ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ
«Թեաթրոն» թատերախումբը «Յակոբ Տէր Մելքոնեան»-ի բեմին վրայ ներկայացուց Նիլ Սայմընի «Կոճատ զոյգը – իգական տարբերակ» կատակերգութիւնը: Յօդուածին առաջին մասը կը վերաբերէր կատակերգութեան բնոյթին եւ լեզուին:
Բեմայարդարում եւ այլն.- Որմազդը աւելի տեղեկատուական եւ նկարագրական էր, քան` գեղարուեստական: Կրնար ըլլալ ժուժկալ եւ արտայայտիչ: Բեմադրիչը գործածած է շարժապատկերի երաժշտութիւնը(1): Բեմը դասաւորուած էր կատակերգութեան բազմաթիւ ելոյթներու դասաւորումի հետեւողութեամբ: Կ’օգտագործուէր հարթակի գրեթէ ամբողջ տարածքը: Բարի՛: Աւելի կարեւոր եւ աչքառու տեսարանները կը կատարուէին բեմին աջ կողմին վրայ: Բարի՛: Բացման տեսարանի թափթփածութիւնը ունէր ծաղրանկարային բնոյթ: Այդ թերեւս բանալի մըն էր հասկնալու բեմադրիչի մօտեցումը: Նկատելի է, որ թափթփածութիւնը աճած էր ելոյթէ ելոյթ: Հարկ էր, որ զգեստաւորումը ըլլար աւելի յարիր: Նրբաճաշակ, միջին տարիքի կին Ֆլորա, օրինակ, մուտք գործեց հագին պատառոտած ճինզ, որ վայել է պարմանուհիի մը: Պատառոտած ճինզով հանդէս եկաւ նաեւ անոր ընկերուհիներէն մին: Կիներու հագուկապը առհասարակ չէր արտայայտեր անոնց ընկերային դիրքը: Բեմադրիչ մը (Նաթան Մակի) վեց կիներուն տուած է Թրիվիալ Փըրսութ խաղի վեց գոյներով հաքուկապ` նշելու համար անոնց վեց տարբեր խառնուածքները: Կարելի էր այս ուղղութեամբ աւելի խորունկ մտածել:
Ինչպէս գրեթէ բոլոր կատակերգութիւններու պարագային, լուսաւորումը չունէր մեծ դեր: Բեմի ամբողջ տարածքը հաւասարապէս լուսաւոր էր: «Աղջամուղջ» տիրեց երկու անգամ, երբ Ֆլորա կը հեռաձայնէր զինք լքած ամուսնին: Լսուեցաւ նաեւ լարային տխուր մեղեդի: Բարի՛: Ի դէպ, այդ տեսարանը բնագիրին աւելցուած էր բեմադրիչին կողմէ: Առ ի ծանօթութիւն ընթերցողին, «Տէր Մելքոնեան» սրահի «աղջամուղջերը» սարքի սահմանափակ կարողութեան պատճառով պարտադրաբար կը ստանան արնագոյն երանգաւորում` մեկնաբանական շփոթի մատնելով հանդիսատեսը:
Խաղարկութիւնը արժեւորելէ առաջ հարկ է հասկնալ, թէ ի՛նչ էր պահանջած բեմադրիչը դերասաններէն: Այսինքն հարցը ուղղակի կ’առնչուի բեմադրիչի մեկնաբանութեան: Ինծի թուեցաւ, թէ անոնցմէ պահանջուած էր բեմի վրայ յառաջացնել շարժում եւ տուրուդմբոց, ըլլալ «ծիծաղաշարժ»: Այս գլխովին հակոտնեայ է Սայմընի մօտեցումին, ըստ որուն, պէտք չէ փորձել խաղալ «ծիծաղաշարժ»: Այդ կը սպաննէ կատակերգութիւնը (2):
Սելին Գասարճեանի (Վերա), Գոհար Պասմաճեանի (Միքի), Կասիա Պեշտիքեանի (Ռընէ) եւ Սեդա Պոյաճեանի (Սիլվի) բաժին ինկած էին աննախանձելի դերեր: Սայմըն ոչ մէկ ճիգ վատնած էր զանոնք վերածելու համար ապրող տիպարներու: Մնացած էին մէկ տարածաչափային, մէկ յատկանիշ կրող յարացոյցեր: Լիարիւն տիպարներ չէին: Անոնք բեմի վրայ էին արձակելու համար սայմընական սրախօսութիւններ եւ կամ` թիրախ դառնալու անոնց: Եւ քանի որ սայմընական սրախօսութիւնները ջնջուած կամ անհասկնալի դարձած էին անյաջող թարգմանութեան պատճառով, հէգ աղջիկները մնացած էին ան-դեր: Չէր օգներ նաեւ միապաղաղ գնդացրային կշռոյթը: Բեմադրիչը փորձած էր թատերական գործողութեան բացակայութիւնը պարտկել վազվզուքով եւ այլ արհեստական շարժուձեւերով: Տուեալ թատրերգութեան անծանօթ հանդիսատեսը չի կասկածիր իսկ, որ բեմի վրայ վազվզող աղջնակները կը ներկայացնեն միջին տարիքի, մասնագիտութեան տէր կիներ… ի դէպ, բոլորը «թոյն» սրամիտ` ի բացառեալ պարզամիտ Վերան:
Շատ զարմանալիօրէն բեմադրիչը անտեսած էր ոչ թէ մէկ, այլ երկու «աթոռներու խաղ»-երը, որոնք նախատեսուած էին նոյնինքն հեղինակին կողմէ: Յատկապէս զարմանալի, որովհետեւ, ըստ կատակերգական դասագիրքին, ձախաւեր շարժումի կրկնութիւնը զայն աւելի ծիծաղելի կը դարձնէ (4):
Առոգանութիւնն ու շեշտադրումը ընդհանուր առմամբ կը հետեւէին մեր բեմի տաղտկալի սովորութեան: Աւելի նման էին դպրոցական տրամախօսութեան, քան` արհեստավարժ թատրոնի: Այս ցաւոտ հարցը յատուկ չէ ներկայ ելոյթին:
Տիպարներ.- Ռընէ ունի արտակարգօրէն սուր հոտառութիւն (ծաղրանկարային): Անդադար կը գանգատի հոտերէ եւ օդի ապականութենէ: Այս իմաստով, ամենափոքր դերն էր: Ի զուր չէ, որ վերջին ելոյթին մէջ ձանձրոյթն ու անգործութիւնը փարատելու համար սկսած էր անդադար… ծխել: Այլ տիպարներ իրենց ձանձրոյթը փարատելու համար կը թերթէին պատկերազարդ գիրքեր:
Միքի ոստիկան մըն է: Առ այդ, ունի անվրդով խառնուածք եւ սիսթեմաթիկ մտածելակերպ: Հաւասարակշռութիւն բերող տարրն է: Խաղարկութիւնը, սակայն, այդ չէր արտայայտեր: Միքի շփոթահար կ’երթեւեկէր կարճադարձ զիկզակներով: Այլ խօսքով, հարցը տիպարի մեկնաբանութեան մէջ էր: Դերասանուհին համակրելի է: Հարկ է, որ ապագային փորձէ ձեռք բերել բեմական ձայն: Այդ հարցը առաւել կամ նուազ չափով առկայ էր այլ դերակատարներու պարագային եւս:
Սիլվի անհամբեր եւ ջղային է (ծաղրանկարային): Սեդա Պոյաճեան փորձառու դերասանուհի է: Այսուհանդերձ, հակառակ իր եռանդուն շարժուձեւերուն, պարզ չէ, թէ ինչպէ՛ս կը ծրագրէր «բռնաբարել» Վերան: Բնագիրին մէջ ան կը սպառնայ «պատանդ վերցնել» հէգ Վերան:
Վերա պարզամիտ եւ քիչ մը արտակեդրոն (eccentric) կին մըն է: Թիրախ է Սիլվիի գրոհներուն: Ի դէպ, Սելին Գասարճեան ամենեւին նման չէր «աշխարհի ամենահին բոյս»-ին: Ունի լաւ դիմախաղ: Ակնյայտօրէն ինքզինք հանգիստ կը զգար բեմի վրայ: Հարկ էր, որ ունենար կերպարի տարիքին յարիր շարժուձեւ:
Սպանացի «եղբայրներու» ելոյթը ներկայացման միակ գունագեղ մասն էր: Դերակատարները ցուցաբերեցին խելացի խաղարկութիւն` արտայայտելու համար իրարմէ տարբեր մշակոյթներու միջեւ հաղորդակցութեան դժուարութիւնը: Հեսուս Ֆլորայի արական տարբերակն էր: Նոյնիսկ կը խորշէր իրեն շատ մօտեցող կիներէ: Ակնյայտ է, որ Մայքըլ Գուտուզեան կը տիրապետէ իր մարմինին: Նիլ Սայմըն խաղաց այնպէս, ինչպէս հարկ է: Մանուէլ Թոքմաճեան ցուցաբերեց իր ամենայաջող կերպարը: Կարողացաւ ունենալ բեմական ներկայութիւն: Հարկ էր սակայն, որ շարժուձեւերը ըլլային նուազ ցուցադրական: Այսուհանդերձ, այդ կարելի էր վերագրել իր առոյգ, կեանքը սիրող կերպարին: Շա՛տ բարի:
Ֆլորա կատակերգութեան ողնայարն է: Դիպաշարը հիւսուած է իր շուրջ: Ֆլորա մաքրասէր եւ կոկիկ է: Կը խնամէ իր արտաքինը եւ առողջութիւնը, հաճոյք կ’առնէ տնային աշխատանքէ, իր շուրջիններու համար համադամներ պատրաստելէ: Արտակարգօրէն կիրթ եւ զարգացած է: Միով բանիւ կատարեալ տանտիկնոջ մը ծայրայեղութիւնն է: Ֆլորա անհաւասարակշիռ, անոպայ խելագար մը չէ: Ան չի հոտոտար իր ընկերուհիներու մազերը կամ փսխեր 12-րդ յարկի պատուհանն ի վար: Ան չափազանց կիրթ կին է ոեւէ մէկու… «մայրը թաղելու» համար: Խաղարկութեան մէջ կար մեկնաբանութեան շատ լուրջ հարց: Այս մասին` աւելի ուշ: Տիպարը վերածուած էր ջղագարի մը, որ անդադար կը պրկուի եւ զիլ ձայնով կը ճչայ, անձ մը ատակ է իր լաւագոյն ընկերուհիները կոպտելու` ի սէր մաշած սեղանի դոճի (վերնիշ) պահպանման: Հարկ է, որ Մայիսեան մշակէ բեմական ձայն եւ խուսափի աժան ծիծաղ կորզելու փորձութենէն:
Օլիվ անձ մըն է, որ կը սիրէ կեանքը, կը սիրէ արկածախնդրութիւնը, «ռիսք»-ը: Յաջող է իր գործին մէջ: Ժամանակ չունի տնային բթացնող ապերախտ աշխատանքի: Այս իմաստով, շատ փարտոն կիներէ… ունի արական գիծեր: Կարելի է երեւակայել, որ ան ատակ է մայրեր… «թաղելու»: Դերակատարը, «ցաւօք», ունէր կանացի համակրելի արտաքին: Առաջին ելոյթին մէջ բնազդաբար սրբեց խաղի սեղանի վրայ թափած գարեջուրը: Հարկ է, որ անդրադառնար նաեւ, թէ նկարել սիրողներ լաւ կը ճանչնան Էլ Կրեքոն: Քերոբեան ունի բնածին ձիրք, խելացի խաղարկութիւն, բեմակական ձայն եւ ներկայութիւն: Շա՛տ բարի: Կը թելադրեմ, որ հետագային նուազ վերամբարձ վերաբերմունք ունենայ իր խաղընկերներու հանդէպ: Այդ կը խանգարէ բեմի «քիմիան»:
Սայմըն կը խօսի համատեղ ապրելու դժուարութեան մասին առհասարակ: Երկու կողմերը հաւասարապէս պատասխանատու են: Իսկ մենք բեմի վրայ տեսանք կողմ մը, որ էր անտանելի, եւ կողմ մը, որ էր համակրելի: Այդ կ’առաջնորդէ տիպարի դատումին եւ ոչ մարդկային յարաբերութիւններու: Ի մասնաւորի` ամուսնական յարաբերութիւններու: Սայմըն համարում չունի ամուսնութեան հաստատութեան վրայ: Տիպարներէն մէկը մօտաւորապէս կ’ըսէ. «Այդ երկա՛ր ամուսնութիւն է, այլ` ո՛չ յաջող ամուսնութիւն»: Ֆլորայի ընտանիքի անդամներէն քանի մը հոգին ամուսնալուծուած է:
Միասեռական.- Սայմընի զոյգերը ունին ակնյայտ ակնարկներ «ամուսնութեան»: Ֆելիքս ունի իգական հակումներ: Արական Օսքար կ’առաջարկէ կենակցիլ եւ կ’աւելցնէ. «Հերն անիծած, մատանի՞ կ’ուզես»: Հետագային կը յայտարարէ ապահարզան: Նոյն տեսարանն ու խօսքերը կը կրկնուին իգական տարբերակին մէջ: Աւելի՛ն. Օլիվ ամուսնութեան առաջարկի պահուն ծունկի կու գայ Ֆլորայի առջեւ: Մարձումի տեսարանի շարժումները շատ քիչ բան կը ձգէին երեւակայութեան, մանաւանդ` առաջին օրուան ելոյթին մէջ: Նկատել` Ֆլորայի ծալած ծունկը, որ ցուցանիշ է սեռային հաճոյքի: Այժմ կը մէջբերեմ գուցէ եւ ընդմիջուած երկխօսութիւնը: Կանխաւ ներողամտութիւն կը խնդրեմ ընթերցողէն.
Օլիվ.- «Ծռի՛ր… կը ցաւցնե՞մ…» Ֆլորանս.- «Ո՛չ … երբեք երկար չի տեւեր»… Օլիվ.- «Թերեւս այս անգամ տեւէ»… Ֆլորանս.- «Գիշե՛ր բարի, Սիտնի»: Աւելի ուշ.- «Սիտնի այլեւս զիս պիտի չշփէ…»: «Շփել»-ը ուրեմն ունէր փոխաբերական իմաստ: Ֆլորանս յանդիմանեց Օլիվը, երբ ան ուշ դարձաւ տուն (Ո՞ւր գնացիր, ո՞ւր մնացիր էս գիշեր…) եւ այլն:
Սայմըն կը թելադրէ, որ սպանացի տղաքը եղբայրներ չեն: Բազմաթիւ բեմադրիչներ այդ ցոյց կու տան` ընտրելով դերասաններ, որոնք ոչ մէկ նմանութիւն ունին իրարու: Անոնք կը ձեւացնեն եղբայրներ ըլլալ` որպէս քողարկում (քամուֆլաժ): Կնոջ մը ապաստան տալը կրնայ ծառայել որպէս քողարկում: Հեսուս կը բացատրէ, որ ամերիկեան ընկերութիւնը չի հանդուրժեր «ուրախ մարդիկը» (gay): Թէ` դրացիները սխալ ենթադրութիւններ կ’ընեն, երբ զիրենք մերկ տեսնեն:
Դերակատարները հասկցած էին այս կէտը: Հեսուս մատներու ծայրով իր զիստէն հեռացուց Օլիվի ձեռքը: Ապա այնքան շփոթեցաւ անոր յառաջխաղացքէն, որ քիչ էր մնացեր գլորէր թիկնաթոռէն վար: Ֆլորանս, որ կը խուսափէր տղոցմէ, քանի մը անգամ ինքնաբուխ համբուրեց Օլիվը: Առաջին արարին մէջ Ֆլորա զզուանքով դպաւ Օլիվի կուրծքին: Իգական հոմոֆոպիան գրեթէ չգոյ է: Թերեւս առհասարակ դժուարութիւն ունէր մարդոց հետ յարաբերութիւններ հաստատելու:
Սայմընի միտք բանին այն է, որ մարդկային յարաբերութիւնները համերաշխ եւ խաղաղ չեն կրնար ըլլալ: Միասեռական եւ տարասեռական ամուսնութիւնները կ’ունենան իրերանման հարցեր: Թէ գոյ են արական ե՛ւ իգական «Կոճատ զոյգեր» … իմա` ամոլներ:
Բեմադրութիւն.- Սայմընի կատակերգութեան բեմադրութիւնը «անկարելի առաքելութիւն» էր, որովհետեւ թատերական գործողութիւնը չգոյ սեպուելու աստիճան ոսին է: Կատակերգութիւնը հիմնուած է լեզուական խաղերու եւ Նիւ Եորքի հրէական միջին դասակարգի խիստ իւրայատուկ մշակոյթին վրայ: «Մեռեալ ծովու մագաղաթները», «Մեղքը մեր գլխուն», «Կլորիա Շթայնեմ» եւ այլն` հրէական ակնարկներ են:
Մշակոյթի եւ լեզուի անբաւարար ծանօթութեան պատճառով ելոյթին մէջ սպրդած են շատ մեծ թիւով սխալ թարգմանութիւններ: Դուրս մնացած են նոյնպէս մեծ թիւով սրախօսութիւններ եւ ակնարկներ: Ջնջուած էր, օրինակ, ակնարկը հայելիներու: Սարսած ժապաւէններու մշակոյթին մէջ ընդունուած է, որ հայելին չի ցոլացներ արիւնախում չղջիկ մարդիկը (vampire): Կան նաեւ ակնարկներ, որ պարզապէս անհասկնալի են.- T-Bird (Բաց ինքնաշարժ), Speed (թմրեցուցիչ), «Յիշէ Ալամոն»: Ձեռքի արատները խոշոր են ոչ թէ պլպլացող փոքրիկ աստղերու, այլ Մեծ շերեփի չափ (Մեծ արջի համաստեղութիւն) (5) եւ այլն:
Սայմընական սրախօսութիւնը փոխարինուած էր փողոցային վարքով եւ ասքով, որոնք, ցաւօք, աճեցան ելոյթէ ելոյթ: Կատակերգութիւնը վերածուած էր ծինախաթար էակի մը (mutant): Trivial Pursuit ընդհանուր զարգացումի խաղ է: Տիպարները կիներ են, որոնք թերեւս ծանօթ չեն յարաբերականութեան տեսութեան, բայց կը ճանչնան մշակոյթի մարդիկ, ինչպէս` Վերա Հրուպա Ռալսթընը, Փէյն Ուէպըր, Ատլայ Սթիվընսըն եւ այլք: Ինչպէ՞ս կարելի է ընդունիլ, որ անոնք յանկարծ ըսեն. «Մա՛յրը թաղեմ, մէկ հատ մոտելը տեսե՞ր ես»: Նուրբ սրամտութիւնը փոխարինուած էր զուգարանի աղմուկով, փսխուքով, խլինքով, քաշկռտուքով եւ փողոցային յիշոցներով:
«Ծաղկեցուած» էին յատկապէս Օլիվ-Ֆլորանս քաշքշուքն ու վէճերը` յաւելումներով եւ փոփոխութիւններով, որոնք յաճախ յարիր չեն տիպարներու նկարագրին: Օլիվ այնքան բծախնդիր է, որ ճաշի պնակները մաքրելու համար կրնայ նոյնիսկ դիմել ատամնաբուժի: Այս ծիծաղելի է, որովհետեւ Նիւ Եորքի մէջ ատամնաբուժը պիտի պահանջէ ահռելի գումար: Օլիվի նման անձ մը երբեք աղտոտ պնակները իրեն հետ անկողին չի տանիր: Օլիվ անհոգ է, բայց` ոչ կծի: Ինչո՞ւ պսակի հագուստին վրայ «քոլա» պիտի թափէր եւ ոչ` շամփանիա: Եւ այլն:
Մեկնաբանական.- Բեմադրիչի մեկնաբանութիւնը հակոտնեայ է բնագրի տրամաբանութեան: Սայմըն կ’ըսէ, որ յարաբերութիւնները դժուար են, բայց` ոչ անկարելի: Թէ` մարդիկ ատակ են իրենց վարքը բարեփոխելու: Օսքար եւ Օլիվ վերջին տեսարանին մէջ կ’ըսեն. «Ի սէր Աստծու, ուշադիր եղէք, այս իմ տունն է, ոչ խոզի ախոռ»: Օսքար կը դառնայ պատասխանատու հայր: Օլիվ խնամքով կը ծալէ անձեռոցիկները: Միւս կողմէ` Ֆելիքս եւ Ֆլորա կը թօթափեն իրենց կախուածութիւնը նախկին կողակիցէն: Անոնք կը հեռանան բեմէն: Յստակ չէ, թէ որքա՛ն պիտի պահպանեն իրենց վարքը: Այս գծով կատակերգութիւնը բաց է մեկնաբանութեան:
Ելոյթի վերջաբանը յոյժ յոռետեսական էր: Ամուսինի հրաժեշտի հեռաձայնէն ետք Օլիվ փուլ կու գայ որպէս կին: Կը հրաժարի «Էնթել-տանթել» Թրիվիալ Փըրսութ իգական խաղէն եւ կը բանայ փոքերի սեղան: Փոքերը արական ծէս է: Ֆլորա ցուցադրական շարժումներով իրեն հետ կը տանի խորհրդանիշ աւելը: Իմա` չէ հրաժարած իր վարքէն: Երկու կողմերը աւելի եւս կը խրին իրենց խրամներուն մէջ: Ֆելիքս դուրս գալէ առաջ կ’ըսէ, թէ պիտի շարունակէ մնալ Օսքարի փոքերի սեղանին վրայ: Ֆլորա հաւատարմութեան այդպիսի յայտարարութիւն չ’ըներ: Մարդկային յարաբերութիւնները դատապարտուած են ձախողութեան: Ձեզի մեզի մեծ աւետիս:
Բեմադրիչը ընտրած էր «ամբոխները հաճոյացնող» (3), շուկայական, մակերեսային հեղինակի մը գործը: Մեկնաբանութիւնը աւելի եւս արժեզրկած էր կատակերգութիւնը` աւելցնելով արհեստական տուրուդմբոց եւ անխնամ «ակայական» ասք: Սուրէն Խտըշեան նախապէս փաստած է, որ ատակ է շատ աւելի որակաւոր բեմադրութեան: Յուսանք, որ իր շնորհքը կը ցուցաբերէ յաջորդ գործով:
Սրտանց յաջողութիւն կը մաղթեմ:
————————-
1.- Neil Hefti The Odd Couple | Soundtrack Suite 1968.
2.- James Lipton, Տեսակցութիւն, The Art of Theater No. 10, 1992.
3.- W. Hughes South Boston News & Record November 23, 2009.
4.- Տես «Եղանակի տեսութիւն», «Ազդակ», 26 նոյ. 2016:
5.- Big Dipper: Հիւսիսային աստղի համաստեղութիւնը ունի բազմաթիւ անուանումներ: