Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Երիտասարդ Դերասաններու Կարծիքները` Լիբանանահայ Թատերական Կեանքին Մասին

$
0
0

Եթէ թատրոնը մեր կեանքին հայելին է, դուն` իբրեւ թատրոնի երիտասարդ, դերասան, թէ հանդիսատես, ինչպէ՞ս կը գնահատես այսօրուան լիբանանահայ թատրոնի ընթացքը եւ ի՞նչ կ՛ուզես տեսնել բեմին վրայ:

Սէրուժ Յովսէփեան

Լիբանանահայ թատրոնը տարիներէ ի վեր կրած էր «սիրողական թատրոն» պիտակը… թատրոն մը, որ կը հետապնդէր հայապահպանման նպատակ: Ինչո՞ւ չէ. սակայն այսօր այդ գաղափարով գործելը ո՛չ միայն կը սահմանափակէ, այլեւ բոլորովին անիմաստ կը դարձնէ լիբանանահայ թատերական գործիչին արուեստը: Այդ հիման վրայ այսօրուան թատրոնը պէտք է ձգտի պատասխանել մեր հանրութեան ներկայ մտահոգութիւններուն` հանդիսատեսին հրամցնելով տարբեր գոյներ և ճաշակներ… անոր առջեւ բանալու համար նոր հորիզոններ: Ի վերջոյ, դարձեալ «սիրողական»-ի սահմանումին պատճառով, լիբանանահայ բեմը քիչ թիւով երիտասարդական ներկայացումներ ունեցած է, իրականութիւն մը, որուն դէմ պայքար կը տարուի` նկատի ունենալով, որ երիտասարդ մը նոյնպէս իրաւունք ունի բեմին վրայ տեսնելու զինք յուզող հարցերը, տեսնելու իր ներաշխարհը, երիտասարդի ներաշխարհը… Շա՛տ խօսեցայ, շ՜  ներկայացումը պիտի սկսի:

 

Փաթիլ Մկրտիչեան

«Բեմ»-ը այն վայրն է, ուր կարելի է ձերբազատիլ առօրեայ մտահոգութիւններէ, ապրիլ ուրիշ տեղ, այլ կերպար մը մարմնաւորել, մէկ խօսքով` «մի ուրիշ աշխարհ է»: 7 տարեկանէս Համազգայինի «Արեգ» թատերախումբի երդիքին տակ գործելով, իբրեւ դերասան, հանդիսատես, մէկ խօսքով` թատերական աշխարհին հարազատ մարդ, կը հաստատեմ, որ տարիներու ընթացքին շատ բան փոխուած է: Անցեալի «անընդունելի»-ն այսօր դարձած է «մարսելի»: Հակառակ թապուներու վարագոյրներ պատռելուն` լիբանանահայ թատրոնը նահանջեց: Հակառակ քանի մը գոյնի ներկայացումներու գոյութեան, տարին հաշուըւած թիւով թատերախաղեր կը ներկայացուին: Հայրենիքի թատերական կեանքին հետ համեմատած` Լիբանանի մէջ կը տեսնենք տարեկան 3-4 ելոյթներ, ուր կամաւոր դերասաններու բեմ բարձրանալուն սահմանափակ առիթներ կան: Շնորհակալութի՛ւն Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան` թատերական բեղուն գործունէութեան համար:

 

Հրայր Գալեմքերեան

Ժանօ Պեքերեճեանի խանութին առջեւէն անցած ատենս նշմարեցի Յակոբ Տէր Ղուկասեանը եւ Վարդան Մկրտիչեանը, որոնք մայթին վրայ կը կատակեն եւ կը խնդան Ժանոյին հետ: Մօտեցայ, բոլորը ինծի ուղղուած կատակ մը ըրին: Խնդացինք:

Ճամբուն միւս մայթէն, օրական քալելու իր մարզանքին ընթացքին, Վաչէ Ատրունի այս կողմ կը նայի: Ժանօ կը բարեւէ` ըսելով. «Ընկերներդ հոս են, Վաչէ՛»: Վաչէն ձեռքով նշան կ՛ընէ, որ շուտով պիտի միանայ: Այս միջոցին ինքնաշարժ մը կը շարուի խանութին առջեւ եւ Սուրէն Խտըշեանը դուրս կու գայ: «Մենք ալ ըսինք` մէկը բացակայ է», կը կատակէ Յակոբը: Վրայ կը հասնի Վաչէ Ատրունի: Այդպէս ոտքի, մայթին վրայ, 15 վայրկեան մը, երբեմն խնդալով, երբեմն ալ մտահոգ, ամէն մարդ ներկայ թատրոնի իրավիճակին մասին քանի մը խօսք կը նետէ, իսկ ես` իբրեւ հանդիսատես, կը զուարճանամ այս կարճ զրոյցներով, մինչեւ որ Ժանոն «կը վռնտէ» բոլորը` ըսելով. «Քիչ մըն ալ աշխատինք»: Եւ լիբանանահայ թատրոնով զբաղող բեմադրիչները կը հեռանան:

Եւ ես կը մտածեմ: Արդեօք ի՞նչ կը պատահի, եթէ «քիչ մըն ալ աշխատինք», որ իւրաքանչիւր հայկական դպրոց տարին քանի մը պահ զոհելով` իր աշակերտները բերէ 4 կամ 5 ներկայացումի: Կամ` որքա՛ն հաճելի պիտի ըլլայ, եթէ «քիչ մըն ալ աշխատինք», որ հայութենէ հեռու մնացած, արուեստ ուսանող երիտասարդներ ներառուին հայկական ներկայացումներու մէջ` իբրեւ դերասան կամ թեքնիք բաժինի աշխատակից:

Վերջապէս, որքա՛ն գոհ կը մնանք, եթէ հանդիսատեսին զբաղեցնելէ բացի` «քիչ մըն ալ աշխատինք» ոգեւորել, մխիթարել եւ անուղղակիօրէն նպաստել անոր կեանքին մէջ որոշ դրական փոփոխութեան:

 

Նժդեհ Մկրտիչեան

Կարելի է ըսել, որ այսօր լիբանանահայ թատրոնը կ՛ապրի զարգացում մը: Սկսած է բարձրանալ ներկայացուող թատրերգութիւններուն թիւը` զանազան խումբեր, զանազան ներկայացումներ, զանազան նիւթերով:

Սկսած ենք տեսնել այժմէական նիւթերով թատրոններ, որոնք կը հետաքրքրեն հանդիսատեսը:

Նկատելի է օտար գրողներու, օտար թատրոններու ներկայացումներու աճ մը, ինչոր նորութիւն կը բերէ լիբանանահայ բեմին:

Փափաքս է, որ բեմերու վրայ շարունակենք տեսնել այժմէական նիւթեր արծարծող թատերախաղեր, որոնք կը խօսին ներկայ հարցերու, մարտահրաւէրներու եւ դժուարութիւններու մասին: Այսպիսով,  հանդիսատեսը ինքզինք աւելի հարազատ կը զգայ:

Փափաքս է նաեւ տեսնել որակաւոր կատակերգութիւններ, որովհետեւ ժողովուրդը երբեմն ալ պէտք ունի խնդալու` քանի մը ժամ մոռնալով իր առօրեայ դժուարութիւնները:

Բայց ամէնէն կարեւորը այն է, որ լիբանանահայ ժողովուրդը առաւել եւս քաջալերէ թատրոնը, հայ թատրոնը, որպէսզի բարձրանայ նաեւ ելոյթներուն թիւը:

 

Գուրգէն Փափազեան

Կը կարծեմ, որ թատրոնին նկատմամբ սէրը կամ առնուազն թատրոն դիտելու հետաքրքրութիւնը  հետզհետէ աւելի ու աւելի կը պակսի մեր գաղութին մէջ:

Պատճառները բազմաթիւ են: Այդ երեւոյթին հիմնական պատճառներէն մէկը կրնայ ըլլալ ընդհանուր առմամբ (այսինքն` ո՛չ միայն մեր գաղութի պարագային) արուեստի ետքայլը: Վերջինիս պատճառն ալ բնականաբար արհեստագիտութեան (technology) զարգացումն է:

 

Անժելինա Սարգիսեան

«Աշխարհը Աստուծոյ ստեղծած արուեստն է, իսկ արուեստը` մարդուն ստեղծած աշխարհը…»: Այսօր մենք` իբրեւ լիբանանահայեր, տակաւին կը պահպանենք մեր մշակոյթը եւ կառչած կը մնանք մեր թատրոնին, երաժշտութեան, պարերուն եւ այս արուեստներուն միջոցով շինած ենք մեր աշխարհը` մեր մշակոյթը: Ես` իբրեւ երիտասարդ դերասանուհի, կը փափաքիմ  մեր հայկական ներկայացումները տարածուած տեսնել Լիբանանի բոլոր բեմերուն վրայ: Պէտք է ունենանք բարձրորակ թատրոններ եւ մեր մշակոյթին միջազգային ճանաչում, որովհետեւ կը հաւատամ, որ արուեստը ազգի մը ինքնութիւնն է: Իսկ, իբրեւ հանդիսատես, շատ կը փափաքիմ, որ մենք` իբրեւ հայ ազգ, միշտ հետաքրքրուինք թատրոնով, դիտենք, քաջալերենք եւ, ինչո՞ւ չէ, կարծիքներ փոխանակենք:

Բարի՛ Թատրոնի միջազգային տօն:

 

Արփի Սողոմոնեան

Լիբանանի հայկական գաղութը աշխարհի ամէնէն աշխուժ գաղութը կը նկատուի, մասնաւորաբար` թատերական կեանքը: Բարեբախտաբար առիթը ունեցայ վայելելու Լիբանանի հայ թատրոնին հարստութիւնը:

Մեծցած եմ Հալէպ, 7 տարեկանէս եղած եմ թատրոնի սիրահար: Թատրոնը ինծի կեանք կը ներշնչէ եւ այդ պատճառով շատ դժուար է ինծի համար ապրիլ հայկական թատրոնէ հեռու միջավայրի մը մէջ:

Ամէնէն շատ բեմը վայելելու առիթը ունեցած եմ Հալէպի մէջ, յետոյ` Լիբանան, ապա` Քանատա, եւ այսպիսով յաջողած եմ բաղդատել թատրոն հասկացողութիւնը տարբեր միջավայրերու մէջ: Լիբանանահայ թատրոն հասկացողութիւնը հրաշք հասկացողութիւն մըն է, մասնաւորաբար` մերսիրելի բեմադրիչներուն իրարու հանդէպ ունեցած սէրն ու բարեկամութիւնը, եւ ատիկա ինծի ուղղակի հիացում կը պատճառէ, եւ կարծես հանդիսատեսը աւելի մղէ քաջալերելու հայ թատրոնը:

Ես կը վստահեցնեմ, որ Լիբանանի հայ թատրոնը ամէն իմաստով տարբեր է բոլոր միւս հայկական գաղութներուն թատրոններէն: Մեծ կարօտ ունիմ դարձեալ վայելելու տախտակին հոտը, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահի տաքուկ ու ջերմ բեմը:

Միակ փափաքս է, որ լիբանանահայ թատրոնի բոլոր խենթ սիրահարները գիտնան արժէքը այս գեղեցիկ գաղութին, եւ պահենք իրարու հանդէպ ունեցած սէրը` օրինակ առնելով մեր սիրելի բեմադրիչներէն:

 

Քրիսթինա Սրապոնեան

Թատրոնը այն տեղն է, ուր կրնաս հոգւոյդ բոլոր ապրումներն ու զգացումները տարբեր դերեր խաղալով փոխանցել հանդիսատեսներուն, որոնք իրենց կարգին կրնան քաղել տարբեր պատգամներ: Կարեւոր չէ ներկայացնել խորիմաստ կտորներ, անհասկնալի բառերով եւ խօսակցութեամբ, ո՛չ: Կարելի է շատ պարզ ձեւով հրամցնել ներկայացում մը եւ շատ աւելի դիւրին կ՛ընկալէ դիտողը, ինչո՞ւ ոչ` նաեւ դերակատարը:

Թատրոնը այս օրերուն նոյնը չէ, ինչ որ էր ժամանակին, բայց եւ այնպէս չկայ մէկը որ ինքզինք նայելով հայելիին մէջ, կ՛ուզէ տգեղ երեւիլ, նոյնպէս ալ կ՛ուզեմ միշտ թատրոնի,  որ մեր կեանքի հայելին է, կ՛ուզեմ միշտ գեղեցիկը տեսնել:

Ես որպէս դերասանուհի` շատ անգամ երկար կը մտածեմ այն կերպարին մասին, որ ստանձնած կ՛ըլլամ եւ կը մարմնաւորեմ այդ անձին հոգեվիճակը ճիշդ ձեւով ներկայացնելու բեմին վրայ. լաւ հասկանալով, որ պէտք է քայլ պահել յառաջդիմութեան եւ այն աշխարհին հետ, ուր կ՛ապրինք, բայց եւ այնպէս պէտք է տեսնել երիտասարդ ուժեր բեմին վրայ: Կը խօսիմ հիմա որպէս հանդիսատես: Կ՛ուզեմ նաեւ տեսնել մեր մեծ տիտանները, որոնք իրենց խաղարկութեամբ կը դրոշմեն մեր սերունդին մէջ սէրը թատրոնին եւ թատրերգութեան հանդէպ: Չմոռնալով` մահացած դերասանները, որոնք իրենց անունը անմահացուցած են հայ թատրոնի պատմութեան մէջ: Վերջապէս կ՛ուզեմ տեսնել, դիտել որակաւոր ներկայացումներ, որոնք մտածել կու տան, որ տակաւին կայ ու կ՛ապրի հայ մշակոյթը, յատկապէս` արուեստը:

 

Բալիկ Լատոյեան

Իբրեւ հանդիսատեսի եւ թատրոնի սիրահարի` վերջերս տարօրինակ երեւոյթ մը կը չարչրկէ միտքս: Արդէն իսկ սովորութիւն դարձուցած եմ թատրոնի մը աւարտին պտտիլ սրահին մէջ եւ լուռ հետեւիլ ժողովուրդին այլազան կարծիքներուն: Հետաքրքրականը այն է, որ երբ թատրոնը կը պատկանի կատակերգութեան տիպին, ընդհանրապէս ժողովուրդը գոհ է: Կարծես կարեւոր չէ որակը` բեմադրութեան, խաղարկութեան, երաժշտութեան, տարազներուն եւ այլն: Հանդիսատեսին համար անհրաժեշտը խնդալն է, եւ ծիծաղի մակարդակով ու աստիճանով է, որ կ՛արժեւորեն թատրոնը: Եթէ ես բեմադրիչ ըլլայի, անձնապէս վիրաւորական պիտի նկատէի այս տեսակի մօտեցում մը իմ «հսկայական աշխատանքիս» դիմաց:

Տրուած ըլլալով, որ հանդիսատեսներու կարծիքներ հաւաքելու տարօրինակ այս սովորութիւնը ես արդէն իսկ կիրարկած եմ, առայժմ ձեզի հետ պիտի բաժնեմ անոնց կեցուածքը վերացական, իրապաշտ կամ ողբերգական տիպի թատերախաղի մը աւարտին: Շատ յաճախ դժգոհ են, որովհետեւ չծիծաղեցան ու չզուարճացան. անոնք կը զգան, որ իրենց սովորական մտմտուքներուն վրայ նոր դժուարութիւններ ու վիշտեր աւելցան: Իրականութեան մէջ թատրոնը կու գայ մեզ շեղելու մեր մեքենայական առօրեայէն ու կը մղէ մեզ խորհելու, վերլուծելու հիմնական խնդիրներ, որդեգրելու նոր դիտանկիւններ, քաջաբար դիմագրաւելու խոչընդոտներ եւ ուղղուելու դէպի նոր ու աւելի լայն հորիզոններ:

Դժբախտաբար ես այսօր կը տեսնեմ, որ ժողովուրդը «թատրոն» բառը կը նոյնացնէ «կատակերգութիւն» բառին հետ: Եւ ի՜նչ կատակերգութիւն. կը նախընտրէի ուրիշ բառ մը օգտագործել` չնսեմացնելու համար այս տեսակին իմաստն ու արժէքը:

Եւս գաղափար մը կ՛ուզէի աւելցնել հանդիսատեսի բաժինին մէջ, որպէսզի աւելի ուշ, երբ անցնիմ թատրոնի խենթ սիրահարի բաժինին, կարծիքս ենթակայական չնկատէք: Երեւոյթ մը, որ զիս ուղղակի կը յուզէ, թատերասրահէն կէս ելլելու արարքն է: Վերը չակերտներու մէջ նշեցի «հսկայական աշխատանք», որովհետեւ կը հաւատամ, որ այսօր, իւրաքանչիւր թատրոն, որ բեմ կը բարձրանայ, իրապէս, չափազանց մեծ ճիգի, երկար ժամերու եւ անսահման նուիրումի կը կարօտի արուեստագէտ եւ արուեստասէր խումբի մը կողմէ: Վատ կամ բացառիկ` միեւնոյնն է. «Հսկայական աշխատանք» է: Եթէ այդ յարգանքը չունիք բեմադրիչին, դերասաններուն, բեմին ետեւը աշխատողներուն կամ սրահի մնացեալ հանդիսատեսներուն հանդէպ, գոնէ յարգեցէ՛ք աշխատանքը, որովհետեւ գործի ու ճակտի քրտինքի արժէքը բոլորս ալ շատ լաւ գիտենք…

Իբրեւ բեմի փորձառութիւն ունեցող անձ` կրնամ ըսել, որ թատրոնը կեանքի դպրոց մըն է: Այն տեղն է, ուր կեանքի իրականութիւնները համարձակօրէն կը հրամցուին մեծ հանրութեան, որովհետեւ անոնք բեմի ազատութեան սահմաններուն մէջ կը մնան: Աւելի՛ն, անիկա հանդիսատեսին կը յիշեցնէ, որ սովորական հեւքն ու վերիվայրումները, որքա՛ն ալ դժուար թուին, կը մնան անհեթեթ:

Խորքին մէջ, թատրոնը առարկայական արտացոլացումն է ո՛չ թէ մեր առօրեայ մանրուքներուն, այլ` մարդկային արժէքներուն. անոր պաշտօնն է մեր միտքն ու հոգին առաջնորդել դէպի մեր ընկերութեան դիմագրաւած իսկական պատնէշներն ու անկիւնադարձային փոփոխութիւնները:

Վերջապէս, ինծի նման բեմի խենթերուն համար թատրոնը կը մնայ շինիչ դպրոց մը: Քննարկում, փորձ, ներկայացում, քննադատութիւն, ապա դարձեալ քննարկում` կը կազմեն թատրոնի շրջանակը, որ յաւերժօրէն կը դառնայ դերասաններուն եւ բեմադրիչին համար: Արդեօք այս հիմքերը չե՞ն ներկայացներ նաեւ կեանքի անվերջ շրջանակը…


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>