ԵԱՀԿ Մնայուն խորհուրդի 1128-րդ նիստին ԵԱՀԿ-ի մէջ Հայաստանի առաքելութեան ղեկավար, դեսպան Արման Կիրակոսեան կատարած է յայտարարութիւն մը` նուիրուած «Ակօս» թերթի գլխաւոր խմբագիր, ականաւոր լրագրող եւ մտաւորական Հրանդ Տինքի սպանութեան տասնամեակին:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ, տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն յայտնած են, թէ դեսպանը ընդգծած է, որ Հայաստանի առաքելութեան կողմէ տարիներ շարունակ այդ հարցը պարբերաբար բարձրացուած է, իսկ թրքական պատուիրակութիւնը մնայուն կերպով պատասխանած է, որ անհրաժեշտ է սպասել հետաքննութեան արդիւնքներուն:
Դեսպան Կիրակոսեան արձանագրած է, որ տասնամեակ մը ետք դատավարութիւնը տակաւին չէ բացայայտած սպանութիւնը կազմակերպողները` լիովին կիսելով ԵԱՀԿ մամլոյ ազատութեան հարցերով ներկայացուցիչ Տունեա Միյաթովիչի նոյնանման գնահատականը: Դեսպանը համոզում յայտնած է այն մասին, որ լրագրողներու, համայնքային առաջնորդներու եւ մտաւորականներու նկատմամբ բռնութիւններու ու սպանութիւններու բացայայտման ձախողութիւնը կը ստեղծէ անպատժելիութեան մթնոլորտ, եւ այսպիսով ալ կը քաջալերուի անհանդուրժողականութիւնը: Ան յիշեցուցած է, որ Հրանդ Տինք ճնշման ենթարկուած է Հայոց ցեղասպանութեան նկատմամբ իր մօտեցումներուն եւ յայտարարութիւններուն համար:
«Ցաւօք, Տինքի սպանութենէն տասը տարի անց Թուրքիոյ մէջ կը շարունակէ գերակայ ըլլալ ճշմարտութեան եւ արդարութեան ձգտող անձերը լռեցնելու նոյն գործելաոճը: Այդ մասին կը վկայէ Թուրքիոյ խորհրդարանի նիստերուն պատգամաւոր Կարօ Փայլանի մասնակցութեան արգելքը: Տեղեկութիւններ տրուած են նոյնիսկ այն մասին, որ որոշ քաղաքական կուսակցութիւններ կը փորձեն քրէական գործ յարուցել անոր դէմ` Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ անոր խօսքը համարելով այլատեացութիւն», նշած է դեսպանը:
Արման Կիրակոսեան ընդգծած է, որ Թուրքիան ԵԱՀԿ-ի մէջ կը ներկայանայ իբրեւ կրօնական խմբաւորումներու հանդէպ հանդուրժողականութեան եւ խտրականութեան վերացման ջատագով` միաժամանակ հանդուրժողականութիւն չցուցաբերելով բնիկ կրօնական փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ, որոնցմէ որոշ հատուածներ կրցած են վերապրիլ ու գոյատեւել մերօրեայ Թուրքիոյ մէջ: Կրօնական փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու պաշտպանութեան պարունակին մէջ դեսպան Կիրակոսեան թրքական պատուիրակութեան յիշեցուցած է, որ հայկական կողմը արդէն իսկ մէկ տարի է կը սպասէ Թուրքիոյ պարզաբանումներուն` թրքական իշխանութիւններուն կողմէ Տիգրանակերտի Սուրբ Կիրակոս հայկական եկեղեցւոյ եւ անոր մերձակայ տարածքի առգրաւման մասին: