդներ զրկուած են ստեղծագործելու եւ արարելու իրենց արդար իրաւունքէն, քանի որ երկիրը տակաւին կը մնայ շրջափակման մէջ, իսկ զինադադարը` փխրուն: Հազարաւոր տաղանդներ գրիչ եւ վրձին բռնելու փոխարէն ստիպուած են զէնքը ուսին ճակատ մեկնիլ` իրենց տունն ու հայրենիքը պաշտպանելու համար: Ազրպէյճանական յարձակումներուն եւ պարտադրուած պատերազմին պատճառով այս երիտասարդները զրկուած են խաղաղութեան մէջ ստեղծագործելու եւ իրենց տաղանդը բացայայտելու իրաւունքէն: Սահմանամերձ գօտիին մէջ ապրող հազարաւոր աշակերտներ դպրոցներուն մէջ երգ ու երաժշտութիւն լսելու փոխարէն պայթող ռումբին եւ կրակոցին ձայները կը լսեն:

«Բայց այս բոլորով հանդերձ, մեծ է թիւը այն տաղանդաւոր երիտասարդներուն եւ արուեստագէտներուն, որոնք կը շարունակեն գրել, ստեղծել, նուագել ու նկարել, նոյնիսկ երբ պատերազմին պատճառով մեկուսացուած են աշխարհէն եւ կը գտնուին շրջափակման մէջ: Դժբախտաբար, անոնք աշխարհին մէջ գտնուող իրենց գործընկերներուն հետ յարաբերութիւններ մշակելու շատ քիչ առիթ կ՛ունենան, շրջափակումն ու մեկուսացումը կը խոչընդոտեն փոխադարձ այցելութիւնները, յարաբերութիւններուն եւ փորձառութեան փոխանակումը: Այս ստեղծագործ տաղանդները աշխարհին բացուելու եւ փոխադարձ ծանօթացման շատ սահմանափակ կարելիութիւններ ունին: Անոնք պարզապէս զրկուած են արուեստագէտներուն համար կենսական այս իրաւունքէն:

«Այս պատճառով, աշխարհի բոլոր ազատ մտածող արուեստագէտներուն կոչ կ՛ուղղենք, որ այցելեն Արցախ, դառնան խաղաղութեան ու համերաշխութեան գործընկերներ, յարաբերութիւններ հաստատեն տեղացի արուեստագէտներուն եւ ստեղծագործ ու տաղանդաւոր մարդոց հետ, աջակցին, որ անոնք եւս աշխարհին բացուելու համար համահաւասար կարելիութիւններ ունենան եւ կարենան օգտագործել խաղաղութեան մէջ ստեղծագործելու ու աշխարհին հետ կիսուելու իրենց համամարդկային իրաւունքը»:

Յայտարարութիւնը ստորագրած են Սերժ Թանքեան, Արսինէ Խանճեան, Ատոմ Էկոյեան եւ Էրիկ Նազարեան:

 

Արսինէ Խանճեան Եւ Ատոմ Էկոյեան`
Արցախի Մասին

Քանատահայ դերասանուհի եւ բեմադրիչ Արսինէ Խանճեան յատուկ զրոյց մը ունեցած է «Արցախփրես»-ին հետ եւ յորդորած է սփիւռքահայութիւնը Արցախ այցելել:

«Յոյս ունիմ, որ սփիւռքահայերուն, արուեստագէտներուն, որոնց հետ կը յարաբերիմ, պիտի կարենամ յստակօրէն ներկայացնել Արցախն ու հոս տեղի ունեցող դէպքերն ու իրողութիւնը: Եւ անոնց կը յորդորեմ այցելել Արցախ ու ժամանակ տրամադրել այս հրաշք երկրին ծանօթանալու: Անոնք պէտք չէ բաւարարուին մէկ անգամ Արցախ գալով, այլ պարբերական այցելութիւններ պէտք է տան, որպէսզի կարենան ճիշդ եւ իսկական աչքերով տեսնել ու պատկերացում կազմել   այս հերոսական ժողովուրդին ու երկրին մասին», նշած է Խանճեան:

Իր կարգին Քաննի շարժապատկերի փառատօնի եռակի մրցանակակիր, քանատահայ բեմադրիչ Ատոմ Էկոյեան եւս զրուցած է «Արցախփրես»-ին հետ:

«Առաջին զգացումս բաւական ազդեցիկ էր, քանի որ իմ ազգային պատկանելիութիւնս ու ինքնութիւնս այստեղ աւելի զօրաւոր զգացի, եւ ասիկա այնպիսի զգացում մըն է, որ ամէն օր չես զգար: Որքան երկար ժամանակ անցընեմ Արցախի մէջ, այնքան աւելի շատ ուղեղիս մէջ հարց մը կը թափառի, թէ ինչո՛ւ երիտասարդ բեմադրիչները երբեւէ չեն նկարած այս հիանալի պատմութիւնները, որոնք ես նկարեցի այս քանի մը օրերուն ընթացքին», զարմանքով յայտնած է Էկոյեան:

«Արցախի մէջ ժապաւէն նկարելու համար պէտք է ներքուստ բխող զգացում ունենաս: Ես անպայման կը մտածեմ այդ հարցին մասին», եզրափակած է Էկոյեան:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>