ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Անցեալ քանի մը օրերուն Արցախի ժողովուրդը պատմական նոր յաղթանակ մը արձանագրեց` միջազգային դիտորդական առաքելութեանց հսկող աչքերուն առջեւ:
Իբրեւ սահմանադրական փոփոխութեանց այս տարբերակին հակադրուած կուսակցութեան մը մամլոյ ընտանիքի անդամ` չենք կրնար չարձանագրել, որ հանրաքուէն ինքնի՛ն, իր ժողովրդավարական սկզբունքներու բծախնդիր կիրարկումով, միջազգային դիտորդական բազմաթիւ առաքելութեանց ներկայութեամբ, պատմակա՛ն յաղթանակ մը ապահովեց Արցախին:
Միայն թուարկումը այն բազմաթիւ երկիրներուն, ուրկէ պետական եւ հասարակական գործիչներ, անտեսելով Ազրպէյճանի սպառնալիքները, անտեսելով այդ երկրի «Սեւ ցանկ»-ին վրայ յայտնուելու վտանգը` գացին Արցախ ու իրենց վկայութեամբ հաստատեցին սահմանադրական հանրաքուէին օրինականութիւնն ու ամբողջ գործընթացին բարձր մակարդակը, որ միջազգային դիւանագիտական յաղթանակի փայլուն ապացոյց մըն է:
Արդարեւ, Արցախի հանրաքուէի դիտորդական առաքելութեամբ, Ստեփանակերտ գացին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն, Քանատայէն, Ֆրանսայէն, Արժանթինէն, Ուրուկուէյէն, պասքերու երկրէն, Ռուսիայէն, Աբխազիայէն, Պուլկարիայէն, Պելճիքայէն, Մեքսիքայէն, Պրազիլէն, Եւրոպայի խորհրդարանէն ու այլ երկիրներէ, անշուշտ նաեւ` Հայաստանէն: Ստեփանակերտը անկախ պետութիւններու միջազգային ընտանիքի լիարժէք անդամի մը մայրաքաղաքը ըլլալու յատկանիշը պանծացուց այս օրերուն:
Իրաւա՛մբ մեծ յաղթանակ մըն էր այս, որուն իրենց ներդրումը ունեցան սփիւռքի դաշնակցական կառոյցներն ու Հայ դատի յանձնախումբերը, որոնց քաղաքական-յարաբերական աշխատանքներուն կիզակէտը կը հանդիսանայ Արցախի անկախութեան միջազգային ճանաչման ապահովումը:
Այս առթիւ, ստորեւ կը ներկայացնենք Արցախի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական յայտարարութիւնը.
2017թ. փետրուարի 20-ին, Արցախի Հանրապետութիւնում (Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնում) կայացել է հանրապետութեան նոր սահմանադրութեան նախագծի վերաբերեալ համաժողովրդական հանրաքուէ: Քուէարկութեանը մասնակցել է գրանցուած ընտրողների 76.44%ը, որից 87.6%ը կողմ է քուէարկել նոր սահմանադրութեան ընդունմանը: Քուէարկութեան ընթացքին հետեւում էին աւելի քան 100 միջազգային դիտորդներ` 30 երկրներից, ովքեր դրական են գնահատել հանրաքուէի կազմակերպումն ու անցկացումը` ընդգծելով ընտրութիւնների թափանցիկութիւնը եւ համապատասխանութիւնը միջազգային չափանիշներին:
Նոր սահմանադրութիւնը կոչուած է` շարունակելու առաջին սահմանադրութեամբ ամրագրուած պետականաշինութեան աւանդոյթները, նպաստելու երկրի ինքնիշխանութեան հետագայ ամրապնդմանը, մարդու իրաւունքների եւ օրէնքի գերակայութեան ապահովմանը, պետական կառավարման համակարգի կատարելագործմանը, անկախ դատական իշխանութեան արմատաւորմանը եւ տեղական ինքնակառավարման համակարգի բարեփոխմանը: Կարեւոր նորամուծութիւններից է օրէնսդրական նախաձեռնութեան իրաւունքի տրամադրման միջոցով` հանրապետութեան քաղաքացիների ուղղակի մասնակցութեան ընդլայնումը պետական գործերի կառավարմանը, այդ թւում` սահմանադրութեան փոփոխութեանը:
Փետրուարի 20-ի հանրաքուէն դարձաւ կամարտայայտութեան հերթական աքթ` Արցախի ժողովրդի համար, որն իրացնում է միջազգային հիմնարար փաստաթղթերում ամրագրուած անկապտելի իրաւունքը` ինքնուրոյն որոշելու իր ապագան:
Բոլոր միջոցներով, այդ թւում` ռազմական ճանապարհով, Արցախի ժողովրդի տուեալ անկապտելի իրաւունքը ճնշելու Պաքուի ձգտումը յանգեցրել է ռազմական հակամարտութեան, եւ առ այսօր մնում է տարածաշրջանում լարուածութեան պահպանման հիմնական աղբիւրը ու ազրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացում առաջընթացի բացակայութեան պատճառը:
Արցախի պետականութեան ժողովրդավարական զարգացումն անշրջելի գործընթաց է: Ազրպէյճանի կողմից այդ փաստի անտեսումը, որն արտայայտւում է Արցախի ժողովրդի կողմից իրացուած ինքնորոշման իրաւունքի ժխտման մէջ, դէպի անցեալ վերադառնալու ձախողման դատապարտուած փորձ է: (Նկարները կը ներկայացնեն միջազգային դիտորդական առաքելութեան Արցախ ժամանած տարբեր երկիրներու պատուիրակութիւնները):