Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Սուրիա
Քրիստոնէական Ջանից Շարժումին 136-ամեակին Նուիրուած Պաշտամունք
Փետրուար ամիսը կը խորհրդանշուի իբրեւ Քրիստոնէական Ջանիցի ամիս: Առ այդ, կազմակերպութեամբ Հայ աւետարանական Բեթէլ եկեղեցւոյ Քրիստոնէական Ջանիցի վարչութեան, 26 փետրուարին Հայ աւետարանական Բեթէլ եկեղեցիին մէջ նշուեցաւ Քրիստոնէական Ջանից շարժման 136-ամեակը, անգամ մը եւս Քրիստոնէական Ջանից ուխտի յայտարարութիւնը եւ նորոգութիւնը կատարելու միտումով` «Ծառայել Քրիստոսի եւ եկեղեցիին»:
Վեր. Յարութիւն Սելիմեան անդրադարձաւ Քրիստոնէական Ջանից երիտասարդաց օրուան նշումին` շեշտելով, որ Քրիստոնէական Ջանիցի երիտասարդը կը պատկանի եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին, որուն մաս կը կազմեն նաեւ չափահասներ եւ մանուկներ` իբրեւ Քրիստոսի մարմնին անդամները, եւ աւելցուց, որ եկեղեցւոյ կեանքին ամբողջականութիւնը իր ընտանեկան ըմբռնողութեան մէջ է, որուն մէջ նաեւ ապահովուած է ժառանգական, ինչպէս նաեւ տարիքային, մտաւոր, հոգեբանական եւ փորձառական յաջորդականութիւն:
Ան կոչ ուղղեց ներկաներուն` առաւել եւս գօտեպնդուած եւ ամրագրուած ըլլալու քրիստոնէական եւ ազգային արժէքներով եւ արժանիքներով, որպէսզի կարենանք մեր ինքնութիւնը ապրիլ:
Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր` կատարողութեամբ կիրակնօրեայ դպրոցի փոքրիկներուն:
Պաշտամունքը վերջ գտաւ Տէրունական աղօթքով եւ վեր. Յարութիւն Սելիմեանի առաքելական օրհնութեամբ:
Պաշտամունքէն ետք տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ` նուիրուած Քրիստոնէական Ջանիցի շարժման 136-ամեակին:
Յունաստան
Յունաստանի Անկախութեան Ազգային Տօնի Նշում
Ընդառաջելով Աթէնքի նահանգապետարանի հրաւէրին` 25 մարտին Յունաստանի անկախութեան ազգային տօնին առիթով յունահայոց կաթողիկոսական փոխանորդ Կոմիտաս արք. Օհանեան եւ Ազգային վարչութեան անդամ Սերգօ Յարութիւնեան ներկայ գտնուեցան Աթէնքի յունաց մայր տաճարին մէջ Գոհաբանական աղօթքի արարողութեան, ապա` զինուորական տողանցքին, որուն աւարտին յունահայ գաղութին անունով շնորհաւորեցին ու բարեմաղթութեան խօսքեր ըսին բոլորին:
Կիպրոս
Համազգայինի Կիպրոսի «Օշական» Մասնաճիւղի Մշակութային Երեկոն
Մարտ 29-ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ Համազգայինի Կիպրոսի «Օշական» մասնաճիւղի հերթական մշակութային երեկոն, ներկայ տարեշրջանի երրորդը, դարձեալ 40-է աւելի ներկաներով:
Յայտագիրի առաջին բաժինով Վարդան Թաշճեան ներկայացուց գրագէտ-ուսուցիչ Վահրամ Մավեանը, որ ներկաներէն շատերուն ծանօթ էր որպէս Մելգոնեան կրթական հաստատութեան իրենց ուսուցիչը: Վարդան Թաշճեան հանգամանօրէն խօսեցաւ Մավեանի կեանքին ու գործին մասին, յատկապէս կեդրոնանալով անոր ուսուցչական տարիներուն վրայ, երբ ինք ալ որպէս աշակերտ դասարանին մէջ դաստիարակուած էր անոր հմայիչ ու ոգեշնչող ներկայութեան ազդեցութեան տակ:
Յայտագիրի երկրորդ բաժինով Ալիս Այվազեան ներկայացուց Կոմիտաս վարդապետի երաժշտական ժառանգութիւնը: Ան բացատրութիւններ տուաւ հայկական խազագրութեան մասին` նշելով Կոմիտասի տարած աշխատանքը այդ հոյակապ ձայնագրական համակարգի վերծանումին համար: Ապա ան ծանրացաւ Կոմիտասի` հայ երգը օտար ազդեցութիւններէ ձերբազատելու աշխատանքին վրայ, մէջընդմէջ մեներգելով անոր մշակումներէն յատկանշական նմուշներ:
Երեկոն փակուեցաւ ընդհանուր գոհունակութեան մթնոլորտի մէջ` վկայելով, որ Համազգայինի մշակութային երեկոները սկսած են փնտռուիլ կիպրահայութեան մշակութասէր տարրերուն կողմէ:
Ատրպատական
Ս. Ստեփանոս Նախավկայի Վանքին Մէջ Բացում` Վերանորոգուած Ցուցասրահին
Նախագահութեամբ եւ ձեռամբ Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեանի, 19 մարտին Դարաշամբի Ս. Ստեփանոս Նախավկայ վանքին մէջ բացումը կատարուեցաւ Արաքսի ազատ գօտիի նիւթական օժանդակութեամբ վերանորոգուած ցուցասրահին:
Առաջնորդ սրբազանը վերանորոգուած ցուցասրահի մուտքի դրան ժապաւէնը կտրելով` հիւրերուն հետ մուտք գործեց սրահ, որ յատուկ լուսաւորութեան սարքերով օժտուած էր ցուցադրուած պատկերներուն կամ իրերուն վրայ լոյս ցոլացնելու նպատակով:
Իրանի Եկեղեցիներու պահպանման պետական հիմնարկի տնօրէն եւ շինարարական սոյն աշխատանքներու համակարգող Շերլի Աւետեան ներկաներուն բացատրութիւն տուաւ աշխատանքի սկզբնաւորութեան եւ աւարտին, ինչպէս նաեւ ապագայ հեռանկարներուն մասին: Այնուհետեւ ներկաները դիտեցին պատերուն վրայ զետեղուած լուսանկարները, որոնք կը ներկայացնէին վանքին տարբեր մասերը` օրուան տարբեր ժամերուն: Ներկայ արուեստագէտ լուսանկարիչներէն ոմանք անձամբ բացատրութիւն տուին իրենց լուսանկարներուն մասին, որոնց շարքին` թաւրիզահայ Կարօ Ջորջեան:
Առաջնորդ սրբազանը բարձր գնահատեց վանքի նախկին ախոռը արդիական ցուցասրահի վերածելու Շերլի Աւետեանի ծրագիրն ու իրականացուած աշխատանքը, մասնագէտներու կողմէ պատերուն հնութիւնը պահպանելու բծախնդիր մօտեցումը եւ վայրը առաւել եւս գրաւիչ ու վայելուչ դարձնելու անոնց նախանձախնդրութիւնը: Բացման հանդիսութենէն ետք վանքի պարտէզին մէջ տեղի ունեցած սիրոյ սեղանի ընթացքին սրբազան հայրը իր գնահատանքն ու շնորհակալութիւնը յայտնեց Արաքսի ազատ գօտիի ղեկավարութեան, որ Ս. Ստեփանոս Նախավկայ վանքի, Հովուի մատուռի եւ Դարաշամբի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հանդէպ հոգածու վերաբերում ցոյց կու տայ:
Գահիրէ
Ոչ Եւս Է Պերճ Յովակիմեան
26 մարտին իր մահկանացուն կնքեց Գահիրէի երէց ընկերներէն Պերճ Յովակիմեան, որ ունէր զարգացած, գործունեայ եւ նախաձեռնող ոգի: Կուսակցական իր կեանքի ընթացքին անդամ եղած էր շրջանի տարբեր մարմիններու, պատասխանատու` Հայ դատի մարմինին, անդամ` Գահիրէի Թեմական ժողովին: Ան եղած է մշակութասէր եւ գրասէր: Քանի մը տարի առաջ լոյս ընծայեց «Հայաստանի պատմութիւնը քարտէսներու ընդմէջէն» աշխատասիրութիւնը: Ան յարգուած ու սիրուած անձնաւորութիւն մըն էր իր մեղմ բնաւորութեամբ:
Պերճ Յովակիմեանի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ 27 մարտին, Գահիրէի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիին մէջ` գլխաւորութեամբ եգիպտահայոց թեմի առաջնորդական փոխանորդ Գաբրիէլ վրդ. Սարգիսեանին, որ իր կողքին ունէր Եգիպտոսի կաթողիկէ հայոց առաջնորդ Գրիգոր Օգոստինոս եպիսկոպոսը Գուսան եւ Յակոբ քահանաները: Աւարտին, դամբանական խօսեցան եգիպտահայոց թեմի առաջնորդական փոխանորդ Գաբրիէլ վրդ. Սարգիսեանին եւ ՀՅԴ-ի ու յարակից մարմիններուն անունով` Լեւոն Դելփեան: Այնուհետեւ հանգուցեալին մարմինը փոխադրուեցաւ Հելիոպոլսոյ Ազգային գերեզմանատուն:
Քանատա
Խորհրդաժողով Եւ Ընդունելութիւն` Նուիրուած Մոնրէալի ՀՅԴ «Միհրան Փափազեան» Կոմիտէութեան 60-ամեակին
25 մարտին Ս. Յակոբ Ազգային վարժարանի «Պաստրմաճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ «Միհրան Փափազեան» կոմիտէութեան 60-ամեակին առիթով կազմակերպուած միօրեայ խորհրդաժողով:
Կոմիտէի ներկայացուցիչ Գէորգ Գազանճեան իր բացման խօսքին մէջ անդրադարձաւ կոմիտէութեան ունեցած դժուարութիւններուն ու արձանագրած յաջողութիւններուն, դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն եւ ձեռք ձգած իրագործումներուն, աւելցնելով, որ գաղութի ամբողջական ներուժը միացեալ հաւաքական ուժի վերածելու իր վճռակամութեամբ, «Միհրան Փափազեան» կոմիտէութիւնը կազմակերպական կարեւոր կռուանը կը հանդիսանայ Մոնրէալի հայ գաղութին, այդ ճամբով ալ` Քանատայի թէ սփիւռքի հայութեան, Հայ դատի հետապնդման, հայապահպանման մարզերէն ներս, միշտ հաւատարիմ մնալով Ազատ, Անկախ ու Միացեալ Հայաստանի տեսլականին:
Խորհրդաժողովի առաջին զեկուցաբերն էր Ընկերվար-միջազգայնականի փոխնախագահ Մարիօ Նալպանտեան, որ խօսեցաւ «ՀՅԴ- Ընկերվար-միջազգային կառոյց եւ Քանատա» նիւթին շուրջ: Աւարտին առիթ տրուեցաւ ներկաներուն հարցումներ ուղղելու բանախօսին:
Խորհրդաժողովի երկրորդ նիւթն էր «ՀՅԴ մամուլի դերը, քաղաքական հասարակութիւնը եւ հասարակական կարծիքը»: Այս նիստի մասնակիցներն էին «Հորիզոն» շաբաթաթերթի վարիչ-խմբագիր` Վահագն Գարագաշեան, գիւղատնտես-երկրաչափ եւ պատմաբան` Գրիգոր Դերձակեան եւ «Արմինիըն Ուիքլի»-ի խմբագիր Ռուբէն Ճանպազեան: Ներկաներուն մէջ հետաքրքրութիւն յառաջացնող այս նիւթը հարց-պատասխաններու ընդմէջէն մտածել տուաւ ներկաներուն` ՀՅԴ մամուլի եւ լրատուամիջոցներու գործունէութեան քաղաքական, գաղափարական ազգային ինքնութեան ու հայեցի դաստիարակութեան կարեւորութեան մասին, եւ թէ ինչպէ՛ս քաղաքական հասարակութիւնը եւ հասարակական կարծիքը առանցքային դեր կը խաղան մասնակցային ժողովրդավարութեան, օրէնքի իշխանութեան ամրապնդման, որոշումներու կայացման մակարդակի վրայ հասարակական տարբեր շերտերու շահերը ներկայացնելու մէջ:
Խորհրդաժողովի վերջին նիւթն էր «Վաթսունամեայ երթը կը շարունակուի», որ սկսաւ երիտասարդական քննարկումով: Սոյն նիստին ներկայացումներ կատարեցին Ս. Յակոբ Ազգային վարժարանի տնօրէնութեան անդամ` Լոռի Ապրաքեան, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի նախկին ներկայացուցիչ տոքթ. Վաղարշ Էհրամճեան եւ ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Տօնապետեան, իսկ նիստը համադրեց Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ տոքթ. Վիգէն Թիւֆենքճեան: Քննարկումին անդրադարձան մոնրէալահայ գաղութի երիտասարդութեան կեանքին ու նուիրուածութեան, վերջին տասնամեակներուն կեանքի ու պայմաններու փոփոխութեան պատճառով երիտասարդութեան մասնակցութեան մեր ազգային կեանքէն ներս, ու ապա այսօրուան երիտասարդին բանաձեւումը կատարելէ ետք, անդրադարձ եղաւ գալիքին մասին, ուր բաղդատութիւններ պէտք չէ կատարել, այլ անհրաժեշտ է հասկնալ ժամանակներն ու եղափոխութիւնները:
Նոյն օրը, երեկոյեան, Մոնրէալի Հայ կեդրոնի «Արթօ եւ Ալիս Մարգարեան» ճաշասրահին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական ընդունելութիւն` դարձեալ նուիրուած ՀՅԴ «Միհրան Փափազեան» կոմիտէութեան 60-ամեակին: Երեկոյին ընթացքին տեղի ունեցան նուիրատուութիւններ ի նպաստ ՀՅԴ «Միհրան Փափազեան» կոմիտէութեան աշխատանքներուն:
Միացեալ Նահանգներ
Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Երկու Միաբաններ Կը Միանան Արեւմտեան Թեմի Հոգեւորականաց Դասուն
Ընդառաջելով Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, Կրօնական ժողովին եւ Ազգային վարչութեան խնդրանքին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառ հայրապետ, կաթողիկոսութեան երիտասարդ միաբաններէն Թորգոմ ծ. վրդ. Տօնոյեանը եւ Վաչէ վրդ. Պալըքճեանը առաքած է ծառայելու Արեւմտեան թեմէն ներս:
Երկու միաբան հայրերը Լոս Անճելըս ժամանեցին 21 մարտին: Անոնք թեմին մէջ հոգեւոր ու վարչական ծառայութիւններ պիտի մատուցեն Ազգ. առաջնորդարանին ու ծխական շրջաններուն: Անոնց առաքելութեան գլխաւոր մարզերը պիտի հանդիսանան քրիստոնէական դաստիարակութեան, երիտասարդական միաւորներու աշխուժացման, կիրակնօրեայ դպրոցներու եւ Ս. Գրոց սերտողութեան աշխատանքները:
Նշենք, որ Թորգոմ ծ. վրդ. Տօնոյեան մայրավանքի յարկին տակ եղած է Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչ, կաթողիկոսարանի պաշտօնաթերթ «Հասկ»-ի խմբագիր, դաստիարակ, դպրեվանքի տեսուչ, ինչպէս նաեւ` կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» եւ դպրեվանքի «Արմաշ» երգչախումբերու խմբավար: Երաժշտական ուսման հետեւած է Պէյրութի եւ Երեւանի մէջ: Վերջին շրջանին հետեւած ու ամբողջացուցած է նաեւ աստուածաբանական բարձրագոյն ուսմանց խտացեալ դասընթացք մը Կալեսի մէջ:
Վաչէ վրդ. Պալըքճեան մայրավանքի յարկին տակ եղած է կաթողիկոսութեան Կիրակնօրեայ վարժարաններու վարիչ-տնօրէն, գաւազանակիր, նաեւ աջակցութիւն բերած է քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի աշխատանքներուն: Աստուածաբանական ուսման հետեւած է Պէյրութի Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական համալսարանին մէջ:
Զրոյց-Բանավէճ` «Արցախի Քառօրեայ Պատերազմն Ու Անոր Հետեւանքները» Նիւթով
Կազմակերպութեամբ Նիւ Ճըրզիի ՀՅԴ «Դրօ» կոմիտէութեան եւ Նիւ Եորք-Նիւ Ճըրզիի ՌԱԿ-ի մասնաճիւղին 17 մարտին «Ռիճֆիլտ» շրջանի Սուրբ Վարդանանց եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ զրոյց-բանավէճ:
Ձեռնարկին բացումը կատարեց Ճէյմս Սահակեան, որ բեմ հրաւիրեց զրոյցին մասնակցողները:
Առաջին բանախօսն էր մարդկային իրաւունքներու պաշտպան եւ քաղաքական միջնորդ Ռուբէն Մելիքեանը, որ յատկապէս անդրադարձաւ ատելութեամբ եւ երկիւղով նշուող Պաքուի կիրարկած վտանգաւոր քաղաքականութեան: Ան յիշեց 2004-ին Պուտափեշտի մէջ, ՕԹԱՆ-ի ժողովի մը ընթացքին հայոց բանակի ծառայող սպայ Գուրգէն Մարգարեանը կացինահարած ազերի սպայ Ռամիլ Սաֆարովի պարագան, որ իբրեւ ազգային հերոս կը ճանչցուի իր երկրէն ներս: Ան շեշտեց, որ նիւթապէս լաւապէս գոհացնելով Հունգարիոյ օրուան ղեկակարութիւնը` Ալիեւ կրցաւ ազատ արձակել տալ իր «հերոս» սպան, որ հազիւ վերադարձած Պաքու, ստացաւ պաշտօնի բարձրացում եւ նիւթական օժանդակութիւն:
Մելիքեան նաեւ ցոյց տուաւ տեսերիզներ, ուր բացայայտուած էր ազերիներու ատելութիւնը իրենց սահմանակից դրացիին հանդէպ, աւելցնելով, որ նմանօրինակ ատելութիւն կրնայ նոյնանման կացութիւններ ստեղծել հայորդիներու մօտ:
Հայաստանի մօտ, Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Ճոն Էվընզ, իր ելոյթին մէջ յայտնեց, որ Ազրպէյճան հակառակ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին հետ գործակցութեան, բազմիցս կը խախտէ զինադադարը: Էվընզ շեշտեց, որ Մելիքեանին կատարած ուսումնասիրութիւնը դրական է եւ առաջնահերթ դեր կը կատարէ հիմնահարցի լուծման գործընթացին մէջ:
Թիւֆենքեան հիմնարկի տնօրէն Անդրանիկ Գասպարեան իր խօսքին մէջ անգամ մը եւս նշելով ազերի ղեկավարութեան ունեցած ատելութիւնը` հայերուն հանդէպ շեշտեց Ռուսիոյ ունեցած ազդեցութեան կարեւորութիւնը շրջանին մէջ: Ան նկատել տուաւ, որ Արցախի պահպանման բանալի միջոցներէն մէկն է վերաբնակեցումը, յատկապէս` Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ գտնուող Քաշաթաղի եւ Քարվաճառի տարածաշրջաններէն ներս:
Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ Արցախի ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեան անդրադարձաւ սպառազինման` շեշտելով, որ Պաքու աներեւակայելի գումարներ կը մսխէ արդիականացնելու համար իր բանակը: Աւետիսեան աւելցուց, որ այս գծով աշխատանք պէտք է տարուի միջազգային բարձր մակարդակի վրայ` արգելք հանդիսանալու, որպէսզի նմանօրինակ սպառազինումներ չկատարուին:
Աւարտին առիթ տրուեցաւ ներկաներուն հարցումներ ուղղելու բանախօսներուն:
Չինաստան
Հայկական Համայնքի Կազմակերպութեամբ Ճատրակի Համացանցի Մրցում
12-24 մարտին Չինաստանի Հայկական համայնքին մէջ (ՉինաՀայ) տեղի ունեցաւ ճատրակի առաջին մրցումը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Չինաստանի Նանճինկ, Հոնկ Քոնկ, Սիան, Թայլանտ, Փեքին եւ Շանկհայ քաղաքներու մէջ բնակող հայերը:
Մրցումի աւարտին առաջին հանդիսացաւ Ալպերթ Ոսկանեան (Հոնկ Քոնկ), երկրորդ` Ռուբէն Գալստեան (Թայլանտ), իսկ երրորդ` Ռոզա Պապայեան (Փեքին):
Չինաստանի հայկական համայնքի նախագահ Մհեր Սահակեան յայտնեց, որ ճատրակի մրցանքը կազմակերպուեցաւ նորագոյն արհեստավարժութեան օգտագործման շնորհիւ, որը համախմբեց զանազան վայրերէ հայորդիներ: Ան նկատել տուաւ, որ հայերուն համար ճատրակը առանձնայատուկ տեղ կը գրաւէ եւ պէտք է զայն օգտագործել նաեւ որպէս միաւորող գործօն: