Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Միացեալ Նահանգներ միշտ Ռուսիոյ հանդէպ զգուշաւոր մօտեցում ցուցաբերած են պատմութեան ընթացքին: Այդ մօտեցումը, սակայն, ոմանց պարագային արտառոց դրսեւորումներու առիթ հանդիսացած է: «Տէյլի Պիսթ» կայքը անցեալ շաբաթ հրապարակեց Նիքոլաս Ռէյնոլծի մէկ յօդուածը, ուր հեղինակը տարուելով այս օրերուն ռուսական լրտեսութեան եւ ցանցահէնութեան մասին տեղի-անտեղի վերագրումներէն, առասպելներէն, ինքն ալ իր կարգին կը փորձէ մասնակցութիւն բերել այդ հոլովոյթին` օգտագործելով Էռնեսթ Հեմինկուէյի հռչակը եւ Միացեալ Նահանգներու նոր վարչակազմին խրատներ տալով: Անշուշտ ըրած «բացայայտումներ»-ը հաստատող փաստեր չկան, բայց կ՛արժէ կարդալ` հաստատելու համար, որ մարդիկ իրենց ազգային արժէքները որքա՜ն դիւրաւ կը նսեմացնեն…
Հեմինկուէյ մեզի` հայերուս համար յաւելեալ արժէք մը կը ներկայացնէ Հայոց ցեղասպանութեան կանուխէն անդրադարձած ըլլալուն համար:
Ն.
Ռուսիա Ինչպէ՞ս Զինուորագրեց
Հեմինկուէյը
– Ռուսերը երկար ատենէ մեր մէջ կը գործէին Ուաշինկթընի եւ Նիւ Եորքի մէջ, եւ Փափա Հեմինկուէյ անոնց ամէնէն հռչակաւոր մեղսակիցներէն մէկն էր:
Օր մը Նիւ Եորքի մէջ, 1940-1941-ի ձմրան, ռուս լրտես մը` Ճաքոպ Քոլոս, գրող Էռնեսթ Հեմինկուէյը զինուորագրեց «մեր գործին համար»: Քոլոս գունագեղ տարեց համայնավար մըն էր, ցմահ յեղափոխական մը, որ Սիպերիայէն մինչեւ Չինաստան քալելով` խոյս տուած էր ցարական աքսորավայրէն: Քոլոս ի վերջոյ հաստատուած է Մանհաթանի արեւմտեան շրջանը, ուր ան եղաւ Միացեալ Նահանգներու Համայնավար կուսակցութեան հիմնադիրներէն մէկը եւ առանցքը` խորհրդային հետախուզութեան արեւմտեան ափին վրայ:
Այն օրը, երբ Հեմինկուէյը միացուց ցանցին, Քոլոս կը գործէր որպէս անդամ խորհրդային ներքին գործոց նախարարութեան ոստիկանական ուժերուն («Քէյ.Ճի.Պի.»-ի նախահայրը` Պաղ պատերազմի օրերուն): Տեսակցութենէն ետք Քոլոս տեղեկացուց Մոսկուան. «Ես վստահ եմ, որ (Հեմինկուէյ) պիտի գործակցի մեզի հետ, եւ… պիտի ընէ իր կարելին, օգնելու …»:
Խորհրդայինները ինչո՞ւ կեդրոնացած էին Հեմինկուէյի վրայ:
Գրողը առաջին անգամ անոնց ուշադրութիւնը գրաւած էր 1935-ին` գրելով ամերիկեան ծայրայեղ ձախ «Նոր Զանգուածներ» թերթին մէջ: Անոր յօդուածը զայրացկոտ դատապարտում մըն էր Միացեալ Նահանգներու իշխանութեան, որ այդ տարին Ֆլորիտան հարուածած պտուտահողմի ճամբուն վրայ ձգած էր, որ մեռնին փրկարար աշխատանքներ կատարողները: Ապա Սպանիոյ քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին ան հաղորդակցութեան մէջ եղաւ Համայնավար միջազգայնականի (Քոմինթերն) գործակալներու եւ համայնավար հրոսակային պայքար մղողներու (կէրիլլա) հետ: Անոնք հետաքրքրեցին եւ հմայեցին զինք, որովհետեւ կը կռուէին իր կիրքը բոցավառած դատի մը համար. հակաֆաշականութիւն: Այդ կիրքը մղեց զինք ստեղծագործելու «Որո՞ւ համար կը ղօղանջեն զանգակները» վէպը, եւ ոչ պատահաբար զինք տրամադրեց ընդունելու Քոլոսի առաջարկը, երբ ատիկա եկաւ նոր վէպին հրատարակութենէն քանի մը ամիս ետք:
Ռուսական գործակալութիւնը ի՞նչ ուզած է Հեմինկուէյէն:
Ան չէ աշխատած կառավարութեան համար: Անոր մատչելի չեն եղած պաշտօնական գաղտնիքներ: Ան մութ անցքերու մէջ հանդիպումներ պիտի չունենար փաստաթուղթերով լեցուն պայուսակներ յանձնելու համար: Գոհացնել իրենց առաջին յաճախորդը` Ստալինը, այս էր խորհրդային լրտեսներէն ամէնէն շատ պահանջուածը. գրաւոր գաղտնիքներ, յատկապէս ամերիկեան արհեստագիտութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան վերաբերեալ: Խորհրդայինները գիտէին, որ Միացեալ Նահանգներ օր մը դուրս պիտի գան իրենց մեկուսացումէն եւ պիտի փոխեն ուժերու հաւասարակշռութիւնը Եւրոպայի մէջ: Երբ այդ օրը գայ, իրենք կ՛ուզէին պատրաստ ըլլալ: Մինչ այդ իրենք պիտի շարունակէին լրտեսել եւ գողնալ ամերիկեան արհեստագիտութիւնը:
Երկու երկիրները երբ 1933-ին հաստատեցին դիւանագիտական յարաբերութիւններ, խորհրդային գաղտնի գործակալութիւնները սկսան հաւաքագրել ամերիկացի պետական պաշտօնեաներ, որոնք մնայուն կերպով իրենց հայթայթեցին գաղտնիքներ: 1930-ական թուականներուն անոնք Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց, արդարութեան եւ ելեւմուտքի նախարարութիւններու մէջ գերազանց լրտեսներ ունէին, առանց խօսելու Սպիտակ Տան մասին: Պատերազմի ատեն անոնք թափանցեցին «Մանհաթան նախագիծ»` գողնալով հիւլէական ռումբին ծրագիրները:
Խորհրդային գաղտնի գործակալներուն ուզածները միայն ասոնք չէին: Կային այլ տեսակի լրտեսներ, որոնք նոյնպէս կրնային օգտակար ըլլալ, ինչպէս` դիւանագէտներ եւ լրագրողներ: Անոնք կրնային օգնել խորհրդայիններուն` հասկնալու եւ պարբերաբար քաղաքական ազդեցութիւն բանեցնելու աշխարհի միւս կողմը գտնուող բարգաւաճող երիտասարդ երկրին վրայ, այնքան օտար, որ կրնար այլ մոլորակի մը վրայ գտնուիլ: Վճարուողներու ցանկին վրայ նոյնիսկ Ներկայացուցիչներու տան անդամ մը կար` Սամուէլ Տիքսթէյն, որ փոխանակ իր խղճին քուէարկելու` քուէարկեց իր դրամապանակին, որ խորհրդայինները ուռճացուցին ամիսը 1250 ամերիկեան տոլարով (իշխանական գումար մը` 1930-ականներուն):
Ամէնէն լաւ ամերիկացի լրտեսները (անոնց շարքին կային հռչակաւոր լրագրողներ), շատ լաւ հաղորդակցութիւններ ունէին: Անոնք առանց ճիգի կրնային շրջագայիլ երկրին մէջ, օգտակար տեղեկութիւններ փոխանցել իրենց հետ կապի մէջ եղող գործակալներուն եւ պարբերաբար տարածելով պատմութիւններ, որոնք Խորհրդային Միութիւնը ցոյց կու տային վարդագոյն լուսարձակներու տակ:
Խորհրդային Միութիւնը Հեմինկուէյը կ՛ընկալէր որպէս լրագրող: Ան աշխարհի ամէնէն յայտնի գրողներէն մէկն էր, եւ անոր ծանօթութիւններու շրջանակը կը տարածուէր եւրոպական մայրաքաղաքներէն մինչեւ Սպիտակ տուն: Անոր երրորդ կինը` Մարթա Կելհոր, եղած է Միացեալ Նահանգներու այդ օրերու նախագահ Թէոտոր Ռուզվելթի կնոջ` Էլեոնորայի պաշտպանեալներէն մէկը: 1937-ի ամրան Կելհորն կրցած էր գրողին եւ Միջազգային համայնավարութեան գործակալի մը համար կազմակերպել հանդիպում` նախագահին եւ տիկին Ռուզվելթի հետ: Սկիզբը անոնք դիտած են Հեմինկուէյի եւ հոլանտացի համայնավար բեմադրիչ Եորիս Իվենսի նկարահանած «Սպանական հող» վաւերագրական շարժապատկերը, իսկ յետոյ քննարկած են արտաքին քաղաքականութիւնը: Հեմինկուէյ եւ Իվենս փորձած են (ապարդիւն) համոզել Ռուզվելթը` հրաժարելու չէզոքութեան քաղաքականութենէն:
1940-ին համաձայնելով աշխատիլ խորհրդային հետախուզական կառոյցին հետ` Հեմինկուէյ չէ խախտած լրտեսութեան մասին իր երկրի օրէնքները: Սակայն ան գոնէ տեսականօրէն ենթակայ եղած է «Օտարերկրեայ գործակալներու արձանագրութեան մասին օրէնք»-ին, ըստ որուն, օտար երկիրներու գործակալները պէտք էր արձանագրուէին: Հակառակ անոր որ ան չէ դարձած խորհրդային նշանաւոր լրտես, բայց տարիներ շարունակ ի նպաստ Խորհրդային Միութեան դիրքորոշում ունեցած է:
1940-ին այդ դիրքորոշումը աւելի շատ իմաստ ունէր, քան` 1945-ին, երբ ամերիկեան եւ խորհրդային շահերը սկսած էին կտրուկ հեռանալ իրարմէ` նախապատրաստուելով Պաղ պատերազմի: Օրինակ` 1948-ին Հեմինկուէյ աջակցած է Միացեալ Նահանգներու նախագահի յառաջդիմական թեկնածու Հենրի Ուալասին, որ կը հաւատար, թէ Խորհրդային Միութիւնն ու Միացեալ Նահանգներ աւելի շատ նմանութիւններ, քան տարբերութիւններ ունին, եւ կը կարծէր, որ այդ պետութիւնները պէտք է անմիջական կապ պահպանեն ու մեծ նշանակութիւն չտան Հին Եւրոպայի երկիրներուն, օրինակ` Մեծն Բրիտանիոյ եւ Ֆրանսայի:
Ի՞նչ Կ՛ըսէ Այս Պատմութիւնը Այսօր
Ինչո՞ւ այս պատմութիւնը նշանակութիւն ունի: Կը ներկայացնէ՞ այսօրուան համար օգտակար որեւէ տեսութիւն:
Առաջին. կը մատնանշէ ռուսական պատմութեան շարունակականութիւնը: Գաղտնի գործակալութիւններուն անունները ինչ ալ ըլլան` «Քէյ.Ճի.Պի.», «Էս.Վի.Առ.», ռուսական հետախուզութիւնը 1934 թուականէն հետեւողականօրէն աշխատած է տեղեկութիւններ հաւաքելու եւ ազդելու Միացեալ Նահանգներու վրայ: Ռուս պաշտօնատարները երբեք չեն մոռցած, որ իրենց շահերէն կը բխի ովկիանոսին միւս կողմը գտնուող մեծ ուժը հասկնալ եւ ազդեցութիւն ունենալ անոր վրայ: Բան մը, որ անոնք շատ հանգիստ կ՛ընէին քուլիսներու ետին:
Երկրորդ. Հեմինկուէյի պարագան մեզի կը յիշեցնէ, որ պէտք է աւելի ուշադիր ըլլալ այնպիսի պարագաներու, որոնք այնքան ալ բացայայտ լրտեսական կամ ազդեցութեան տարրեր չեն պարունակեր:
Այսպիսի պարագաներու մէջ ձախողութիւնը կը նսեմացնէ ամերիկեան կառոյցները: Միացեալ Նահանգներու շահերը, ինչպէս` այլ երկիրներու շահերը, պարբերաբար կը ծածկուին, բայց ատոնք հազուադէպօրէն նոյնն են: Ազգային անվտանգութեան պարագաներուն, անկարելի է երկու կողմերու ծառայելը, եւ նոյնիսկ երեւոյթը շահերու բախումի` կրնայ մաշեցնող ըլլալ, ինչպէս Թրամփի երիտասարդ վարչակազմը սկսած է բացայայտել:
Երրորդ. շուրջ 70 տարի ետք արտաքին քաղաքականութեան մէջ Հեմինկուէյի ասպատակութիւնը տակաւին կ՛արձագանգէ, բայց` ոչ ապահովութիւն ներշնչելով: Մեզմէ շատեր կը սիրենք եւ կը կարդանք իր գործերը, ատիկա կ՛ընենք, որովհետեւ իր գրութիւնները (անկեղծ, անմիջական եւ անկախ) կ՛ոգեշնչեն ամերիկեան բազմաթիւ արժէքներ: Մեզմէ քիչեր կ՛ուզեն տեղեկանալ, որ մեր գրական կուռքը գաղտնի յարաբերութիւններ ունեցած է օտար ուժի մը հետ, յատկապէս` ուժ մը, որուն արժէքները միշտ ալ շատ տարբեր եղած են մեր արժէքներէն: Նոյնպէս մտահոգիչ է 1948 թուականին Հեմինկուէյի այն առաջարկը, որ կ՛ուզէր Միացեալ Նահանգները եւ Ռուսիան համարժէք դասել, գաղափար մը, որուն նախագահ Թրամփ վերջերս կը թուի, թէ կ՛արձագանգէ:
Ես բաւական հին գլուխ եւ պահպանողական եմ` խորհելու, որ Ամերիկա պարզապէս որեւէ մեծ ուժ մը չէ, այլ իւրայատուկ փորձ մը` ինքնակառավարման եւ ժողովրդավարութեան, հանրապետութիւն մը` ռուսական որեւէ կառավարութենէ տարբեր, խորհրդային կամ յետխորհրդային:
Մեր ամէնէն մեծ գրողներէն մէկը դժբախտաբար ասիկա չէ ըմբռնած:
Նիքոլաս Ռէյնոլծ հեղինակն է «Գրող, նաւարկող, զինուոր, լրտես. գաղտնի արկածախնդրութիւնները. Էռնեսթ Հեմինկուէյ, 1935-1961» գիրքին, որ կը հրատարակուի ընթացիկ ամսուան մէջ:
Է. Հեմինկուէյ. Ականատես Մը
Հայոց ՑեղասպանութեանԱմերիկացի գրող Էռնեսթ Հեմինկուէյ 1920-1924 թուականներուն բնակած է Թորոնթօ, ուր լոյս տեսնող «Թորոնթօ Սթարաս» թերթի լրագրողներէն եղած է` այդ տարիներուն տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն, ներառեալ յոյն-թրքական պատերազմին մասին յօդուածներ ստորագրելով: Հեմինկուէյ Պոլիսէն իր թերթին ղրկած է 15 հեռագիրներ, որոնցմէ կը ներկայացնենք երկու յատկանշական հատուածներ, որոնք լոյս կը սփռեն թրքական բռնարարքներու աւարտական հանգրուանին վրայ:
9 հոկտեմբեր 1922
Համիտ պէյին գրասենեակը կը գտնուի ցից բլուրի մը գագաթին, Կարմիր մահիկին պատկանող հին դղեակի մը եւ տուներու ետին: Համիտ պէյ ղեկավարներէն մէկն է, որուն այցելողները կը գործադրեն Անգարայի որոշումները:
«Քանատա մտահոգ է քրիստոնեաներու ջարդերու հաւանականութեամբ, երբ Քեմալ Պոլիս մտնէ», ըսի ես: Խոշոր եւ մեծածաւալ Համիտ պէյ, մոխրագոյն պեխով, թեւաւոր օձիքով եւ խոզուկի մազի կտրուածքով, ակնոցներուն վրայէն ինծի նայեցաւ եւ անգլերէն խօսեցաւ. «Քրիստոնեաները ինչո՞ւ պիտի վախնան: Անոնք զինուած են, իսկ թուրքերը` զինաթափ եղած: Ջարդ պիտի չըլլայ: Յոյն քրիստոնեաներն են, որոնք թուրքերը կը ջարդեն Տրովադայի մէջ: Ատոր համար մենք պէտք է գրաւենք Տրովադան, որպէսզի պաշտպանենք մեր ժողովուրդը»:
18 հոկտեմբեր 1922
«Ռումանական եւ հայկական հիւպատոսարանները կարելի է զանազանել միւսներէն` բազմամարդ շարքերով քաղաքացիներու, որոնք կը փորձեն անցագրեր եւ այցագրեր առնել: Հայերը, յոյներն ու հրեաները խոյս կու տան Կ. Պոլիսէն: Անոնք որեւէ զոհողութեամբ կալուածները կը ծախեն եւ դուրս կու գան: Կառավարութիւնը կ՛աշխատի համոզել զանոնք, որպէսզի յիմարութիւն չընեն` վստահեցնելով, որ բնակիչներուն համար ապահովական բոլոր միջոցառումները որդեգրուած են, շրջուն ջոկատներ պիտի գործեն եւ վտանգ չկայ: Բայց հայերը, յոյները եւ հրեաները այդպիսի խոստումներ նախապէս ալ լսած են եւ կ՛ըսեն. «Ուշ կամ կանուխ քեմալական ուժերը պիտի մտնեն Պոլիս, կամ ալ պատերազմ պիտի ըլլայ, իսկ մենք չենք մոռցած Զմիւռնիոյ ջարդը»:
Ուրեմն կ՛երթան:
Հազարաւոր տարիներու ջարդերու պատմութիւն մը ունեցող մարդոց համար դժուար է ցեղային վախը լռեցնելը, ո՛վ ալ ըլլայ խոստումներ տուողը»:
Հայազգի Քարշ Եւ
Հեմինկուէյ
Աշխարհահռչակ հայազգի լուսանկարիչ Եուսուֆ Քարշ, որ միջազգային յայտնի անձնաւորութիւններու (Կանտի, Չըրչիլ եւ այլն) դիմանկարներու հեղինակն է, 1957-ին լուսանկարած է Հեմինկուէյը, որուն մասին Քարշ իր յուշերուն մէջ գրած է.
«Ես կ՛ակնկալէի գրողին մէջ հանդիպիլ իր վէպերուն հերոսներուն խառնուրդին: Փոխարէնը, 1957-ին, Հաւանայի մօտ, իր տան մէջ ես գտայ մարդ մը` իւրայատուկ մեղմութեամբ, ամէնէն քաղցր մարդը, որ ես երբեւէ լուսանկարած եմ: Մարդ մը, որ դաժան հարուածներ ստացած է կեանքէն, բայց ըստ երեւոյթին` անյաղթելի: Նախորդ գիշերը ես այցելեցի «Լա Ֆլորիտիթա» Հեմինկուէյի նախընտրած կապելան, որպէսզի իմ «տան պարտականութիւնս» ընեմ եւ համտեսեմ իր նախասիրած ոգելից ըմպելին` տայքիրին: Բայց մէկը կրնա՛յ աւելի պատրաստուած ըլլալ: Յաջորդ առաւօտեան ժամը 9:00-ին Հեմինկուէյ հեռաձայնեց խոհանոցէն եւ ինծի հարցուց. «Դուն ի՞նչ պիտի խմես», իմ պատասխանս եղաւ` «Տայքիրի, պարո՛ն»: Հեմինկուէյ առարկեց. «Աստուած ի՜մ, Քա՛րշ, օրուան ա՞յս ժամուն»: