ԱՐԱ ԱՐԾՐՈՒՆԻ
Թատրոնի միջազգային օրուան առիթով «Ազդակ» յաջորդաբար կը հարտարակէ Լիբանանի մէջ գործած թատերագիրներու, թատերագէտներու, բեմադրիչներու եւ լիբանանահայ թատերարուեստի զարգացման մէջ իրենց լուման ընծայած թատերասէրներու գրութիւնները` հայ թատրոնի անփոխարինելի դերը շեշտող:
ԽՄԲ.
27 մարտ: Թատրոնի Միջազգային օր:
Միջազգայի՞ն, թէ՞…
***
Հիմնուելով պատմագրութեան վրայ` «Թատրոն»-ը ծնունդ առած պէտք է ըլլայ Քրիստոսէ երեք հազարամեակներ առաջ, կռապաշտական ծիսակատարութիւններու ընթացքին, որոնցմէ ներշնչուած աշուղները երգեր յօրինած են եւ գրողները` բանահիւսութիւններ, ներկայացնելով ու բեմ բարձրացնելով առասպելներ, դիցաբանութիւններ, ինչպէս նաեւ` իրենց ապրած առօրեայ կեանքին զանազան երեսները:
Նոյնը պատահած է Հայաստանի տարածքին: «Թատրոն»-ը ձեւաւորուելով` հասած է Երուանդունիներու եւ Արտաշիսեան հարստութեան շրջանները: Մենք ունեցած ենք մեր առաջին թատրոնի շէնքը մայրաքաղաք Տիգրանակերտի մէջ, Քրիստոսէ առաջ 69 թուականին: Իսկ, Ք.Ա. 53 թուականին մայրաքաղաք Արտաշատի մէջ կառուցուած է հելլենական ոճով թատրոն, ուր ներկայացուած է Եվրիպիդեսի «Բագոսուհիները» ողբերգութիւնը:
Ճշգրտութեան սիրոյն, «Թատրոն»-ի փոխարէն` պէտք էր ըսէինք` «երբ ծնաւ ԲԵՄԸ», որովհետեւ Թատրոնն ու Բեմը կը տարբերին իրարմէ:
Բեմը շօշափելի եւ տեսանելի է. իսկ թատրոնը մտածողութիւն է, եւ ապա` գրականութիւն:
Երբ թատերական մտածողութիւնը կը ստանայ կառոյց ու կը վերածուի թատրերգութեան, կը բարձրանայ բեմ եւ կը դառնայ բեմական արուեստ:
***
Արդ, ե՞րբ ծնաւ թատրոնը:
Իր ամբողջական իմաստով, թատրոնը ծնաւ ճիշդ այն պահուն, երբ իր բնազդով ապրող անգիտակից մսակոյտին մէջ արթնցաւ Գիտակցութիւնը (համաձայն ըլլալու համար վերի երկու տողերուն, ընթերցողը պէտք է համոզուած ըլլայ, թէ մարդուն մէջ գիտակցութիւնը սկսած չէ Ադամով եւ Եւայով):
Թատրոնը, իր զանազան երեսներով, շնչաւորին գիտակցութեան ու նաեւ անոր ապրած կեանքին կրկներեւոյթն է:
Կրկներեւոյթներ` դրական եւ ժխտական:
***
Հարցականը դատաւորի մը նման կը կանգնի դրականներուն եւ ժխտականներուն միջեւ: Կողմերու բախումէն կը ծնին շարժո՛ւմը, դէ՛պքը, վերլուծո՛ւմը, որոնք շուտով կ՛ըլլան կեցուածք, որմէ կը ծնի նիւթը, եւ ապա` թատրոնը:
Յաճախ շատեր, «ստեղծագործ» թէ հանդիսատես, չեն նշմարեր ժխտականի ու դրականի բախումները եւ անոնցմէ յառաջացած յաջորդականութիւնները: Անոնց միտքը, աւա՜ղ, սառած է նոյն ժամանակին եւ նոյն նիւթին վրայ: Անոնք նման են իրենց վարնամասի ծանրութեամբ աջ ու ձախ անընդհատ ճօճուող փայտէ պուպրիկներու եւ կամ զսպանակաւոր ինքնագործ (automate) խօսուն մեքենաներու, որոնք սահմանափակուած են կրկնուող նոյն աղքատ բառերով:
***
Բացուիլ նո՛ր հորիզոններու:
Թատրոնը իր ժամանակին հարազատ պատկերն է եւ կոչուած է անցնելու իր ժամանակէն առաջ: Ինչպէս Նիքոլա Պուալօ 1674-ին ըսած է, որ` «Եթէ ստեղծագործութիւն մը բեմ չելլէ իր ծնունդէն քսան տարի ետք, մեռած է ան»: Սակայն կարելի է, մեր ներկայի իրականութեան համար, մեր կողմէ աւելցնել` «եւ կամ մեռած է ան, երբ մեռած է գրասէր եւ թատերասէր հաւաքականութիւնը»:
***
Թռիչքը կ՛անցնի իր ապրած պահն ու ժամանակը եւ իբրեւ ճիշդ նախատեսութիւն` կը ստեղծէ նորարարութիւնը:
Այդպէս էր, երբ անցեալին իրարու յաջորդեցին գրական եւ թատերական բազմաթիւ ոճերը, եւ ապա` ժամանակավրէպութեան պատճառով անոնք իրենց տեղերը զիջեցան յաջորդ ոճին, յաջորդ դպրոցին: Անկասկած, պատճառներէն մէկը «գերիրապաշտութիւնն» էր (sur-réalism = գեր-իրապաշտութիւն), յաւիտենապէս ծնող, մեռնող եւ վերածնող, որ ժամանակի ընթացքին, բազմաթիւ պարագաներու, կորսնցուց իր «գեր» նախամասնիկը` դառնալով իրապաշտութիւն (réalism) եւ իր տեղը զիջելով… նոր գերիրապաշտութիւններու…
***
Թատրոնը անցաւ ժամանակէն առաջ եւ «բացայայտեց» անհեթեթը, որ ծնած էր մարդ-արարածի ծնունդէն առաջ:
Մարդիկ փնտռեցին զայն: Մխրճուեցան պրպտումներու մէջ: ԱՆՀԵԹԵԹԻ շնորհիւ` գտան շատ բաներ (ընդհանրապէս` ժխտական), բայց չգտան զինք` ԱՆՀԵԹԵԹԸ…:
***
Այսօր, շնորհիւ գիտութեան, տիեզերքը բացած է իր փակ դռները:
Քանատայի հիւսիսային Քեպեք նահանգի մէջ գտնուած է բջիջ մը, որ կու գայ մեզի բացայայտելու, թէ ինք ապրած է 3.770.000.000 (երեք միլիառ եօթանասուն եօթ միլիոն) տարիներ առաջ…
Արդ, այն ատեն աշխարհի վրայ կեանք կար:
Վերջերս գտնուեցան բազմաթիւ մոլորակներ, ուր կայ ջուր եւ բուսականութիւն… եւ հաւանաբար կայ կեանք… եւ կամ կար կեանք:
Կը կարծուի, թէ մեր տիեզերքէն զատ` գոյութիւն ունին նաեւ ուրիշ տիեզերքներ:
Սակայն այս գիտական նուաճումներէն զատ` տիեզերքը ունի նաեւ ա՛յլ առեղծուածներ` ուղղակիօրէն կապուած ստեղծագործութեան դիպուածին եւ անծանօթին, որոնցմէ ի յայտ պիտի գան նոր մտածողութիւններ եւ նոր գրականութիւն:
***
Անհեթեթի գրականութիւնը նոր հարցականի մը դիմացն է (բարեբախտաբա՛ր): Թերեւս դէպի տիեզերք մարդու մտածողութեան մխրճումը շուտով մեզի պարզաբանէ (եւ կամ հարց տայ), թէ` «ինչո՞ւ անհեթեթը»: Ինչո՞ւ այսօր անոր մէջ կը գտնենք յոռետեսութիւն: Արդեօք անոր մէջ չկա՞յ լաւատեսութիւն: Արդեօք նոր յայտնաբերումներու միջոցով չե՞նք կրնար ի յայտ բերել անհեթեթի դրական մտածողութիւնները: Եւ վերջապէս, երեւակայածինի (fiction) եւ տիեզերքի նոր բացայայտումներու շնորհիւ` պիտի հանդիպի՞նք յեղաշրջող անակնկալներու:
Ներկայիս երեւակայածին գրականութիւնը առաջին փորձն է աշխարհին վրայ` պրպտելու անծանօթը: Ան հարցական մըն է, թէ այժմ ի՞նչ է տիեզերքէն մեզի եկողը:
Գրականութիւնն ու Թատրոնը իրենց մտածումներու անծայրածիր թռիչքներով այժմ կանգնած են նորաբաց տիեզերքի հրաւէրին դիմաց:
Իսկ մենք կանգնած ենք երեւակայածին գրականութեան սեմին եւ կը նայինք հեռուն… դէպի ներկայի անորոշը…
***
Այլաբանութիւնը (allégorie) նման է ժողովրդավարութեան: Այլաբանութիւնն ու ժողովրդավարութիւնը ոչ մէկ ոճի եւ ոչ մէկ գաղափարախօսութեան կը պատկանին: Ո՛չ ծայրայեղ աջ եւ ո՛չ ալ ծայրայեղ ձախ, այլ` չափաւորականութիւն: Այլաբանութիւնը ընդմիշտ ընթացած է բոլոր ազնիւ ոճերուն հետ, Քրիստոսէ առաջ, ապա հասած` Աբիւլէի «Ոսկեայ էշը» վէպի (Ք.Ե. 2-րդ դարուն) այլաբանութեան զենիթին եւ մինչեւ մեր օրերը:
***
Այսպէս, կը կրկնեմ, միլիոնաւոր տարիներ առաջ թատրոնը ծնած է բնազդով ապրող անգիտակից մսակոյտին մէջ` առաջին անգամ զարթնած Գիտակցութեամբ:
Ան անմա՛հ է, այնքան ատեն որ կ՛ապրի Գիտակցութիւնը:
Գիտակցութիւնն ու իր կրկներեւոյթները ստեղծեցին հարցականը, ապա` ինքնապրպտումը, ինքնազարգացումը, ժամանակավրէպութեան մերժումը եւ այսպիսով ստեղծեցին իրերայաջորդ նորարարութիւնները:
Եւ շատ հաւանաբար ժամանակ մը ետք նաեւ հասնինք անհեթեթի ժխտումին…
***
Վստահաբար պարապ մը պիտի չստեղծուի:
Շարունակականութիւնը կը մերժէ պարապութիւն եւ անմիջապէս կը լեցնէ զայն:
***
Նո՛ր հորիզոն մը` անկասկա՛ծ:
***
Թատրոնի Միջազգային օրը շուտով կրնայ ըլլալ`
Տիեզերական կեանքի օր: