ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ
Լսած ըլլալու էք անպայման, Սուրիոյ եւ Իրաքի սահմանէն ետք, երկրի իշխանութիւնները որոշած են պատ մը կառուցել նաեւ Իրանի ու Հայաստանի սահմանին: Դարաշրջան մը, որ սահմաններն իսկ անընդունելի կը գտնէ ու կ’ուզէ մոռնալ երկաթեայ վարագոյրները, վերստին վկան պիտի դառնայ կրաձոյլ պատերու կառուցումին: Դոյզն յոյսը, զոր ունէին ոմանք Հայաստան Թուրքիա սահմանի վերաբացման համար, պիտի ճզմուի անխուսափելիօրէն այդ պատին հիմերուն տակ: Սակայն խնդիրը պէտք չէ միայն դիտարկել այդ տեսանկիւնէն, նոյնիսկ աւելի լաւ ալ կրնայ ըլլալ Հայաստանի համար, որ այս կերպով ինքզինք պաշտպանած կ’ըլլայ ահաբեկչական արարքներու ոստան մը դարձած իր դրացիէն:
Սահմաններուն կառուցելի այս պատերը աւելի կ’ամրացնեն ա՛յն պատերը, զորս իշխանութիւնները երկար ժամանակէ մը ի վեր կը կառուցեն բոլորիս հոգիներուն մէջ: Պատեր` ո՛չ թէ պաշտպանուելու, այլ առանձնանալու, մեկուսանալու համար ուրիշներէ, ապրելու վախով, զգուշութեամբ: Այնպէս` ինչպէս մարդիկ պիտի ապրէին բանտի մը մէջ, ուր տիրապետողը կասկածի իշխանութիւնն է: «Թուրքիոյ մէջ բա՞նտ: Բանտի մէջ բա՞նտ», գրեր է Յակոբ Պարոնեան աւելի քան հարիւրամեակ մը առաջ: Մեծ երգիծաբանին երեւակայութեան սահմաններն իսկ կը դժուարանային պատկերացնելու այսօրուան կացութիւնը, երբ իրապէս բանտի մը նման բարձր պարիսպներ կը կառուցուին երկրի սահմաններուն վրայ:
Քանի որ բանտէն խօսք բացուեցաւ, համիտեան տարիներուն (այն Համիտի, զոր շատ կը սիրեն այսօրուան իշխանաւորները) Պոլսոյ բանտերուն համն ու հոտը ճաշակած բանաստեղծ Վահան Թէքէեանին յուշերը յիշեցնել ուզեցի: Ինչպէս այսօր, Համիտի ժամանակ ալ, յանկարծ կրնայիք բանտին մէջ յայտնուիլ` առանց գիտնալու ձեզի առաջադրուած մեղադրանքը:
1902-ին, Թէքէեան, Մարսէյէն Պոլիս վերադարձին, անցագիրի հարցի մը պատճառով կը ձերբակալուի նաւէն իջնելուն պէս, Ղալաթիոյ քարափին վրայ եւ ոստիկանատուն կը տարուի, հոնկէ ալ` բանտ: «Բանտեղբայրներս» խորագրեալ յուշագրական այդ էջերով Թէքէեան կը ներկայացնէ իր քանի մը նոր ծանօթները, որոնցմէ Լեւոնին ու Ահմետ աղային պատմութեամբ տպաւորուած ըլլալ կը թուի հեղինակը:
Խասգիւղցի Լեւոն «քոմիթաճի» մըն է, ոճրագործներու յարկաբաժնին «օտապաշին» դարձած է նաեւ բանտին մէջ: «Բարձրահասակ երիտասարդ մըն էր, 28-30 տարու, սեւ ու թաւ պեխերով եւ տժգոյն դէմքով, բարեձեւ եւ կշռաւոր քալուածքով, արհեստաւոր վարպետի մը պէս լայն կտաւէ տաբատին վրայ բրդեայ ճերմակ գօտի կապած եւ դիմագիծերուն մէջ համակրելի լրջութեան արտայայտութեամբ մը: Լեւոն շատ մը բաներ հարցուց ինծի իբրեւ հայու մը, որ Եւրոպայէն կու գար: Յեղափոխական գործին առաջացման, կուսակցութեանց վէճերուն մասին…»:
Իսկ Ահմետ աղան անգլիական «Քոպրա» շոգենաւին առաջին մեքենավարն էր: «Շոգենաւը նորոգութեան համար թերսհանէ գտնուած պահուն, գիշեր մը թերսհանեցի երկու զինուոր պարանէն մագլցելով` շոգենաւին վրայ կ՛ելլեն. Ահմետ աղան կը տեսնէ իր նաւուն բռնաբարումը եւ ըստ սովորութեան երեք անգամ կ՛ազդարարէ… երբ զինուորները մտիկ չեն ըներ, դանակը բացած` անոնց վրայ կը յարձակի, մէկը կը սպաննէ եւ միւսը կը վիրաւորէ…»: Թէքէեան առանց տեսնելու իսկ կը համակրի Ահմետին, կ’ուզէ անպատճառ ճանչնալ այդ «գեղեցիկ հրէշը», որ «պարտականութեանը զգացումէն դրդուած` չէր խնայած իր կրօնակիցներն անգամ, որ` այնքա՛ն քաջ էր, այնքա՛ն անձնուէր, այնքա՛ն բարի»:
Ահմետի ու Լեւոնի բարեկամութեան վերաբերեալ հետաքրքրական դիտարկում մը կ’ընէ Թէքէեան: Խօսելով Լեւոնի մասին` ան կ’ըսէ, որ` «Թուրքերու հետ հինգ տարուան իր կենակցութիւնը զինք բաւական փոխած ըլլալու էր. իր հայրենասիրութիւնը, առաջ, այլապէս տարածուն, թռչուն էր անշուշտ. բայց ճնշուելով մենութեան մէջ ուժովցած խորհրդածութենէն` ինչպէս աւազը, վերածուած էր խոր ու անսասան ժայռի մը` անտարբերութեան բարակ խաւի մը տակ ծածկուած: Զարգացումը մեծ բան մը չէր, բայց փորձառութեան գիտութիւնը ունէր եւ ան էր, որ իրեն ըսել կու տար.
«Երբոր բանտէն ելլեմ, գիտեմ, թէ ի՛նչպէս, ի՛նչ ճամբով պիտի աշխատիմ այս անգամ: Մենք կը կարծենք, թէ բոլոր թուրքերն ալ միեւնոյն են, բայց այնպէս չէ. ես հոս շատերը տեսայ, որոնք սիրտերնին բացին ինծի` հայ եւ քոմիթաճի մը ըլլալուս համար. ամէնքն ալ տոկուն չեն, բայց մէջերնէն շատերը կրնային մեզի օգտակար ըլլալ. փրկութիւնը ատոր մէջն է»:
Պատերուն մէջ ապրողներուն եղբայրութիւնը, անոնց միասնութիւնը վաղ թէ ուշ կը յորդի ովկիանի մը նման` փլցնելով բոլոր պատերը: Ո՞ր պատը կրցեր է դիմադրել հոգիներու պոռթկումին առջեւ: Փորձուած միջոցները դարձեալ փորձելը յիմարութիւն է` կ’ըսեն արդարեւ: Եւ ինչպէս որ 1908-ի ազատութիւնը Լեւոնի ու Ահմետի բանտեղբայրութեամբ ստացուած էր, ինչպէս համոզուած է Թէքէեան, այնպէս ալ հիմա համոզուած ենք, որ նոյն ճակատագրին արժանացած, ճակատագրակից մարդիկն են, որ պիտի փոխեն խենթուխելառ այս երթին ուղղութիւնը:
Նեցուկ ըլլալ Կարոյին
Այն մտայնութիւնը, որ ժողովուրդին քուէներով իսկ ընտրեալ երեսփոխաններ կը բանտարկէ, հիմա ալ կը փորձէ լռեցնել մեր իսկ քուէներով ընտրեալ Կարօ Փայլանը: Այս խենթուխելառ երթը կասեցնելու համար աշխատող ծուռ մըն է Կարոն, եւ խստօրէն կը դատապարտենք զինք եւ իր ընկերները լռեցնելու փորձերը: