Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Ժպտերես Եւ Մարդասէր Ուսուցչուհին (Վարդուհի Անթօեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով)

$
0
0

«Ամէնքս էապէս հիւր ենք այս կեանքում
Մեր ծննդեան փուչ օրից,
Հերթով գալիս անց ենք կենում
Էս անցաւոր աշխարհից:
Անց ենք կենում… միայն անմահ
Գործն է խօսում լաւ ու վատ»:

Յ. ԹՈՒՄԱՆԵԱՆ


Աստուածային օրէնքը եւ կեանքի իրականութիւնը մարդոց սահմանած է ծնունդ եւ մահ: Սակայն մահուան ճշմարտութիւնը մարդ էակին կողմէ երբեմն դժուար է ընդունիլը: Ըստ յոյն մեծ փիլիսոփայ Պղատոնի տեսութեան, մահը երկու իմաստ կը ներկայացնէ. մէկը` կատարեալ ոչնչութիւն, իսկ միւսը` հոգիին ճամբորդութիւնը դէպի անդրաշխարհ: Այս տեսութիւնը մեզ կը մղէ մտածելու մեր ապրելակերպին մասին: Մենք ինչպիսի հետք կը թողունք մեր մահէն ետք: Բացարձակ իրականութիւն է, որ մեր  կատարած վատ գործերուն համար պիտի ոչնչանանք, իսկ մեր բարի գործերուն համար անդրաշխարհ պիտի փոխադրուինք` սպասելու համար արդար դատաստանին եւ պատմութեան մէջ պիտի արձանագրուի մեր անունը:

Այս մտածումները մեր միտքին մէջ տողանցեցին, երբ քառասուն օրեր առաջ անակնկալ գոյժ մը տարածուեցաւ Պէյրութի մէջ: Բազմավաստակ կրթական մշակ, հաւատաւոր դաշնակցական եւ նուիրեալ համազգայնական Վարդուհի Անթօեան զոհ կ՛երթար ինքնաշարժի դժբախտ արկածի:

Ան ծնած էր 1942-ին: Անդրանիկ զաւակն էր խարբերդցի Սուրէն եւ Լուսին Անթօեաններու: Նախակրթութիւնը ստացած է Էշրեֆիէի Ազգային Ղազար Չարըխ (ապա` Ազգ. Չաթալպաշեան) վարժարանին մէջ, իսկ երկրորդական ուսումը ստացած` Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանին մէջ: Հայկազեան համալսարանէն վկայուած է կենսաբանութեան ճիւղէն պսակաւոր արուեստից վկայականով: Ան ուսուցչական պաշտօն վարած է Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն, Էվենճելիքըլ սքուլ ֆոր կըրլզ էնտ պոյզ, Ազգային Սուրէն Խանամիրեան, Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան, Ազգային Գ. Չաթալպաշեան եւ Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան վարժարաններուն մէջ: Շնորհիւ իր հմտութեան, կենսաբանութեան դասապահերը կը դարձնէր հետաքրքրական` կենդանի փորձեր կատարելով դասարանին մէջ: Ան ոչ մէկ ճիգ կը խնայէր մղելու համար իր աշակերտները դէպի ուսում, զարգացում, որուն արդիւնքն էր, որ մեծ թիւով աշակերտներ ընտրեցին բժշկութեան ասպարէզը: Աշակերտներու իսկ վկայութեամբ, ան ուսում ջամբելու կողքին, եղաւ մայր, քոյր եւ ընկեր` մարդասէր ուսուցիչի մը անունը ձգելով իր ետին: Նախախնամութեան ի՛նչ կարգադրութիւն, օրդ. Վարդուկը իր մահուան նախորդող օրը հանդիպեցաւ որբանոց յաճախած եւ ներկայիս Անգլիա իր ուսումը շարունակող իր աշակերտին, որ Լիբանան ժամանելով` ուզած էր իր երախտագիտութիւնը յայտնել հոգատար ուսուցչուհիին:

Ուսուցչական ասպարէզի կողքին, օրդ. Վարդուկը դարձաւ հաւատաւոր կուսակցական: Ան եղաւ ՀՅԴ «Զաւարեան» ուսանողական միութեան անդամ, ապա ՀՅ Դաշնակցութեան շարքերը անցնելով, գործեց մինչեւ իր մահը` դառնալով «Ազատամարտ» կոմիտէի կուսակցական եւ անդամ:

Վարդուհի Անթօեան հայ մշակոյթին հանդէպ իր սէրը արտայայտեց` մաս կազմելով Համազգայինի «Քնար» երգի ու պարի առաջին խումբին: Ան դարձաւ նաեւ հաւատարիմ համազգայնական` դառնալով գործունեայ անդամ Համազգայինի «Նիկոլ Աղբալեան» մասնաճիւղին:

Հայրենիքի հանդէպ սէրը եւ կարօտը կը բաւարարէր յաճախակի այցելութիւններ տալով Հայաստան:

Օրդ. Վարդուկին հոգին ալեկոծուեցաւ, երբ իր եղբայրը 1976-ին լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմի օրերուն ռումբի պայթումի մը զոհը դարձաւ:

1995-ին իր 25-ամեայ ուսուցչական յոբելեանին առիթով Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական միութեան կրթական խորհուրդը պատուած է զինք: 2003-ին Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդը, ձեռամբ Լիբանանի հայոց թեմի նախկին առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, գնահատանքի գիր շնորհած է օրդ. Վարդուկին: 2006-ին գնահատուած է Էվենճելիքըլ սքուլ ֆոր կըրլզ էնտ պոյզ դպրոցի տնօրէնութեան կողմէ:

Իր կեանքի բնորոշ յատկանիշերն են` զօրաւոր հաւատք Աստուծոյ հանդէպ, հեզահամբոյր հոգի, հոգատարութիւն, ազնուութիւն եւ անսահման սէր` իր ընտանիքին, հարազատներուն, աշակերտներուն եւ մարդկութեան հանդէպ:

Ափսո՜ս, որ անժամանակ մահով մեզմէ բաժնուեցաւ օրդ. Վարդուկը, բայց իր մեծ ընտանիքին, աշակերտներուն եւ կուսակցական ընկերներուն յիշողութեան մէջ պիտի մնան` իր ժպտերես դէմքը, մարդասէր վերաբերումը եւ մշակութանուէր ու նուիրեալ ծառայական կեանքը:

Յիշատակդ անմար մնայ:

Հողը թեթեւ գայ վրադ, սիրելի՛ օրդ. Վարդուկ:

Երախտագէտ աշակերտդ`
ԿԱՐՕ ՍՐԿ. ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>