Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Անդրադարձ. Հայաստանի Վարչապետին Կոչը Սփիւռքահայերուն

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Ողջունելի է վարչապետ Կարէն Կարապետեանի 27 Փետրուար 2017-ին սփիւռքահայերուն ուղղուած կոչը (1)` «Մասնակից ըլլալու հայրենիքի ապագայի կառուցման»: Ըստ էութեան, հիմնուելով Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակագիրի տառին ու ոգիին վրայ, եթէ այսպիսի կոչ եւ անոր յաջորդելիք էական գործնական քայլերը 26 տարի առաջ կատարուած ըլլային, այսօր արդէ՛ն կ՛ունենայինք բոլորիս փափաքած աւելի՛ հզօր, պատմական արժէքներն ու աւանդութիւնները պահպանող, արդար ու ժամանակակից Հայաստան` հիմնաքարը միացեալ ու անկախ ամբողջական Հայաստանը կերտելու: Տակաւին ուշ չէ՛:

Վարչապետ Կարէն Կարապետեան

Կը վստահինք վարչապետին անկեղծութեան. «Մեր անկախութեան ճանապարհին ունեցած ենք յաջողութիւններ, նաեւ սխալներ` կապուած առարկայական ու ենթակայական գործօններու հետ: Գիտակցած ենք թերութիւններուն եւ հերթական սխալները կրկնելու իրաւունք չունինք այլեւս»: Կրկնելու գնով, ցարդ հայրենի իշխանութիւնները սփիւռքին կ՛ըսէին. «Դուք խելք մի՛ տաք դրա՛մ տուէք», ինչ որ կատարուեցաւ ու կը կատարուի տակաւին: Սակայն այժմ վարչապետը կ՛ըսէ. «Մեր հարստութիւնը այսօր կ՛որոշուի ոչ թէ քարիւղով ու կազով, այլ` Հայաստանի, սփիւռքի եւ Արցախի խելացի մարդկային ներուժով… նախ եւ առաջ կառավարման նոր մշակոյթ բերելու, սփիւռքի մեր լաւագոյն մասնագէտներու գիտելիքներն ու ներուժը  համահայկական նպատակներուն ծառայեցնելու համար:

Այս առումով` սփիւռքը մեզի համար առաւելութիւն է: Չօգտագործել սփիւռքի ներուժը`  կը նշանակէ ըլլալ եսակեդրոն ու ներփակուած: Չտրամադրել սփիւռքի մէջ առկայ յառաջադէմ միտքը մեր գործընկերներուն, երիտասարդներուն եւ ուսանողներուն` կը նշանակէ ըլլալ անարդիւնաւէտ` այսօրուան արագ փոխուող աշխարհին մէջ… Ժամանակն է, որ դառնանք ու ըսենք մենք մեզի` փոխել կրնանք միայն մեր ուժով ու մեր խելքով»: Իսկ 1 մարտ 2017-ին` խորհրդարանին մէջ հարցումի մը պատասխանելով ան ըսաւ. «Սփիւռքը «հիանալի մեծ ներուժ» ունի, եւ բոլոր մարզերուն մէջ կարելի է ներդրել այդ ներուժը: Մենք տուած ենք հեռաձայնի թիւեր, որ մեզի հետ կապուին: Իսկ մեքենականութիւնները տարբեր են, կ՛ակնկալենք, որ մեր հայրենակիցները իրենք ներկայացնեն առաջարկներ, բանաձեւեր, թէ ինչպէ՛ս կը տեսնեն իրենց ներուժի ներդրումը Հայաստանի մէջ»:

Հեռաձայնի թիւերը որո՞ւ տրուած է: յայտնի չէ, սակայն սփիւռքահայերէն շատեր, արդէն իսկ առանց հրաւէրի կարիքի, Հայաստանի եւ Արցախի մէջ ձեռնարկութիւններ հիմնած են, իսկ ուրիշներ ալ անյաջող փորձեր կատարած են: Անհրաժեշտ է ու օգտակար, վերաքաղ մը կատարել, ընդհանուր գիծերու մէջ, Հայաստան-սփիւռք ցարդ յարաբերութեան, ականատեսի կարգ մը օրինակներով: Սփիւռքի ներուժը բոլոր բնագաւառներու մէջ անտեսուած ու նոյնիսկ արհամարհուած է: 26 տարիներ մենաշնորհեալները գրեթէ ամէն մարզի մէջ համակարգային մենատիրութիւն հաստատած են արդէն ու տնտեսական ասպարէզը` լիովին գրաւած. սակայն բարեփոխումի կարելիութիւն կայ` եթէ ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆ կիրարկուի հայրենիքին մէջ:

Կարօ Արմէնեան 27 փետրուար 2017-ի «Վերջին խօսքը կը պատկանի միայն քեզի» (2) խորագիրով յօդուածին մէջ կ՛ըսէ. «Մենք տեսանք, թէ ինչպէ՛ս վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի օրով իշխող հաստատութիւնը անկարելի դարձուց որեւէ հիմնական փոփոխութիւն երկրի տնտեսութիւնը կապտած մենաշնորհային համակարգը կազմաքանդելու ուղղութեամբ: Ազգային տնտեսութեան նախարարութեան ձեռքերը միշտ ալ մնացին կապուած` համակարգային փոփոխութիւններու մարզին մէջ: Մենք տեսանք, թէ ինչպէ՛ս վարչապետ Կարէն Կարապետեանի օրով այդ նոյն նախարարութիւնը զրկուեցաւ տնտեսակարգի ուղղութիւնները ճշդելու եւ անոնց վերահսկողութիւնը ընելու իր լիազօրութիւններէն եւ վերածուեցաւ առեւտուրի քաջալերման սոսկ մէկ գործիքի»:

Փտածութեան դէմ պայքարի ծիրին մէջ 15 դեկտեմբեր 2016-ին Ազգային ժողովը ընդունեց 2003-ի ապօրինի հարստացողները քրէականացնող օրինագիծին մէջ փոփոխութիւններ (3)` նոր պատժամիջոցներ որդեգրելով յանցագործներուն դէմ, գործադրելի 1 յուլիս 2017-էն սկսեալ… Ինչո՞ւ ոչ անմիջապէս…Արդեօք առիթ պիտի տրուի մինչեւ յուլիս 2017 անպատիժ չարաշահումնե՞ր կատարելու… Սակայն երբ երեսփոխաններ հարցուցին, թէ արդեօ՞ք այս օրէնքը յետադարձ ուժ ունի` պահանջելով յետադարձ ուժով օժտել այս օրէնքը, որուն արդարադատութեան նախարարը յստակ «այո» կամ «ոչ» չպատասխանեց. գէթ ինծի համար անորոշ մնաց պատասխանը. ան զարմանք յայտնելով` ըսաւ. «Արհամարհե՞նք սահմանադրութիւնը»… աւելցնելով, որ մենք պէտք է ապագային նայինք (4)...երեսփոխանները լուռ մնացին… Եթէ ոչ էր պատասխանը, ահաւասիկ անարդարութեան կողմնակից Ազգային ժողով: Առանց հաշուետուութիւն կատարելու, անցեալի սխալները սրբագրելու եւ ժողովուրդին իրաւունքը վերականգնելու, վերադարձնելու` կարելի չէ՛ «ապագային նայիլ» (5): Արդեօք սահմանադրութիւնը կը պաշտպանէ՞ ոեւէ յանցագործ, հոգ չէ թէ ե՛րբ կատարած ըլլայ  յանցանքը…

Իսկ նմանօրինակ հարցով ի՞նչ պատահեցաւ Ռումանիոյ մէջ: Ժողովրդային ցոյցերու ճնշումին պատճառով 6 փետրուար 2017-ին` Ռումանիոյ կառավարութիւնը ջնջեց վիճելի հրամանագիր մը, որ բազմաթիւ քաղաքագէտներ կը պաշտպանէր փտածութեան համար դատական հետապնդումներէ: Ըստ հրամանագիրին, 44 հազար եւրոյէն նուազ (47.500 տոլար) գումարներու առնչուող իշխանութեան չարաշահման յանցանքները պատժելի չէր նկատուէր (6)...

Հիմնական խոչընդոտը կը կայանայ Հայաստան-սփիւռք փոխադարձ ճանաչողութեան մէջ (7), որ երկուստեք թերի է, սակայն ընդհանրապէս սփիւռքը տուժող կողմը եղած է` «հայրենասիրութեան» եւ «միասնութեան» մակերեսային ոչ գործնականացած լոզունգներով: Ակնյայտ է հայրենի իշխանութիւններուն սփիւռքին հանդէպ ընդհանրապէս խորհրդային օրերուն կիրարկուող քիչ մը «մեղմացած» քաղաքականութեան ու վարքագիծին շարունակութիւնը: 26 տարիներ, տակաւին սփիւռքի մեծագոյն հատուածը կ՛ակնկալէ ու կը սպասէ խորհրդային տարիներուն իր դէմ կատարուած անիրաւութիւններուն սրբագրումը եւ մեղքերու քաւութիւնը, ապաշխարութիւնը: Կ՛արժէ նշել, որ ցարդ չեմ հասկցած այսքան առատօրէն գործածուող «միասնութիւն» լոզունգին իմաստը: Իշխանութիւնները բնաւ թող չմտահոգուին, Սփիւռքահայը ընդհանրապէս ԱՆՇԱՀԱԽՆԴԻՐ հայրենասէր է, եւ բնա՛ւ ախորժակներ չունի «իշխանութեան» հասնելու: Գործարարներուն մեծամասնութիւնը ճակտի քրտինքով, զրկանքներով  ու յարատեւ աշխատանքով, երբեմն օրական 18 ժամ աշխատելո՛վ յաջողութիւն կերտած է իր գտնուած երկրին մէջ:

Լիբանանահայ այսպիսի գործարար մը,  հաւանաբար 1997-ին, Հայաստանի մէջ ձեռնարկութիւն մը հաստատելու համար մէկ բեռնարկղ ապրանք ուղարկեց Հայաստան, որ իսկոյն կողոպտուեցաւ… առանց յուսահատելու եւ որոշ երաշխիքներով երկրորդ անգամ եւս բեռնարկղ մը ուղարկեց, որ կրկին կողոպտուեցաւ… իսկ «յայտնի» յանցագործները չբացայայտուեցան…: Այլ սփիւռքահայեր պանդոկ կառուցելու սկսան, որուն համար Ֆրանսայէն շինարարական նիւթեր ներածեցին, որոնք պանդոկ հասնելէն ետք երկու անգամ կողոպտուեցան ու երրորդ առաքումով ու երկար ուշացումէ ետք աւարտեցին պանդոկին շինարարութիւնը: Տխուր օրինակները շատ են, մենաշնորհեալներուն կողմէ` խափանելու սփիւռքահայ գործարարներուն մուտքը երկիր, նմանապէս` բնիկներու պարագային:

Ութ տարիներ իշխանութիւնը հայրենիքի հարստութիւնը` «աւար»-ը իրար միջեւ բաժնելէն ետք, մի՛այն 1999 թուականին է, որ սփիւռքը պաշտօնապէս եւ ձեւականօրէն նկատի առնուեցաւ, Հայաստան-սփիւռք առաջին խորհրդաժողովը կազմակերպելով` անկախ իր ձեւէն, նպատակին, բովանդակութենէն եւ արդիւնաւէտութենէն: Այս խորհրդաժողովին` սփիւռքի մեծագոյն կազմակերպութիւններէն` Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութիւնը` ՀՄԸՄ, իր աշխարհասփիւռ` այն ժամանակ 82 մասնաճիւղերով եւ 25000 անդամներով չէր հրաւիրուած, մինչ զանազան լսուած-չլսուած հայրենակցական միութիւններ հրաւիրուած էին… ՀՄԸՄ ներկայ գտնուեցաւ ՀՅԴ-ի պատուիրակութեան ընդմէջէն:

Կրկին 1999-ին` Համահայկական առաջին մարզախաղերու բացման հանդիսութեան «Հրազդան» մարզադաշտին մէջ, Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի` ՀԽՀԿ սփիւռքահայ անդամներուն (գերագոյն մարմին) որեւէ ուղերձ արտասանելու առիթ չէր տրուած, եւ նոյնի՛սկ իբրեւ հանդիսատես` որեւէ «մակարդակի» տեղ ապահոված չէին… Այսպէս, մեր շարժավար Պորիսը իր փոխադրակառքով ժամանակէն առաջ մեզ հասցուց մարզադաշտ, սակայն հակառակ մեր ունեցած տոմսերուն եւ մեր ինքնութիւնը յայտնող նկարով կուրծքի քարտերուն` մեր մուտքը «գլխաւոր» մասնաբաժին թրիպիւն կոպիտ ձեւով մը արգիլուեցաւ, մինչ մնացեալ բոլոր բաժինները լեցուած էին, եւ` մուտքերը փակ…

Համահայկական 6-րդ Մարզախաղերու փակման հանդիսութիւն` 2015. Նկարին մէջ ձախէն աջ, բեմին վրայ փակման հանդիսութեան բանախօսները` ՀՀ մարզական եւ երիտասարդութեան Հարցերու նախարար Գաբրիէլ Ղազարեան, Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան, ՀԽՀԿ նախագահ Իշխան Զաքարեան եւ ՀՀ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան. ակնյայտօրէն կը բացակայէր համահայկականը` Արցախը եւ սփիւռքը:

Համահայկական 6-րդ Մարզախաղերու փակման հանդիսութիւն՝ 2015. Նկարին մէջ ձախէն աջ, բեմին վրայ փակման հանդիսութեան բանախօսները՝ ՀՀ Մարզական եւ Երիտասարդութեան Հարցերու նախարար Գաբրիէլ Ղազարեան, Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան, ՀԽՀԿ նախագահ Իշխան Զաքարեան, եւ ՀՀ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան . ակնյայտօրէն կը բացակայէր համահայկականը՝ Արցախը եւ Սփիւռքը:

Շարժավար Պորիսը «հնարամտութեամբ» մեզ առաջնորդեց թանձր բոյրով ղաւուրմայի կրպակներուն քովէն` երկու աստիճանաձեւ բաժիններուն միջեւ եւ տակը գտնուող եռանկիւն վայր մը` բաժինները շալկող հսկայ սիւներուն միջեւ, սահմանափակ տեսադաշտով` ուր բաժին մը գրեթէ «սողալով» է, որ կրցանք հասանիլ… «Դուք աշխարհի բոլոր կողմերէն հայ մարզիկներ բերէք, հսկայական զոհողութիւններով գումարներ ծախսեցէք ու բա՛ւ, մնացեալը ձեր գործը չէ» այս էր իշխանութեան պատգամը սփիւռքին, եւ այս անտեսումը աւելի շեշտուեցաւ, երբ ոեւէ պատասխանատու ներողութիւն չհայցեց կատարուած անտեսումին համար, երբ բողոքեցինք:

Իսկ Համահայկական վեցերորդ մարզախաղերու պաշտօնական փակման հանդիսութեան` օգոստոս 2015-ին, կրկին անտեսուած էին Արցախը եւ սփիւռքը: Խօսք առին ՀԽՀԿ նախագահ Իշխան Զաքարեան, Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան, մարզական եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Գաբրիէլ Ղազարեան եւ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան (Համահայկական Խաղերուն կ՛անդրադառնամ այլ առիթով):

Սփիւռքահայու ամէնէն օրինակելի, պատուաբեր ու բացայայտ յաջող ձեռնարկութիւններէն է «Զուարթնոց» նոր օդակայանը` 2004-ին սկսած, բացումը` 2007-ին, որ կը պարտինք արժանթինահայ գործարար Էտուարտօ Էրնէքեանին: Լուսաւոր ու պայծառ` հրաշալի՛ առաջին տպաւորութիւն-ընդունելութիւն է ճամբորդներուն եւ զբօսաշրջիկներուն համար: Մեր հայրենիքին այլ բնագաւառները ա՛յս օրինակով պէտք է վարակուին:

Անբաւարար լուսաւորուած, տխուր ու հնամաշ հին օդակայանին մէջ մղձաւանջային փորձառութիւններ ունեցած են սփիւռքահայեր, յատկապէս` մեկնումի պահուն: Այցելութիւններէս երկուքի պարագային, մեկնումի պաշտօնական գործողութիւնները կատարելէ ետք, դէպի մեկնումի սպասման սրահ ուղղուելու մութ անցքին մէջ, սիւնի մը ետին պահուըտած երկու «հաստ վիզով» հսկայ կազմով, քաղաքային հանդերձով անձեր` իմ պարագայիս, ձախող փորձ կատարեցին դրամ շորթելու… հարցուցին, թէ որքա՞ն դրամ ունէի…իմ պատասխանս եղաւ «երանի աւելի՛ դրամ ունենայի, որ կարենայի ծախսել»: Սակայն իմ ընկերակիցներս եւ ուրիշներ սարսափահար` տեղի տալով` գումարներ տուած են անոնց… զզուանքով ու սրտխառնուքով աւարտելով հայրենիք այցելութիւնը:

Մասամբ համաձայնելով վարչապետին հաստատումին` «Մեր հարստութիւնը այսօր կ՛որոշուի ոչ թէ քարիւղով ու կազով, այլ Հայաստանի, սփիւռքի եւ Արցախի խելացի մարդկային ներուժով»: Պիտի աւելցնեմ  նաեւ` 1. Այժմու եւ ապագայի ամէնէն թանկագին` ջուրի ինքնաբաւութիւնը գերազանցող պաշարով, 2. Սննդամթերքի` երկրագործութեան ինքնաբաւութիւնը գերազանցող կարողականութեամբ եւ 3. Վերանորոգելի ուժանիւթի, յատկապէս ջրելեկտրակայաններու գերազանց կարողականութեամբ (8) , (9): Հայաստանի ապագան այս երեք հիմնական բնագաւառներու զարգացման մէջ կը կայանայ, որ միեւնոյն ժամանակ ունի իրար ամբողջացնող ռազմավարական արժէք` ջուրի, պարէնաւորումի եւ ուժանիւթի ինքնաբաւութիւն: Այլ խօսքով, լուսաւոր, տաքուկ եւ սնունդով առատ հայրենիք, որ միեւնոյն ժամանակ երիտասարդը կը պահէ իր բնակավայրի արդիւնաբեր հողին վրայ (10)(15):

7 մարտ 2017

(1) ( http://www.aztagdaily.com/archives/337773 )
(2) ( http://www.aztagdaily.com/archives/337537 )
(3) ( http://www.parliament.am/legislation.php?sel=show&ID=5679&lang=arm )
(4) ( https://www.youtube.com/watch?v=_JMxWSgYWpg&feature=youtu.be )
(5) Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան Հռչակագիրը Եւ Ազգային Հարստութեան Կառավարումը Ու Հաշուետուութիւնը
( http://www.aztagdaily.com/archives/310121 )
(6) ( http://www.aztagdaily.com/archives/335227 )
(7) Հայաստան-Սփիւռք Փոխադարձ Ճանաչողութեան Մասին Եւ Հայոց Լեզուն
( http://www.aztagdaily.com/archives/277602 )
(8) Հայաստանի Հանրապետութեան Եռամեայ Զարգացման Այժմէական Ծրագիրի Մը Անհրաժեշտութիւնը ( http://www.aztagdaily.com/archives/273766 )
(9) Ահազանգ Հայաստանի Ջրելեկտրակայաններու Եւ Վերանորոգելի Ուժանիւթի Մասին ( http://www.aztagdaily.com/archives/261435 )
(10) Հայաստանի Հանրապետութեան Տնտեսական Զարգացումը Եւ Ներդրումային Մթնոլորտը ( http://www.aztagdaily.com/archives/325406 )
(11) Հին Ու Նոր Առաջարկներ` Հայաստանի Հանրապետութեան Նոր Կառավարութեան ( http://www.aztagdaily.com/archives/319685 )
(12) Քանի Մը Առաջարկ Հայաստանի Հանրապետութեան Կառավարութեան` Թրքական Ներածումի Այլընտրանքի Մասին ( http://www.aztagdaily.com/archives/299200 )
(13) Ի՞նչ Է Գինը Յարաբերութիւններու Բնականոնացման. Նուաստացում` Ի Խնդիր Վերնախաւի Հարստացման ( http://www.aztagdaily.com/archives/324227 )
(14) Երեւանը Պէյրութի Կեդրոնի Ճակատագիրին Պէտք Չէ՛ Ենթարկել Եւ Ի՞նչ Է Երեւանցիին Կենսամակարդակի Հեռանկարը
( http://www.aztagdaily.com/archives/286342 )
(15) Կոչ Հայաստանի Հանրապետութեան Կառավարութեան «Հայացնելու» Կառավարութեան Նախարարութիւններուն Անունները
( http://www.aztagdaily.com/archives/275607 )


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>