Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Էրտողանի Թուրքիան Մերքելի Գերմանիոյ դէմ երկար ատենէ ի վեր բացած է բանաւոր պատերազմ մը, որ վերջին շաբաթներուն հասաւ բաւական սուր աստիճանի: Թուրքիոյ նախագահն ու իր «խունթա»-ին անդամները Գերմանիան ամբաստանեցին իբրեւ նացիականութեան վերազարթնումի օճախ, իսկ քանի մը օր առաջ ալ ամբաստանութիւններու օղակը տարածեցին դէպի Հոլանտա: Էրտողան եւ իր նախարարները յանկարծ դարձան ժողովրդավարութեան ու մարդասիրութեան քարոզիչներ` հարցականի տակ առնելով Թուրքիոյ հետ Գերմանիոյ բարեկամութիւնը եւ յայտարարելով, որ թոյլ պիտի չտան Հոլանտայի դեսպանին Անգարա վերադարձը:
Երեւոյթները ցոյց կու տան, որ մոռացութեան մատնուած է, թէ Անգարա-Պերլին գիծին վրայ երբեմնի սիրալիր յարաբերութիւնները կտրուկ վատթարացումի ընթացք առին մօտաւորապէս երկու տարի առաջ, երբ Գերմանիա բացայայտ դարձուց, որ պիտի ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը, եւ ապա Գերմանիոյ նախագահն ու խորհրդարանը իրերայաջորդ քայլերով կատարեցին խոստումը: Մերքել քանիցս փորձեց ողոքել Էրտողանն ու անոր գործակիցները, սակայն ահա ինքզինք կը գտնէ ժամանակակից Թուրքիոյ նոր «Կարմիր սուլթան»-ին դէմ յանդիման, Էրտողանի մը, որ հրապարակ եկած է սպառնալիքներ ու ամբաստանութիւններ տեղացնելու այլապէս ներքին ընտրապայքարի պատրաստուող Գերմանիոյ վրայ: Հոլանտա եւս անմասն չէ Էրտողանի «դաստիարակչական ծրագիր»-էն:
Ի՞նչ պատահեցաւ վերջին շաբաթներուն:
Էրտողան վճռած է ամէն գնով դառնալ նոր օրերու սուլթան Համիտը` գործնապէս ու քաղաքականապէս. գործնապէս, որովհետեւ մրցումի ելած է ջարդարար Ապտիւլ Համիտի հետ, իսկ քաղաքականապէս, որովհետեւ բացայայտած է, որ պիտի պատռէ ժողովրդավարութեան ու հանրապետական դրութեան խաբուսիկ շղարշը եւ միապետական բռնապետութիւն պիտի հաստատէ… ժողովրդավար միջոցներով:
Ծանօթ է, որ երկու տարի առաջ Էրտողան ամրան խորհրդարանական ընտրութիւններուն զգայացունց նահանջ արձանագրեց, յետոյ լուծեց խորհրդարանը եւ կարելի ամէն միջոցով ընտրել տուաւ իր կողմնակիցներով մեծամասնութիւն ունեցող խորհրդարան մը. հետեւեցաւ անցեալ տարուան պետական հարուածի բեմադրութիւնը, Էրտողան աստիճան մը եւս ամրապնդեց իր բռնատիրական բազուկը, ընդդիմադիրներ եւ այլախոհներ պաշտօնազուրկ ըրաւ, բանտերը կշտացուց անոնցմով, մամուլը ենթարկեց շղթայումներու, եւ ահա, իր կողմնակիցներուն ձեռամբ խորհրդարանին մէջ որդեգրուած սահմանադրական փոփոխութիւնները յառաջիկայ 16 ապրիլին հանաքուէի պիտի դնէ, այսինքն նոյնքան շինծու ժողովրդավարութեամբ մը ժողովուրդին քուէն պիտի ապահովէ սահմանադրական փոփոխութիւններու համար, որոնք առերեւոյթ պիտի հաստատեն նախագահական իշխանութիւն` նուազեցնելով վարչապետին ու խորհրդարանին լիազօրութիւնները, ինչ որ գործնապէս կը նշանակէ միապետական բռնատիրութեան մը հաստատումը Թուրքիոյ մէջ: Մեկնաբաններ չեն վարանիր մատնացոյց ընելու, որ Աթաթիւրքի օրերէն ի վեր կիրարկուող (իբր թէ) ժողովրդավարական հանրապետութեան դագաղին վերջին գամերը պիտի գամուին 16 ապրիլին:
Արեւմուտքը հանդուրժողութեամբ եւ բարեկամական կապերու պահպանումի նախանձախնդրութեամբ հանդիսատես եղաւ (ու կը շարունակէ ըլլալ) Էրտողանի բեմադրութիւններուն` պատճառաբանելով, որ իրաւասու չէ Թուրքիոյ ներքին գործերուն միջամուխ ըլլալու: (Նման երեւոյթ տեսնուած էր Բ. Աշխարհամարտը կանխող տարիներուն ալ, նոյնինքն Գերմանիոյ մէջ Հիթլերի մենատիրական ու ազգայնամոլական քայլերը դիտուած էին հանդուրժողութեամբ…): Մամուլին, ընդդիմադիրներուն եւ տակաւին` քիւրտերուն ու այլ փոքրամասնութեանց դէմ էրտողանեան բռնադատութիւնները միայն բանաւոր արձագանգներ գտան անցեալ տարիներուն, մինչդեռ եւրոպական երկիրներ, մէկը միւսին ետեւէ, կարմիր գորգերով ու լայն ժպիտներով դիմաւորեցին Էրտողանն ու անոր պատուիրակները` նախարար թէ այլ:
Եւ ահա կը հասնի հակահարուածը: Գերմանիա եւ Հոլանտա արգելք եղան, որ թուրք նախարարներ իրենց սահմաններէն ներս փոխադրեն ապրիլեան հանրաքուէին ի նպաստ «սուլթանական» ընտրարշաւը: Թուրք նախարարներ Գերմանիա եւ Հոլանտա բնակող թուրքերու հանրահաւաքներու խօսք պիտի առնէին ու փառաբանէին էրտողանեան ուղիին բարիքները: Անոնց արգիլուեցաւ Գերմանիա մուտք գործել, իսկ նախարարուհի մը դուրս դրուեցաւ Հոլանտայէն, ու Գերմանիոյ ճամբով ճամբուեցաւ իր երկիրը: Գերմանիոյ ու Հոլանտայի թուրքերը, իրենց կարգին, վար առին դիմակները եւ քանդումներով ու խափանարարական արարքներով բողոք բարձրացուցին Պերլինի ու Ռոթերտամի մէջ` ցոյց տալով, թէ Եւրոպան որքա՜ն քաղաքակրթած է զիրենք (մօտաւորպէս նոյն դէմքը տեսանք այն օրերուն, երբ Գերմանիոյ խորհրդարանը կը քննարկէր ու կ՛որդեգրէր Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւը):
Գերմանիա ու Հոլանտա (վստահաբար նաեւ` այլ երկիրներու պետական մարդիկը) շատ լաւ գիտեն, թէ Էրտողանի Թուրքիան ժողովրդավարութեան գիծէն 180 աստիճան տարբեր ուղղութեամբ կ՛ընթանայ, հետեւաբար չեն ուզեր իրենց երկիրները բեմ դարձնել աշխարհին քիթին խնդացող քարոզչական արշաւներու: Էրտողան եւ նախարարներ, բացայայտօրէն նախապատրաստուած բեմադրութեամբ մը, ամբաստանութիւններու եւ սպառնալիքներու հրազէնները ուղղած են դէպի Հոլանտա եւ Գերմանիա: Այս տագնապալի յարաբերութեանց էջերը կրնան աւելի եւս հարստանալ ու ծաւալիլ:
Քաղաքակրթութեան ու ժողովրդավարութեան դասեր տալու ելած Թուրքիան այն ոճրագործ պետութիւնն է, որ աւելի քան դար մը առաջ ճանչցուած էր իբրեւ «Հիւանդ մարդ», իրագործեց Ցեղասպանութիւն, բռնագաղթի ենթարկեց հայեր, յոյներ, ասորիներ եւ այլ փոքրամասնութիւններ, սովի մատնեց ու բռնադատեց արաբներ, քիւրտերը ենթարկեց բազմահանգրուան ու մինչեւ օրս շարունակուող ջարդերու, չվարանեցաւ Կիպրոսի հիւսիսային գօտին գրաւելու ու լուտանքի համազօր հակազդեցութիւններ ունենալու իրմէ արդարութիւն պահանջողներուն դէմ, վերջին 5-6 տարիներուն գլխաւոր դերակատարն է Սուրիոյ ահաւոր ողբերգութեան, Եւրոպան շանթաժի կ՛ենթարկէ գաղթականներու ողբերգութիւնը հասոյթի աղբիւրի վերածելով, զինք նեղի մատնելու արեւմտեան փորձերուն դիմաց կը փորձէ բարեկամութիւն խաղալ Ռուսիոյ հետ, ու տակաւին, ոճրային լարախաղացութեան պատմութիւնը երկար է:
Մեծ յոյսեր կարելի չէ կապել, որ Եւրոպան ու ընդհանրապէս Թուրքիոյ զօրակից Արեւմուտքը սկսած են արթննալ: Ի վերջոյ, Թուրքիան օգտագործելու եւ շահակցական կապերը պահպանելու նժարը միշտ ալ աւելի ծանր կշռած է դաշնակից պետութիւններու իշխանաւորներուն աչքին: Սակայն ստեղծուած վիճակը լաւ առիթ մը կ՛ընծայէ մեզի` հայերուս եւ Թուրքիոյ ոճրային վարմունքէն տուժող բոլոր ճակատագրակիցներուն, որպէսզի Թուրքիոյ իսկական դիմագիծին ծանօթացումը տարածենք ժողովրդային մակարդակի վրայ, ու անոնց միջոցով ճնշումի ալիքներ ստեղծել պետական մարդոց վրայ, մէկ խօսքով` չմնալ դիտող հանդիսականի աթոռին վրայ: Ինչո՞ւ ցուցական քայլերու չդիմել Գերմանիոյ ու Հոլանտայի մէջ` արդարօրէն օգտագործելով Թուրքիոյ դէմ խմորուող ժողովրդային ընդվզումը, զանգուածները դուրս բերել պետական մակարդակի չափուած-կշռուած մեքենայութիւններու ոլորտէն:
12 մարտ 2017