Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Անմոռանալի Ուսուցչուհին Եւ Օրինակելի Դաստիարակը Վարդուհի Ս. Անթօեան

$
0
0

Մեր շատ սիրելի դասընկերուհիին` գաղութիս երախտաշատ ուսուցչուհի Վարդուհին, առջինեկ զաւակը Սուրէն եւ Լուսին Անթօեաններուն, որ իր յաւիտենական անդորրը գտաւ 17 փետրուար 2017-ին` զոհ երթալով ինքնաշարժի արկածի մը, խոր վիշտի մէջ ձգելով իր շատ սիրելի քոյրը` Մարալը, ազգականները, դասընկերները, պաշտօնակիցները, բարեկամները եւ աշխարհացրիւ անհամար աշակերտները:

Վարդուհին ծնած էր ազգանուէր ու հաւատացեալ ընտանիքի մը մէջ, 1942-ին, Պէյրութ: Ան հասակ առած էր Էշրեֆիէի Չաթալպաշեան նախակրթարանէն ներս, երկրորդականի վկայականը ստացած էր Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանէն: Ապա իր ուսումը շարունակած էր Հայկազեան քոլեճին մէջ (այժմ` Հայկազեան համալսարան), 1963-ին տիրանալով պսակաւոր արուեստից վկայականին, կենսաբանութեան ճիւղին մէջ: Ան անմիջապէս կը սկսի կենսաբանութիւն դասաւանդել` սկսելով Կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանէն եւ չորս այլ դպրոցներէ ներս, ուր ունեցաւ հարիւրաւոր շրջանաւարտներու փաղանգ մը, որոնցմէ շատեր այսօր Դիմատետրին վրայ կը վկայեն, որ այդ դժուար նիւթը ան այնպէս մատուցեց, որ մենք` շատերս սիրեցինք, ներշնչուեցանք եւ քաջալերուած` ընտրեցինք առողջապահական մարզը իր տարբեր ճիւղերով եւ դարձանք բժիշկներ, կենսաբանութեան ուսուցիչներ ու հետազօտողներ նոյն մարզէն ներս:

Ճիշդ է, որ անոր կոչումը ուսուցչութիւնն էր, բայց ան նաեւ դաստիարակ էր` ծառայելով սերունդներու, առանց խտրութիւն դնելու կրօնի կամ ազգութեան: Ան նաեւ սովորութիւն ունէր կապի մէջ մնալ իր աշակերտներուն հետ, որոնք երախտագիտութեամբ կը յիշեն իրենց աննման ուսուցչուհին:

Հոս տեղին է մէջբերում մը ընել մեր սիրելի ընկերուհիին կեանքին վերջընթեր օրը պատահած դրուագէն: Վարդուկին նախկին աշակերտներէն` Սուլթան, որ հօրմէ եւ մօրմէ որբ մանչ մըն էր եւ կը յաճախէր L.E.S.G., Վարդուկին ուշադրութիւնը կը գրաւէ եւ կ՛արժանանայ անոր յատուկ գուրգուրանքին: Արդեօ՞ք լոկ զուգադիպութիւնն էր,  որ Սուլթանը, որ այժմ Ph.D.-ին կը պատրաստէր Լոնտոնի մէջ, կը հեռաձայնէ եւ զինք տեղեակ կը պահէ, թէ ինք շաբթուան մը համար Պէյրութ պիտի գայ եւ շատ կը փափաքի, որ Վարդուկ իրեն օր մը յատկացնէ: Անոնք կը համաձայնին տեսնուիլ հինգշաբթի, 16 փետրուարին: Սուլթան յարգեց իր ժամադրութիւնը եւ եկաւ: Անոնք յատկանշական օր մը անցուցին. պտտեցան Պէյրութի Կեդրոնական շուկաներուն մէջ. յետոյ ան փափաք կը յայտնէ Հայկազեան համալսարան ալ այցելելու, ուր ուսանած էր Լոնտոն մեկնելէն առաջ: Իրենց տեսակցութիւնը վերջ կը գտնէ շրջանի ճաշարաններէն մէկուն մէջ: Աւարտին, Սուլթան անգամ մը եւս իր երախտագիտութիւնը կը յայտնէ Վարդուկին` ըսելով. «Դուն ինծի միայն ուսուցիչ չեղար, այլ` դաստիարակ, եւ աւելին` եղար մայր»: Եւ այսպիսով անոնք կը բաժնուին գոհունակ սիրտերով:

Հայկական դպրոցներէն շրջանաւարտ իր աշակերտներէն մէկը կը գրէ. «Սուլթան բոլոր աշակերտներուն կողմէ կարծես եկած էր հրաժեշտ տալու մեր բոլորին սիրելի ուսուցչուհիին»:

Արկածէն հազիւ երկու ժամ վերջ, համացանցի իր բարեկամները, մասնաւորաբար աշակերտները, հնչեցուցին ահազանգը իր մահուան գոյժին, միեւնոյն ատեն անոնք յայտնեցին իրենց սէրը, յարգանքը եւ երախտագիտութիւնը` շատ սիրելի ուսուցչուհիին:

Անոնցմէ մին կ՛աղերսէր իր ընկերներուն, որ գոնէ մէկը ելլէր ու հերքէր այս անբաղձալի լուրը: Մինչեւ օրս դեռ կը շարունակուի ցաւակցական երթը:

Սիրելի Վարդուկը բնածին հետաքրքրութիւն ունէր բնութեան հանդէպ, որ զինք ուղղեց դէպի ամբողջական նուիրում իր մասնագիտութեան: Ան ոչ միայն գիտելիքներ կ՛ամբարէր գիրքերէ, այլ մեծ հաճոյքով, եղանակին համեմատ, քրոջը ընկերակցութեամբ, կը պտտէր Լիբանանի կանաչազարդ վայրերը, կը սերտէր բոյսերը, դաշտային ծաղիկները, մանաւանդ` դարմանումի սատարող թուփերը եւ ծառերը: Մէկ խօսքով, բնութիւնը եղաւ իր ուսուցչուհին:

Իսկ վերջին տարիներուն ելեկտրոնային հետաքրքրութիւնը զինք աւելիով մղեց սերտելու բնական բոյսերով կամ հունտերով պատրաստուած դարմանումները:

Աւելի՛ն. ան նաեւ կը սիրէր հեռաւոր երկիրներ ճամբորդել ու հոն իսկ կը ջանար բուսաբանական պարտէզներ այցելել եւ յաճախ ծաղիկներու տօնահանդէսներու եղանակին կը ծրագրէր իր տարեկան պտոյտները: Բայց վերջին տարիներուն ան տարեկան այցելութիւնները կեդրոնացուցած էր մայր հայրենիք: Միշտ կը ջանար նորանոր շրջաններ սերտել` թէ՛ պատմական եւ թէ՛ բուսական առումով, եւ վերադարձին անպայման նոր վայրի պտուղ մը գտած կ՛ըլլար եւ կ՛ուզէր ծանօթացնել մեզի: Անշուշտ հայրենի աննման ծիրանը միշտ ներկայ էր:

Վարդուհին նաեւ նմուշ մըն էր տիպար հայուհիի, որ իր բարեպաշտ, ազգանուէր, իմաստուն, խոհեմ եւ ծառայասէր նկարագիրով անխտիր նեցուկ կանգնած էր իր աշակերտներուն, որպէսզի ճանչնան իրենց ձիրքերը եւ ինքնավստահ երթան դէպի յառաջ: Ընկերային գետնի վրայ ան բարութեամբ, նուիրումով եւ ներողամտութեան ոգիով միշտ համերաշխ մթնոլորտ կը ստեղծէր շուրջը:

Հակառակ իր դիմագրաւած ամէն տեսակի դժուարութիւններուն, ան սիրեց կեանքը, մարդ էակը եւ գործը` միշտ քայլ պահելով նորութիւններուն հետ, ինչպէս` արհեստագիտութիւնը, եւ մեծ հաճոյքով կը քաջալերէր բարեկամները, որ նոյնը ընէին:

Վարդուկին ուսուցչական ասպարէզը կը սկսի հոկտեմբեր 1963-ին, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանէն, իսկ երկու տարի ետք կը միանայ L.E.S.G.-ի (Lebanese School for Girls) ուսուցչական կազմին, ուր կը ծառայէ 40 երկար տարիներ: Այս երկու դպրոցներուն կողքին, ան նաեւ կը դասաւանդէ Հայ աւետ. Շամլեան-Թաթիկեան երկրորդական վարժարանին, Սոֆիա Յակոբեան երկրորդական վարժարանին, Չաթալպաշեան վարժարանին եւ Խանամիրեան քոլեճին մէջ` իբրեւ այցելու ուսուցչուհի:

Իր ուսուցչական ծառայութեան ընթացքին ան զանազան պարգեւատրումներու արժանացած է.

– 1995-ին Մերձաւոր Արեւելքի հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան Կեդրոնական մարմինին կողմէ` 25-ամեայ ծառայութեան մետալին:

– 2003-ին Ազգային վարժարաններուն մէջ իր երկար տարիներու ծառայութեան համար` գնահատական գիրի:

– 2006-ին` L.E.S.G.-էն մետալի, որպէս գնահատանք իր 40 տարուան վաստակին:

– 2011-ին` Հայ աւետ. կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի գնահատական գիրին, երկարամեայ ծառայութեան եւ գործէ դադրեցման առիթով:

Յետմահու, L.E.S.G.-ի Լուէյզիի բաժինին տնօրէնը` Քոլին Ուայթ, որ այժմ Անգլիա կը բնակի, նամակ մը ղրկած է Մարալին, ուր հետեւեալ վկայութիւնը կու տայ.

«Զոքաք Պլաթ եղած ատեննիս, օրուան տնօրէնուհին` Քեթի Թլել կը վկայէ, որ Վ. Անթօեան շատ յատուկ ուսուցչուհի մըն էր, դպրոցին սիւներէն մին, որ բարձր գնահատանքի արժանի է իր գաղտնապահութեան, ծառայասիրութեան եւ բարոյական նեցուկին համար»: Իսկ Քոլին Ուայթ կ՛ըսէ. «Ան նաեւ մեծապէս օգտակար եղաւ, երբ դպրոցը Լուէյզի փոխադրուեցաւ եւ կոչուեցաւ L.E.S.B.G.: Ան շատ մեծ ներդրում ունեցաւ մեր դպրոցին մէջ: Իրմէ ներշնչուած` իմ թոռնուհիս դպրոցի կենսաբանութեան ուսուցչուհին դարձաւ: Ես եւ ընտանիքս նաեւ սիրեցինք զինք` իբրեւ ընտանիքին բարեկամը»:

Միութենական իր կեանքը կը սկսի պատանի հասակին, երբ կը միանայ Համազգայինի «Քնար» պարախումբին:

Ան կ՛անդամակցի «Զաւարեան» ուսանողական միութեան (հոկտեմբեր 1959), եւ 1961-ին կը միանայ ՀՅ Դաշնակցութեան շարքերուն եւ հաւատարմութեամբ կը ծառայէ մինչեւ իր մահը:

Վարդուհին իր վերջին տարիներուն ժրաջանօրէն լծուած էր անհատ տարեցներու օգտակար ըլլալու գործին` եւ ապահովելով անոնց զանազան կարիքները:

Սիրելի՛ Վարդուկ, ինչուները շատ են, բայց պատասխանները` քիչ, քու անմարդկային ձեւով անակնկալ մեկնումիդ, որուն բնաւ արժանի չէիր: Դուն, որ կեանքի շատ դժնդակ կորուստներ համտեսած էիր` եղբօրդ Գոգոյին մատղաշ տարիքի կորուստը, հօրդ ու մօրդ կորուստը… Երկու առիթներով առողջապահական շատ բարդ վիճակներէ հրաշքով փրկուելէ ետք, անսպասելի վայրկեանի մը իմացանք արկածի պատճառով մահուան գոյժդ:

Այս անսպասելի մեկնումդ անմխիթար ձգեց շատ սիրելի քոյրդ` Մարալը, որ ամէն ժամանակներէ աւելի պէտք ունի նեցուկիդ, հարազատներդ, դասընկերներդ եւ աշակերտներդ: Հաւատա՛, քոյրս, միակ մխիթարական կէտը ճակատագիր ըսուած առեղծուածին վստահիլն է, այլապէս անկարելի է հաշտուիլ այս անժամանակ կորուստիդ:

Թէեւ ֆիզիքապէս մեզմէ հեռացար, սակայն քու բարի հոգիդ, ժպտուն դէմքդ, դրական ոճդ ու խանդավառութիւնդ մեզի հետ պիտի մնան առյաւէտ: Մեր անցեալի յիշատակները մտաբերելով` աւելիով պիտի զգանք բացակայութիւնդ:

Գալով Մարալին, դուն իր կեանքին մէջ մնայուն ներկայութիւն էիր ամէն ձեւով: Մինչ առածը կ՛ըսէ, թէ անփոխարինելի անձ չկայ աշխարհի վրայ, բայց քրոջդ հանդէպ քու համապարփակ սէրդ ու գուրգուրանքդ ոչ մէկս կրնանք ամբողջացնել:

Սիրելի՛ քոյրս, յետմահու այն յարգանքը, որ ստացար աշակերտներէդ եւ բարեկամներէդ արդի արհեստագիտութեան միջոցներով եւ այն բազմահարիւր սգակիրները, որոնք հաւաքուած էին դագաղիդ շուրջ 19 փետրուար 2017-ին, իրենց վերջին տուրքը մատուցելու, թող ըլլայ լաւագոյն արժեւորումը քու ապրած կեանքիդ:

Առ այդ, վիշտը սրտիդ քու ապրած կեանքդ, ծառայութիւնդ մարդկութեան եւ հաւատքի զօրութիւնդ քեզ թող արժանի ընեն երկինքի արքայութեան:

Վարձքդ կատար, հողը թեթեւ գայ վրադ, սիրելի՛ քոյրս:

ՍՕՍԻ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ-ՊԱԼԵԱՆ


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>