Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Օսմանեան Արխիւներէն. Հրաչին Նամակը Վարդգէսին

$
0
0

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Ծանօթ խմբ.- Ներկայացուած փաստաթուղթը վերցուած է Թուրքիոյ պետական արխիւներէն: Օսմաներէնով գրուած նամակ մըն է, զոր Գասթամունի վիլայէթի նահանգապետը վար դրած ու ղրկած էր Պոլիս, ներքին գործոց նախարար Թալէաթ պէյին, որպէսզի վերջինս որոշէ անոր ճակատագիրը, այլ խօսքով` անոր հասցէատիրոջ յանձնելու հարցը:

Նամակագիրը դաշնակցական ծանօթ գործիչ Հայկ Թիրեաքեանն է, ծանօթ` Հրաչ ծածկանունով, որ մէկն էր 1915 թ. ապրիլ 11/24-ին ձերբակալուած ու աքսորուած հայ մտաւորականներէն: Նամակի թուականն է 16/29 մայիս, գրուած է աքսորավայր Չանղըրըէն եւ ուղղուած` պետական հայ երեսփոխան Վարդգէսին (Յովհ. Սերենկիւլեան), նոյնպէս դաշնակցական, որ մինչ այդ ազատ էր, բայց շուտով, մայիս 20/յունիս 2-ին, պիտի ձերբակալուէր ու Գրիգոր Զոհրապի հետ աքսորուէր(1): Խնդրոյ առարկայ նամակը չէր կրնար յանձնուած ըլլալ Զոհրապին, որ այդ գրութեան Պոլիս հասած օրերուն, ինչպէս ըսուեցաւ, իր կարգին պիտի բռնէր աքսորի ճամբան:

Այլապէս նաեւ նամակագիրը գիտէր, որ պարտադիր կերպով օսմաներէնով իր գրութիւնը (հայերէնով գրելը արգելուած էր) գրաքննութեան կողմէ վար պիտի դրուէր ու պիտի չհասնէր հասցէատիրոջ: Այդ նախատեսութեամբ ալ նամակը շարադրած էր թրքական իշխանութեանց ուշադրութիւնը հրաւիրելու համար այն իրողութեան վրայ, որ անտեղի ու անբացատրելի կը գտնէր օսմանեան հայրենիքին այնքան հաւատարմօրէն ծառայած դաշնակցական գործիչներու եւ մտաւորականներու ձերբակալութիւնը, ինչպէս նաեւ` ամբողջ հայութեան դէմ շղթայազերծուած հալածանքը:

Քենկըրը, 16 մայիս 331 [1915]

Սիրելի՛ Վարդգէս,

Ըլլալիքը եղաւ: Այնպիսի կացութիւն մը ստեղծուեցաւ, որ այս բոլորը ո՛չ կրնայինք գիտնալ, ո՛չ ալ կրնայինք գուշակել: Ամէնքս հաւաքաբար աքսորուեցանք: Զարմանալին, եւ կամ` անսպասելին, բացարձակապէս մեր աքսորուիլը չէ,  որովհետեւ աքսորը այնքան ալ ծանր չի կշռեր հինէն ի վեր այսպիսի կացութիւններու առջեւ մնացողներուն համար(2): Մեզի համար զարմանք պատճառող միակ ու միակ հարցը սա է. անարդարութիւններու ամենամեծին արժանի նկատուեցանք, ու այս բանը իրագործուեցաւ մեզի հանդէպ:

Մեզ աքսորեցին:

Ըսել է, որ մեր Պոլսոյ մէջ մնալը անգամ անպատեհ նկատուեցաւ: Հոս մեզի հետ միասին, բացի կուսակցականներէ, կը գտնուին նաեւ անգոյն, անկողմնակալ, ամէն դասակարգէ, ամէն տեսակ շատ մը տարբեր անհատներ: Աքսորուածներուն մէջ կան` բժիշկ, դեղագործ, փաստաբան, վաճառական, առեւտրական, նաւավար, ձկնորս, նոյնիսկ` հանրատան մունետիկ եւ աշխատաւոր: Կարելի չէ երեւակայել ու բացատրել այն իրականութիւնը, թէ մեզի հետ միասին աքսորուած են ամէ՛ն դասակարգէ, ամէ՛ն տեսակ մարդիկ: Աքսորեալներու մէջ, անչափահաս տարիքէն սկսեալ, մինչեւ ութսուն տարեկան փորձառու ու հմուտ անհատներ կան: Անուան նմանութեան պատճառով աքսորուածներ անգամ կան: Կովկասցի գրագէտը վկայ` Վրթանէս Փափազեանի տեղ, անուան նմանութեան պատճառաւ, տարիքոտ խեղճ ու անկար մարդ մը մինչեւ հոս աքսորուած է: Fenyakcis նպարավաճառատունէն Հայկ Թըրնակեան(3) անուանակիցս եղած ըլլալուն պատճառաւ Այաշ կը գտնուի: Այս սխալը կամ թիւրիմացութիւնը հարթելու համար պետական պաշտօնատեղի դիմում կատարուեցաւ: Անուանակցիս մասին եղած անարդարութիւնը բեկանելու համար պէտք եղած բացատրագիրը պատկան իշխանութեան յանձնեցի, բայց եւ այնպէս դեռ մինչեւ հիմա արդիւնքը չտեսանք(4):

Բոլոր այս խեղճերուն, մասնաւորաբար հայ ազգի մրուրն հանդիսացող կարգ մը անկապակիցներու հետ հաւաքաբար մեր այստեղ գտնուիլը ինչպէ՞ս կարելի է բացատրել: Անհասկնալի բա՛ն մը:

Անկասկած, քանի որ կեդրոնական կառավարութիւնը մեզի այսպիսի տեղ մը աքսորեց, ըսել է, որ մեզմէ կասկածեցաւ, որ կրնանք իր գոյութեան վնաս հասցնել: Դաշնակցութիւնը` իբրեւ կասկածելի՛:

Սիրելի՛ Վարդգէս, քեզի իբրեւ խօսակից կ՛ընդունիմ, որովհետեւ դուն թերացումներ ունիս, քանի որ չենք կրցած պատկան տեղերու յայտնել իրականութիւնները ու նաեւ` մեր զգացումները: Մենք չկարողացանք մեր խոր միամտութիւնը, խորիմաստութիւնը, անկեղծութիւնն ու պատուոյ ուղղութիւնը ու նաեւ մեր քաղաքակրթութեան հաւատքը իրենց թելադրել: Դո՛ւն էիր, որ կամուրջը կը հանդիսանայիր կեդրոնական կառավարութեան ու մեր կուսակցութեան միջեւ(5): Րոպէ մը նոյնիսկ վարանում չունեցանք, թէ մեզի դէմ կասկած մը արթնցած է: Այս մասին գաղափարի ներշնչում նոյնիսկ չունեցանք: Անհատական սխալներ կրնան եղած ըլլալ, եւ կամ, եթէ նոյնիսկ եղած են այսպիսի սխալներ, պէտք չէր, որ այս պատճառաւ ամբողջ կուսակցութիւն մը պատասխանատու նկատուէր, եւ կամ հարցաքննութիւններ ու նաեւ ձերբակալութիւններ տեղի ունենային: Այնպիսի կուսակցութիւն մը, որ այս երկրի ձեւակերպման ի սպաս իր ետին ունի քսան եւ հինգ տարիներու նուիրեալ պատմութիւն մը: Սահմանադրութեան հռչակումէն ասդին, ըլլայ ամենադժուար շրջաններուն, ըլլայ Ատանայի նեղ օրերուն, ըլլայ Իթթիհատ եւ թերաքքը կազմակերպութեան պատերազմական օրերուն, ի գին բարոյական ամէն զոհողութիւններու, նոյնիսկ այս շրջաններուն հայերու միջեւ կարգ մը անհանգստութիւններ տեսնուելով հանդերձ, երկրին շահերը բարձր դասելով, կառավարութեան կողքին գտնուելով, հաւատարմութիւն ցոյց տուինք: Այս զոհողութիւնները ո՛չ թէ միայն սոյն կառավարութեան տիրապետած շրջանին է, որ կատարեցինք, այլեւ` երբ իշխանութիւնը կորսնցուցած էր երկրի ղեկավարութիւնը, ու այս առթիւ կարգ մը ղեկավարներ պահպանուելու անհրաժեշտութեան տակ մնացած էին, այդ պահուն եւս կատարեցինք մեր եղբայրական պարտականութիւնը: Զիրենք ընկերաբար ու մտերմաբար ընդունեցինք ու հիւրընկալեցինք մեր տուներուն մէջ(6): Զիրենք սիրելը պարտականութիւն համարեցինք: Մեր կուսակցութիւնը` իբրեւ կասկածելի:

Ինչո՞ւ, սիրելի՛ Վարդգէս, երկրին մէջ խառնակութիւն ստեղծել, կառավարութեան դէմ յեղափոխութիւն եւ կամ մահափորձ կազմակերպել, մեր ընկերներէն ոեւէ մէկու միտքէն եւ կամ նոյնիսկ երեւակայութենէն անգամ չէ անցած: Բարձրաձայն աղաղակելի իրականութիւնը միայն ա՛յս է:

Գալով Կովկասի մէջ եղածներուն` մենք անոնց համար պատասխանատու չենք, քանի որ մենք եւս չենք հաստատեր պատահածները: Այս շարժումին առաջքն առնելու համար ատեն-ատեն մեր կուսակցականները ուզեցինք Կովկաս ղրկել, բայց մեր այս գաղափարին կեդրոնական կառավարութիւնը ընդդիմութիւն ցոյց տուաւ: Մեր կուսակցութիւնը, կառավարութեան հանդէպ իր հաւատարմութիւնը ցոյց տալու համար իր ձեռքէն եկածին չափ ուզեց իշխանութեան կողքին գտնուիլ: Նաեւ որեւէ սխալ մը չգործելու ու որեւէ սխալի մը պատճառ չհանդիսանալու համար վերջին ընդհանուր նիստին որոշումի մը յանգեցաւ:

Մեր այս որոշումը, այստեղէն ու նաեւ բոլոր անկիւններէն, խղճի հանգստութեամբ, ճակատաբաց կրնանք բարձրաձայն յայտարարել: Այս աղաղակը կու գայ միանալու նաեւ մեր հանրութեան դէմ կատարուած անարդարութիւններու իբրեւ պոռթկում, որ համբերատարութեամբ ու հանդուրժողութեամբ դիմաւորեցինք: Ասիկա տասն եւ ութ տարուան անցեալ մը ունեցող մեր կուսակցութեան ամենամեծ առաքինութիւնը եղաւ: Բայց երկրին, պետականութեան ու ժողովուրդին ի սպաս կատարուած այս առաքինութիւնը հարցաքննութեան ու աքսորի արժանացաւ:

Այսօր մեզ պատող թախիծը միայն այն է, թէ քանի որ սիրտ մը ունինք, վստահաբար գիտենք, թէ մենք մեր պարտականութիւնը կատարած ենք հայրենիքին հանդէպ, եւ եթէ այս բանը չտեսնող մը կայ, ըսել է, որ մեզ չեն կրցած հասկնալ:

Գիտենք ու չենք ուրանար, որ կառավարութիւնը ատեն-ատեն մեզմէ դժգոհ եղած է: Դաշնակցութիւնը հայ ժողովուրդի անցեալի իրաւական իրաւունքի անունով երբ դիմած է կառավարութեան, մեր ազգին կենաց, պատուին, ինչքերուն ապահովութիւնը վերահաստատելու համար ու պահանջած է, որ կարգ մը օրէնքներ սահմանուին այս ուղղութեամբ, դժբախտաբար գիտենք, որ կառավարութեան կողմէ լաւ չենք դիմաւորուած: Բայց կուսակցութեան մը պարտականութիւնը ասկէ աւելի տարբեր բան չէր կրնար ըլլալ: Կը ցաւինք, որ կառավարութիւնը, նաեւ կուսակցութիւնը ու հայ տարրը արժանի ձեւով չկարողացանք իրարու ներկայացնել, եւ պետութեան բարձր շահերու անունով այս օգուտը չքաղեցինք: Մօտ քսան տարիէ ի վեր մեր միակ փափաքը, մաղթանքը, հաւատքն ու նաեւ ընդհանուր քաղաքականութիւնը երկրի զարգացումը, բարօրութիւնն ու ծաղկումը եղած է: Կը հաւատանք, որ հայ տարրի ազգային գոյութիւնը միայն Թուրքիոյ սահմաններուն մէջ մնալով է, որ կարելի է շարունակել, որովհետեւ օտարներու լուծի տակ անցնելով` մեր գոյութիւնը աւելի մեծ անբաղձալի դրութիւններու հետ դէմ յանդիման պիտի մնայ: Ամէն տեղ, ամէն առիթով կամ թերթերու սիւնակներու մէջ եւ կամ ամպիոններէ այս գաղափարի քարոզիչները եղանք: Ամէն ատեն այս գաղափարով, կարծիքով ու հաւատքով յոյս յայտնեցինք:

Սիրելի՛ Վարդգէս, գիտե՛ս, պատերազմի առիթով ու քու առաջարկովդ գաւառ ուղարկեցինք գրաւոր յայտարարութիւն մը: Կը յիշե՞ս, Աստուած չ՛ընէ՛, զինուորական գրաւման մը պարագային ամէն տեղ երկրի պաշտպանութեան ու ազգային հովանաւորութեան համար պէտք եղած տեղերը հրահանգած էինք, նաեւ` հայ ժողովուրդը յորդորած ու կոչ ըրած էինք, որ եթէ թշնամին Պոլիս ոտք կոխէ, մահմետական ժողովուրդը որեւէ անախորժ դէպքերու հետ դէմ յանդիման չմնալու համար, ի հարկին, իրենց տուներու մէջ ընդունին ու պատսպարեն մահմետական ժողովուրդը: Ասկէ զատ, հայ հասարակութեան յանձնարարած էինք, որ չմասնակցին որեւէ ցոյցի ու հանրային հաւաքոյթի: Որոշում առած ու մամուլի միջոցաւ հայ հասարակութեան խստիւ յանձնարարած ու յայտարարած էինք, թէ այսպիսի ընթացքի մը պարագային բծախնդրութիւն ցոյց տան իրենց պատմութեան ու վստահելիութեան եւ արժանի կեցուածք ցուցաբերելով` հեռու մնան աւելորդ շարժումներէ: Ինչպէս որ բոլոր ազգերու մէջ կան վնասակար, անկարեւոր ու ծայրայեղ անձեր, իրենց առիթ չտալու համար պէտք եղած կանխազգուշութիւնը օրակարգի բերելով` որոշում առինք: Այս բաները ըսել ճիշդ չէ, բայց ժողովուրդին հանդէպ ոստիկանապետի պարտականութիւն կատարելը նախնական կը գտնեմ: Այս մասին մատիտս շարժելը իբրեւ ամօթահար ու երկչոտութիւն նկատելով հանդերձ, քեզի հետ բարեկամական կապերով այնքան լի եմ, որ կարելիութիւն չունիմ մատիտս շարժելու համար ինքզինքս զսպելու:

11 ապրիլ(7), շաբաթ գիշեր այս տուայտանքներով ու հոգեբանութեամբ Ակնունիի քով կը գտնուէի(8): Ոստիկան մը պաշտօնով եկաւ, հոն էիր նաեւ դուն: Երեք ժամ շարունակուող հարցաքննութենէ վերջ մեր ընկերը առին ու կեդրոնատեղի տարին: Աւելի առաջ ալ մեր ուրիշ մէկ ընկերը` Խաժակն(9) ալ առած տարած էին: Կէս գիշերին ուրիշ մէկ ընկերոջմէ մը եւս բաժնուեցանք: Դուն ալ ուրախ եւ հանգիստ տուն վերադարձար: Նոյնպէս ես ալ ուրախ ու հանգիստ «Ազատամարտ»-ի(10) յարկաբաժինս հասայ, որ բնակարանս կը նկատուէր: Ինծի ալ այնտեղէն առին: Միայն խիղճերնին հանգիստ ու մտահոգութենէ հեռու եղողներն են, որ իրենց հարազատ ընկերներուն ձերբակալութենէն վերջ հանգիստ քուն մը քնանալու համար կը քաշուին իրենց տուները:

Սիրելի՛ Վարդգէս,

Շատ մօտէն կը ճանչնաս զիս: Գիտես, որ գրելէ ու երկար խօսելէ չեմ ախորժիր: Ի մասնաւորի կրնաս խորհիլ, թէ որքան լեցուած է մէջս, որ կարողացայ չորս էջ գրել քեզի:

Ահուտցի` Հայկ Թիրեաքեան

Գասթամոնուի կուսակալութեան ենթակայ, Քենկըրըի մէջ, Սեֆայը Հաթըր թաղի, Հաֆըզ Ահմետ էֆենտիի տան մէջ բնակիչ` Հայկ Թիրեաքեան:

ԳԱՍԹԱՄՈՆՈՒԻ  ԿՈՒՍԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ

Նամակագրական դիւան

Թիւ: 2876/231

Ամփոփում: Քենկըրըի մէջ հսկողութեան տակ գտնուող Հայկ Թիրեակեանի նամակը ներկայացուած ըլլալու մասին:

Պետական բարձր վեհափառութեան

Քենկըրը ղրկուած հայերէն` Հայկ Թիրեակեանի ստորագրութեամբ մայրաքաղաք գտնուող Էրզուրումի երեսփոխան Վարդգէս էֆէնտիի հասցէագրուած նամակ մը հասած է մեզ մօտ: Սոյն նամակը կուսակալութեան ղրկուած է գաւառապետութեան կողմէ, որ վարանում մը ունեցած է նամակատուն յանձնելու մասին: Կուսակալութիւն ղրկուած սոյն նամակը կը ներկայացնենք ձեր բարձրութեան:

Եթէ անպատեհութիւն մը չկայ նամակի պարունակութեան մէջ, իր տեղը հասնելու համար պէտք եղած հրամանն ու հրահանգը ձեզի կը պատկանի:

18 Ռեճեպ 333 եւ 19 մայիս 331

Գասթամոնուի կուսակալ

Պենտէ Սեյիտ Մեհմետ

Ծանօթագրութիւններ

(1) Գրիգոր Զոհրապ (1860-1915) ու Վարդգէս (Յովհաննէս Սէրէնկիւլեան 1871-1915) նոր տոմարով 2 յունիս 1915 թուականին ձերբակալուած ու նոյն օրն իսկ Հայտարփաշայէն կառախումբ դրուած են` ղրկուելու համար Տիգրանակերտի Պատերազմական ատեան: Զոհրապ ու Վարդգէս, Տիգրանակերտ չհասած, Ուրֆայէն մէկ ժամ հեռաւորութեան վրայ, 20 յուլիս 1915-ին սպաննուած են:

(2) Ակնարկութիւն` ուրիշ շատերու կարգին, անձնապէս իր բանտարկութեան: Արդարեւ, Հայկ Թիրեաքեան-Հրաչ (1871-1915) համիտեան օրերուն ձերբակալուած էր 1902 թ. հոկտեմբերին ու բանտ մնացած` մինչեւ օսմանեան սահմանադրութեան հռչակումը (յուլիս, 1908):

(3) Ձեռագրին մէջ` «Թըրնակեան» սխալ ընթերցումով, մինչ «անուանակից»-ը աւելի ճիշդ ընթերցումով արդէն Հայկ Թիրեաքեան է:

(4) Աւելի ուշ «անուանակից» Հայկ Թիրեաքեանը վերադարձած է Պոլիս:

(5) 1912 թ. մայիսին Դաշնակցութիւնը, խզած ըլլալով պաշտօնական կապերը Իթթիհատի հետ, պատրիարքարանն ու անկուսակցական գործիչները (ինչպէս Գրիգոր Զոհրապ) կը վարէին յարաբերութիւնները թուրք կառավարութեան հետ:

(6) Ակնարկութիւն 1906 թ. ապրիլին` Ապտիւլ Համիտի յետադիմական շարժման օրերուն, հայերու մօտ ապաստան գտած իթթիհատական ղեկավարներուն: Նոյն Գրիգոր Զոհրապի տան մէջ ապաստանած էր Իթթիհատի պարագլուխներէն Խալիլ պէյ Մենթեշէ (1874-1955), հետագային Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարար, 1914-ին` Խորհրդարանի նախագահ:

(7) Նոր տոմարով` 24 ապրիլ:

(8) Դաշնակցական հանրածանօթ գործիչ Է. Ակնունի – Խաչատուր Մալումեան (1863-1915):

(9) Դաշնակցական յայտնի գաղափարախօս ու գործիչ Գարեգին Խաժակ (Չագալեան – 1867-1915): Ակնունի եւ Գարեգին Խաժակ նահատակուեցան 1915-ին:

(10) «Ազատամարտ» – ՀՅ Դաշնակցութեան Կ. Պոլսոյ պաշտօնաթերթը, որուն հրատարակութիւնը խափանուեցաւ եւ ապրիլ 11/24-ին բռնագրաւուեցան խմբագրատունը, տպարանն ու գանձարկղին մէջ գտնուող շուրջ 450 թրքական ոսկեդրամը:

«Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնը իր երախտագիտութիւնը կը յայտնէ սոյն փաստաթուղթը օսմանեան արխիւէն գտած, հայերէն թարգմանած եւ Akunq.net-ին տրամադրած ամերիկաբնակ պոլսահայ ուսումնասիրող Գոէրգ Յակոբեանին»:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>