Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Հայրենի Արուեստագէտ Ռուբէն Բաբայեանի Վարպետաց Դասը Համազգայինի «Արեգ» Թատերական Դպրոցին Մէջ

$
0
0

Շաբաթ, 25 մարտ 2017-ին Համազգայինի թատերական դպրոց այցելեց Հայաստանի Հանրապետութեան արուեստի վաստակաւոր գործիչ, բեմադրիչ` Ռուբէն Բաբայեան, որ հրաւիրուած էր Համազգայնի «Գ. Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան կողմէ` Թատրոնի միջազգային օրուան առիթով:

Ռուբէն Բաբայեանի կ՛ուղեկցէին «Գ. Իփէկեան»-ի վարչութեան ատենապետ Մարտիկ Տեմիրճեան եւ Համազգայինի Շրջանային վարչութեան անդամ Վարդան Ազնաւորեան:

«Արեգ»-ի գեղարուեստական ղեկավար Ռոպերթ Առաքելեան հակիրճ գիծերու մէջ ներկայացուց հայրենի արուեստագէտը, ապա Ռուբէն Բաբայեան վարպետաց դաս անցուց «Արեգ»-ի աշակերտներուն հետ: «Մարդը աւելի հզօր է, քան պետութիւնը, որովհետեւ Աստուած ստեղծած է մարդը, իսկ մարդը` պետութիւնը, հետեւաբար ձեր հնարաւորութիւնները անսահման ըլլալով` պետութիւններէ եւ կայսրութիւններէ աւելի ուժեղ էք…», ըսաւ ան:

Ռուբէն Բաբայեան աշակերտներուն խօսեցաւ հաւաքական աշխատանքի, միասնաբար իրագործելու, տոկուն կամքի եւ նպատակասլացութեան մասին, ապա դրուատելով անոնց մեծ սէրն ու նուիրումը թատրոնին հանդէպ` մասնագիտական այլազան խնդիրներով եւ վարժութիւններով աշխատեցաւ անոնց հետ:

Աշակերտները իրենց կարգին մասնագիտական հարցումներ ուղղեցին վարպետին` ստանալով օգտաշատ լուսաբանումներ:

Ռուբէն Բաբայեանի այցելութիւնը «Արեգ»-ի աշակերտներուն յիշողութեան մէջ կը մնայ իբրեւ իրենց կեանքի յիշարժան իրադարձութիւններէն մէկը:

Հանդիպման աւարտին բեմադրիչ Ռոպերթ Առաքելեան շնորհակալական խօսքով, իսկ աշակերտները` ջերմ ծափահարութիւններով հրաժեշտ տուին հայրենի արուեստագէտին:

ԹՂԹԱԿԻՑ


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>