Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Սուրիա
«Տեղեկատուական Պատերազմ» Նիւթով
Դասախօսութիւն
Կազմակերպութեամբ ՍՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբին, 10 փետրուարին «Լեւոն Շանթ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Տեղեկատուական պատերազմը եւ անոր ազդեցութիւնը հանրային կարծիքին վրայ» խորագիրը կրող դասախօսութիւն մը:
Դաստիարակչական յանձնախումբին անունով Մարալ Տէրեան-Մանուէլեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն նշեց, որ Սուրիոյ պատերազմի անցուդարձերուն մէջ տեղեկատուական պատերազմը որոշիչ դեր ունեցաւ, եւ անոր անդրադարձը կը շարունակէ յուզել ու խռովել հանրութեան քաղաքական, տնտեսական կեանքը` հոգեբանական իրավիճակներ ստեղծելով:
Օրուան բանախօս «Գանձասար» պաշտօնաթերթի խմբագիր Զարմիկ Աբոշեան-Պօղիկեան ներկայացուց լրատուական միջոցներուն ազդեցութիւնը հանրային կարծիքին վրայ` թուելով լրատուական միջոցները, անդրադառնալով պատերազմներու կամ նոյնիսկ խաղաղ պայմաններու մէջ լրատուամիջոցներուն ճամբով ի գործ դրուած հոգեբանական պատերազմին, անոր օգտագործման եղանակներուն, որ հակառակորդը իր ամբողջ կարելիութիւնը ի սպաս կը դնէ տուեալ երկրի մը ժողովուրդին լայն խաւը իր ազդեցութեան տակ առնելու համար:
Պօղիկեան նաեւ ներկայացուց տեղեկատուական պատերազմի ծիրէն ներս օգտագործուող արդի միջոցները, անոնց կիրարկման եղանակները: Ան նաեւ անդրադարձաւ երկրի տեղեկատուական անվտանգութեան հայեցակարգի ամրապնդման նպաստող միջոցներուն ու երիտասարդութիւնն ու հանրութիւնը իրազեկ պահելու կարեւորութեան:
Պօղիկեան խօսեցաւ նաեւ Ազրպէյճանի պետութեան կողմէ կիրարկուող յարձակողապաշտ քաղաքականութեան ու քարոզչական նպատակներով հայութեան մէջ պարտութեան կամ պատերազմէ խուսափելու հոգեվիճակ զարգացնելու նպատակով տարածուող սպառնալիքներուն մասին` շեշտելով, որ ազգային գիտակցութեամբ զինուած հաւաքականութիւններն են, որոնք իրենց գիտակցութեամբ, հայրենապաշտութեամբ ու մանաւանդ տեղեկատուական անվտանգութեան ամուր համակարգով կրնան դէմ դնել տեղեկատուական պատերազմին: Ան շեշտեց հալէպահայ գաղութի իրավիճակին ճշգրիտ պատկերն ու դիմագրաւած դժուարութիւնները հայկական մամուլի էջերուն վրայ լայնօրէն տարածելու անհրաժեշտութեան` լուսարձակի տակ առնելով «Գանձասար»-ի եւ «Ռատիօ երազ»-ի կարեւոր դերակատարութիւնը այս առումով:
Հայոց Բանակի 25-ամեակին Նուիրուած
Աշակերտական Տօնակատարութիւն
Կազմակերպութեամբ Կրթասիրաց Ս. Չեմպերճեան երկրդ. վարժարանի հոգաբարձութեան ու տնօրէնութեան, 10 փետրուարին Կրթասիրաց մշակութային միութեան «Զ. Գաբրիէլեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայոց բանակի 25-ամեակին նուիրուած աշակերտական տօնակատարութիւն:
Բացման խօսք արտասանեցին տասներորդ կարգէն` Լուսին Պարսումեան, Տիգրան Զէյթճեան եւ Ռազմիկ Մազլումեան, որոնք անդրադարձան հայոց բանակին եւ հայ զինուորին կատարած յոյժ կարեւոր, նուիրեալ գործին` ի խնդիր մեր հողերուն պահպանումին եւ հայոց պետականութեան հզօրացումին:
Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որ կը բովանդակէր երգ, ասմունք, խմբային արտասանութիւն:
Օրուան բանախօսն էր երկրորդական կարգերու հայոց լեզուի ուսուցչուհի Յուշիկ Ղազարեան: Ան նշեց, թէ հայոց պատմութեան մէջ հայոց բանակն ու հայ զինուորը միայն 25 տարիներու կեանք չունին, այլ դարեր շարունակ միշտ պատրաստ գտնուած են հայրենիքին եւ հայ ժողովուրդին գերագոյն շահերը պաշտպանելու համար աւելցնելով, որ իւրաքանչիւր հայ կը նկատուի հայ զինուոր` հայրենիքին համար իր բերած ներդրումով եւ աշխատանքով:
Օրուան պատգամը տուաւ Եզնիկ քհնյ. Զղջանեան: Ան նշեց, թէ հայ ժողովուրդը դարեր շարունակ խոնարհած է հայ զինուորին առջեւ, աւելցնելով, որ սոյն ձեռնարկով իրենք եւս կը խոնարհին այն ուխտեալ հայ զինուորներուն եւ մարտիկներուն առջեւ, որոնք գիտակցութիւնը ունին զոհուելու յանուն հայրենի հողի պաշտպանութեան:
Հանդիսութեան աւարտին վարժարանի տնօրէն Անդրանիկ Պօղոսեան խօսք առնելով` նշեց, թէ Հայոց բանակը ո՛չ միայն կը պաշտպանէ Հայաստանը, այլեւ` Արցախը: Տնօրէնը հաստատեց, թէ իւրաքաչիւր հայ իր դիրքին եւ գործին ընդմէջէն հայ զինուոր կը նկատուի, այնքան ատեն որ գիտակից է, հաւատարմօրէն իր ներդրումը կը բերէ եւ կը ծառայէ հայ ժողովուրդին:
Փարիզ
Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ
Շահան Արք. Սարգիսեանի Այցելութիւնը
Փարիզ
* 12 փետրուարին Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան մատուցեց Ս. պատարագ Փարիզի մէջ, որմէ ետք եկեղեցւոյ «Նուրհան Ֆրենկեան» սրահին մէջ հանդիպում ունեցաւ գաղութի հայութեան հետ:
Յաջորդ շաբթուան ընթացքին Շահան արք. Սարգիսեան այցելեց Լիոնի եւ Մարսէյի ծուխերը եւ հանդիպում ունեցաւ ժողովուրդին հետ եւ բացատրութիւններ տուաւ Հալէպի մէջ հայ եկեղեցւոյ եւ հայկական համայնքի կացութեան մասին:
* 15 փետրուարին, կազմակերպութեամբ ֆրանսահայ Կապոյտ խաչի Վալանսի մասնաճիւղին եւ ՀՅԴ-ին, Վալանսի Ցուցահանդէսներու համալիրի ընդունելութեանց սրահին մէջ Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան եւ Թեմի Երեսփոխանական ժողովի անդամ Կարօ Իւզպաշեան հանդիպում մը ունեցան տեղւոյն հայութեան հետ:
Հանդիպումին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Սիւզան Փեհլիվանեան, որմէ ետք ցուցադրուեցաւ Հալէպի հայ համայնքի իրավիճակին եւ ռմբակոծուած հայկական թաղամասերու կացութիւնը ներկայացնող տեսերիզ մը:
Կարօ Իւզպաշեան եւ սրբազան հայրը նկարագրեցին Սուրիոյ պատերազմի ահռելի պատկերը եւ հալէպահայութեան դժուար կացութիւնը` նկատել տալով, որ համայնքին մօտաւորապէս երկու երրորդը ստիպուեցաւ արտագաղթելու: Սրբազանը նկատել տուաւ, որ արտագաղթողները ստիպուեցան այդ քայլին դիմելու իրենց կեանքի ապահովութեան նկատառումով եւ տնտեսական ու ընկերային դժնդակ պայմաններու բերումով:
Իւզպաշեան եւ սրբազան հայրը անդրադարձան նաեւ Հալէպի եւ ընդանրապէս Սուրիոյ հայութեան ցուցաբերուած օժանդակութեան համահայկական բնոյթին մասին` կոչ ուղղելով ըլլալ մէկ եւ միաբան, որուն մէջ կը կայանայ սփիւռքին ուժը` սուրիահայութեան, թէ այլ համայնքի օգնելու համար: Սրբազանը նաեւ շեշտը դրաւ դարերէ ի վեր մահմետականներու հետ հայերու համերաշխ գոյակցութեան փաստին վրայ:
Աւարտին, անոնք պատասխանեցին ներկաներու հարցումներուն: Այնուհետեւ, լսարանը ընդառաջեց Վալանսի Կապոյտ խաչի` Հալէպի հայութեան ի նպաստ հանգանակութեան կոչին:
* 19 փետրուարին սրբազանը պատարագեց Ալմելոյի հայկական եկեղեցւոյ մէջ (Հոլանտա) եւ եկեղեցւոյ կից սրահին մէջ դարձեալ հանդիպում ունեցաւ ժողովուրդին հետ:
Միացեալ Նահանգներ
Կարօ Թորոսեանի Այցելութիւնը
Առաջնորդարան
Առաջնորդարան
10 փետրուարին Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Ազգային առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը 7 մարտին կայանալիք Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի ընտրութիւններուն թեկնածու Կարօ Թորոսեանը, որ առաջնորդարան եկած էր առաջնորդ սրբազանը տեղեակ պահելու իր ծրագիրներուն մասին եւ հայցելու անոր օրհնութիւնը:
Թորոսեան ներկայիս կը վարէ Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փոլ Գրիգորեանի` ծրագրումի եւ կենսոլորտի բաժանմունքի վարիչի պաշտօնը: Ան թեկնածու է Լոս Անճելըսի քաղաքապետութեան 7-րդ շրջանին, որուն սահմաններուն մէջ կ՛իյնայ առաջնորդարանի շրջակայ տարածքը:
Առաջնորդ սրբազանը օրհնեց Կարօ Թորոսեանը եւ գնահատեց հանրային մարզին մէջ անոր տասնամեայ ծառայութիւնը` լաւագոյնը մաղթելով 7 մարտի ընտրութիւններուն:
Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին
Նուիրուած Յուշատախտակ`
Լոս Անճելըսի Քաղաքապետարանին Մէջ
Նուիրուած Յուշատախտակ`
Լոս Անճելըսի Քաղաքապետարանին Մէջ
13 փետրուարին Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փոլ Գրիգորեան կատարեց բացումը Լոս Անճելըս քաղաքապետարանի տարածքին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով ցանուած նռնենիին բացատրականը կատարող յուշատախտակին:
Ապրիլ 2015-ին Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Էրիք Կարսեթի եւ Գրիգորեան Լոս Անճելըսի քաղաքապետարանի տարածքին մէջ տնկած էին նուռի առաջին ծառը` սկիզբ դնելով քաղաքի 15 ընտրատարածքներու այգիներուն մէջ 100 նուռի ծառ տնկելու Գրիգորեանի ծրագիրին:
Վերոնշեալ ցուցատախտակին վրայ գրուած է. «Լոս Անճելըսի քաղաքապետարանը կը յիշատակէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը. 1915-2015: Այս ծառը տնկած են քաղաքապետ Էրիք Կարսեթի եւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փոլ Գրիգորեան, 100-ամեակի ոգեկոչման առիթով»:
Փոլ Գրիգորեան իր ելոյթին մէջ ըսաւ, որ նուռը հայկական մշակոյթի ամենանշանակալի խորհրդանիշներէն մէկն է: Անիկա յոյսի, վերածնունդի եւ փրկութեան նշանն է Հայոց ցեղասպանութենէն ետք:
Ս. Սարգիսի Տօնը
Ս. Սարգիսի տօնին առիթով նշուեցաւ Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը:
Արդարեւ 10 փետրուարին տեղի ունեցաւ մատաղի պատրաստութիւնը, իսկ 11 փետրուարին` երեկոյեան ժամերգութիւն եւ նաւակատիք:
12 փետրուարին թեմի առաջնորդ Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ մատուցեց Ս. պատարագ: Առաջնորդ սրբազանը իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ Ս. Սարգիսի, անոր որդւոյն` Մարտիրոսի եւ 14 զինակիցներուն, որոնք նախընտրեցին նահատակուիլ, որպէսզի մնան քրիստոնեայ: Սրբազանը հրաւիրեց ներկաները Ս. Սարգիս Զօրավարի բարեխօսութեան դիմելու ու անոր հաւատքով առաջնորդուելու: Ան յորդորեց ներկաները` վերանորոգուելու հաւատքով, հոգիով ու սիրտով, յատկապէս յիշեցնելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին հայրապետական պատգամը« որ 2017 տարին հռչակած է «Վերանորոգման տարի»: Սրբազան հայրը շեշտեց նաեւ Ս. Սարգիս Զօրավարի հաւատքի ու ծառայութեան տիպար օրինակին հետեւելու կարեւորութիւնը, որպէսզի մեր կեանքը սուրբին օրինակով ի սպաս դնենք Աստուծոյ փառքին, եկեղեցւոյ պայծառութեան ու ազգի շինութեան:
Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէք:
Այնուհետեւ եկեղեցւոյ «Անտոն Անտոնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ սիրոյ սեղան: Առաջնորդ սրբազանին կողքին ներկայ էին Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչը` Թերեզ Քեմանճեանը եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, գլխաւոր բարերարը եւ իր ընտանիքը, հովանաւորներ, նուիրատուներ, հոգաբարձութեան անդամներ, երեսփոխաններ եւ այլ հրաւիրեալներ:
Առաջնորդ սրբազան հօր սեղանի օրհնութենէն ետք, բարի գալուստի խօսքը արտասանեց եկեղեցւոյ հովիւ Պօղոս քհնյ. Պալթայեան: Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ եկեղեցւոյ գլխաւոր բարերար Սարգիս Կիտցինեան, որ անհուն ուրախութեամբ շնորհաւորեց օրուան տօնախմբութիւնը: Այնուհետեւ, գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր` կատարողութեամբ եկեղեցւոյ դպրապետ Երուանդ Քէշիշեանի եւ եկեղեցւոյ գլխաւոր բարերարի թոռներուն:
Աւարտին շնորհաւորական եւ գնահատական խօսքերով ելոյթ ունեցաւ սրբազան հայրը:
Երուսաղէմ
Հայ Երաժշտութեան Նուիրուած
Երեկոյ
Երեկոյ
Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած ցուցահանդէսի ծիրին մէջ, 9 փետրուարին Երուսաղէմի «Իսլամական արուեստ» թանգարանին մէջ, տեղի ունեցաւ համերգ` կատարողութեամբ «Դիլիջան» խումբին, որ հիմնադրուած է քանի մը տարի առաջ հրեաներու կողմէ:
Յայտագիրը կը բովանդակէր հայ աւանդական եւ ժողովրդական երաժշտութիւն:
Սպանիա
Սպանացի Բեմադրիչի «Արարատի Ստուերը»
Վաւերական Շարժապատկերի Ցուցադրութիւն
Վերջերս Սպանիոյ մէջ մեծ ընդունելութիւն գտաւ սպանացի բեմադրիչ եւ լրագրող Միկել Անխել Նիեթոյի պատրաստած «Արարատի ստուերը» վաւերագրական շարժապատկերը, որուն հերոսներն են` հայկական ծագումով մշակոյթի, հասարակական եւ քաղաքական գործիչներ զանազան երկիրներէ, ներառեալ` Շարլ Ազնաւուր, երգչուհի Ռոզի Արմէն, ջութակահար Արա Մալիքեան, երաժիշտ Արտօ Թունջպոյաճեան, օդաչու Ռուբէն Եսայեան: Անոր մէջ ներկայացուած են նաեւ` աստղագէտ Կարի Իսրայէլեան, բեմադրիչ Ռոպեր Կետիկեան, գործարարներ Դաւիթ Եան եւ Ռուբէն Վարդանեան, բեւեռախոյզ Արթուր Չիլինկարով, պատմաբան Հայկ Դեմոյեան, փրոֆեսէօր Քլոտ Մութաֆեան, յայտնի խոհարար Արմէն Պետրոսեան, Լիբանանի նախկին նախագահ Էմիլ Լահուտ, Փարիզի քաղաքապետ Անն Հիտալկօ եւ այլք:
Շարժապատկերը կը ներկայացնէ հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ տեղ գտած ողբերգական իրադարձութիւններու հետեւանքները, նաեւ կ՛անդրադառնայ Հայաստանի գեղեցիկ բնապատկերներուն եւ հարուստ խոհանոցին:
Նախագիծին գաղափարը ծնած է 2015-ի գարնան, Մոսկուայի պանդոկներէն մէկուն մէջ, ուր շարժապատկերի բեմադրիչը ծանօթացած է հայկական ծագումով միլիոնատէր բարեգործի մը հետ, որ առաջարկած է իրեն շարժապատկեր մը պատրաստել Հայաստանի մասին: Բարերարը չէ ուզած հրապարակել իր անունը:
Նկարահանումները սկսած են 2015-ի աշնան` Հայաստանի, Սպանիոյ, Թուրքիոյ, Ֆրանսայի, Լիբանանի, Ռուսիոյ եւ Իսրայէլի մէջ: