Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Մեսրոպեանի Աշակերտներ Աւարտեցին Robotics-ի Դասընթացքը

$
0
0

2017թ. մարտ 22-ին նորագոյն արհեստագիտութեան ուսուցման «Տը լիթըլ էնճընիր» կազմակերպութեան ներկայացուցիչը այցելեց Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան եւ վկայականներ յանձնեց Մեսրոպեանի այն աշակերտներուն, որոնք յաջողութեամբ աւարտած էին կազմակերպութեան Robotics-ի դասընթացքին առաջին հանգրուանը:

Մեսրոպեանը նշեալ կազմակերպութեան հետ սկսած էր գործակցիլ այս տարեսկիզբէն` քաջալերելու համար աշակերտները, որ ծանօթանան մարդամեքենաներու կազմութեան, եռաչափ տպագրութեան (3D printing) եւ համակարգչային ծրագրաւորման (Coding) գիտութիւններուն: Նոյն ծրագրով աշակերտներուն առիթ կը տրուէր իրականացնելու զանազան գիտափորձեր` ուսողութեան ճարտարագիտութեան, վերարտադրուող ուժանիւթի, ելեկտրոնային եւ այլ ուղղութիւններով:

Այս առիթով կայացած աշակերտական հաւաքին Մեսրոպեանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ շնորհաւորեց աշակերտները` անոնց յաջողութեան համար, յորդորեց բոլորը` հետաքրքրուիլ նորագոյն արհեստագիտական ձեռքբերումներով, որպէսզի առաւել պատրաստ ըլլան ապագայի ուսման եւ աշխատանքի պայմաններուն:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>