Դամասկոսի մէջ ազգային կեանքի աշխուժութիւնը կապուած է ընդհանրապէս ապահովական իրավիճակին հետ, որ փոփոխական կշռոյթով կ՛ընթանայ:
Դամասկոսի Աւետիս Ահարոնեան կեդրոնի վարչութեան կազմակերպութեամբ դեկտեմբեր 16-ին տեղի ունեցաւ ազգային յեղափոխական երգերու անզուգական մեկնաբան Գառնիկ Սարգիսեանի համերգը, որուն մուտքը ազատ ձգուած էր` կարգ մը ազգայիններու օժանդակութեամբ:
Մակի Զահթերեան բացման խօսքին մէջ մեծապէս գնահատեց Գառնիկ Սարգիսեանին Սուրիա այցելութիւնը եւ Դամասկոսի մէջ սիրայօժար ելոյթը` մանաւանդ Սուրիոյ մէջ տիրող դժուար պայմաններուն: «Ամինեան» սրահին մէջ տեղի ունեցած համերգը յատկանշուեցաւ դամասկահայերու մեծաթիւ ներկայութեամբ:
Գառնիկ Սարգիսեան երգեց «Սուրիահայ քաջեր»-ուն եւ Դաշնակցութեան մասին: Յագեցած երգացանկ ունեցող համերգի աւարտին Սուրիոյ երիտասարդական միութեան կողմէ Գառնիկ Սարգիսեանին յանձնուեցաւ յուշանուէր մը:
ՀՀ Դեսպանատուն
Դեկտեմբեր 17-ին Սուրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան փրոֆ. Արշակ Փոլատեան յատուկ կերպով Դամասկոսի մէջ գործող Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ոգեկոչման յանձնախումբին յանձնեց Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին շնորհակալագիրը, որուն մէջ յիշուած է. «Սփիւռքի համայնքներում Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներու պատշաճ կազմակերպման եւ անցկացման գործում ներդրած աւանդի համար Սիրիայի Արաբական Հանրապետութեան յանձնախմբին պարգեւատրել շնորհակալագրով»: