Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Հայրենի Կեանք

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

«Հայաստանը Հետաքրքրուած Է Յունաստանի Հետ Համագործակցութեան Աշխուժութեամբ» Կարէն Կարապետեան

Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեան 9 մարտին ընդունած է Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Քոցիասին գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկած է Կ. Կարապետեան. «Այս տարի կ’ամբողջանայ հայ-յունական դիւանագիտական յարաբերութիւններուն հաստատման 25-ամեակը: Մեր բարեկամական յարաբերութիւնները շատ բարձր մակարդակի վրայ կը գտնուին, բայց մենք հետամուտ ենք աւելի աշխուժացնելու եւ նոր որակ հաղորդելու անոնց»:

Կառավարութեան ղեկավարը յատկապէս կարեւոր նկատած է երկկողմանի տնտեսական կապերու զարգացումը` նշելով, որ այս մարզին մէջ շատ ընելիք ունին, եւ աւելի մեծ ներուժ կայ, քան ինչ որ օգտագործուած է: Վարչապետը նաեւ ողջունելի նկատած է միջազգային ատեաններու մէջ Հայաստան-Յունաստան համագործակցութիւնը եւ միջազգային օրակարգի բազմաթիւ հարցերու շուրջ մօտեցումներու համընկնումը:

Նշելով, որ ուրախ է գտնուելով բարեկամ Հայաստանի մէջ, Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարը Հայաստանի վարչապետին յայտնած է Յունաստանի վարչապետ Ալեքսիս Ցիփրասին ջերմագին ողջոյնները: «Մենք միշտ եղբայր ազգեր եղած ենք: Իմ այցելութեանս միակ նպատակն է ռազմավարական գործընկերութիւն ստեղծել», նշած է Նիքոս Քոցիաս: Բարձր գնահատելով հայ-յունական քաղաքական երկխօսութիւնը` Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարը եւս այն կարծիքին համամիտ եղած է, որ տնտեսական յարաբերութիւնները ցած մակարդակի վրայ կը գտնուին, եւ անհրաժեշտ է աշխուժ աշխատանք տանիլ համաչափ զարգացնելու առնչութեամբ:

Հայաստանի վարչապետն ու Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարը անդրադարձած են երկկողմանի, ինչպէս նաեւ բազմակողմանի ձեւաչափով տնտեսական գործակցութեան խորացման հարցին` կարեւոր նկատելով հայ-յունական համագործակցութեան միջկառավարական յանձնաժողովին աշխուժ աշխատանքը: Կողմերը` յատկապէս քննարկած են հայ-յունական գործարար համագումարի օրակարգին վերաբերող հարցեր: Վարչապետ Կարապետեան առաջարկած է յստակացնել այն ոլորտները, որոնք կրնան փոխադարձ ներդրումային հետաքրքրութիւն ներկայացնել երկու երկիրներու գործարարներուն համար եւ աշխուժ կերպով աշխատիլ միացեալ ծրագիրներու շուրջ:

Կարէն Կարապետեանն ու Նիքոս Քոցիաս առաջարկներ փոխանակած են նաեւ Եւրոպական միութեան եւ Եւրասիական տնտեսութեան զարգացման, ինչպէս նաեւ շրջանային գործակցութեան հեռանկարներուն շուրջ:

Վարչապետը Կը Ծանօթանայ «Սինոփսիս Արմէնիա» Եւ «Վոլօ» Ընկերութիւններու Ծրագիրներուն

Վարչապետ Կարէն Կարապետեան վերջերս այցելած է «Սինոփսիս Արմէնիա» ընկերութիւն:

Կառավարութեան ղեկավարը շրջայց կատարած է տեղեկատուական արհեստագիտութեան  (ՏԱ) ոլորտի առաջատար ձեռնարկութիւններէն մէկը հանդիսացող «Սինոփսիս Արմէնիա»-ի ուսումնական եւ արտադրական բաժիններուն, ծանօթացած է ընկերութեան ընթացիկ եւ հեռանկարային ծրագիրներուն, Տեղեկատուական արհեստագիտութեան ոլորտի զարգացման ուղղուած նոր նախաձեռնութիւններուն:

Ընկերութեան ղեկավարները վարչապետին մանրամասնօրէն ներկայացուցած են արտադրութիւն-համալսարան համագործակցութեամբ իրագործուող կրթական ծրագիրը, որ կ՛իրականացուի Հայաստանի ազգային ճարտարագիտական համալսարանին հետ միատեղ եւ կարելիութիւն կ՛ընձեռէ աշխատաշուկան համալրելու անհրաժեշտ գիտելիքներ եւ հմտութիւններ ունեցող շրջանաւարտներով:

Վարչապետ Կարէն Կարապետեան նոյն օրը այցելած է նաեւ Տեղեկատուական արհեստագիտութեան ոլորտի մէկ այլ առաջատար` հայկական «Վոլօ»  ընկերութիւն, ծանօթացած է անոր գործունէութեան ուղղութիւններուն, ձեռքբերումներուն եւ զարգացման ծրագիրներուն:

2006-ին հիմնադրուած «Վոլօ» ընկերութիւնը մասնագիտացած է ձեռնարկատիրական մակարդակի նորարարական լուծումներու ոլորտին մէջ: Ընկերութեան համար կ՛աշխատին մօտաւորապէս 140 մասնագէտներ, որոնք արդիական գաղափարներ կը մշակեն կիպեռանվտանգութեան (cyber-security), բջիջային յաւելուածներու եւ շարք մը այլ ուղղութիւններով:

Վերջերս Կայացաւ «Մայր Իմ Անուշ» Խորագրով Երգահանդէսը

Մարտ 10-ին Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան եւ Սուրիահայերու հիմնահարցերը համակարգող կեդրոն հասարակական կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ, «Առնօ Բաբաջանեան» համերգասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Կիներու միջազգային օրուան նուիրուած «Մայր իմ անուշ» խորագրով երգահանդէսը, որուն ներկայ էր Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան:

Երգահանդէսին ընթացքին հնչեցին հայկական ժողովրդական երգեր, հայ երգահաններու ստեղծագործութիւններ, մասնաւորապէս` կոմիտասեան եւ բաբաջանեանական կատարումներ: Պարային եւ երաժշտական համարներով հանդէս եկան Հենրիկ Իգիթեանի անուան Գեղագիտութեան ազգային կեդրոնի աւանդական երգ ու պարի «Գորանի» համոյթը, իրաքահայ երաժիշտներ` Ռուբէն Օսկանեանը, Մարալ, Մարինէ, Մասիս Դանիէլ Մանուկեանները, Մարիանա Սարգսեանը, Կարին Օսկանեանը, երգչուհիներ Արփի Սինանեանը, Սոնա Տէր Ասատրեանը, Արմինէ Սիմոնեանը, սուրիահայ կատարողներ  Մանէ Եազճեանը, Սէրլի Թէքէեանը, Անի Մոմճեանը, Սոնա Գարատանայեանը, Ռազմիկ Քելխաչերեանը, Էօժէնի Դալար Փոստայեանը:

Երեկոյին ընթացքին մայրերուն նուիրուած բանաստեղծութիւններով հանդէս եկան Կալի Մարգարեանը եւ Լոյս Մատլեն Փոստայեանը:

Երգահանդէսին ընթացքին ցուցադրուեցաւ սուրիահայ եւ իրաքահայ փոքրիկներու հետաքրքրութիւններուն, Հայաստանի մասին առաջին տպաւորութիւններուն, անոնց երազներուն ու նպատակներուն մասին պատմող տեսանիւթ:

Յայտնենք, որ ձեռնարկին աւարտին սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան շնորհակալութիւն յայտնեց մասնակիցներուն եւ անոնց յանձնեց շնորհակալագիրներ:

Կառավարութիւնը Կը Հիմնէ Գիւղատնտեսութեան Զարգացման Հիմնադրամ

Գիւղատնտեսութեան ոլորտին մէջ առկայ տարբեր ֆինանսաւորման աղբիւրներ ունեցող ծրագիրներու միասնական մարմինի մը կողմէ իրականացման, գիւղացիական տնտեսութիւններուն մատուցուող ծառայութիւններու որակի բարձրացման եւ շրջանակի ընդլայնման, ոլորտին մէջ նուիրատուներու կողմէ իրականացուող ծրագիրներու համակարգման, արդիւնաւէտ գիւղատնտեսութեան զարգացման, կարելիութիւններու արդիւնաւէտ բաշխման անհրաժեշտութեամբ պայմանաւորուած` կառավարութիւնը որոշած է հիմնել Գիւղատնտեսական զարգացման հիմնադրամ:

Հաղորդենք, որ այս որոշումին նպատակն է հիմնադրամին միջոցով նպաստել գիւղատնտեսութեան կայուն, մրցունակ եւ ժամանակակից զարգացման:

Տեղի Ունեցաւ «Սուրիահայ Մշակոյթի Շունչը Երեւանի Մէջ» Խորագրով Բարեգործական Ցուցահանդէս-Տօնավաճառին Բացումը

Մարտ 6-ին Երեւանի պետական համալսարանի բանասիրական բաժանմունքի նախասրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ Կանանց միջազգային օրուան նուիրուած «Սուրիահայ մշակոյթի շունչը Երեւանի մէջ» աւանդական դարձած բարեգործական ցուցահանդէս-տօնավաճառը, որ կազմակերպած է Հայաստանի սփիւռքի նախարարութիւնը` «Սուրիահայերու հիմնահարցերը համակարգող կեդրոն» ՀԿ-ի հետ միատեղ:

Ցուցահանդէս-տօնավաճառի բացման մասնակցեցաւ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան: Նախարարը շրջեցաւ տաղաւարներուն մէջ ծանօթացաւ սուրիահայերու աշխատանքներուն, բարձր գնահատեց անոնց տաղանդն ու աշխատասիրութիւնը, սպասարկման բարձր մշակոյթն ու մատուցման ինքնատիպ ոճը եւ իր հիացմունքը յայտնեց յատկապէս ձեռագործ աշխատանքներուն եւ նրբաճաշակ արծաթեայ իրերուն մասին:

Այնուհետեւ սփիւռքի նախարարը պատասխանեց լրագրողներու հարցումներուն: Ան մասնաւորապէս նշեց. «Կազմակերպելով ցուցահանդէս-տօնավաճառները` կը փափաքինք, որ սուրիահայերը հայրենիքի մէջ ճանաչելի դառնան, անոնց աշխատանքները հասարակութեան ներկայացնենք, որպէսզի անոնք շաղուին հասարակութեան հետ: Աւանդական դարձած այս ցուցահանդէս-վաճառքներու ժամանակ անոնց կ՛օգնենք, պայմաններ կը ստեղծենք, որ ապրանքները վաճառուին: Կը մաղթեմ, որ աշխատանքին նկատմամբ անոնց նուիրուածութիւնը պահպանուի եւ նոյն սիրով շարունակեն աշխատիլ:

Իսկ Կանանց միջազգային օրուան առիթով կը շնորհաւորեմ բոլոր հայ կիները,  անոնք են հայ ընտանիքի, հայ տեսակի, մշակոյթի պահապանները, անոնց կը մաղթեմ խաղաղութիւն, առողջութիւն, որ կարենան պահպանել իրենց բնորոշ կենսասիրութիւնն ու ստեղծագործ ոգին, որ շարունակեն շէնցնել իրենց օճախն ու հայրենիքը»:

Նշենք, որ ցուցահանդէս-տօնավաճառին ներկայացուած են 60-է աւելի սուրիահայերու ձեռագործ աշխատանքներ, ոսկերչական իրեր, քաղցրաւենիք եւ այլ ուտեստներ:

Երեւանի Մէջ Բացուեցաւ «Հալալ»-ի Գրասենեակ

Երեւանի մէջ բացուեցաւ «Հալալ»-ի գրասենեակը: Բացման հանդիսութեան ներկայ գտնուեցաւ Հայաստանի տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Սուրէն Կարայեանը եւ ըսաւ, որ «Հալալ» գրասենեակի բացումը պիտի խթանէ հայկական արտադրանքի սպառման ծաւալներու աճին, Հայաստանի զբօսաշրջութեան զարգացման եւ զբօսաշրջիկներու թիւի աճին ու տեղական արտադրանքի մուտքը նոր շուկաներ ապահովելուն:

Նախարարը նաեւ տեղեկացուց, որ տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութիւնը գրասենեակին հետ միատեղ իրազեկման սեմինարներ պիտի կազմակերպէ տնտեսվարողներու համար:

«Հալալ» գրասենեակի տնօրէն Ապտուլ Հուսէյն Ֆախարի նշեց, որ միջազգային ընկերութիւնը 1000-է աւելի տնտեսվարողներու «Հալալ» վկայականներ տրամադրած է: Կազմակերպութեան կողմէ տրամադրուած վկայականները կը գործեն Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան անդամ 57 երկիրներու մէջ: Միջազգային գրասենեակի գործունէութիւնը սկսած է 2004-ին:

Ապտուլ Հուսէյն Ֆախարի յայտնեց, որ Հայաստանի մէջ արդէն իսկ կը համագործակցին երկու սպանդանոցներու հետ` տրամադրելով «Հալալ» մակնիշը:

«Հալալ» եզրը կը նշանակէ մթերքի համապատասխանութիւն` մահմետական աւանդոյթներուն: «Հալալ» մակնշումով արտադրանքը կը համարուի մաքուր արտադրանք:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>