Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Պէտք Է Ապաւինինք Մե՛ր Ուժերուն, Մե՛ր Զէնքին Եւ Մե՛ր Բազուկին

$
0
0

ՍԱՄՈՒԷԼ ՄԿՐՏՉԵԱՆ
Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան

Մէկ տարի անցած է Ապրիլեան իրադարձութիւններու այն չորս օրուան ընթացքին տեղի ունեցած դէպքերէն, որոնք հերթական անգամ խոր հետք ձգեցին մեր հաւաքական յիշողութեան վրայ եւ բազմաթիւ մտորումներու առիթ հանդիսացան: Առաջինը, որ պէտք է խօսուի եւ անընդհատ յիշուի այդ դէպքերուն հետ կապուած այն է, որ մենք ականատես եղանք մեր ժողովուրդի հերոսացման հերթական շատ կարեւոր դրուագի մը, երբ այդ պատանիները` 18-20 տարեկան, խրամատներուն մէջ իրենց կեանքը զոհեցին եւ հերթական անգամ ապացուցեցին, որ հայրենիքի զինուորէն աւելի բարձր կոչում գոյութիւն չունի, եւ որ միայն այդ զոհողութեան միջոցով հնարաւոր է պահել մեր հողեր, ապահովել մեր ժողովուրդի, մեր երկու պետութիւններու պետականութիւններու անվտանգութիւնը եւ խաղաղ զարգացումը:

Այդ հերոսացումը մնաց մեր սրտերուն մէջ եւ յաւերժ պիտի մնայ մեզի հետ, միշտ բարձր ոգիով պիտի յիշենք մեր նահատակները, յարգանքի տուրք մատուցենք անոնց անմար յիշատակին: Երկրորդը` այդ իրադարձութիւնները կրկին անգամ վառ կերպով ի ցոյց դրին մեր համահայկական համազգային համերաշխութիւնը: Կրկին անգամ աշխարհի բոլոր անկիւններուն մէջ, եւ յատկապէս այստեղ` Լիբանանի մէջ, մեր հայութեան տարբեր հատուածները իրենց բողոքի ձայնը բարձրացուցին հակառակորդի նենգ գործողութիւններուն դէմ: Աշխարհի ուշադրութիւնը հրաւիրեցին հայ ժողովուրդի արդարացի այդ կռիւի դրուագին եւ կրկին անգամ նեցուկ կանգնեցան խրամատներուն մէջ իրենց կեանքը զոհելու պատրաստ մեր զինուորներուն:

Այդ համերաշխութիւնը մեր առանցքային արժէքն է, մեր համազգային գանձը, մեր համազգային ոգին, որ իր դրսեւորումը ստանալով հերթական անգամ կրկին ամրապնդուեցաւ եւ պիտի շարունակէ մեզ ուղորդել մեր հետագայ գործողութիւններուն մէջ:

Անցեալ տարուան ապրիլեան դէպքերէն մենք դասեր քաղեցինք, թերեւս դառն, բայց ճշմարտացի դասեր, որ դատելով նաեւ համաշխարհային արձագանգներէն, մենք եւս մէկ անգամ եկանք այն խոր համոզմամբ, որ մեր իրաւունքները պաշտպանելու ընթացքին մեր ժողովուրդի ազատագրական պայքարի առաջ տանելու առումով առաջին հերթին պէտք է ապաւինինք մեր իսկ ուժերուն, մեր զէնքին, մեր բազուկին, այլապէս մենք կը կանգնինք աւելի լուրջ խնդիրներու առջեւ: Ամէն անգամ երբ Արցախ կը գտնուինք եւ անմիջականօրէն շփուելով մեր զինուորներուն, մեր զինծառայողներուն հետ եւ տեսնելով անոնց այդ հաւատամքը, այդ ամրութիւնը, որ իրենք կը պաշտպանեն իրենց ընտանիքները, եւ  ընտանիքները պաշտպանելով կը պաշտպանեն մեր ազգը, մեր ժողովուրդի հաւաքական գոյատեւման իրաւունքը, կը ներշնչուիս այդ հաւատով եւ կրկին կը համոզուիս, որ այս ոգիով, այս հաւատամքով մենք ի վերջոյ կը հասնինք մեր առջեւ դրուած այդ նպատակներու իրականացման:

Ինչպէս քանի մը օր առաջ Արցախ այցելութեան ընթացքին նշեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ` Սերժ Սարգսեանը, մենք այդ դասերը ճիշդ սերտած ենք եւ ձեռք առած ենք այն անհրաժեշտ միջոցները, որոնք ռազմական առումով պէտք է ապահովեն Արցախի սահմաններուն ամրութիւնը, բարձրացնեն պաշտպանողականութեան աստիճանը եւ լուրջ արգելք հանդիսանան մեր թշնամիին հետագայ ոտնձգութիւններուն: Ոգեւորուելով այդ իրադարձութիւններու հերոսականացման եւ մեր հաւաքական ոգիի դրսեւորումներէն, բայց նաեւ նշուած դասերը քաղերով, մենք պիտի ծրագրենք մեր հետագայ քայլերը` համոզուած ըլլալով, որ ինչքան ալ դաշնակիցներ ունենանք, ինչքան ալ փորձենք ակնկալել ուրիշներու օգնութիւնը, միեւնոյնն է առաջին հերթին միասնաբար պիտի ապաւինինք մեր ուժերուն մեր սեփական կարողութիւններուն եւ հնարաւորութիւններուն, որպէսզի չկորսնցնենք արդէն ձեռք բերուածը եւ աւելի ամրապնդենք եւ յառաջ ընթանանք մեր նպատակներու իրականացման առումով:

 

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>