Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներէն «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցին կազմակերպութեամբ, ինչպէս ամէն տարի աւանդութիւն դարձած, այս տարի եւս տեղի ունեցաւ միջդպրոցական գծագրութեան մրցում «Լեւոն Շանթ» կեդրոնին մէջ, Պուրճ Համուտ, շաբաթ, 25 մարտ 2017-ին:
Մրցանքին ծրագիրը, որ կ՛ընդգրկէ երեք խումբերով կազմակերպել աշակերտներուն մասնակցութիւնը, նկատի առած անոնց տարիքները, առաջին խումբ` 6-9 տարեկան, երկրորդ խումբ` 10-12 տարեկան եւ երրորդ խումբ` 13-15 տարեկան, առիթ կը ստեղծէ, որ ամէն մէկ դպրոցէ առնուազն մասնակից աշակերտ մը միանայ իւրաքանչիւր խումբին: Այս տարի, 49 աշակերտներու մասնակցութեամբ կրցանք իրագործել մրցանքը, որ սկիզբ առաւ առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ եւ աւարտին հասաւ կէսօրէ ետք մօտաւորապէս ժամը 4:00-ի` շահող աշակերտներու մրցանակաբաշխութեամբ:
Առաւօտեան ժամը 10:00-ին արդէն իսկ հասած էին առաջին խումբի աշակերտները, որոնք, իրենց մատիտներով եւ ներկերով զինուած, պատրաստ կը սպասէին իրենց համար սահմանուած նիւթին փոխանցման, որպէսզի տային իրենց կարողութիւններուն առաւելագոյնը: Երկու ժամ ետք` կէսօրին, երբ փոքրերը աւարտած էին իրենց աշխատանքը, միեւնոյն պատրաստակամութեամբ գործի անցաւ միջակ աշակերտներուն խմբակը, որուն անդամները կը թուէին ըլլալ քիչ մը աւելի փորձառութիւն ունեցողներ, որոնք իրենց կարգին կը ներշնչէին ականատեսը, տպաւորելով զայն ակնկալելու բաւականին լաւ գծագրական գործեր: Եւ վերջապէս, երբ երկրորդ խումբի մասնակիցները յանձնած էին իրենց աշխատանքները, արդէն իսկ մեծերու խումբը կարծէք անհամբեր կը սպասէր ժամանակի մեկնարկին, որպէսզի սկսէին իրենց աշխատանքին: Պատանի պարմանուհիներուն դէմքերը յուսադրիչ էին, կը ներշնչէին անպայմանօրէն գեղեցիկ արդիւնքներ ունենալ: Այսպէս, վերջին խումբն ալ տիրող խանդավառ մթնոլորտով աւարտեց իր աշխատանքները, իր աւարտին հասցնելով օրուան ձեռնարկը, որ պիտի արժեւորուէր եւ իր լրումին հասնէր մրցանակաբաշխութեամբ:
Կէսօրէ ետք ժամը շուրջ 4:00-ին, արդէն բոլոր մասնակից աշակերտներուն գործերը ցուցադրուած էին, եւ ներկաները դիտելէ ետք զանոնք «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի տնօրէն Վազգէն Մուղալեան կարճ բացատրողական մը տալէ ետք օրուան ձեռնարկին պատրաստութեան ընթացքին, գործերու զտումին եւ մրցանակաբաշխութեան մասին, բեմ հրաւիրեց Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէն Յակոբ Հանտեանը, աշակերտներուն փոխանցելու համար մրցանակները` առաջին, երկրորդ եւ երրորդ հանդիսացողներուն, եւ հաստատագիրները բոլոր մասնակցողներուն:
Այս տարուան «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի կազմակերպած միջդպրոցական գծագրութեան մրցանքին արդիւնքները ստացան հետեւեալ պատկերը:
Ա.- Առաջին խումբ` 6-9 տարեկան, առաջին հանդիսացաւ Ռուբէն Գույումճեան (Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան վարժարան), երկրորդ հանդիսացաւ Մէյրի Ներսէսեան (Ազգ. Աբգարեան վարժարան), երրորդ հանդիսացաւ Գէորգ Ներսէսեան (Ազգ. Աքսոր Գասարճեան վարժարան):
Բ.- Երկրորդ խումբ` 10-12 տարեկան, առաջին հանդիսացաւ Հուրի Օհանեան (Ազգ. Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան վարժարան), երկրորդ հանդիսացաւ Նաթէլ Հաւաթեան (Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան վարժարան), երրորդ հանդիսացաւ Աքասիա Պէրպէրեան (Ս. Հռիփսիմեանց վարժարան):
Գ.- Երրորդ խումբ` 13-15 տարեկան, նկատի ունենալով այս խմբակի մասնակիցներուն գործերուն գեղեցկութիւնը, որ բոլորն ալ մրցանակի արժանի կը դարձնէ, հետեւաբար որոշում կայացնելու դժուարութենէն մեկնած եւ արդար ըլլալու մտահոգութեամբ ունեցանք երկու առաջին, երկու երկրորդ եւ երկու երրորդ: Առաջին հանդիսացան Սելլա Մարգարեան (Դարուհի Յովակիմեան վարժարան) եւ Միքայէլ Հաճեան (Ազգ. Յառաջ Գալուստ Կիւլպէնկեան վարժարան), երկրորդ հանդիսացան Նարին Սէրայտարեան (Դարուհի Յովակիմեան վարժարան) եւ Գարին Քիլէճեան (Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարան), երրորդ հանդիսացան Ալիսիա Լեւոնեան (Սահակեան Մկրտիչեան վարժարան) եւ Տեսիլ Մսըրլեան (Պօղոս Գ. Կարմիրեան վարժարան):