Յարգելինե՛ր,
Մտիկ ըրի ՀՅԴ-ի 126-ամեակի տօնակատարութեան պաշտօնական ուղերձները:
Հայ ազգի արդի պատմութեան պաշտպան կուսակցութիւնը: Լիբանանահայ համայնքին շահերը պաշտպանող եւ յանդուգն կուսակցութիւնը` Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը:
Կուսակցութիւն մը, որ տարիներ շարունակ կը ներկայացնէ մեր ներքին ու արտաքին քաղաքականութիւնը եւ մեր ինքնութիւնը:
Այո՛, Պուրճ Համուտը մերն է: Մենք միանալով առիթ չենք տար, որ օտարը մեր քաղաքին տիրապետէ եւ մեր այս հայաբնակ շրջանը տկարացնէ:
Տէր կանգնինք մեր երիտասարդութեան, որ մնայ կառչած իր ծնողներէն ժառանգած արժանիքներուն, աշխատասիրութեան եւ պարկեշտութեան եւ ոչ թէ կաշառակերութեան եւ անձնական շահերուն:
Յարգելինե՛ր, լսած ըլլալով երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի կողմէ յայտարարուած ֆոնտերուն մասին, չզարմացայ…
Համեստօրէն կ՛ուզեմ իմ մասնակցութիւնս բերել այս ֆոնտերու գոյացման աշխատանքին` հաստատելով պատրաստակամութիւնս նիւթական եւ բարոյական առումով:
Յանկարծակի եկայ, երբ ինձմէ խնդրուեցաւ սրտի խօսքս ուղղել այս առիթով: Տուն վերադարձիս ուզեցի գոնէ այս երկու տողով կէս մնացած խօսքս փոխանցել: Կը մնամ անբաժան ձեր կողքին` ձեր մտքին եւ կարգախօսներուն հետ:
Յարգանքներով`
ԴՐՕ ՄԱՆՏԱԼԵԱՆ
27 յունուար 2017
ԿԸ ՆՈՒԻՐԷ
ՀՅԴ-ի 126-ամեակի տօնակատարութեան ընթացքին յայտարարուած` լիբանանահայութեան ազգային ինքնութեան ամրագրման նպաստող ժողովրդային ֆոնտերու հաստատման առիթով`
Դրօ Մանտալեան 5000$