ՅԱԿՈԲ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Ուրիշ կարեւոր հարց մըն ալ: Այդ քաղուածքները պէտք է բերուած ըլլան աւանդական ուղղագրութեամբ, որպէսզի դպրոցականը դեռ վաղ տարիքէն կարողանայ ընտելանալ անոր ընթերցանութեան: Ի դէպ, «Մայրենի» շարքի Ե. կարգի դասագիրքին նիւթերէն մէկն է «Վահագնի Ծնունդը», որ բերուած է գրաբար եւ աւանդական ուղղագրութեամբ: Քաղուածքին կ՛ընկերանայ նաեւ արեւելահայերէնի վերածումը: Ուրեմն կարելի է նաեւ արեւմտահայ ու սփիւռքահայ գրուածքը բերել աւանդական ուղղագրութեամբ: Քանի մը վարժութիւններէ ետք դպրոցականը պիտի ճանչնայ քանի մը տարարժէք գիրերու հնչիւնները ու աճպարարութիւն չտեսնէ անոր մէջ:
Դպրոցէն պէտք է սկսիլ: Ի դէպ, վաթսունականներէն ի վեր Հայաստանէն սփիւռքի դպրոցներուն համար նախակրթարանի դասագիրքեր կ՛ուղարկուէին. անոնց մէջ կողք-կողքի դրուած էին արեւմտահայերէնն ու արեւելահայերէնը: Ես չեմ հասկնար, թէ ի՛նչ որ կարելի էր հրամցնել սփիւռքահայ դպրոցականին, ինչո՞ւ արտօնեալ չէ հայրենի մեր դպրոցականներուն համար:
Բուհական մակարդակով որոշակի ժամաքանակ մը տրամադրուած է արեւմտահայերէնի ուսուցման: Այստեղ կարեւոր է նշել, որ երբ աներկբայօրէն գրական լեզուի ճիւղերէն մէկը ըլլալու համոզում կայ, ինչո՞ւ արեւմտահայերէնը արեւելահայերէնի կողքին, անոր հետ, համատեղ ու համընթաց եղանակով, եւ ոչ թէ առանձին, տեղ չգրաւէ բուհական ծրագիրներուն մէջ: Ի՞նչ կը նշանակէ հայոց լեզուի համալսարանական ուսում ստանալ` առանց արեւմտահայերէնի հիմնաւոր ուսուցման: Ուսանողութեան մէջ արեւմտահայերէնի հանդէպ հետաքրքրութիւնը նաեւ ունի արտագնայ աշխատանքի պարագային սփիւռքի մեր դպրոցներուն մէջ աշխատանք ունենալու ձգտումներ: Այս ձեւով ինչպէ՞ս կարելի է ինքնահամոզում գոյացնել, որ մենք ճիշդ վերաբերմունք կը ցուցաբերենք արեւմտահայերէնի նկատմամբ:
Փաստ է, որ Հայաստանի մէջ սփիւռքահայ ուսանողներուն աւարտական թեզերն ու ատենախօսութիւնները բարի կամեցողութեամբ ընդունելի կը դառնան արեւմտահայերէնով եւ աւանդական ուղղագրութեամբ, բայց կան որոշ սահմանափակումներ: Եթէ արեւմտահայերէնը գրական հայերէն է, ինչո՞ւ այս սահմանափակումը: Կը կարծեմ, որ սփիւռքահայ ուսանողներուն աւարտական թեզերն ու ատենախօսութիւնները պարտաւորիչ կերպով արեւմտահայերէնով եւ աւանդական ուղղագրութեամբ պէտք է ըլլան, մանաւանդ այն պարագային, երբ նիւթն ալ արեւմտահայերէնն է կամ սփիւռքահայ գրականութիւնը, ու դիմորդը սփիւռքահայ է կամ արտագնայ աշխատանքի հեռանկարներ ունի: Կը մնայ լեզուի, ուղղագրութեան, կէտադրութեան եւ գլխագիրի գործածութեան կայուն կանոնակարգի մը պարտադիր կերպով ենթակայ մնալու պարագան: Նկատի պէտք է ունենալ սփիւռքեան ուղեցոյց մը: Ատիկա նաեւ գործնական մերձեցման առիթ պիտի դառնայ: Այսօր արեւելահայերէնն ալ ունի կէտադրական եւ գլխագիրի գործածութեան հարցեր, չենք խօսիր ուղղագրութեան մասին: Այդ աշխատանքը բնականաբար կրնայ տանիլ երկու գրականներու կէտադրութեան ու գլխագիրի գործածութեան միօրինականացած կանոնակարգ մը ստեղծելուն:
Ես խորապէս համոզուած եմ, որ արեւմտահայերէնը հայրենի նախ հանրակրթական ու միջնակարգ դպրոցին մէջ, ապա բուհական մակարդակի վրայ պատշաճ տարողութեամբ ուսուցման առարկայ պէտք է ըլլայ: Անկէ դուրս լեզուի մերձեցման մասին մեր գիտաժողովները կամայ-ակամայ սանդի մէջ ջուր ծեծելու կը վերածուին:
Ուրիշ կարեւոր պարագայ մը. իւրաքանչիւր տարեշրջան որոշ թիւով սփիւռքահայեր հայագիտական թեքումով տարբեր մասնագիտութիւններու համար մագիստրոսական ուսման համար կ՛ընդունուին Երեւան: Անոնցմէ ոմանք հայկական միջնակարգ ուսում ունին կամ զուրկ են հայկական հիմնական ուսումէ, բայց կ՛ընդունուին պարզապէս համալսարանական վկայական մը ունենալնուն համար, մինչդեռ չեն ընդունուիր անոնք, որոնք ունին հայկական հիմնաւոր կրթութիւն, առաւել` հայագիտական քառամեայ ուսում սփիւռքի հայագիտական հիմնարկէ մը, որուն ծրագիրը ոչինչով կը տարբերի Երեւանի բուհերէն: Ինչո՞ւ, որովհետեւ այդ հիմնարկը պետական ճանաչում չունի (որովհետեւ զուտ համայնքային հաստատութիւն է) կամ Հայաստանի Հանրապետութեան կրթական նախարարութեան հետ կազմած իր պայմանագրութեան ժամկէտը արդէն անցած է: Կարելի չէ հասկնալ այս օրինականութիւնը: Կ՛ակնկալուի, որ սփիւռքի մեր հայագիտական քառամեայ հիմնարկները ճանչցուին Հայաստանի կրթութեան նախարարութեան կողմէ ու անոնցմէ շրջանաւարտները ինքնաբերաբար ընդունուին բակալաւրի չորրորդ դասարան, ստանան պետական վկայական ու անցնին մագիստրոսականի:
– Որեւէ ազգային լեզուի ուսուցման գործընթացը կը կառավարուի, կ՛ապահովուի պետական գերատեսչութիւններու հովանաւորութեամբ, ու ատիկա ոչ միայն իր երկրի սահմաններէն ներս, այլեւ անկէ դուրս` տարասփիւռ իր հայրենակիցներուն ու քաղաքացիներուն համար: Բայց հոս հարց կը ծագի, որ մեր երկիրը, քանի այնքան շատ կը խօսուի մերձեցման մասին, ի՞նչ յանձնարարականներ տուած է արեւմտահայերէնով նիւթերու հեռարձակման, տեղեկատուական պետական հնարաւորութիւններու միջոցով լեզուի ուսուցման տեսալսողական նիւթերու պատրաստութեան ու տարածման դաշտին մէջ: Շատ երկիրներու հեռատեսիլի պետական հաստատութիւններ առանձին կայան ունին կամ ժամ տրամադրած են ազգային լեզուի ուսուցման ծրագիրներով: Կը սպասուի, որ պետական հեռուստատեսութիւնը ունենայ զուտ արեւմտահայերէն սփռումներ արեւմտախօս զանգուածներուն համար. արեւմտահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի առցանց ուսուցման մնայուն ծրագիր:
Այս բոլորը իրաւ ենթահող են մեր գրական լեզուի երկու ճիւղերու մերձեցման համար:
Մաքրազտումը`
Մերձեցման Ճանապարհ
– Որեւէ ազգային լեզուի անաղարտ պահպանման, զարգացման հնարաւորութիւնները ուղղորդելու ու պաշտպանելու դերը պետական գերատեսչութիւններու պարտականութեան մէջ կը մտնէ, որպէսզի հասարակական, առեւտրական, մարզական, մշակութային, տեղեկատուական եւ մնացեալ բոլոր կազմակերպութիւններն ու մանաւանդ մեր դպրոցը, դասագիրքերու հեղինակները պարտ ու պատշաճ ձեւով հոգածու ըլլան լեզուի մաքրութեան, կանոնակարգման ու հարստացման համար: Կը տեսնենք, որ մեր երկրին մէջ լեզուաբանական բոլոր հաստատութիւնները զուտ գիտական աշխարհներու մէջ են, եւ վերջին հաշուով իրենց ուսումնասիրութիւնները կենդանի հայերէնի ջաղացքին ջուր չեն լեցներ: Ուզենք կամ չուզենք` այդպէս է: Արեւելահայերէնը ներկայիս այդ չափազանց կարեւոր իրավիճակին մէջ կը գտնուի: Նայեցէ՛ք փողոցներու ցուցատախտակներուն. հայերէնը որքա՞ն տեղ ունի հոն. բացէ՛ք հանրակրթական դպրոցի դասագիրքերէն որեւէ մէկը: Ես չեմ հասկնար, թէ ինչպէ՛ս կը հանդուրժենք: Մեր գրական լեզուներու մերձեցման ամէնէն ապահով կռուաններէն մէկը լեզուական մաքրութիւնն է: Իսկ լեզուի մաքրութիւնը ներքին աշխատանք է, կապ չունի երկու գրականներու յարաբերութեան հետ: Մաքրենք մեր լեզուն ու պիտի զգանք, որ մենք աւելի լաւ կը հասկցուինք, աւելի կը մօտենանք իրարու: Այն սփիւռքահայը, որ ոչ շատ հեռաւոր անցեալին հաճոյքով կը կարդար «Հայրենիքի Ձայն» շաբաթաթերթը, ներկայիս ոչինչ կը հասկնայ երեւանեան մամուլի ծայրայեղ օտարաբանութեամբ, բարբառայնութեամբ ու ժարկոնով գերյագեցած էջերէն… Մենք մեզ իրարմէ կը հեռացնենք:
Գրական արեւելահայերէնի անհարկի օտարաբանութիւններէն մաքրազտումը ինքնին մերձեցման մեծագոյն գրաւականն է:
Կարեւոր կը նկատեմ խօսիլ խօսակցական հայերէնին մասին եւս: Սփիւռքահայը Երեւանի շուկային մէջ ծիծաղի առարկայ կը դառնայ իր հայերէն բառամթերքով, բժիշկին մօտ չհասկցուելու վախ ունի, տունը որեւէ հարցով կանչուած արհեստաւոր-նորոգողին հետ թարգմանիչ մը ապահովելը նախապայման է… Այս դժբախտութիւնը կու գայ մեր տարաբնոյթ խօսուածքներէն ու հայերէն չգիտնալու, այսինքն գրական հայերէնը չգիտնալու, գործի չդնելու մեր իրավիճակէն: Ականջ դրէք, միայն Երեւանի մէջ դուք որքան խօսուածքներ կը լսէք, սա ռուսական կրթութեան մարդ է, սա ղարաբաղցի է, սա գաւառցի է, միւսը` ապարանցի, սա` սասունցի, սա պարսկահայ է, մեր գրական լեզուն խօսակցականին մէջ վերածուած է գերակայ լեզուի մը կամ տեղական բարբառի մը ուժեղ հետքը կրող խօսուածքի մը… Բայց կայ, չէ՞, արեւելահայերէնը, Պարոյր Սեւակի, Սիլվա Կապուտիկեանի, Համօ Սահեանի, Վիգէն Խեչումեանի ու բազում այլոց ոսկեղէն արեւելահայ գրական լեզուն: Նոյնն է նաեւ արեւմտահայերէնի պարագան: Հայրենի մտաւորական մը կ՛ըսէր, թէ չկայ արեւմտահայերէն, այսօր կայ սփիւռքահայերէն մը (էվրեքա՜), որ ամէն տեղ տեսակ մըն է: Քիչ մնաց, որ ըսէր` ֆրանսահայերէն, ամերիկահայերէն, արաբահայերէն… Անշուշտ որ չարաչար կը սխալի մեր բարեկամը արեւմտահայերէնի մերօրեայ արտայայտութիւնները` խօսուածքները, արեւմտահայերէն գրականին հետ նոյնացնելով: Դժուար չէ, կարծեմ, այս դարուն, աչք մը նետել ամերիկահայ, քանատահայ, լիբանանահայ, ֆրանսահայ առցանց մամուլին վրայ` նկատելու համար, որ արեւմտահայ գրական լեզուն տակաւին բաբախող սիրտ է: Բայց ընելիք կայ. սփիւռքը գրական արեւմտահայերէնը տարածելու, ամրացնելու խնդիր ունի, հայախօսութիւնը նահանջէ փրկելու խնդիր ունի. նոյնն է նաեւ արեւելահայերէնի պարագան Հայաստանի մէջ, ուր ռուսական դպրոցներու սերունդը տակաւին կայ ու մեծ քանակ մը` նախկին խորհրդային երկիրներէ եկած հայերու…
Ի դէպ, վերջերս շատ կը խօսուի հայրենիք տեղափոխուած աղէտեալ հայոց «ինտեկրման» հարցերու մասին: Բառը` իր հերթին: Սփիւռքահայը հայրենիքի մէջ տեղաւորուելու հարցեր կրնայ ունենալ` տնտեսական, աշխատանքային, բնակութեան եւ այլ պարագաներու, բայց ոչ երբեք յարաբերութեան, եթէ չըլլայ զինք անպայման «ինտեկրելու» բովանդակազուրկ գերակայութիւնը, եւ ատիկա ամէնէն առաջ լեզուական հարց է. «ինտեկրում»-ը ինքնաբերաբար կը նշանակէ լեզուի որդեգրում… Անշուշտ այս ընթացքով այդ ալ պիտի ըլլայ, բայց պիտի ըլլայ համազգային արժէքի մը կորուստեան հետեւանքով… Այն կինը, որ դուրսը իր զաւակներուն համար մայր ըլլալու կողքին նաեւ մայրենիի ուսուցչուհի էր` իր խոհանոց պիտի «ինտեկրէ» թաւան, ճեզվան, խալատելնիկն (սառնարանը – Խմբ.) ու մնացեալը` արտաքսելով տապակն ու սրճեփը, սառնոցն ու սառնարանը, եւ դեռ… Ամէն պարագայի, նոյնիսկ հակասութիւն մը կայ այս մօտեցումին մէջ. արեւմտահայ մարդու անուան արձանագրութիւնը նոյնիսկ ի սկզբանէ տարանջատիչ գիծ մը ունի, որ կրնայ սերունդէ սերունդ փոխանցուիլ, «չը ինտեկրուելու» հակազդեցութեան տանիլ. Վարդան, Յակոբ, Տիգրան, Մարգար եւ այլ անուններ ունին գրութեան նոյն պատկերը հայերէնի երկու ճիւղերուն մէջ եւս, թէեւ օտար տառերով կրնան տառադարձուիլ տարբեր ձեւով. անուան նոր ուղղագրութեան տառադարձումը հայերէնի աւանդակա՞ն ուղղագրութեան համեմատութեամբ պիտի ըլլայ, թէ՞ անգլերէնի կամ արաբերէնի: Մեր անձնագիրներուն մէջ Վարդան, Յակոբ, Տիգրան, Մարգար անունները Ուարտան, Հաքոպ, Դիկրան, Մարկար տեսնելը ոչ միայն արեւմտահայերէնի նկատմամբ կեցուածքի մը իբրեւ արտայայտութիւնը կ՛ընկալէ մեր հայրենակիցը, ոչ միայն իբրեւ «դուն ուրիշ ես» ըմբռնումի մը արտայայտութիւնը, այլեւ` անհատական վիրաւորանք:
Մենք պատմական բացառիկ առիթ մը կ՛ապրինք. կ՛ապրինք համատեղ, ամէնօրեայ յարաբերութիւններու մէջ ենք դպրոցին մէջ, փողոցին մէջ, տունը, մեր երկու գրականները միասին կարդալու, ճանչնալու, սորվելու, զիրար մտիկ ընելու բացառիկ առիթը կ՛ապրինք ոչ միայն քանի մը մեծ գաղութներու, այլ մասնաւորաբար հոս` հայրենիքին մէջ: Կայ մտայնութիւն. արեւելահայերէնը այն է, ինչ որ է, թող արեւմտահայերէնն ալ իրեն վերապահուած ճակատագիրը ընդունի: Չխառնենք լեզուները: Ասիկա հակագիտական մօտեցում է, չկան անփոփոխ լեզուներ, այդպիսի հայերէն չկայ, լեզուները կը փոխուին, անոր համար ալ կան լեզուական հին ու նոր որակներ, ինչպէս` գրաբարը, միջին հայերէնը, բարբառները ու արդի աշխարհաբարն ալ. արդի աշխարհաբարն ալ պիտի փոխուի, ոչ թէ ինքնըստինքեան, այլ` երկու գրական ճիւղերու մերձեցմամբ, միախառնումով եւ ոչ թէ հակադրութեամբ: Կենդանի այդ լեզուն ալ պիտի որոշէ, թէ վաղը գրել բայի հրամայականը գրէ՞ք պիտի ըլլայ, թէ գրեցէ՛ք, միանգամի՞ցը պիտի մնայ, թէ մէկէն-ը, տեսել ա՞ պիտի ըլլայ, թէ տեսել է… Լեզուաբանները յաջորդ տասնամեակներուն պիտի որոշեն, թէ ո՛ւր է երկու գրականներու համատեղ զարգացման բնական մերձեցումը ու մտցնեն դասագիրքերու մէջ, ինչպէս որ մենք` արեւմտահայերս, հաներ ենք «մեկալ»-ն ու «մէկալնոնք»-ը, արեւելահայերէնի հետ նոյնացեր ենք «միւս»-ով, հաներ ենք «ուզես նէ»-ն ու նոյնացեր ենք «եթէ ուզես»-ով, հաներ ենք «մերին»-ը, նոյնացեր ենք «մեր»-ով. ժողովուրդը պիտի խառնուի, նոյնանայ, ժառանգութիւնը պիտի այլափոխուի դէպի միացեալ ու մէկ հայերէնը` իր մէջ ներառելով գրաբարի, միջին հայերէնի, բարբառներու, արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի բոլոր հարստութիւնները: Հայերէնը պիտի գոյատեւէ:
(Շար. 3 եւ վերջ)