ՄՀԵՐ ԳԱՐԱԳԱՇԵԱՆ
Համացանցի, մանկավարժական արհեստագիտութեան եւ Կրթութիւն 3.0ի կարգ մը սկզբունքներուն մասին
Իննսունականներու կէսէն ի վեր թափ կը հաւաքէ մանկավարժական ելեկտրոնային արհեստագիտութեան (education technology) դասարաններ մուտքի գաղափարը: Իսկ այս օրերուն արդէն կը խօսուի դարին համահունչ` արդի դպրոցներու արհեստագիտական անկիւնադարձի (virage technologique) անխուսափելիութեան մասին: Այս դարձուածքի մասին խօսքը չի վերաբերիր մոտայիք կամ գեղագիտական փոփոխութեան մը, այլ` ել-արհեստագիտութեան եւ ուսումնական միջավայրի ամբողջական համարկումին: Համալսարաններու մակարդակով արդէն իսկ ընթացիկ կիրարկումի անցած ու նախատիպեր ստեղծած, ելեկտրոնային արհեստագիտութիւնը վարժարաններու համար ալ կը բանայ նոր հարթութիւններու լայնածիր աշխարհ մը, մանաւանդ` hամացանցի Web 2.0 փուլի ընձեռած կարելիութիւններով: Անոր անուան նմանակումով ալ` վերջերս կեանքի կոչուած է Կրթութիւն 3.0 (Education 3.0) եզրը: Նորաթուխ ըլլալով` այս եզրի հովանիին տակ կ՛երթեւեկեն զայն բնութագրող քանի մը մեկնաբանութիւններ ու անոնց ջատագովներու անունները, որոնցմէ կարելի է առանձնացնել Պոսթըն համալսարանի դասախօս փրոֆ. Ճէյմս Լենճըլը: Ըստ անոր, եթէ Կրթութիւն 1.0-ն գիւղատնտեսութեան դարու ընկերութեան կարիքները կը գոհացնէր եւ անոր յաջորդող 2.0 տարբերակը` ճարտարարուեստի դարու պահանջներուն համեմատ ձեւուած էր, ապա Կրթութիւն 3.0-ի փուլի դպրոցներու ջախջախիչ մեծամասնութիւնը տակաւին կ՛ընթանայ առաջին երկուքին կաղապարով` փոխանակ քայլ պահելու մեր դարու ելեկտրոնային սրընթաց զարգացման հետ: Այդ պատճառով ալ հարկ է արմատապէս փոխել 21-րդ դարու դասարանը, որպէսզի ան դառնայ թարգմանը իր շրջապատին եւ պատրաստէ ել-արհեստագիտութեան քաջածանօթ, ստեղծագործ, վերլուծող, բազմագործուն (եթէ այսպէս թարգմանենք multitasking բառը) ու համագործակցիլ գիտցող մարդն ու ապագայ մարդուժը տուեալ ընկերութեան ու անոր աշխատանքի վայրերուն:
Որքան ալ տարբեր ըլլան այս եզրի ստեղծած սահմանումներն ու մեկնաբանութիւնները, բոլորին հասարակ յայտարարը նոյնն է, որ կարելի է ամփոփել այսպէս`
1.- Անցում աւանդաբար կամ սովորութեան ուժով հասած միջոցներէ` ել-արհեստագիտութեամբ փոխանցուող ուսման:
2.- Դասարանը չի սահմանափակուիր պատերով երբ ել-կապը ամէնուրեք է (wired/connected classroom) – գրատախտակը` ելեկտրոնային է (օր. Smartboard) եւ փոխներգործող (interactive), աշակերտը կ՛օգտագործէ իր բջջային հեռախօսն ու ելեկտրոնային սալ/pad-ը` իբրեւ դասագիրք: Ել-արհեստագիտութիւնը սոսկական դրածոյ կամ օժանդակ միջոց չէ հոս, որով նոյն բաները կը կատարուին, ինչ` անցեալին: Ան կը վերասահմանէ դասարանի աշխատելակերպն ու արդիւնաւէտութիւնը` բանալով ճամբաներ, որոնք առանց անոր անկարելի պիտի ըլլային հարթել:
3.- Համացանցը ամբողջ կարելի է վերածել բաց ուսումնական ծրագրի (curriculum):
4.- Դասաւանդութիւնը հորիզոնական է, մասնակցողական եւ համագործակցական հիմունք ունի: Աշակերտը գիտելիք ընկալողի կրաւորական դերէն դուրս է, կը մասնակցի ու կը բաժնեկցի, տեղեկահաւաք կ՛ընէ եւ գիտելիք կը ստեղծէ համացանցի վրայ, թէ՛ սորվող է եւ թէ՛ դասաւանդ է միաժամանակ:
Այս հովանոցին տակ կ՛իյնան շրջուած դասարանի (reverse/flipped classroom), շարժական ուսման (m-learning/mobile learning) եւ խառն ուսման (hybrid/blended learning) նման արդէն իսկ փորձարկուած ու յաջողած յղացքներ:
Առնչելով այս բոլորը մեր նիւթին` պատկերացուցէք նմանօրինակ հայերէնի դասապահ մը, ուր ելեկտրական գրատախտակի եւ աշակերտներու շարժական համակարգիչներու/հեռաձայններու համադրուած փոխներգործութեամբ կը կատարուի դասաւանդումը, ուր տեղւոյն վրայ աշակերտը կրնայ ուսուցիչին յանձնարարած համացանցային թերթատումը կատարել, կամ հասնիլ կայքէջերու, որոնք յատուկ կերպով կապուած են իր դասանիւթին ու կը պարունակեն վարժանքներու եւ խաղերու շտեմարան մը: Հպում մը կամ չխկոց մը անդին է ամէն ինչ, որ հայերէն, պատմութիւն, մշակոյթ կամ Հայաստան կը յուշէ:
Արդիւնաշատ մեթոտներէն մին, որ արդի ուսումնական աշխարհի մէջ առաջ կը մղուի` «Նախագծի եւ հետազօտութեան հիմունքով ուսմունք» (PBL – Project andInquiry Based Learning) կոչուածն է, որուն գործիքներն են` Google (իր բոլոր ճիւղաւորումներով), Youtube, Facebook, Instagram, Flickr, Skype եւ նմանօրինակ միջոցներ: Ասոնք կամ որեւէ մէկը այն արագօրէն կրկնապատկուող ու մասնայատուկ դերով app-երէն` կարելի է հեզասահ մերումով կապել հայեցի նիւթերու դասաւանդութեան ու աշակերտի մտքին մէջ հայերէնին տալ բոլորովին նոր փայլք ու հմայք, որ կը համընկնի անոր իրական եւ վիրթուալ աշխարհներուն: Այս ընելով` հայերէնի նկատմամբ անոր մտապատկերը այլեւս կը դառնայ բոլորովին տարբեր, մշտանորոգ ու իր ժամանակին կշռոյթով քալող լեզուի տեսքով, փոխան` այն, ինչ որ կը տեսնէր մօտիկ անցեալին. իրեն ոչ հաղորդական, ոչ պիտանի ու երրորդական լեզու:
Ամէնէն մեծ կարելիութիւնը սակայն, որ ամբողջութեամբ կը յենի համացանցային արհեստագիտութեան վրայ, այդ ալ հայկական վիրթուալ վարժարաններու ստեղծումի պատեհութիւնն է, որոնք նման քարեղէն վարժարաններու կարգերուն` հայեցի ծրագիրը կը սկսին մանկապարտէզէն ու անոր հետեւող աշակերտը կը հասցնեն մինչեւ երկրորդականի աւարտական դասարան: Այս ո՛չ միայն կը զանցէ աշխարհագրական սահմանները եւ սահմանափակումները, այլեւ լուծման բանալին կրնայ դառնալ վերը մատնանշուած սփիւռքեան դպրոցներու անբաւարարութեան կամ չգոյութեան խնդրին: Նման նախաձեռնութիւն մը կրնայ ոմանց մեծածախս ու անիրականանալի թուիլ, սակայն բոլոր այլընտրանքներէն ամէնէն իրագործելին ու յարաբերաբար ամէնէն խնայողականը` ա՛յս մէկն է ու անգամ մը, որ իր հունը գտնէ, հասանելի կ՛ըլլայ բիւրաւոր աշակերտներու: Հրամայական է սակայն, որ այսպիսի յեղափոխիչ ծրագիր մը կանգնած ըլլայ մանկավարժական եւ լեզուագիտական բազմակողմանի ուսումնասիրութեան մը վրայ: Մէկ խօսքով, մէջտեղ բերուի մասնագիտական եւ ոչ թէ սիրողական ճիգերով:
Սակաւաթիւ են ելեկտրոնային կամ համացանցային ոլորտին առնչուող հայերէն մանկավարժական ձեռնարկութիւնները: Քիչ աւելի են արեւելահայերէնով եղածները (օր. dasatu.ru, Apple-ի «Learn Armenian» ծրագիր, Memrize app, եւլն), բայց նաեւ կան արեւմտահայերէնին յատուկ հարթակներ, ինչպէս` համացանցի «Նայիրի» ուղղագրիչ բառարանը, «Կիւլպէնկեան» հիմնարկի «Արեւիկ» եռամակարդակ ծրագիրը, Համազգայինի «Լալան ու Արան» app-ը եւ ՀԲԸՄ-ի «Armenian Virtual College»-ի կայքէջը: Բոլորն ալ ճիշդ ուղղութեամբ առնուած քայլերու նուազագոյնն են սակայն ու ամբողջականօրէն չեն գոհացներ սփիւռքահայ աշակերտութեան հրատապ կարիքները: Այս իմաստով, կարելի է ըսել, որ բաւականին լայն է մեզ ու մեր ժամանակներուն յարիր հայեցի կրթութեան համակարգի մը միջեւ գտնուող վիհը: Այս գծով, Կրթութիւն 3.0-ի այլ ջատագով մը` դոկտ. Ճեֆ Պորտըն, հարցը սեղանին կը դնէ պարզ համեմատութեամբ մը` «Որքան քիչ է արհեստագիտութեան օգտագործումը դասարանէն ներս, այդքան դժուար է հոն ուսուցանել 21-րդ դարու յատուկ ձեռնհասութիւնն ու հմտութիւնները»: Այս սեւ-ճերմակ բաղդատականը կարելի է նոյնութեամբ վերագրել հայերէնի դասարաններուն:
Մեզի կը մնայ անյապաղ անցնիլ մե՛ր 3.0 փուլին եւ ստեղծել այն բոլոր մանկավարժական ուղիներն ու միջոցները, որոնք համապարփակօրէն կը պատասխանեն սփիւռքի հայեցի կրթութեան պահանջներուն ու գոյատեւման մարտահրաւէրներուն: Աշխարհի տարածութիւնները կրճատող համացանցային արհեստագիտութիւնը նոյնը ըրած է նաեւ հայկական սփիւռքին հեռաւորութիւններուն համար: Նո՛յնը կրնայ ընել նաեւ վերի յօրանջող վիհին համար ալ` փոքրացնելով բաժանման բացը, մօտեցնելով նորարար լուծումներու ծայրամասը:
Ժամանակն է կատարելու այս արմատական ոստումը:
(Շար. 5 եւ վերջ)