ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Այսօր, սիրելի՛ս, կ՛ուզեմ գրել քեզի,
Անլոյս ու խաւար այս ցերեկին,
Լռութեանս պոռչտուքին տակ ճզմուած
Եւ երազներուս նկարներուն կարօտովը հմայուած,
Առանց հերոսի թատերախաղին նման:
Ու կը յիշես, սիրելի՛ս, այն երանելի ոսկի վանդակը,
Որուն մէջ երէկ ես կ՛ապրէի` իբրեւ ազատ ու սիրուն թռչնիկ,
Այդ խոստացուած «գարնան», անծանօթներ, հոն զիս խեղդել ուզեցին,
Նախանձի կրակէն քաջալեր եւ կրակովը նախանձին,
Առանց հերոսի թատերախաղին նման:
Ապա վերջը, յաղթանակ-պարտութեան օրերու շարանով,
Ամէն անգամ, որ վախը իրիկուան լռութիւնը գողնար,
Եւ թաղերու պատմութիւնը` պատմողներու խօսքերով լեցուէր,
Ահով լի զարմանք մը կը թակէր դուռս ու կը խռովէր սիրտս,
Առանց հերոսի թատերախաղին նման:
Բանտարկեցին ազատութիւնս եւ խաչեցին զայն,
Դահիճին եւ սուր բարձրացնող անհաւատին միջեւ,
Եւ տուներու յոյսը վերածեցին գաղթականութեան,
Աշխարհի տգեղ լռութեան ներկայութեան,
Առանց հերոսի թատերախաղին նման:
Շուրջս տակաւին ամէն բան անհասկնալի է ու անօրինակ.
Մտահոգ եմ եւ սակայն կ՛ապրիմ բոլորին նման,
Այն մեծ յոյսով, որ վերջապէս օր մը դարձեալ,
Պիտի լսեմ խաղաղութեան եւ արդարութեան կանչերը,
Առանց հերոսի թատերախաղին նման:
Ու մենակութեան խճողումէն եւ խճողումի մենակութենէն,
Չորս կողմս տակաւին աւերակ է, ե՛ւ սուգ, ե՛ւ վիշտ,
Կորսուած եմ այս անորոշ ու խարդախ աշխարհին մէջ
Ու յամառօրէն կը փորձեմ հինցած օրօրներովս ապրիլ,
Առանց հերոսի թատերախաղին նման:
Ատելութեան յաղթանակէն եւ կոյր ատելութենէն
Օրերս, ուղեղիս նման, յոգնած են ու թմրած,
Մարմինս ու ջիղերս ալ` փլատակ եւ կիսաքանդ,
Սակայն եւ այնպէս` երազներս տակաւին կը շնչեն,
Առանց հերոսի թատերախաղին նման:
Զաւակներս գաղթած են, շատեր նահատակ` ուրիշներ անյայտ կորած,
Ու թէեւ խոստացուած փայլուն ապագան ռումբերու տակ է ճզմուած,
Բայց տակաւին աչքերս յառած եմ «բաբելոնեան» այն մեծ բեմին,
Ուր կռուազան, աշխարհի դերակատարներն են խռնուած,
Առանց հերոսի թատերախաղին նման: