Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

«Զարմանազան»

$
0
0

Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութիւնը արեւմտահայերէնի զարգացման իր հնգամեայ ծրագիրի ծիրին մէջ «ԶԱՐՄԱՆԱԶԱՆ» անունով կրթական աշխատանոցի մը կը ձեռնարկէ, որ նոյն վայրին մէջ պիտի համախմբէ զիրար ամբողջացնող երկու ճիւղեր.

10-15 տարեկան մանուկներուն ուղղուած ամառնային ճամբար մը (Լիոնի «Հազար ու մէկ աշխարհ» ընկերակցութեան հետ գործակցաբար), զուարճալի ու ստեղծագործական միջավայրի մը մէջ, արեւմտահայերէնի գործածութիւնը խրախուսելու նպատակով.

Սփիւռքի ներկայ եւ ապագայ արեւմտահայերէնի ուսուցիչներուն ուղղուած արհեստագիտական վարժընթաց մը (Ֆրանսայի Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու ազգային հիմնարկին հետ գործակցաբար), որ պիտի վաւերացուի համալսարանական վկայականով մը:

Ամառնային ճամբարին մասնակից մանուկներն ու պատանիները 25 օր տեւողութեամբ, փորձառու 15 ուղեկիցներու հետ ներշնչող մթնոլորտի մը մէջ պիտի ապրին: Ամբողջովին թաթխուած արեւմտահայերէն հնչող միջավայրի մը մէջ` պիտի ստեղծագործեն, պիտի յայտնաբերեն, պիտի սորվին եւ պիտի զուարճանան զանազան աշխատանոցներով (երաժշտութիւն, պար, թատրոն, գեղարուեստ) եւ մարզախաղերով: Ասոնց ընդմէջէն լեզուն վերջապէս պիտի դառնայ հաղորդակցութեան եւ ստեղծագործութեան բնական միջոց մը:

«Զարմանազան» ճամբարը ներգործութիւններու տարածք մը պիտի մատուցէ, ուր բոլոր մասնակիցները իրարմէ սորվելու եւ ընկերային կապեր հաստատելու առիթը պիտի ունենան` հարստացնող եւ եզակի փորձառութիւն մը ապրելով:

Ճամբարը բաց է սփիւռքահայ բոլոր մանուկներուն եւ պատանիներուն: Նախատեսուած է 40 երեխայի համար: Հայերէնի իմացում չի պահանջուիր:

Ուսուցիչներու պատրաստութեան ծրագիրը 15 ուսուցիչներ պիտի ընդունի, որոնք խտացեալ ուսումնակրթական ծրագիրի մը պիտի հետեւին: Ծրագիրը կ՛ընդգրկէ գործնական վարժընթաց մը եւ մասնագիտական դասախօսութիւններ, նորագոյն մանկավարժական մօտեցումներու եւ միջոցներու կիրարկումով:

Ճամբարին վայրն է` Ֆրանսայի Լա Պուրպուլ գիւղաքաղաքը:

Արձանագրութեան դիմումները կատարել նախքան 25 մարտ 2017-ը, ժամը 23:00-ին, Կրինուիչի ժամով:

Յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալու համար այցելեցէք` www.zarmanazan.com

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>