Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17562

Խմբագրական «Գանձասար»-ի –Մարտ Բ. –Վստահութեան Քուէ

$
0
0

Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններու նախընտրական քարոզարշաւը ժողովրդավարական երկրի համապատասխան կանոններով ու չափանիշներով կ՛ընթանայ: Բանավէճերն ու զրոյցները, մամլոյ ասուլիսները, ժողովրդային հանդիպումները, մրցակից կողմերու ցեխարձակումներէ զերծ մնալու զգօնութիւնը ընտրութեան ժողովրդավարական հոլովոյթի նախադրեալներ կը հանդիսանան:

Այդուհանդերձ, ներկայացուած կարգախօսները, խոստումներու մրցավազքը որքան ալ դիպուկ ըլլան, չեն նպաստեր քաղաքացիին կողմնորոշման, եթէ չըլլան թափանցիկ ու չհիմնուին առարկայական տուեալներու վրայ:

Տուեալներ, որոնք քուէարկողի վստահութեան կրնան արժանանալ:

Իսկ քուէարկողը անիրականանալի խոստումներով չի խանդավառուիր: Հայաստան ապրող իւրաքանչիւր քաղաքական գործիչ ծանօթ է երկրի դիմագրաւած դժուարութիւններուն, ժողովուրդի արդար դժգոհութեան ալիքին, ուստի դիւրութեամբ կրնայ խոստումներ տալ, ըսել, որ պէտք է դիմել այս կամ այն քայլին` արտագաղթը կասեցնելու, աղքատութեան տոկոսը նուազեցնելու, Հայաստանի քաղաքացիին արժանապատիւ կեանք ապահովելու, Արցախի եւ Հայաստանի անվտանգութիւնը երաշխաւորելու եւ այլն: Էականը սակայն գաղափարական հիմքի, ազգային արժեհամակարգի վրայ խարսխուած նախընտրական ծրագիրի գոյութիւնն  ու անոր գործնականացման քայլերն են:

Այս բոլորով մէկտեղ, արդար եւ արդիւնաւէտ ընտրութիւններու միակ երաշխաւորը  ժողովուրդն է: Ժողովուրդ,  որ պիտի կարենայ լաւապէս ընկալել ներկայացուած նախընտրական ծրագիրները, քուէարկել ի՛ր եւ երկրի՛ն շահերը ամրագրող ուժին ի նպաստ: Ժողովուրդ, որ իրազեկ պիտի ըլլայ մրցակից ուժերու ազգային հեռանկարին, գաղափարական հիմքին, բարոյական արժեհամակարգին եւ ըստ այնմ կատարէ իր ընտրութիւնը:

Խորհրդարանական ընտրութիւններով ժողովուրդին իշխանութիւնն է, որ պիտի վերահաստատուի վերջապէս, որպէսզի անո՛ր ձայնը լսելի դառնայ, անո՛ր հաւաքական շահերը պաշտպանուած ըլլան եւ ոչ թէ մենաշնորհեալ փոքրամասնութիւններու:

Ու որքան ալ որ արդիւնաւէտ ըլլան քարոզարշաւները, որքան ալ որ նպատակային ըլլան նախընտրական ծրագիրները, ժողովուրդը իր աշխուժ մասնակցութեամբ միայն պիտի կարենայ հարթել զարգացող, արդար եւ ուժեղ Հայաստանի ուղին:

Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը վճռական է առաջնորդելու  հայրենի մեր ժողովուրդին երթը դէպի ազատ, արդար եւ բարեկեցիկ հասարակութիւն: Կը մնայ վստահիլ անոր ուժին, նպաստել հզօր Հայաստանի կերտման ծրագիրին` քուէարկելով Դաշնակցութեան:

«Գ.»


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17562

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>