ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
26 յունուար 2017-ին Դանիոյ խորհրդարանը որդեգրեց «Հայոց ցեղասպանութեան մասին» խորագիրով բանաձեւ մը, որուն մէջ Հայոց ցեղասպանութեան կ՛ակնարկուի իբրեւ «1915-1923 ժամանակաշրջանին արեւելեան Անատոլուի մէջ տեղի ունեցած ողբերգական եւ արիւնալի դէպքեր»: Բանաձեւին մէջ կը նշուի. «Խորհրդարանը կ՛ափսոսայ, որ թրքական օրէնքը քաղաքացիներուն եւ լրատուամիջոցներուն կ՛արգիլէ դէպքերուն վերաբերեալ «ցեղասպանութիւն» եզրը օգտագործել, եւ ատիկա կը նկատէ ոչ ողջամիտ սահմանափակում մը թէ՛ ակադեմական ազատութեան, թէ՛ խօսքի ազատութեան»` աւելցնելով, որ «Խորհրդարանը կը պահպանէ պատմական դէպքերուն վերաբերեալ վճիռներ չարձակելու իր խորհրդարանական աւանդութիւնը»:
Թրքական «Կազեթէ Վաթան» օրաթերթը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու գոհունակութիւն յայտնած է, որ Դանիոյ խորհրդարանը «ցեղասպանութիւն» եզրը չէ օգտագործած: Այդ բանաձեւը, սակայն, թէեւ «Հայոց ցեղասպանութեան մասին» խորագիրը կը կրէր, սակայն իրականութեան մէջ այդ հարցին չէր վերաբերեր, այլ` Թուրքիոյ մէջ խօսքի ազատութեան: Ցեղասպանութեան հարցը օգտագործուած է իբրեւ Թուրքիոյ մէջ արմատացած այդ ախտին մասին մեղմ եւ անուղղակի կերպով խօսելու միջոց` խուսափելով թրքական բուռն հակազդեցութենէն: Այդ խորագիրը սխալ տպաւորութիւն կը ստեղծէ, սակայն բանաձեւի բովանդակութեան ուշադիր ընթերցումը ցոյց կու տայ, որ անոր սկզբնական ու իսկական խորագիրն է «Թուրքիոյ մէջ խօսքի ազատութեան մասին»: Թրքական դիւանագիտութեան պետին կողմէ բանաձեւին նկատմամբ գոհունակութեան արտայայտումը ցոյց կու տայ, թէ դանիացի օրէնսդիրները յաջողած են պատգամի բանաձեւման ճիշդ (այլապէս խիստ վիճելի) տարազը գտնել:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը, անդրադառնալով Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդի որդեգրած որոշումին, նշեց. «Որդեգրուած որոշումը իրաւական կարեւոր ձեռքբերում է` պատմական խնդիրներու վերաբերեալ ժողովրդավարական քննարկումներու, ներքաղաքական նկատառումներով կատարուած ոչ օրինական սահմանափակումներու տեսանկիւնէն»` աւելցնելով, որ սահմանադրական խորհուրդը անգամ մը եւս ցոյց տուաւ իր հաւատարմութիւնը «ժողովրդավարութեան անքակտելի մասը նկատուող` խօսքի ազատութեան եւ օրէնքի գերակայութեան սկզբունքին»:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութիւնը թրքական քաղաքականութեան համար օրինաչափ եղող կեղծաւորութեան ցուցանիշն է: Թրքական իշխանութիւնները մէկ կողմէ կը գովաբանեն Ֆրանսայի մէջ խօսքի ազատութեան գերակայութիւնը, սակայն այդ նոյն սկզբունքը չեն կիրարկեր իրենց երկրին մէջ` իրենց իսկ քաղաքացիներուն եւ լրատուամիջոցներուն նկատմամբ: Այդ համամարդկային արժէքը կարծէք կիրարկելի ըլլար միայն այլ երկիրներու եւ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտման պարագային, իսկ Թուրքիոյ եւ այդ երկրին մէջ (եւ այլուր) ցեղասպանութեան ճանաչման պարագային` ոչ: