Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Հակառակ Արցախ այցելել փափաքող օտար քաղաքական գործիչներուն, արուեստագէտներուն եւ լրագրողներուն ուղղուած Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն սպառնալիքներուն եւ այսպէս կոչուած «Սեւ ցուցակին», քիչ չէ թիւը անոնց, որոնք ամէն պարագայի կ՛այցելեն Արցախ, աւելի՛ն կը հրապարակեն իրենց տպաւորութիւնները:
Ն.
Թրքահայ Բեմադրիչ Օզճան Ալփեր.
«Թուրքիա Կը Նմանի Բազմաբնակարան
Շէնքի Մը, Ուր Փակ Են Բոլոր Դռները»
Այս տարուան յունուարին սկսաւ ցուցադրուիլ թրքական «Ծիծեռնակի փոթորիկը» հեռատեսիլային նոր հաղորդաշարը, որուն
բեմադրիչը հայկական ծագումով Օզճան Ալփերն է: Ալփերը համշէնահայ է: Ան ծնած է 1975-ին, Թուրքիոյ հիւսիս-արեւելքը գտնուող Հոփա քաղաքը: Այդ տարածքը ժամանակին ներառուած էր Մեծ Հայքի Գուգարք նահանգին մէջ: Այստեղ այժմ կը բնակի հեմշիլներու ցեղային խումբը (համշէնցիներ): Ալփերը ինքզինք հայ կը համարէ, ան ամուսնացած է Հրանդ Տինքի զարմիկին` Լուսինի հետ: Պոլսոյ համալսարանին մէջ ան նախ բնագիտութիւն, ապա գիտութեան պատմութիւն ուսանած է: 2000-ականներու սկիզբը հետաքրքրուած է շարժապատկերով եւ սկսած է շարժապատկերի աշխատանոցին մէջ իբրեւ բեմադրիչի օգնական աշխատիլ: Իր առաջին կարճամեթրաժ «Մոմի» ժապաւէնը Ալփերը նկարահանած է համշէնեան բարբառով եւ դատապարտուած է Թուրքիոյ քրէական օրէնսգիրքի 8-րդ յօդուածով` «անարգանք թրքական ինքնագիտակցութեան»:
Բեմադրիչը ենթարկուած է տուգանքի եւ մէկ տարուան բանտարկութեան դատապարտուած է, պայմանաւ որ հինգ տարի պէտք չէ շօշափէ Հայոց ցեղասպանութեան նիւթը: 2009-ին Երեւանի 6-րդ «Ոսկէ ծիրան» շարժապատկերի փառատօնի հիմնական ծրագիրին մէջ ներկայացուած է անոր սկսնակի լիամեթրաժը «Աշուն» ժապաւէնը, որ «Ֆիլմ Նիու Եուրոփ» պարբերականը կոչած է` «Թրքական շարժապատկերի նոր ձայն»: Երիտասարդի պատմութիւնը, որ տասը տարի բանտ մնալէն ետք հայրենի գիւղ կը վերադառնայ, նկարահանուած է Շարժապատկերի համաշխարհային հիմնադրամի աջակցութեամբ: Ժապաւէնը ունի հրաշալի գեղարուեստական յատկանիշներ ու արժանի էր բարձր պարգեւի, սակայն որոշ հայ շարժանկարիչներ բարոյագիտութենէն դուրս համարեցին Հայաստանի մէջ թրքական ժապաւէնին մրցանակ տալը: Սակայն դատակազմի նախագահ ճափոնցի Քոհեա Ակուրին պնդեց ժապաւէնին յատուկ վկայագիր եւ Շարժապատկերի մամուլի միջազգային միութեան մրցանակ յանձնել: 2012-ին Ալփերը կրկին «Ոսկէ ծիրան»-ին նոր ժապաւէն մը ներկայացուց` «Ապագան կը տեւէ յաւէտ», որ կը պատմէ քիւրտ ժողովուրդի մասին: Բեմադրիչը կը նշէ, որ անոր մէջ կ՛արտացոլան թուրք հասարակութեան մէջ առկայ բոլոր խնդիրները:«Թուրքիա կը նմանի բազմաբնակարան շէնքի մը, ուր փակ են բոլոր դռները: Երբ խնդիրը կը ծագի, բնակարանին դուռը ուղղակի բանալիով կը փակուի»: Սեպտեմբեր 2011-ին ժապաւէնը թրքական «Ոսկէ գունդ» շարժապատկերի փառատօնի ժամանակ Թուրքիոյ շարժապատկերի քննադատներու միութեան հինգ մրցանակները ստացած է, որոնց շարքին` «Լաւագոյն ժապաւէն»-ի մրցանակը:
Ալճերիական Յայտնի «Մենատիֆենս»
Կայքին Մէջ Արցախ Այցելած Օրագրողը
Ծաւալուն Յօդուած Հրապարակած Է
Ալճերիական յայտնի «Մենատիֆենս» կայքին մէջ Արցախի մասին յօդուած հրապարակուած է «Լեռնային Ղարաբաղ` հիւսիսային շփման գիծի վրայ» վերնագիրով: Յօդուածին հեղինակը լրատուամիջոցի յատուկ թղթակից Թարեք Հաֆիտն է, որ վերջերս այցելած էր Արցախ` «Օրագրողներու (blogger) միջազգային համաժողով»-ին մասնակցելու նպատակով:
Ստորեւ «Արցախփրես»-ը կը ներկայացնէ յօդուածի համառօտ թարգմանութիւնը:
Լեռնային Ղարաբաղ.
Հիւսիսային Շփման Գիծի Վրայ
Ինչո՞ւ պատերազմ է աշխարհի մէջ, ինչո՞ւ պատերազմի մասին չեն խօսիր հեռատեսիլէն:
Ինչո՞ւ այն ժամանակ, երբ Լիպիան, Իրաքն ու Սուրիան կրակի ու արեան մէջ են, այդպիսի լուսանցքային հակամարտութեան կարգաւորումը կը յետաձգուի:
Ինչո՞ւ զանգուածային լրատուութեան միջոցները պատմական անդրադարձ չեն ունենար ռազմավարական հակամարտութիւններուն, լրատուութեան այս տեսակները միջոցներ չունին վերահսկելու ոչ բուռն պատերազմները երկար ժամանակով, մինչդեռ հակամարտութեան այս տեսակը խորիմաստ, ցեղային, կրօնական, աշխարհառազմավարական եւ պատմական է:
Լեռնային Ղարաբաղի դէպքը (Nagorni-Karabagh, ես միշտ կ՛օգտագործեմ խորհրդային անուանումը, որ թերեւս կը յիշեմ ըստ ալճերիական հեռատեսիլին) ապշեցուցիչ է: Ան ռազմավարական տարածաշրջան է, որ կը գտնուի Մետաքսի ճանապարհի գագաթնակէտին, կազի եւ քարիւղի խողովակաշարերու խաչմերուկին, բազմաթիւ մշակոյթներու ու կրօններու խաչմերուկին (քրիստոնէութիւն, սիւննի, Հայ առաքելական` ուղղափառ եկեղեցի), անիկա նեղ սահման մըն է տարածաշրջանային մեծ պետութիւններու միջեւ` կառուցուած հնագոյն կայսրութիւններու աւերակներուն վրայ (Թուրքիա, Իրան, Հայաստան եւ Ռուսիա): Լեռնային Ղարաբաղը կամ Լեռնային սեւ այգին` իբրեւ անուան թարգմանութիւն, Ազրպէյճանի համար կը համարուի կարեւոր տարածք, իսկ հայերու համար` ճշմարիտ օրրան: Ան անջատուած է Հայաստանէն Ստալինի հրամանով, հաւանաբար` իր յարաբերութիւնները պահպանելու համար Մուսթաֆա Քեմալի հետ, որ կը գերիշխէր այդ տարածաշրջանին մէջ: Բայց քիչերը գիտեն, որ ասիկա անհանգստութիւններու սկիզբն էր Լեռնային Ղարաբաղի մէջ. մօտ 1987-ին խորհրդային զօրքերու ներթափանցումը կայծ էր, որ եւ կրնայ յանգեցուցած ըլլալ Խորհրդային Միութեան փլուզման: Պատերազմը, որ տեւած է 1992-1994, յանգեցուցած է 20 հազար զոհերու` երկու կողմերէ, տասնեակ հազարաւոր տեղահանուածներու եւ որեւէ արդիւնք չէ ունեցած աւելի քան զինադադարը, որ աստիճանաբար զինուած պայքարը վերափոխած է սառն եւ խուլ պատերազմի:
Պատերազմը Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ցոյց կու տայ, թէ ինչպէ՛ս Փոքր Ասիան կը դառնայ փոշիի տակառիկ` պարզապէս հաշուի առնելով զինուած անձերու ներգրաւուածութիւնը այդ մեծ տարածաշրջանին մէջ: Ռուսիոյ վերադարձը թատերաբեմ, Էրտողանի որդեգրած փանթուրանիզմը եւ Իրանը` իբրեւ աշխարհի շիաներու պաշտպան, կրնան փոթորիկ բարձրացնել, որ իր հերթին կրնայ բորբոքել խարոյկը Կովկասի մէջ:
Ազրպէյճանցիներու յարձակումը 2016-ի ապրիլին կը յիշեցնէ, որ Կովկասի մէջ Ազրպէյճանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի ինքնահռչակ հանրապետութիւններուն միջեւ պատերազմը կրնայ սկսիլ որեւէ ատեն: Մէկ տարի ետք հակամարտող կողմերու միջեւ դեռ կը շարունակուին յարձակումներն ու լարուածութիւնը:
Թալիշի մէջ անցած տարուան պայքարի հետեւանքները դեռ ակներեւ են: Տան պատերն ու մեքենաները վնասուած էին «Կրատ» տեսակի հրթիռներու հարուածներէն: Ըստ մամուլի տեղեկատուութեան, յարձակման վերջին փորձերը սկսած են փետրուարին: Փետրուար 25-ի գիշերը անոնցմէ շատերը սպաննուած են Աղտամի մօտ գտնուող շփման գօտիին վրայ:
Հեղինակը իր ծաւալուն յօդուածին մէջ անդրադարձած է նաեւ հայոց բանակի յառաջապահ դիրքեր կատարած իր այցելութեան եւ զինուորականներէն ստացած իր տպաւորութիւններուն մասին:
«Մենատիֆենս»-ը ալճերիական յայտնի առցանց լրատուամիջոց է, որ կը հրապարակէ հիմնականօրէն Մերձաւոր Արեւելքի ու Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ պաշտպանութեան ու անվտանգութեան հարցերու վերաբերեալ տեղեկատուական նիւթեր եւ վերլուծումներ:
Հանգիստ` Կովկասեան Զուիցերիոյ Մէջ.
«Թրավըլպլոկ»-ի Անդրադարձը
Արցախի Զբօսաշրջային Գրաւչութեան
Մերձպալթեան երկիրներու մէջ յայտնի ճանապարհորդական պլոկը` «Թրավըլպլոկ.էլ.վի», յօդուած մը նուիրած է Արցախին` ուշադրութեան հրաւիրելով անոր զբօսաշրջային գրաւչութեան վրայ, կը հաղորդէ «Արցախփրես»-ը:
Յօդուածը վերնագրուած է` «Հանգիստ` գոյութիւն չունեցող երկրի մը մէջ. Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն»:
«Կովկասեան Զուիցերիա. այսպիսի անուանում ստացած է աշխարհի ոչ մէկ երկրի կողմէ ճանչցուած Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը: Անդրկովկասի մէջ գտնուող Արցախի (հայերը այդպէս կ՛անուանեն ԼՂՀ-ն) լեռները 40 տոկոսով պատուած են անտառներով», կը գրէ յօդուածին հեղինակը` նշելով, որ թէեւ երկիրը քաղաքական եւ տնտեսական մեկուսացման մէջ է եւ ունի տարածքային խնդիր, սակայն կառավարութիւնը սկսած է աշխուժօրէն զբաղիլ զբօսաշրջութեան զարգացմամբ:
«Վերջին 10 տարուան ընթացքին օտարերկրեայ զբօսաշրջիկներուն, որոնք հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերեն Արցախի նկատմամբ, թիւը աւելցած է աւելի քան 4 անգամ` հասնելով տարեկան 16 հազարի», կը նշէ պլոկը` ընդգծելով, որ տարածաշրջանի վերականգնման ծրագիրի նպատակով արտերկրի մէջ բնակող հարուստ հայրենակիցներու միջոցներով կառուցուած են հարիւրաւոր քիլոմեթրերով ճանապարհներ, վերակառուցուած են դպրոցներ, հիւանդանոցներ եւ բնակելի թաղամասեր, վերանորոգուած են ճարտարապետական կոթողներ:
Կայքը կը նշէ, որ Լեռնային Ղարաբաղ մուտքը կարելի է միայն Հայաստանի ցամաքային տարածքով: «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն մուտք գործելու ժամանակ ձեզ կը դիմաւորեն քանի մը սիրալիր զինուորականներ, կը խնդրեն ցոյց տալ անձնագիրները եւ պարտադիր արձանագրուիլ Ստեփանակերտի մէջ, ինչ որ, ինչպէս յետոյ պարզուեցաւ, կը տեւէ ընդամէնը 10 վայրկեան ու անհրաժեշտ է միայն վիճակագրութեան համար», կը գրէ հեղինակը:
Ան կը ներկայացնէ 53 հազար բնակչութիւն ունեցող մայրաքաղաք Ստեփանակերտը, «Մենք ենք, մեր սարերը» յուշարձանը, Գանձասարի վանքը, Տիգրանակերտն ու այնտեղ իրականացուող հնագիտական պեղումները, Շուշին` Ղարաբաղի հայերու ազատագրման ու անկախութեան խորհրդանիշը, Ճտրտուզը, «Զոնդիկներ» փոքր-ջրվէժը, Դադիվանքը եւ այլն: Հեղինակին ուշադրութենէն չի վրիպիր նաեւ «ժենգեալով հացը»:
«Արցախի զբօսաշրջային գրաւչութիւնը հաստատուած է համաշխարհային յառաջատար պարբերականներուն կողմէ: Ատոնցմէ կարելի է առանձնացնել «Տը Նիու Եորք Թայմզ»-ի լրագրողին յօդուածը` «Տաք ընդունելութիւն Կովկասի մէջ», ինչպէս նաեւ բրիտանական «Տը Կարտիըն»-ի կողմէ ԼՂՀ-ն ամառնային արձակուրդները անցընելու լաւագոյն երկիրներու մէջ ներառելու փաստը», եզրափակած է հեղինակը: