Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Ուսուցչաց Տօնը Հայ Տարեցներու Տան Մէջ

$
0
0

Հայ աւետարանական քոլեճի 10-րդ եւ 11-րդ դասարանի աշակերտները, որոնք հանրային ծառայութիւն կը կատարեն ՔԱՀԼ-ի Հայ տարեցներու տան մէջ, հոյակապ նախաձեռնութեամբ մը 9 մարտ 2017-ին յատուկ յայտագիրով եւ հիւրասիրութեամբ պատուեցին վերոյիշեալ տան պատսպարեալ նախկին ուսուցիչ-ուսուցչուհիները` ընկերակցութեամբ փոխտնօրէն դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեանի եւ 11-րդ դասարանի դաստիարակ Անգինէ Օպէյտի:

Աշակերտներուն կողմէ խօսք առաւ Փերլա Պասեթ, իսկ Լիլիթ Գույումճեան ասմունքեց. երգեցողութիւնը առաջնորդեց Վարդ-Վարս Մկրտիչեան: Իր սրտի խօսքը ըսաւ նաեւ քոլեճի փոխտնօրէնը: Ապա կարկանդակի հիւրասիրութեամբ եւ ծաղկեփունջերու նուիրումով աշակերտները հաճելի պահ մը անցուցին նախկին ուսուցչուհիներուն հետ` լսելով անոնց պատմութիւնները:

Մեծապէս ուսանելի նախաձեռնութիւն մըն էր, արդարեւ, կատարուածը. անպատկերելի է ուրախութիւնը, որ ապրեցան նախկին ուսուցչուհիները, որոնք հակառակ իրենց դիմագրաւած ֆիզիքական մարտահրաւէրներուն, պահ մը վերագտան իրենց ուսուցչական կորովը` այս անգամ ալ ուսուցանելով դասեր «իրենց վաստակաւոր կեանքի փորձառութենէն», ինչպէս վկայեց աշակերտուհի Փերլա Պասեթ իր խօսքին մէջ:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>