Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

ՀՄԸՄ-ի Ժունիէի Մասնաճիւղի Հիմնադիրներէն Վարուժան Թորիկեանի Յիշատակին

$
0
0

ՐԱՖՖԻ ԵՍԱՅԵԱՆ 

Քառասուն օրեր առաջ մեզմէ առյաւէտ բաժնուեցաւ Վարուժան Թորիկեանը: Ան եղբայրը եղած է ՀՄԸՄ Ժունիէի մասնաճիւղի հիմնադիր անդամներէն: Եղած է սկաուտ, մարզիկ, վարչութեան անդամ, ատենապետ:

Տարիներու որպէս վաստակաւոր միութենական, ան միշտ մասնակցած է մասնաճիւղի վերելքին` իր անձը նուիրելով իր սիրելի միութեան:

Միշտ եղած է պատնէշի վրայ, պատրաստ` օգտակար ըլլալու: Վերջերս, առ ի գնահատանք իր հարուստ վաստակին ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութիւնը զայն պատուեց Ծառայութեան շքանշանով: Վարուժան Թորիկեան մասնակից դարձած է նաեւ Ժունիէի ազգային-հասարակական կեանքին` որպէս թաղական ծառայելով եկեղեցւոյ:

Ան եղաւ օրինակելի հայր, իր կեանքը նուիրելով իր ընտանիքին, մանաւանդ իր զաւակներուն հայեցի դաստիարակութեան: Եղբ. Վարուժանի յիշատակը միշտ վառ պիտի մնայ իր միութենական քոյրերուն-եղբայրներուն, ինչպէս նաեւ բոլոր զինք ճանչցողներու սիրտերուն մէջ:

Սիրելի՛ եղբ. Վարուժ, վարձքդ կատար, հողը թեթեւ գայ:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>